image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Արաքճիի Իրան մտադիր չէ բանակցիլ ԱՄՆ-ի հետ

Ըստ Արաքճիի Իրան մտադիր չէ բանակցիլ ԱՄՆ-ի հետ

Իրանի Արտաքին Գործոց փոխ նախարար՝ Ապպաս Արաքճին հերքած է ԱՄՆ-ի նոր վարչակազմի հետ որեւէ բանակացութիւն սկսելու ծրագիրները: Ան յայտարարած է, որ միակ ընդունելի ձեւաչափը Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագիրին Սպիտակ տուն վերադարձն է, գրած  է Tasnim-ը:

Իտալական la Repubblica պարբերականի հետ զրոյցին, Արաքճին հերքած է ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտընի վարչակազմի հետ գաղտնի հաղորդակցութիւններու մասին տեղեկութիւնները:

Պատասխանելով Պայտընի օրօք Իրան-ԱՄՆ երկխօսութեան հաւանականութեան մասին հարցին՝ Արաքճին ըսած է. «Կը կարծեմ, որ դեռ կայ բաւարար արդիւնաւէտ ձեւաչափ, որ նախատեսուած է այդ ծրագիրով: Անոնք լքած են բանակցութիւններու սեղանը, սակայն կարող են վերադառնալ եւ քննարկել:

Հնարաւորութիւններ միշտ կան, կողմերը պէտք է իմանան, թէ ինչպէս օգտագործել զանոնք: Կան հնարաւորութիւններ ե՛ւ Իրանի, ե՛ւ ԱՄՆ-ի համար: Յոյսով ենք, որ նոր վարչակազմը ճիշդ որոշում կը կայացնէ»:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք իրատեսական է, որ ԱՄՆ-ը կը վերադառնայ ծրագիրին եւ չեղեալ կը համարէ պատժամիջոցները, ան ըսած է. «Այն, ինչ կը խնդրէ Իրան, իրատեսական է. պարզապէս վերադառնալ համաձայնագրին, որմէ հրաժարած էր Թրամբ: Ես այլ տարբերակներ չեմ տեսներ: Մենք բանակցութիւններ վարած ենք բարի կամքի ոգիով: Այժմ նոր վարչակազմը պէտք է շտկէ իր նախորդներուն սխալները»: