image
Հրատապ լուրեր:

«Հիմա պարզ դարձաւ, թէ ինչու Ասատն անպարտելի է...».Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան անդամ

«Հիմա պարզ դարձաւ, թէ ինչու Ասատն անպարտելի է...».Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան անդամ

 «Ալ Մայատին» կայանի բարեկամներու էջէն կը կարդանք ՝

 Օրերս ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան բարձրաստիճան պատասխանատու մը գրառում մը կատարած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի մասին։

 

 Ան գրառումին հետ տեղադրած է լուսանկար մը, ուր նախագահ Ասատ հաց կը կիսէ բանակի սպայական կազմի եւ  շարքային զինուորներու հետ։

 Ամերիկացի գործիչը մասնաւորապէս ըսած է, թէ այդ նկարը տեսնելէ ետք, իր համար պարզ դարձած է իրական պատճառը, թէ ինչու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատն անպարտելի է։

 

 «Ես այդ նկարին մէջ տեսայ Ասատի կամքը, իր զինուորներուն հետ ըլլալու վճռակամութիւնը ու նաեւ ներքին խաղաղութիւնը»,- գրած է ան նշելով, որ լուսանկարը առնուած է շրջանի մը  Դամասկոսի ամենավտանգաւոր   հատուածներէն  համարուող՝ «Հայ Ժոպար»ի  մէջ։

 

 

 Ասատի հանդէպ  ամերիկացի գործիչներու կողմէ արձակուած դրուատական խօսքերը նորութիւն չեն եւ այդ խօսքերը այս օրերուն սկսած են աւելի յաճախակի կերպով լսելի դառնալ։