image
Հրատապ լուրեր:

Ի՞նչ կը կատարուի Քուէյթի մէջ. «Քորոնա»ի հնդկական տարբերակը տագնապ ստեղծած է

Ի՞նչ կը կատարուի  Քուէյթի մէջ. «Քորոնա»ի հնդկական  տարբերակը  տագնապ  ստեղծած  է

Ըստ Skynewsarabia-ին  Քուէյթի մէջ  «Քորոնա»ի հնդկական տարբերակով  վարակակիրներ նկատուած են,  բան մը որ լուրջ  տագնապի դուռ կրնայ  բանալ։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Քուէյթի Առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ՝ Ապտալլա Ալ Սանատ հաստատած է, որ ըստ «Քորոնա» ժահրի ծիներու հերթական հետազօտութեան, երկրին մէջ յայտնուած է «Տէլթա» անունով «Քորոնա» ժահրի տարբերակը, որ կը կոչուի նաեւ հնդկական տարբերակ:

Ըստ Ալ Սանատին «Քորոնա»ի տարբեր տեսակներ ի յայտ գալէ ետք, աջակցելով «Քորոնա»ի դէմ միջազգային պայքարին, Քուէյթի Առողջապահութեան նախարարութիւնը հետեւելով այլ երկրիրներու օրինակին, կիրառած է կանխարգիլման կարեւոր միջոցներ։

Յիշեցնենք, որ նոյն այս տարբերակը տարածուած էր Հնդկաստանի մէջ քանի մը ամիս առաջ: Եւ ըստ աղբիւրին այն արդէն յայտնուած է աւելի քան 62 երկիրներու մէջ:

Քուէյթի առողջապահութան նախարարութիւնը կոչ ուղղած է երկրի բնակիչներուն, շարունակելու կանխարգիլման միջոցները՝ ստանալ պատուաստներ, կրել դիմակներ, հականեխել ձեռքերը եւ պահել ընկերային հեռաւորութիւնը։

Այս բոլորէն անդին  տակաւին յստակ չէ, եթէ Քուէյթի մէջ կանոններու խստացման շրջան մը դարձեալ  ընթացք պիտի  առնէ։