image
Հրատապ լուրեր:

Իրան. Պայքարը Կը Թէժանայ Հոգեւոր Առաջնորդի Աթոռին Շուրջ

Իրան. Պայքարը Կը Թէժանայ    Հոգեւոր  Առաջնորդի Աթոռին Շուրջ

Իրան-(«Շարըք Ալ Աուսաթ»- Լոնտոն)  Իրանի  մէջ  պայքարը սկսած է  թէժանալ      երկրի հոգեւոր  առաջնորդի  պաշտօնի աթոռին շուրջ: Այս մասին   տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Լոնտոն  հրապարակուող  «Շարըք Ալ Աուսաթ»ը: Թերթը նաեւ կը հաղորդէ, թէ   երկրի կարեւորագոյն   պաշտօնին շուրջ   պայքարը առկայ էր երկար  ժամանակէ  ի վեր, բայց սկսած է բացայայտ դառնալ  գործող  հոգեւոր  առաջնորդ Ալի Խամէնիյիի ըրած    մէկ յայտարարութիւնէն  ետք, ուր      Խամէնիյի խօսած էր զինք յաջորդող առաջնորդին «յեղափոխական»      դիմագիծ մը  ունենալուն  կարեւորութեան մասին: Պարբերականը կը նշէ, որ աթոռին  շուրջ   պայքարը  նոյնպէս թէժացած է  Խամէնիյիի ունեցած առողջական   խնդիրներուն հետեւանքով: Ըստ աղբիւրին,     Խամէնիյին յաջորդելու    հիմնական  թեկնածուներ կը համարուին    Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան հիմնադիր համարուող   Րուհալլահ     Խումէյնիի թոռը ՝ Հասան  Խումէյնին, գործող  առաջնորդ Ալի Խամէնիյիի որդին՝  Մուժթապա   Խամէնիյին,  երկրի նախկին նախագահ Հաշէմի Ռաֆսանճանին  եւ   Իրանի    Իսլամական   հանրապետութեան գործող  նախագահ Հասան Ռուհանին: