image

Ֆրանսական կործանիչներ 120 սուրիացի քաղաքայիններ սպաննած են Հալէպի մերձ

Ֆրանսական  կործանիչներ    120  սուրիացի քաղաքայիններ սպաննած են  Հալէպի մերձ

Ֆրանսական օդուժի  կործանիչներ, որ  մաս կը կազմեն «Տահէշ»ի  դէմ   կազմաւորուած  դաշնակից ուժերուն, սպանդ մը կատարած են Հալէպի  մօտ եղող  Մընպէժ քաղաքի  Թուխան Ալ Քուպրա աւանին մէջ:  Այս մասին տեղեկութիւնը  փոխանցող աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ շրջանին մէջ աւելի քան 120   սուրիացիներ զոհուած են  ֆրանսական  կործանիչներու  տուած  հարուածներուն հետեւանքով:  Կը նշուի նաեւ, որ զոհերուն   մեծ մասը    կիներ եւ երեխաներ են:  Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը,  իր կարգին նամակ մը յղած է ՄԱԿ-ին՝ դատապարտելով եղածը  եւ պահանջելով  արագ եւ թափանցիկ քննութիւն բանալ: Կը նշուի նաեւ, որ  աւելի վաղ ամերիկեան  կործանիչներ եւս   նոյն շրջաններուն դէմ կատարուած   հրթիռարձակումներուն  հետեւանքով   տասնեակ անզէն  քաղաքացիներու   մահուան  պատճառ հանդիսացած էին: