image

Թուրքիա.Յունական Դպրոց Մը Պիտի Վերաբացուի

Թուրքիա.Յունական Դպրոց Մը Պիտի Վերաբացուի

 Թուրքիա-  («Տէյլի Սապահ»)   Յառաջիկայ 28  Սեպտեմբերին Թուրքիոյ մէջ ապրող Յոյներու  դպրոց մը  պիտի վերաբացուի: Այս մասին լուրը տրուած է  «Տէյլի Սապահ»ին կողմէ: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ  թրքական    «Կէօքչէտէ» կղզիին վրայ եղող   յոյներու պատկանող     միջնակարգ   դպրոցը    40 տարուան դադարէ ետք պիտի վերաբացուի:  Թերթը, որ  այս առթիւ հարցազրոյց մը ունեցած է   Թուրքիոյ  յունական համայնքի պատասխանատուներէն     Ուաքիմ Քամպուրբուլոսին հետ   նոյնպէս կը նշէ, որ դպրոցը  պիտի վերաբացուի  շրջանին մէջ յոյն  բնակչութեան   պահանջներով: Նշենք, որ  «Կէօքչէտէ»ն  (նախկին անուանումով   «Իմպրոս»)     ամբողջութեամբ  եղած է յունաբնակ, բայց 1920 թուականին   իրականացուած ազգաբնակչական  փոխարինման  արդիւնքով   այսօր ունի խառն բնակչութիւն: