image
Հրատապ լուրեր:

«Ես քեզ այսպէս աւելի սիրեցի, Հալէպ» Տիգրան Գաբոյեան

«Ես քեզ այսպէս աւելի սիրեցի, Հալէպ» Տիգրան Գաբոյեան

«Ես երբեք «Մեծ Զատիկ» չէի «վառած» այս մոմով եւ Ապրիլ 24 չէի ապրած այս տենդով».Հալէպահայ  բանաստեղծ Տիգրան  Գաբոյեան  գրած է  օրերս   իր Հալէպ կատարած վերջին այցելութեան մասին։

 

     Գտնուելով Հալէպ երկար ընդմիջումէ վերջ, բնականաբար տարբեր զգացումներով, տպաւորութիւններով, եզրակացութիւններով պիտի դիմաւորուէի: Եւ հոս առանց դասակարգելու Հալէպի ներգործումը իմ ու բոլոր Հալէպի մէջ անցեալին եւ ներկայիս ապրողներուն վրայ, պէտք է ըսել թէ որեւէ վայր, հարազատ կամ օտար, իր յարափոփոխ պատկերը, ներկայացում-ընկալումը ունի, եւ այդ, կը կարծեմ, այնքան չի կրնար բխիլ բացարձակօրէն մեծ փոփոխութիւնները դասակարգելէն, որքան որեւէ անձի կողմէ ինքնին կեանքի բնոյթը չափելէն:
Հալէպը ուրիշ է հիմա, Հալէպը տարբեր ակնոցով կը դիտուի ներկայիս եւ շարքը կրնամ երկարել տարբերակումներու կամ բաղդատականներու գայթակղիչ ոճին, բայց այս գրութեամբ կ’ուզեմ քիչ մը խօսիլ «նոր Հալէպի» եւ ինծի ծանօթ դէմքերու մասին, կարծեմ տեսակ մը փորձելով, կարօտի եւ մօտիկութեան մը մարմաջէն նետուած, լարի վերածել այս գիրը՝ ինծի համար վերանորոգուող կապեր հիւսելով:
Պէտք է խոստովանիմ, որ դուրսէն Հալէպը չեմ կարօտցած երբեք, քանի սկիզբէն շատ ալ չեմ սիրահարուած անոր եւ հաւանաբար այդ (գուցէ արդար չհամարուած) ահաւոր ողբի մը մէջ չէ նետած զիս, հակառակ անհատական ալ կորուստներուս, տեսնելով Հալէպի ներկայիս քիչ մը տժգոյն դէմքը: Բնաւ չեմ գրած 8 տարուան մէջ «Օ՜հ, Հալէպ, ինչքան գեղեցիկ էիր», բայց հիմա, այս այցելութեանս աւարտին, կը յարիմ այս պահուս ուրիշ ձեւակերպումով մը ըսելու ՝

-Ընկերներ, շատ սիրելի, այո՛, մենք կապի մէջ էինք, բայց դուք հոս՝ Հալէպի մէջ ըլլալով, անսահաման կարօտի զգացումով պիտի լեցնէք հոգիս:
Եւ եթէ ես ինծի հարց տամ վերի վիճակը փորձելով զննել, պէտք է ըսեմ՝
-Ինչու՞ լաւ կամ հաճելի տեսայ Հալէպը:
Շատ անկապ պատասխաններ կրնայ ըլլալ տամ, կամ փաղաքշական ու կարեկցագին զեղումներ շարեմ, քաջալերելու մանաւանդ Հալէպ ապրողները, ինչ որ հաւանաբար կեղծ տպաւորութիւն ձգէ, անոր համար աւելի տրամաբանական կը գտնեմ գրելը՝ ուղղակի դիմելով քաղաքին ու հոն ապրողներուն:
Հալէպ ու մանաւանդ ընկերներ… (հոս ընկերները քաղաքն  են ինքնին եւ միշտ մարդկային անժամանակ ձգտում կայ դէմքերու, անձնաւորութիւններու կերպարներով, որոնք ինքնին ընկերութեան եւ ընկերաբանութեան հիմնական շարժիչներն են, կազմել, կառուցել, դիմագծել քաղաքները, տեղերը ու լայն գիծով մշակոյթները նոյնիսկ, տեւական նորոգուած ու իտիալականացած տեսնելով անոնց միջոցաւ ամէն ինչ, որ կրնայ կեանքի այսպէս կոչուած համտեսում կոչուիլ):
Հազար ու մէկ յիշատակի, դէպքի-դէմքի, պատահարի, սպասումներու պատկանած յուշերու վերաքաղներու, իրականացած ու չիրականացած ծրագրերու, մեծ ու փոքր ցնցումներու կողքին, այսօր նոր կարօտ կայ մէջս ձեզի հանդէպ:
Կարօտ պատանեկութեան, մանկութեան, համընդհանուր երազանքի մը, որմէ չեմ հիասթափուած երբեք, եւ որ չեմ ալ կրնար փարատել որեէ հանգամանքով: 
Կարօտ իսլամ-քրիստոնեայ հակասութիւններուն, կարօտ մեծ մօրս բերած առաւօտեան հացերուն եւ ինծի լոգցնելներուն՝ կէսօրուան ժամուն, նոյն մեր հին տան բակը, ամրան արեւին լոյսէն տաքցած ջուրով: 
Կարօտ Անդրանիկ Ծառուկեանի ժամանակին, որ չեմ ապրած, բայց որուն կրողն եմ ինքնահոս առաքինութեան-առաքելութեան մը գունաւորումներով, երազայինի սահամաններու գծումի խոյանքներով եւ առօրեան վերատեղաւորելով անոր չեղած ու չեկած կերպարանքին մէջ:
Կարօտ «Մեծ Զատիկի» տողանցքներուն եւ գայլիկ-սկաուտ տարազաւորման, կարօտ նոյնիսկ ներհայկական վէճին, Սփիւռքը ձեւով մը ապրեցնող:
Այո՛, Հալէպ,
խեղճացած ես շատ եւ հիմա խոկում ու ազնուութիւն չէ հոս շարել դէպի համադրում տանող փորձերս «Մալթի Քալչըրիզմին» հասոյթները շարելով, հայկականութեան սերուցքը ձեւակերպելով կամ ապագայապաշտութեան մարմիններ գծելով… եւ այլն: Բայց ես քեզ այսպէս աւելի սիրեցի, Հալէպ, իսկ եթէ անարդար է այս, թող փորձէ ներել ինծի ժամանակի եւ մեծ յարաբերութիւններու տարերքը, ուրիշ ճար չունիմ:
Ես տեսած ու ապրած եմ Երեւանի եւ ընդհանուր Հայաստանի խեղճութիւնը 90-ականներուն, եւ պէտք է խոստովանիմ, որ ցեղապաշտութենէն, հայրենապաշտութենէն անդին, այո՛, տեղերու ահաւոր եռուզեռ կար մէջս, խաչաձեւումներ, ոգեղենացման տանող համադրումներ փնտռող, բայց հիմա, այս Հալէպի տեսքը կարծեմ աւելի պիտի դրոշմուի մէջս, հաւաքական ու ազգային ալ մեծ անցեալի մը տանող, աւելի համադրուած ապագայի մը համար:
Ծաղկազարդ չէի տօնած այս հենքով, «Մեծ Զատիկ» չէի «վառած» այս մոմով եւ Ապրիլ 24 չէի ապրած այս տենդով, ինչպէս որ եղաւ այս 28 օրուան մէջ:
Յիշատակելի պիտի ըլլայ ամէն ինչ, բայց ոչ հանգրուանային, եւ կարծեմ հոն է ամենամխիթարիչ ուժը կեանքին, որ կը կոչուի մշտական վերապրում կամ մշտական վերադարձ, ինչքան ալ անմիջականօրէն չիրագործուի այդ մէկը: 
Կարծեմ ամէնօրեայ մտածմունքներ բոլորիս մօտ կան, օրինակ ժողովուրդներու ճակատագրերը կամ նոյնիսկ մարդկային մեծ ապրուստը, ո՞ւր կրնան տանիլ մեզ ամէն մէկ դէպքէ, արարէ վերջ:
Բայց այս բոլորին քով մարդիկ, հաւաքականութիւններ մինակ չեն ուզեր զգալ, նոյնիսկ եթէ ուզեն մինակ ապրիլ կամ առանձին: Այո, մէկ է մարդկութիւնը ձեւով մը եւ մէկութեան մէջ կայ ջերմութեան խոր շարժիչ կերպ մը, որուն կը ձգտինք ու ան մեզ կ՝երջանկացնէ:
Հալէպի մէջ, մեր ընկերութեամբ, մեր հաւաքական դէմքով, ձեւով մը ես աւելի խոկացի Հայաստանի մասին, խոկացի մարդկային մեծ ու փոքր տեսակաւորման, խուսափելով դասակարգումներէն, խոկացի թեքնոլոճիի մասին:
Այո՛, Հալէպ՝
կարօտցած էի քեզի չսիրած իմ նայուածքովս ալ, հին ու սուր իմ մէկ բանաստեղծութեամբն ալ, առաջին սիրոյ երգերուն հետ ալ, որոնք կ՝երգուին-կը լսուին ներսիդիս եւ դուրսս դեռ՝ Քայլի Մինոքի, Ճէյսըն Տօնավանի կամ մահացած Թոմի Փէյճի սերունդ ներկայացնելու եզրակացութիւններով, «արեւմտեան» ջանքով կամ հիմա այս բաց աշխարհով:
Ես սիրեցի նոր սերունդը ՀԵԸ-ի կեդրոնին եւ Սպիտակ Քաֆէին, իր մաքուր եւ երաժշտալից հայերէնով, սիրեցի ոչ ճոխ, բայց գեղեցիկ հագուածքը անոր, եկեղեցիներուն մէջ՝ Ծաղկազարդին եւ «Մեծ Զատկին», սիրեցի մանուկները շատ-շատ աւելի քան կը սիրէի եւ ուրախացայ, որ այդ մէկը ոչ մէկ արդարացումով կը տարուի կամ պատճառներ կը փնտռէ իմ մէջս իր սիրոյ երգը երգելու:
Այո՛, Ապրիլ 24-ի դասերը շատ են եւ արծարծելի տեւաբար հայկական պետականութեան եւ ետքը կուսակցութիւններու մակարդակով ու առաջին բանաստեղծութիւններէս Ապրիլ 23-ի գիշերը գրուած «Այսօր հոգւոյս տխուր կանչն է կրկին…» անգամ մը եւս կը յառնի ինքն իրեն, Հալէպի մէջ, այս անգամ Վիլլաներ թաղամասէն նայելով ինծի ու հետս կանգնածներուն դէմքերուն:
Այո երբ հայկական փողերախումբը կը նուագէ Գետաշէնը, Ապրիլ 24-ի արեւոտ օրուան ընթացքին, պահ մը կը կանգնիս ու կ’ըսես՝

Օ՜հ, Հալէպ…
Առանց ցտեսութիւն ըսելու որեւէ ընկերոջ, բարեկամի հոս կարծեմ քաղցր է գրել իրենց անունները, տեսակ մը վաւերագրելու Երուանդ Օտեանական ոճով անձերու մեծ ու հուժկու մարդկային յիշատակում մը, որը իր մէջ կը կրէ նոյն մարդկայնութեան յաւերժական փափաքը միացման ու ամենատեղութեան եւ ազգային ներդրումի մը բարձրացման, ինչը մարդկայինի կերպն է եւ անոր տաքութեան ու խռովքին, վեհութեան եւ խտութեան պատճառած յուսալի ու տեւական ընբոշխնումը, ձեւով մը անգիտակցուած նպատակն է կեանքին: 
Մեթր Սումպուլ Սումպուլեանի հետ զրոյցները պիտի մնան միշտ բաց ու այժմէական: Շահան սրբազանին հետ հանդիպումը յուզիչ, իր ծառայութեան աւարտին: 
Ճորճ Քալայճեան, իր շրջուն փոթորիկով ու խտացուած կամքով ու հայրենասիրութեամբ, ներկայ պիտի համարուի եւ ճամբորդող անցեալ:
Արամ Այվազեան, մանկութեանս ընկերը, որուն հոգին չեմ կրնար ամփոփել, որովհետեւ ձեւով մը իմ կերպարիս ճիւղերուն մէջէն, նորից-նոր եսս ճանչնալու տանող պիտի մնայ, զուլալութիւնն ընդ իմ մէջ:
Եւ Զարմիկը, Չիլ Աբոշեան, «Գանձասարի» իր ներկայացուցած յուշերով եւ նոր հանդիպումով, Զեփիւռ Պապիկեանին եւ սիրելի խմբագրական կազմին հետ կանգուն պիտի սեպուին միշտ:
Հուրի Ազեզեանի եւ Մանօ Քեշիշեանի չծրագրուած եւ անակնկալ հանդիպումները մեր «Սուրիահայ Գրողներու Համախմբում» տանող, պարզապէս հեքիաթի ժանր պիտի ունենան նաեւ:
Յանկարծակի հանդիպումը վերապատուելի Յարութիւնին եւ իր յորդուն եռանդին արդէն վարակիչ պիտի սեպուի, ուր որ ալ ըլլամ:
Տեւական հանդիպունները եւ զրոյցները Սագօ Խապայեանի, Եղիկ Փիլաւճեանի, Ներսէս Լէպլէպճեանի, Ճօճօ Թօփալաքեանի, Արա Կիւմրիւկեանի, Նազօ Չաքմաքճեանի, եւ զրոյցները իրենց ծրագրերուն շուրջ Հայաստանի, Քեսապի, Սըրրլըխի եւ հազար ու մէկ հարցերու շուրջ, վառ պիտ մնան ցկեանս:
Բարեւներ բոլորին՝ յիշելի ու հեռու, շատ մօտ ու կէս մօտ, մօտեցող ու հեռացող (քիչ մը հոս Չարենցեան շունչով):
Եւ վերջապէս յարգանքս ու խոնարհումս բոլոր անվերջ բանաստեղծականացող քաղցր ու սաւառնող ձայներուն, երեք ու կէս տարեկան աղջկան, որ քովէս անցած պահուն իր ոսկեղնիկ հայերէնով մօրը ըսաւ. «Գիրկդ կ՛առնե՞ս զիս հաճիս»:

Տիգրան Գաբոյեան