image

Նահատակները մեր վաղուան յաղթանակներուն կերտիչներն են, յարգա՛նք անոնց յիշատակին

Նահատակները մեր վաղուան յաղթանակներուն կերտիչներն են, յարգա՛նք անոնց յիշատակին

Աշխարհի տարբեր ոստաններու մէջ տարագրեալ հայ  ժողովուրդը այս օրերուն կ՛ոգեկոչէ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենատխուր էջին` քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը:

Հարիւր եւ չորս  տարիներ մեզ կը բաժնեն պատմութեան այն ողբերգական ժամանակաշրջանէն, երբ չարաշահելով Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին մեծ պետութիւններու միջեւ խորացող բեւեռացումը, քաջալերուելով կայսերական Գերմանիոյ ռազմական եւ բարոյական նեցուկէն` օսմանեան Թուրքիոյ Երիտասարդ թուրքերու վարչակարգը գործադրութեան դրաւ Արեւմտահայաստանը ընդմիշտ հայաթափելու, հայ ժողովուրդը բռնի տեղահանելու եւ բնաջնջելու փանթուրանական ծրագիրը:

Զանգուածային ոճիրներու, հալածանքներու, բռնի տեղահանութիւններու ընթացքին կատարուող աննախադէպ վայրագութիւնները Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Մեծն Բրիտանիան մղեցին դատապարտելու մարդկային քաղաքակրթութեան եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրները եւ խոստացան քրէական պատասխանատուութեան կանչել «զարհուրելի» ոճիրներուն կազմակերպիչներն ու գործադրողները: Միջազգային բառարանին մէջ այդ օրերուն գոյութիւն չունէր հրէշային եղելութիւնները բնութագրող ցեղասպանութիւն եզրը… Միջազգային ընտանիքը նախ Սեւրի դաշնագիրի, ապա Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան որդեգրած Ցեղասպանութեան ուխտին (1948), մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու տարբեր ուխտագիրներու միջոցով հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը ընդունած է իբրեւ մարդկութեան եւ մարդկային քաղաքակրթութեան դէմ գործուած ոճիր: Փաստօրէն միջազգային ընտանիքը վաղուց տուած է հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած ողբերգութեան իր գնահատականը: Բաւարար է միայն յիշեցնել, որ ցեղասպանութեան եզրը սահմանելու լիազօրուած Ռաֆայէլ Լեմքին հայոց դէմ գործուած եղեռնագործութիւնը ներկայացուց իբրեւ անոր նախատիպը: Հետեւաբար մենք անհրաժեշտութիւնը չունինք սպասելու այս կամ այն նախագահին ողորմութեան, կամ` արտօնելու, որ հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութինը շահարկուի ներքաղաքական զարգացումներու մէջ: Ողջունելով հանդերձ Ցեղասպանութիւնը    ճանչցող  պետութիւններու ողջախոհ քայլերը,  կ՛ուզենք յիշեցնել, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը  իրաւունքի եւ արդարութեան  հարց է ամէն բանէ առաջ եւ ետք:

Բարոյական զօրակցութիւնը եւ աջակցութիւնը, ինչ խօսք,  ունին իրենց դերակատարութիւնը, սակայն ընդունելի չէ, որ պահանջատիրութիւնը դառնայ շահարկման առարկայ:

Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը առիթ պիտի դառնայ վերանայելու պահանջատիրական մեր երթը, հետեւութիւններ քաղելու ցարդ կատարուած աշխատանքէն եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, ճշդելու մարտավարական նոր ընտրանքներ:

Պահանջատիրական մեր պայքարը` սփիւռք եւ հայրենիք, կը ներկայանայ մէկ ամբողջութիւն: Մասնակի լուծումներ, հատուածական շահերու հետապնդումը խթան պիտի  հանդիսանան ցեղասպանին,  որպէսզի շարունակէ ժխտել ճշմարտութիւնը:

Այս առիթով, կ՛ուզենք անգամ մը եւս մեր երախտագիտութիւնը յայտնել ասպնջական արաբ  ժողովուրդին, որ գրկաբաց ընդունեց  տարագրուած, անապատի աւազներէն  մազապուրծ վերապրած հայ ժողովուրդի  բեկորները: Միջին Արեւելքի ոստաններուն մէջ ապրող արաբական  պետութիւնները  նոյնպէս  ճաշակած են օսմանեան Թուրքիոյ  բարբարոսութիւնները: Պատմութիւնը չի կրնար  ուրանալ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, Լիբանանի եւ Սուրիոյ ժողովուրդներուն ազատութեան ձայնը ճզմելու, զանոնք  սովամահութեան մատնելու Ճեմալ փաշայի անմարդկային արարքները, Պուրճի (Լիբանան) եւ Մարժէի (Դամասկոս)  հրապարակներուն վրայ խումբ մը լիբանանցի  եւ սուրիացի ազատամարտիկներու, մտաւորականներու կախաղանի վրայ նահատակութիւնը: Այսուամենայնիւ, ոճրագործը  ձախողեցաւ լռութեան մատնել  ազատատենչ  արաբական աշխարհի  ժողովուրդներուն  ձայնը:

Ճիշդ այս  պատճառով  անվարան կ՛ըսենք` հայ եւ արաբ ժողովուրդները  բախտակիցներ են եւ նոյն  դատին պաշտպանները:

Միւս  կողմէ` պահանջատիրական պայքարը աւելի սերտ գործակցութիւն կ՛ենթադրէ սփիւռքահայ կառոյցներու միջեւ: Բոլորին հիմնական պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հայապահպանումը, պահանջատիրութեան եւ հատուցումներու հետապնդումը: Հետեւաբար  անհրաժեշտ է դաստիարակել պատասխանատուութեան  յանձնառու,  գիտակից սերունդ, մեր իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ամէն բանէ վեր եւ ամէն բանէ առաջ դասող երիտասարդութիւն:

Ժխտումի  քաղաքականութիւնը եւ պատմական յիշողութիւնը մոռացութեան մատնելու թրքական ապատեղեկատուութիւնը մեզմէ կը պահանջէ յաւելեալ լարում եւ նուիրում: Հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը հայ ժողովուրդին համար պիտի դառնայ գործնական միասնականութեան եւ պայքարը միասնականօրէն շարունակելու ուխտ մը: Միասնականութիւն` բանիւ եւ գործով  եւ ոչ  միայն խօսքով:

Յարգա՛նք մեր բիւրաւոր նահատակներուն:

 

 


Կիրակոս  Գույումճեան

Քուէյթ

«Ազդակ»