image

Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային գործակալութիւն․ Թուրքիա կրօնական ազատութիւններու ամէնէն կոպիտ խախտողներու ցանկին վրայ Է

Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային գործակալութիւն․ Թուրքիա կրօնական ազատութիւններու ամէնէն կոպիտ խախտողներու ցանկին վրայ Է

Անցեալ շաբաթ ես տեղեկացուցած էի Ատրպէյճանի կրօնական ազատութիւններու խախտումներուն մասին, ինչպէս նշուած էր Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերով յանձնախումբի (USCIRF) վերջին զեկոյցին մէջ։ Այս շաբթուան յօդուածս կը լուսաբանէ կրօնական խախտումները Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս կը  հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային գործակալութիւնը՝ USCIRF-ը։

 

Տարեկան զեկոյցը բացայայտած է, որ «2018ին Թուրքիոյ կրօնական ազատութեան վիճակը կը շարունակէ մնալ խորապէս վրդովեցուցիչ՝ լուրջ մտահոգութիւններու տեղիք տալով, որ երկրին ներկայ յետագիծը յառաջիկայ տարի կը յանգեցնէ պայմաններու յաւելեալ վատթարացման։ Կրօնական ազատութեան վաղեմի հիմնախնդիրներու լուծման հարցով Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ որեւէ լուրջ յառաջընթացի բացակայութիւնը կը շարունակէ անհանգստութեան պատճառ դառնալ: Կրօնական կամ հաւատքի ազատութեան վերաբերեալ շատ լուրջ սահմանափակումները կը շարունակուին՝ սպառնալով երկրին մէջ փոքրամասնութիւններու կրօնական համայնքներու շարունակական կենսունակութեան եւ գոյատեւման։ Ասոր կողքին, պետական ​​կառոյցներու եւ իշխանամէտ լրատուական միջոցներու կողմէ դիւականացման աճը եւ արատաւոր արշաւը նպաստած են կրօնական փոքրամասնութիւններու շրջանին մէջ հետզհետէ աճող վախի մթնոլորտին: Թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ միջամտել կրօնական համայնքներու ներքին գործերուն՝ թոյլ չտալով Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ պատրիարքական ընտրութիւնները եւ պահպանելով իր պահանջը, որ յոյն ուղղափառ առաջնորդները ձեռք բերեն Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն՝ եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոտին մասնակցելու համար»:

Աւելին. USCIRF յայտարարած է, որ «Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած հոգեւոր առաջնորդ Ֆեթուլլահ Կիւլենի հետեւորդները», Կիւլեն, որ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի քաղաքական կողմնակիցն էր անոր քաղաքական աւելի վաղ գործունէութեան  ընթացքին, «կը շարունակուին տասնեակ հազարներով հեռացուիլ պետական ծառայութենէն, կալանաւորուիլ եւ ձերբակալուիլ՝ Յուլիս 20-ին տեղի ունեցած յեղաշրջման անյաջող փորձին ենթադրեալ մասնակցութեան կամ ահաբեկչութեան մէջ ներգրաւուած ըլլալնուն համար: Թրքական կառավարութիւնը Կիւլենի հետ կապուած մարդիկը անխտիր կերպով դիտած է իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութեան մաս։ Պետական պաշտօնեաները կը շարունակեն ներգրաւուած ըլլալ հակասեմականութեան մէջ՝ ընկերային լրատուական բեմերուն վրայ յայտարարութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու տեսքով, իսկ իշխանամէտ թերթերն ու լրատուական միջոցները կը քարոզէին ատելութիւն թէ՛ քրիստոնեաներու, թէ՛ հրեաներու դէմ»։

Վերջին երեք տարիներու ընթացքին, Յուլիս 2016ին, նախագահ Էրտողանը տապալելու յեղաշրջման ձախող փորձէն ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը 150 հազար պետական պաշտօնեաներ աշխատանքէ արձակեց եւ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ ձերբակալեց՝ զանոնք մեղադրելով յեղաշրջման դաւադրութեան եւ ահաբեկչութեան մէջ ներգրաւուած ըլլալու յանցանքով: Աւելին. 68 լրագրողներ, ամէնէն շատը բոլոր երկիրներու մէջ, բանտարկուեցան, աւելի քան 150 լրատուական միջոցներ փակուեցան, իսկ անկախ  լրատուական միջոցներու մեծ մասը վերահսկուեցաւ կառավարութեան կողմէ։

Ասկէ զատ, USCIRF ներկայացուցած է կրօնական հետեւեալ խախտումները Թուրքիոյ մէջ.

1) Հանրակրթական դպրոցներու աշակերտները, ներառեալ ալեւիները, ստիպուած են սորվիլ «Կրօնական մշակոյթ եւ բարոյական գիտելիքներ» իսլամական դասանիւթը։ Հայերը, յոյները եւ հրեաները ազատ կացուցուած են այս դասանիւթէն։ Աշակերտները եւ իրենց ծնողները ազատ կացուցուելու համար պէտք է երկարատեւ, դժուարին գործընթաց մը անցընեն եւ կամ իրենց պահանջները դատարան ներկայացնեն։

2) Թրքական կառավարութիւնը կը միջամտէ ինչպէս յունական, այդպէս ալ հայկական համայնքներու ներքին գործերուն՝ հոգեւորականներու ձեռնադրումը սահմանափակելով Թուրքիոյ քաղաքացիութեամբ։ Քանի որ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքը 2010 թուականէն ի վեր անգործունեայ էր, թրքական կառավարութիւնը թոյլ չէր տար, որ հայկական համայնքը ընտրէր նոր պատրիարք մը:

3) «Ալեւիները կը կազմեն Թուրքիոյ կրօնական ամէնէն մեծ փոքրամասնութիւնը [կը գնահատուի 10էն 25 միլիոն մարդ]: Այսուամենայնիւ, կառավարութիւնը երկար ժամանակ ալեւիները կը դասակարգէր իբրեւ մահմետական եւ, հետեւաբար, չէր կրնար զանոնք ճանչնալ իբրեւ սիւննի մահմետականներէ տարբերող կրօնական համայնք մը։ Հակառակ Փետրուար 2015ին Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի կայացուցած որոշման՝ կառավարութիւնը տակաւին քայլերու չէ ձեռնարկած, որպէսզի ալեւի ուսանողները ազատ կացուցուին կրօնական պարտադիր դասերու մասնակցելէ, որոնք առաջին հերթին հիմնուած են իսլամական սիւննի հասկացութեան վրայ», ըսուած է USCIRF-ի տարեկան զեկոյցին մէջ։

4) Իշխանամէտ տպագիր եւ ընկերային լրատուական միջոցներու մէջ տարածուած է հակասեմականութիւնը։ Համաձայն «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին՝ Յունուար 2018էն մինչեւ Ապրիլ ինկած ժամանակամիջոցի ընթացքին ատելութեան 427 խօսք արձանագրուած է հրեաներու դէմ։ Թուրք քաղաքական գործիչները եւս յաճախակիօրէն հակասեմական մեկնաբանութիւններ կ՛ընեն:

5) Բողոքական համայնքը կը շարունակէ ատելութեան խօսքի թիրախ ըլլալ։ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը կը գտնէ, որ Թուրքիա խախտած է Եօթներորդ օրուան գալստականներու հիմնադրամի իրաւունքները։ Աւելին, «Եհովայի վկաներուն կը մերժեն շնորհել՝ խիղճի հիմնաւորումով զինուորական ծառայութենէ հրաժարելու իրաւունքը, սպառնալով հետապնդել, տուգանքներու ենթարկել եւ ազատազրկել զանոնք», յայտնած է USCIRF։

6) «Հայոց Պատրիարքարանը կը ձգտի վերադարձնել Սթամպուլի մէջ գտնուող, նախապէս հայ մանուկներու կրթութեան համար օգտագործուած «Սանասարեան Խան»ի անշարժ գոյքը, զոր կառավարութիւնը բռնագրաւած էր 1935ին։ Պոզճատա կղզիի Յունական ուղղափառ հիմնադրամը տակաւին չէ ստացած 11 անշարժ գոյքի համար իր իրաւունքը հաստատող փաստաթուղթերը, հակառակ Սեպտեմբեր 2014ին Հիմնադրամի խորհուրդի ընդունած որոշման՝ գործերը փոխանցելու մասին։ Հալքիի Յունական ուղղափառ աստուածաբանական դպրոցը, որ յայտնի է նաեւ իբրեւ Հալքիի ճեմարան, փակուած է եւ 1971էն ի վեր հնարաւորութիւն չէ ունեցած հոգեւորականութեան ուսում ջամբելու»՝ ըստ USCIRF-ի։

USCIRF կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, որպէսզի վերջինս ճնշում գործադրէ Թուրքիոյ վրայ՝ կրօնական ազատութեան բոլոր դրոյթները պահպանելու եւ համապատասխան ուղղիչ միջոցներու ձեռնարկելու համար․․․

 

Յարութ Սասունեան      
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան