image
Հրատապ լուրեր:

Պատմական սխալ մը. մռմուռ -մռմռալ

Պատմական սխալ մը. մռմուռ -մռմռալ

(մրմուռ-մրմռալ)

Կը նշանակէ խոր, սուր, մնայուն ցաւ. կը նշանակէ նաեւ սոյն ցաւին հետեւանքով  արձակուած աղմուկը, անորոշ ձայնը, մռմռոցը: Բայը՝ մռմռալ է: Այս արմատը մեծ հետեւողականութեամբ արձանագրուած է երկու ռ-ով գրաբարի բոլոր բառարանագիրներուն,– ինչպէս նաեւ Աճառեանի, Ամատունիի,  Գաբամաճեանի, Մալխասեանի եւ Գիտութեան ակադեմիայի կողմէ:

Արեւմտահայ աշխարհաբարի  բառարանագիրները ասոր վրայ աւելցուցած են մրմուռ արմատ մը, որմէ՝ մրմռալ, իբրեւ՝ քրթմնջել, քիթին տակէն անորոշ բաներ մը ըսել, տռտռալ եւ այլն (Գայայեան): Եւ այնուհետեւ այս անտեղի երկւութիւնը շարունակուած է ու կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը, մինչդեռ  այս վերջին իմաստը առկայ է նոյնինքն մռմուռ արմատին մէջ, եւ փաստօրէն երկրորդ կամ տարբեր արմատ մը գոյութիւն չունի:

 Նման երկւութիւնը պատմական սխալ քաշքշուք է:                                          

Հայերէնին համար  ձայնի  ու ցաւի նո՛յն բառին մէջ համատեղումը անսովոր երեւոյթ չէ, քանի որ ամէն ցաւի կ’ընկերանայ բնորոշ ձայն մը, աղմուկ մը. ստորեւ օրինակներ, որոնք քաղուած են Աճառեանի «Հայերէնի գաւառական բառարան»-էն.     

                   

*** խշխշալ  ըստ Աճառեանի հաւասարապէս կը նշանակէ՝ ա) ծառերու տերեւներու սօսափիւն,    գետի ջուրի զօրեղ խոխոջիւն, խորովուող միսի աղմուկ. բ) սաստիկ ցաւ, մորմոք: 

                   

*** մզմզալ՝ ա)  ճչալ, ճըւճըւալ. բ) կսկծալ, սաստիկ ցաւիլ:

                  

 *** սըւսըւալ՝ ա) հովի, ծառի խշշոց, սօսափիւն. բ) լալ, հեծկլտալ:

        

Ասոնց ծիրէն ներս կ’իյնայ տակաւին նուալ-նըւնըւալ բայը, որ հաւասարապէս ձայն ու ցաւ կ՝արտայայտէ:


                                                        *      *

                                                            *

        

Երկու ռ-ով կը գրուին բնաձայն այլ բառեր եւս՝ գոռգոռալ, զռզռալ, խռխռալ, կռկռալ, հռհռալ, ճռճռալ, պոռպռալ-պոռպոռալ, տռտռալ: Աչքի առաջ ունենալ նաեւ՝ գռմռալ, եռուզեռ, թռվռալ-թռվռուն,  ծռմռել, ծուռումուռ, կեռումեռ, շուռումուռ, վառվռուն:

        

Ունինք կրկնարմատ բարբառ-բարբառիլ,  գրգիռ-գրգռել, թրթիռ-թրթռալ, կարկառ-կարկառել, սարսուռ-սարսռալ բառերը՝ թիւով միայն հինգ, որոնք իրենց արմատական առաջին ռ-ն վերածած են ր-ի՝ հետեւելով  հնչիւնաբանական օրէնքի մը, որ մասամբ գործած է դասական հայերէնի մէջ. սա կը պահանջէր, որ բաղաձայնէ առաջ ռ-ն վերածուի ր-ի: Այս տրամաբանութեամբ ալ, օրինակ, ձեռ արմատը  գործիականի մէջ կու տար ձերբ(ակալել), նաեւ՝ քոյր-քեռ-քերբ: Ոմանք այս կանոնին  մէկ արձագանքով՝ մեքենաբար կը գրեն նաեւ վարվռուն, թրվռալ եւ այլն,  ինչ որ սխալ է: 

        

Իսկ ր-ով կրկնարմատներ կամ զոյգ ր-ով գրուող բառեր  են՝ անդորր, բերրի, երրեակ,  երրորդ, թրթուր, ծործոր, կերկեր,  հետաքրքիր-հետաքրքրել, հուրհրալ, մարմրիլ, մրրիկ,  որկոր, չարչարել, չորրորդ, սորսորիլ,  տարր, փորփորել, փրփուր-փրփրիլ, քարքարոտ,  քրքիր-քրքրել, օրրան   եւ այլն:

        

Ծանօթ.– Երրեակ կը գրուի նաեւ եռեակ, որ շատ  աւելի կոկիկ է:

 

Արմենակ Եղիայեան

 armenag@gmail.com