image

Դասական Սփիւռքէն եկած կարգ մը կեցուածքներ.Տիգրան Գաբոյեան

Դասական Սփիւռքէն եկած կարգ մը կեցուածքներ.Տիգրան Գաբոյեան

 Հալէպահայ  բանաստեղծ Տիգրան  Գաբոյեանի    յօդուածը կը տպագրենք    տեղ տալով  ազատ   կարծիք  արտայայտելու  մեր սկզբունքին։ Այստեղ  հաշուի   պէտք է առնել նաեւ, որ հոն  տեղ գտած  ոչ  բոլոր   տեսակէտները համահունչ  են «Արեւելք»ի  որդեգրած    ընդհանուր  մօտեցումներուն  եւ  գաղափարներուն։

  «Ա»

Հայաստանը հասկնալու, ընբռնելու հետ կապուած կարգ մը սփիւռքեան մօտեցումներ անցեալին եւ ներկայիս, անձնապէս ինծի համար, միշտ ալ զարմացնող եղած են:

Այո, հաւանաբար այպանելի չի կրնար համարուիլ որեւէ ընկալում, վերծանում, զգացում, արժեչափ, բայց երբ քննադատութիւնները, «թեւաւոր խօսքերը» տեղ մը  միանան անիրականութեան եւ կը վերածուին անգործ քարոզի, վստահ վնաս կը պատճառուի:


Դասական սփիւռքի կարգ մը շրջանակներ միշտ ջատագովը եղած են «իտէալական Հայաստան»ի մը եւ ուզած են նոյնիսկ անոր ուրուագծման ընդմէջէն ընկերային եւ տեղ մը նաեւ քաղաքական գործունէութիւն ալ տանիլ, ինչը հասկնալի կրնայ ըլլալ եւ մասամբ, եւ ճիշդ  այդ իտէալական ու բաղձալի Հայաստանի իրագործման ի խնդիր 2018 ին ՀՀ ապրեցաւ մեծ քաղաքական փոփոխութիւն՝ ի տես թաւշեայ, ոչ բռնի յեղափոխութեան, որ եթէ չըսենք՝ ցնցեց աշխարհը, բայց գոնէ բաւական բան փոխեց հայ իրականութեան մէջ, եւ նոր Հայաստանը առանց մեծ ցնցումներու, կամաց-կամաց եւ տեղ մը նոյնիսկ արագ, դրական փոփոխութեան ճամբուն վրայ դրուեցաւ: Հիմա դասական սփիւռքէն շրջանակներ կան (չըսելու պաշտօնական կեցուածքներ, քանի քաղաքական հետազօտական գրութիւն չենք ըներ հոս), որոնք միայն իրենց կազմակերպչական, կուսակցական պրիսմակներով կը դիտէին եւ կը շարունակեն դիտել Հայաստանը, ինչը հասկնալի կրնայ թուիլ, բայց կարծեմ նոր ու զարգացող Հայաստանը հիմա  պէտք է առանց ակնոցներու ու պրիսմակներու դիտել, իբրեւ բարձրագոյն ու թափանցիկ արժէք, ուրկէ  ալ  արտադրուած ըլլան այդ անկոցները:
Այո՛, ամէն Հայ իրաւունք ունի Հայաստանի մասին երազելու եւ Հայաստանին դասեր տալու, բայց տեղ մը խախուտ կը համարուին այդ իրաւունքները, երբ ծանօթ չես Հայաստանի օրինակ մարզերուն, համախառն ներքին արդիւնքին, տնտեսութեան մասնակի մանրամասնութիւններուն, Հայոց Բանակի կառուցուածքին, 90-ական ի չիք կոչուած «ցուրտ ու մութ» տարիներուն: Երբ չես զգացած  Հայաստանի շրջափակումը ամէն վայրկեան, չես զգացած ծովային ելք չունենալու հանգամանքը  եւ 100 միլիոն «դրացիներուն» ճնշումը,  երբ չես ապրած գոյատեւումը՝ հագուստի, ուտելիքի քչութեամբ, չես ապրած հոգու առատութիւնը, երբ չես զգացած 41 հազար քառակուսի քիլոմեթրի 3 միլիոնով ապրեցնելու, զիջիլ-չզիջիլ ցաւը, երբ Հայաստան այցելած ես իբրեւ զբօսաշրջիկ եւ լաւ հագուստներդ ցոյց տուած ես, երբ հայրենասիրութիւնը քեզի համար ազգային-ազատագրական երգերն են, կամ ուրախութիւնը, որ սիրածդ կամ պատկանածդ կազմակերպութիւն(ներ)ը մասնակցած են Շուշիի ազատագրման, միաժամանակ խոսափելով ամէն գնով Հայոց Բանակի մէկամսեայ դասընթացքէն (չգործադրելով Իսրայէլի օրինակը, ուր իր բոլոր Սփիւռքէն այցելած հայրենակիցներուն մարտարուեստ կը դասաւանդէ): Այո, հակառակ այս բոլորը չապրելու նորէն կը կարծեմ  վիրաւոր Հայաստանը սրտաբաց եւ հայրաբար ընդունած է եւ կ՝ընդունի եւ միշտ կը սպասէ բոլոր հայերուն այցերն եւ ներդրումները: Այո, Հայաստանը  տէր է իր հին ու գալիք բոլոր զաւակներուն, ինչքան ալ ան չըլլայ ԱՄՆ կամ Ռուսաստան, հոս իբրեւ օրինակ կ՝արժէ յիշել վիճելի բայց խիզախ քայլը  ՀՀ զինուորական օգնութեան խումբ մը  Հալէպ ուղարկելուն:

Կարելի է ոչ պաշտօնական «խօսուն» վիճակագրութիւն մըն ալ սողոսկել այս առիթով՝ միջին արեւելքի մէջ մօտաւորապէս ոչ պաշտօնական տուեալներով նախկին 200,000 հայերու մասին, որոնցմէ կարծեմ մի քանի հազարը միայն ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացաւ վերջին 10 տարուայ ընթացքին, այն իրողութեան կողքին, որ ՀՀ ժողովրդագրական եւ զինուորագրման հարցեր ունի եւ կարծեմ պատրաստակամ չէ Հնդիկներուն կամ ուրիշ ազգութիւններու ներկայացուցիչներուն քաղքացիութիւն տալ: Հիմա դասեր ու դասախօսութիւններ կարդալը դիւրին եւ հաճելի գործեր են, բայց երբ մարդոց ու ղեկավարներուն «գործակալ, Մասօն, Սիոնիստ ու ծախուող ու ծախող» մակդիրներ կը դրուին նոյն դասական սփիւռքի կարգ մը շրջանակներէն, եթէ հաւաբանար չ՝արժեր անոնց անդրադառնալ նկատի ունենալով կարծիքի ազատութեան ներկայ դարու «սուրբ առաւելութիւններու» շրջագիծը, բայց կ'արժէ մեր սփիւռքեան դասական նոր սերունդին յիշեցնել ուրիշ արժէքներ:
Երբ ՀՀ քաղաքացիութիւնը բարձրագոյն արժէքը չէ Գանատականին եւ Սկանտինաւեանին քով եւ առաւելագոյնը կը պատրուի այդ վասն 3-րդ կարգի կահոյքով Եւրոպայի կամ Գանատայի տուներուն մէջ նկարուելու կամ տարին մէկ անգամ, Ապրիլ 24 ցոյցի մը ընթացքին եռագոյն դրօշակ ցոյց տալու համար, չէ որ այսպիսով տեղ մը խաբուած ու խաբած կ՝ըլլանք բոլոր սփիւռքեան դասական իտիալականացումները, միշտ Հայաստանը յիշելով  «հոնտեղի ժողովուրդը դժուար մարդիկ են»ով :
Որքանո՞վ ճիշդ է եւ բարոյական տառապիլ Հայաստանի ապազուիցերիացումէն եւ դասեր տալ անոր «դաւաճաններուն» հեռու ափերէն, որքանո՞վ ճիշդ է եւ բարոյական երբ լիակատար չիմանալով Արամ Խաչատուրեանին, Մարտիրոս Սարեանի, Վիքթօր Համբարձումեանի մասին, օրինակ 100 հազար Տօլար ունենալէ վերջ, հայկական ընտանիքի մը երեխաները ղրկել օտար դպրոցներ՝ դասական Սփիւռքին մէջ, անգլերէն, ֆրանսերէն, նոյնիսկ արաբերէն խօսելով (Լիբանանի մէջ օրինակ) եւ մասամբ «ամչնալ» հայկական ինքնութենէն եւ «փոխանցուած հայ մշակոյթէն»:

Յարգելով հայկական թաղամասերուն մէջ զինուած պաշտպանութիւն կազմակերպելը, որքանո՞վ ընդունելի է անոնց տալ, եւ մանաւանդ հիմա այս ժամանակներուն մէջ, ազգային բարձր օրակարգի դասակարգում, երբ ցաւօք այդ միջին արեւելեան  թաղերը արդէն հայաշատ չեն ու ուրուականացած վիճակներով, արդէն տարրական առողջութեան պայմանները չեն ապահովեր հոն ապրողներուն համար։

Միթէ՞ ուսանելի օրինակ է մէկ միլիոն Տոլար ներդրել Շուէտի մէջ, եկեղեցի եւ ակումբ հիմնելու, հոնտեղէն կիրակի օրերը քարոզելու համար  «արեւմտահայաստան կամ հայ ազատագրական պայքար»: Կ՝արժէ չէ՞ խօսիլ Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ հետ առեւտրականութեան մասին, երբ որ սիրելի ուղղութիւններէն է այդ. դասական սփիւռքի շատ մը ներկայացուցիչներուն համար եւ այս պարագային«ազգային վիճակագրութիւն» ցաւօք չկայ, բացայայտելու թէ ինչքան «քիչ» են անոնք:


Հայաստանասիրութիւնը եւ ՀՀ ին ծառայելը քարոզ չէ, այլ հաճոյք, այն, այսպէս ըսած, «Մուննաթ» չէ, այլ կենսակերպ, տրամադրութիւն չէ, այլ հոգի ու արիւն: Իսրայէլը լաւ օրինակ է հոս իր Սփիւռքի հետ յարաբերութեամբ, եւ դասեր տալը, չըսելու համար զազրելի են, ըսենք միայն, որ ապարդիւն ժամավաճառութիւններ են եւ կ՝արժէր դասական սփիւռքէն ներկայացուցիչները. Հայաստանի  հանդէպ իրենց սիրոյ ծալքերէն ելած, վերանայէին, թէ իրենք ինչքանով Ազնաւուր են կամ Հայ են կամ Սուիրահայ կամ Լիբանանահայ կամ կամ..
Չտեսնել ահռելի դրական փոփոխութիւնը, որ Հայաստանի մէջ կատարուած է, անձնապէս կը նախընտրեմ չըսել որ կրնայ համարուիլ դժկամութիւն, նախանձ, չարակամութիւն, չքմեղանք, պարզապէս ըսենք, որ այդ կը կոչուի անիրազեկութիւն, եւ Հոս կ՝արժէ յիշեցնել միասնութեան, միասնակամութեան եւ համերաշխութեան կոչեր հնչեցնողներուն, որ Հայաստանը իր շատ երկար պատմութեան ընթացքին այսքան միասնական չէ եղած եւ որուն արմատները 1991-ին անկախացած միատարրութիւնէն եկած, իր 99 տոկոսով հայ քաղաքացիներն են, եւ որոնք, բացի Մարտ մէկի ոճիրէն, քաղաքացիական պատերազմի բնաւ չեն գացած եւ որ ոչ մէկ ՀՀ քաղաքացի, նոյնիսկ ազգութեամբ Ասորի կամ Եզիտի, պատրաստակամ չէ վատնելու այդ մէկը:

Տիգրան Գաբոյեան