image
Հրատապ լուրեր:

Գրիգոր Շէնեան եւ իր «Նոր Կեանք»-ը

Գրիգոր Շէնեան եւ իր «Նոր Կեանք»-ը

 

Ամերիկահայերըմանաւանդ Լոս Անճըլըս բնակողներըեթէ քիչ-շատ կապ կը պահեն գաղութային կեանքին հետանպայման ծանօթ ըլլալու են «Նոր կեանք» շաբաթաթերթին ու անոր երկարամեայ խմբագիր Գրիգոր Շէնեանին։

Այսուհետեւ սակայն, ԱՆՑԵԱԼ ժամանակով պիտի խօսինք թէ՛ վերոյիշեալ թերթին եւ թէ՛ անոր խմբագրին մասին, որովհետեւ օրեր առաջ ամերիկահայ հանրածանօթ առակագիր Եզնիկ Բալիկ (Բալայեան) Դիմատետրի իր էջին վրայ կը գուժէր իր մտերիմ բարեկամին՝ Գր. Շէնեանի մահը, 85 տարեկանին…։ Ան իր վերջին շունչը փչած էր 6 Յունիս 2019-ին, ի Լոս Անճըլըս։

Գրիգոր Շէնեան եւ իր «Նոր կեանք» երկլեզու ծաւալուն շաբաթաթերթը։
Ահա՛ երկու անուններ, որոնք ամբողջ 35 տարի տիրապետեցին ամերիկահայ հրապարակագրական կեանքին ու ձեւաւորեցին լրագրական ինքնայատուկ մշակոյթ մը։

Շէնեան, բուն մականունով՝ Կէօվշէնեան, ծնունդով ու կազմաւորումով լիբանանահայ էր (1934)։ Աւարտած էր Անթիլիասի դպրեվանքի ժառանգաւորաց բաժինը, 50-ականներուն։ Այդ օրերէն կը պահէր շատ հետաքրքրական յուշեր, որոնց մէկ մասը գրի առաւ հետագային ու լոյս ընծայեց իր թերթին մէջ։

Լրագրական մարզի մէջ փորձառութիւն ձեռք բերած էր Պէյրութ՝ գործակցելով Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք»-ին, Տիգրան Թոսպաթի «Այգ»-ին, շրջան մըն ալ «Ազդակ»-ին։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն անմիջապէս ետք փոխադրուած էր Լոս Անճըլըս, ուր, 1981-ին, բաժնետէրերէն մին դարձեր էր «Նոր կեանք» շաբաթաթերթին, որ նորահիմն ու անկախ թերթ մըն էր (հիմնադիրները՝ Վահան Ճանսըզեան եւ Աբօ Չափարեան)։ 1985-ին, միակ սեփականատէրը դառնալէ ետք թերթին, Գրիգոր Շէնեան յաջողեր էր զայն հասցնել բարգաւաճ հանգրուանի մը, իր շուրջ համախմբելով աշխատակիցներու շատ լայն ցանց մը։ Հոն էին փորձառու լրագրապետեր Տիգրան Ոսկունին ու Տիգրան Թոսպաթը,մտաւորականներ Բիւզանդ Եղիայեանն ու Մինաս Թէօլէօլեանը, Անդրանիկ Ծառուկեանն ու Թորգոմ Փոստաճեանը, Եզնիկ Բալայեանն ու Մելքոն Ասլանեանը, Նահապետ Մելքոնեանն ու Թորոս Թորանեանը, Նուպար Չարխուտեանն ու Վարդան աւ. քհնյ. Տիւլկէրեանը, Պետրոս Հաճեանն ու Արա Պալիոզեանը, Հրանդ Աճէմեանն ու Սարգիս աւ. քհնյ. Անդրէասեանը, վեր.Մանասէ Շնորհօքեանն ու Կարպիս Գազանճեանը, Անգինէ Քէշիշեանն ու Անդրանիկ Սարեանը եւ դեռ մեծաթիւ այլ գրիչներ։ Այս անունները գրականաշունչ համով մթնոլորտ մը ստեղծեր էին թերթին մէջ ու զայն դարձուցեր էին հրապուրիչ հրատարակութիւն մը։

Ի դէպ, Շէնեան նիւթապէս ալ կը վարձատրէր իր աշխատակիցները։ Թերթը, որ կը տպուէր 46-56 էջերով, հետզհետէ ունեցաւ շատ լայն տարածում եւ իր տպաքանակը հասցուց 16.000-ի։ Ունէր անգլերէն բաժին ալ՝ մնայուն աշխատակիցներով։ Կը թուի թէ ծանուցումներու առատութիւնը գլխաւոր երաշխիքն էր «Նոր կեանք»-ի նիւթական ինքնաբաւութեան։

«Նոր կեանք», իբրեւ ոչ-կուսակցական լրագիր մը, ինքնուրոյն տեղ մը ունէր ամերիկահայ մամուլի ամպիոնին վրայ։ Դաշնակցական «Ասպարէզ»-ին, հնչակեան «Մասիս»-ին ու ռամկավար«Նոր օր»-ին դիմաց՝ խոհական անկախ ձայն մըն էր անիկա, որ կը յաջողէր գոհացում տալ ամէն տարիքի ու սեռի ընթերցողներու, լոյս կը սփռէր ազգային մեր ցաւոտ հարցերուն վրայ, կարելի չափով գուրգուրանք կը ցուցաբերէր արեւմտահայերէնի նկատմամբ։ 

90-ական թուականներու սկիզբը, ես եւս քանի մը տարի կանոնաւոր կերպով իմ աշխատակցութիւնը բերած եմ «Նոր կեանք»-ին, Հալէպէն ղրկուած թղթակցութիւններով եւ գրական յօդուածներով։ Շէնեան մերթ ընդ մերթ կը հեռաձայնէր ինծի ու կը քաջալերէր զիս։ Նոյնիսկ կ՚առաջարկէր որ Ամերիկա գաղթէի՝ «Նոր կեանք»-ի մէջ խմբագրական պաշտօն ստանձնելու համար։ Պահ մը, իր այս դիտաւորութեան մէջ այնքան յառաջ գնաց՝ որ Տիգրան Թոսպաթի ձեռամբ պաշտօնական նամակ մը գրել տուաւ Միացեալ Նահանգներու Դամասկոսի երբեմնի դեսպան՝ հայազգի Էտուըրտ Ճէրէճեանին, նուաստիս համար Ամերիկա գաղթի այցագիր (վիզա) խնդրելով…։

Իր թերթին կողքին՝ Շէնեան հաստատեց մատենաշար մըն ալ ու հրատարակեց չորս տասնեակէ աւելի գիրքեր, որոնց շարքին՝ Լեւոն Շանթի երկերը։ Լոյս ընծայեց նաեւ ի՛ր գրչին պատկանող պատմուածքներու եւ յուշերու քանի մը հատորներ, որոնց մէջ առաւելաբար զգալի կը դառնայ Շէնեանի երգիծական շունչը եւ դիւրասահ պարզունակ լեզուն։ Այդ շարքէն էին «Տիկինս ըսաւ թէ…»-ն (1991), «Ամուսինս ըսաւ թէ…»-ն (1993), «Մայթերու վրայ»-ն (1994) եւ «Մեր օրերուն հետ…»-ը (2005)։

Առողջական եւ այլ պատճառներով՝ 2013-ի ամռան Շէնեան վերջնականապէս դադրեցուց «Նոր կեանք»-ի հրատարակութիւնը։ Մինչ այդ՝ այս աշխարհէն հեռացեր էր իր թերթին երէց աշխատակիցներուն մեծ մասը ու այլեւս գրական ամայութիւն մը կը տիրէր իր շուրջ…։ Ի վերայ այսր ամենայնի, Շէնեան 2015-ին դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու նաեւ իր կողակիցը՝ Արշօն, որ լիապէս ստանձներ էր թերթին վարչական ծանր ու բազմադիմի հոգերը։
Գրիգոր Շէնեանի մահով էջ մը եւս կը փակուի ամերիկահայ մամուլի գունաւոր պատմութեան մէջ։

Հողը թեթեւ գայ իր վրայ։
 
Լեւոն Շառոյեան