image

Մտահոգուի՞լ Լիբանանի ապագայով

Մտահոգուի՞լ Լիբանանի ապագայով

Լիբանանը ծննդավայրս է։ Քաղաքական առումով բաւական բարդ, իսկ աշխարհագրական առումով բաւական «նուրբ» գօտիի մը վրայ բացուած այս երկիրը բոլոր ժամանակներուն ալ համարուած է Միջին Արեւելքի գլխաւոր «հնոց»։ Հնոց, ուր արեւելքն ու արեւմուտքը «կը սիրահետին», զիրար կը բարեւեն, իրարու հետ կը խօսակցին, ու վատագոյն պարագային ալ զիրար կ՚ապտակեն ու զիրար կը հարուածեն։

Մինչ երեսուն-քառասուն տարիներ առաջ այդ բացայայտ հակամարտութիւնը մէկ կողմէ արեւմտեան աշխարհին ու Խորհրդային Միութեան միջեւ էր, այսօր արդէն նոյն հակամարտութիւնը պատկերաւոր ասած «մէկ տան մէջ» է։ Մինչ անցեալին Ամերիկա եւ սովետական աշխարհ Լիբանանի մէջ, է որ իրարու «նամակներ» կը փոխանցէին, այսօր արդէն քաղաքական «նամակագրութիւն»ը կը կատարուի տարբեր դերակատարներով։

Իրան կ՚ուզէ ամէն գնով Լիբանանի մէջ իր ձեռք ձգած ու բաւական յառաջացած դիրքերը պահպանել։ Ատոր դիմաց Իրանի գլխաւոր հակառակորդ Սէուտական Արաբիան, որ խորքին մէջ չի կրնար մարսել, թէ ինք արդէն որոշիչ դեր մը չունի Լիբանանի մէջ (լայն առումով), ամէն յարմար առիթի կ՚ուզէ յիշեցնել իր ներկայութեան մասին, փորձելով անշուշտ գործի լծել ներլիբանանեան տարբեր գործօններ։

Այստեղ ընթերցողս հարց պիտի տայ, թէ այսօր Լիբանանի մէջ առկայ հորիզոնական բաժանումը, զանազան ուժերու ներկայութիւնը եւ առհասարակ արտաքին ազդակներու գոյութիւնը ինչո՞վ կրնան սպառնալ Լիբանանին, անոր միասնութեան, անոր յառաջխաղացին, ու մանաւանդ, անոր անվտանգութեան։

Խնդիրն այն է, որ Լիբանանի մէջ գործող կողմերէն իւրաքանչիւրը կը փորձէ «սաւան»ը իր կողմը քաշել, մոռնալով, որ այս փոքրիկ ու գողտրիկ երկրին բարօրութեան ու հանգստութեան ամենամեծ գրաւականը միասնութեան գաղափարն է, որն այսօր իրողապէս կը գտնուի բաւական բարդ փուլի մը մէջ։

Մինչ երկրի սիւննիները առիթէ-առիթ կը յիշեն, որ իրենց համար անընդունելի է, թէ Լիբանանի ապահովական հիմնական լծակները յանձնուած են Իսրայէլի կողմէ յարձակման ենթարկուած ու բոլոր առումներով ալ դիմադրած, նաեւ կարեւոր խօսք հնչեցուցած «Հիզպուլլահ»ին։ Իսկ անդին շիի մեծամասնութիւնը պահու մը համար կը մոռնայ, որ Լիբանան ունի արաբ-իսլամական յենարան մը, առանց որուն երկիրը «կը խեղդուի» իր վրայ բարդուած ու տարիներու ընթացքին կուտակուած պարտքերուն պատճառով։

Այս համակարտութեան մէջ ամենէն թոյլ օղակը անշուշտ քրիստոնեաներն են, որոնց ջախջախիչ տոկոսին համար ալ Լիբանանի ապագան մութ է... Մութ է մէկէ աւելի առումներով… սակայն մութ է յատկապէս մարդագրական պատկերի փոփոխութեան, քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան գաղափարի աղարտման ու մութ է մասնաւորապէս Լիբանանի բնակիչներուն կողմէ երկրի դիմագիծին առընթեր հնչող ամենահակասական մօտեցումներուն հետեւանքով։

Այս է այսօրուան իրական պատկերը ու յստակ է նաեւ, որ այս քաշքշուքներուն մէջ ամենաթոյլ օղակներէն մին քրիստոնէական «փոքրամասնական» հատուածներուն մէջ ապրող ու այլ առումով ալ աւելի փոքրամասնութիւն հանդիսացող մեր հայ հայրենակիցներու պարագան։

Ամէն պարագայի այս բոլորը աւելի շեշտակի ու յստակ դարձնելու նպատակով, օրերս զրոյց մ՚ունեցայ լիբանանահայ համայնքի գործօն անդամներէն, հասարակական գործիչ՝ Համբիկ Թորոսեանին հետ։

Ճիշդ է, որ խօսակիցս աւելի լայն տեղ տուաւ ընկերային-տնտեսական խնդիրներուն, սակայն ամէն պարագայի, երբեք գաղտնիք մը չէ, թէ այդ բոլոր հարցերն ալ ունին քաղաքական դրդապատճառներ, որոնց յայտնուիլն ու արծարծուիլը զանազան առումներով կը նպաստէ այս կամ այն քաղաքական կողմին կամ ուժին, հեռակայ, կամ մօտակայ շահերուն։

 

*

-Ի՞նչ է պէյրութահայ երիտասարդութեան վիճակը այս օրերուն, ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւեն, ի՞նչ դժուարութիւներ ունին եւ այդ առումով ապագան ինչպէ՞ս կը տեսնէք Լիբանանի հայ երիտասարդութեան:

Լիբանանահայ երիտասարդութիւնը կը դիմագրաւէ շատ մը հարցեր, որոնցմէ գլխաւորը երկիրը հարուածող տնտեսական տագնապն է: Անգործութիւնը եւս շատ մեծ տեղ կը գրաւէ ներկայիս երկրին մէջ, բացի այդ, Լիբանանին՝ Իսրայէլի սահմանամերձ ըլլալուն պատճառով միշտ պատերազմ կը սպառնայ, կան նաեւ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով բարդուած արտաքին պարտքերը, որոնց ընդհանուր գումարը կը կազմէ շուրջ 100 միլիառ ամերիկեան տոլար։ Կայ նաեւ հարցը Սուրիոյ պատերազմէն ետք Լիբանան ներգաղթած սուրիացներու, որոնց թիւը կը գերազանցէ 2 միլիոնը, ինչ որ բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենայ երկրի աշխատանքի, տնտեսութեան, մշակոյթի, ապահովութեան ոլորտներուն վրայ եւ այդ բոլորը կ՚ազդէ երիտասարդութեան եւ անոր ապագային վրայ:

Լիբանանահայ երիտասարդը, մանաւանդ հիմա, յուսահատութեան մատնուած է, յուսահատ է Լիբանանի ապագայով։ Յուսահատ են անոնք, որոնք բարձրագոյն վկայականներ ստացած են, որովհետեւ, եթէ Լիբանանի մէջ տարեկան 60 հազար վկայեալ երիտասարդութիւն կայ, անոնցմէ 30 հազարը անգործ է, այդ պատճառով ալ միշտ արտագաղթի կը դիմեն:

Այս յուսահատ վիճակին մէջ շատեր կը դիմեն թմրամոլութեան, շատ մը լիբանանահայեր ոչ-պաշտօնական յարաբերութիւններ կը մշակեն ասիական երկիրներէ, Ափրիկէէն Լիբանան հասած երիտասարդուհիներու հետ, որ նոյնպէս կը սպառնայ անոնց ազգային ինքնութեան, դիմագծին, նկարագրին: Միւս մարտահրաւէրը այն է, որ մեծ թիւով երիտասարդներ այսօր եկեղեցիէն, ազգային գիտակցութենէն ալ հեռու են, հետեւաբար հայապահպանութեան վտանգ կայ. լեզուն պահելու, գիտակցութիւնը պահելու վտանգ կայ: Մինչ մեր օրերուն, մենք 70-ականներուն որպէս պատանիներ, ապա 80-ականներուն, որպէս երիտասարդներ շատ աւելի հայրենասէր, հայրենիքի երազով մեծցանք, այսօր այդ մէկը չկայ, նախանձախնդրութիւնը չկայ հայութեան, հայրենիքի հանդէպ եւ օտարանալու մեծ վտանգ կայ:

Այս բոլորը հաշուի առնելով կարելի է ըսել, որ լիբանանահայ երիտասարդութեան մեծ տոկոսը մտադիր է գաղթելու։ Շատեր կ՚ուզեն արեւմուտք հասնիլ, սակայն կը մերժուին եւ անոնց համար Հայաստանը կը մնայ որպէս միակ ապահով վայր։ Եւ հակառակ Հայաստանի տնտեսական ոչ այդքան փայլուն իրավիճակին, լիբանանահայութեան ուղղուածութիւնը դէպի հայրենիք՝ Հայաստան է։


-Ազգային իշխանութիւնները, եկեղեցին ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկեն այս հարցերուն առընթեր:

Անշուշտ, որպէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եղբայրակցութիւն, մեզի համար ալ այս իրավիճակը դուռ կը բանայ մեծ մտահոգութիւններու, սակայն, դժբախտաբար մեր կարելիութիւնները սահմանափակ են։ Պատերազմի օրերուն, ըսենք, հայ երիտասարդները հայկական շրջաններէն դուրս չէին ելլեր եւ ատոր համար ալ հայկական մթնոլորտին մէջ կը մնային, իրարու հետ կը գործակցէին, այսօր սակայն, ժամանակները փոխուած են։ Կղզիացման, անձնասիրութեան, անձնակեդրոն ըլլալու ժամանակներ կ՚ապրինք եւ այդ պատճառով ալ երիտասարդութիւնը յայտնուած է լճացած վիճակի մէջ։

Գաղութի ղեկավարութիւնը որքան ալ փորձէ դրական լուծումներ ապահովել, վիճակը դժուար է, որովհետեւ գիտակից մշակները, նուիրեալ դաստիարակները քիչ են այսօր։ Առաջուան երէց սերունդը անցած է արդէն եւ եկած են նորերը, որոնք նախկիններուն տոկունութիւնը, համբերութիւնը, հանդուրժողականութիւնը չունին եւ այս բոլորը մեզի համար դարձած են լուրջ մարտահարաւէրներ։


-Համայնքային դրութիւնով ղեկավարուող երկիր մըն է Լիբանանը: Այսօր ի՞նչ է Լիբանանի ընդհանուր դժուարութիւնները ձեր տեսակէտով: Ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւէ երկիրը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով կուտակուած ներքաղաքական խնդիրները, համայնքային, դաւանանքային հարցերը մինչեւ այսօր երկրին համար անլուծելի մնացած են:

Քաղաքացիական պատերազմէն ետք, Լիբանանի մէջ, պետական հաստատութիւններէն, ընկերային գրասենեակներէն, ապահովական մարմիններէն ներս ամէն տեղ փտածութիւն մուտք գործած է եւ կաշառակերութիւնը շատ զօրաւոր հիմք դրած է երկրին մէջ: Լիբանանի մէջ եղող 18 համայնքներն ալ միշտ իրենց համայնքային շահերէն մղուած կը գործեն, ինչ որ կ՚արգելակէ երկրին յառաջդիմութիւնը, կը խաթարէ ընկերային ապահովութիւնը: Եւ այսօր Լիբանանը, տնտեսական առումով, հասած է կործանման սեմին:

Անշուշտ կան արտաքին ճնշումներ ալ, որոնք բոլորը իրենց ներգործութիւնը ունին Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ: Իւրաքանչիւր տեղական կուսակցութիւն մէկու մը գործակալն է եւ անոնցմէ դրդուած, անոնց քաղաքականութիւնն է, որ կ՚ուզէ գործադրել Լիբանանի մէջ եւ այս բոլորը անշուշտ կ՚անդամալուծէ երկիրը:

Լիբանանցիները գանած են իրենց ղեկավարներէն, քաղաքական այրերէն, այս կաշառքի, փտածութեան, կողոպուտի, թալանի պատճառով։ Բոլոր համայնքներէն ներս ընդվզում կայ, բողոք կայ, զայրոյթ կայ, եւ անոնք այս բոլորին մէջ մեղաւոր կը համարեն երկրին ղեկավարները, որոնք իրենց անձնական շահերէն, փառասիրութենէն մղուած, այս տագնապալի վիճակին հասցուցին Լիբանանը:


-Ձեր կարծիքով, դէպի ո՞ւր կրնայ տանիլ այս չլուծուած հարցերու կոյտը:

Մենք կ՚աղօթենք, որ այս իրավիճակը լաւանայ եւ աւելի դրական վիճակ մը ստանայ:

Իսկ որպէս հայութիւն եթէ պիտի ըսեմ, մեր հայեացքները դէպի հայրենիք է, հայրենիքի ուղղութեամբ է։ Մենք կը մաղթենք, որ մեր հայրենիքը աւելի բարգաւաճի, յառաջդիմէ եւ աւելի յոյսի եւ լոյսի երկրի վերածուի, որպէսզի պանդուխտ հայերս աշխարհի չորս կողմերէն այլեւս վերջնականապէս հաստատուինք մայր հողին վրայ, մեր երազած հայրենի հողին վրայ, այնտեղ կառուցենք, այնտեղ արարենք, այնտեղ գործենք եւ այնտեղ ալ զԱստուած փառաբանենք։

 

Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս