image

«Վո՞վա»

«Վո՞վա»

Համշէնցիներու հետ առաջին շփումս վերացական էր՝ «Վովա» ձայնասկաւառակի միջոցով: «Վովա»ն 2005ին թողարկուած երաժշտական ալպոմ մըն է, որ կը պարունակէ տասներեք երգեր ու երկու պարային մեղեդիներ, բոլորն ալ համշէնական: Ազգագրական երաժշտութեան լաւ օրինակ մըն է անիկա. թէ՛ լեզուն (մեծ մասամբ), թէ՛ քերթուածները, թէ՛ երաժշտութիւնը եւ թէ խումբին հիմնական երաժիշտները Համշէնէն սերած են: Անիկա ձեռքս անցած էր 2006նին, շնորհիւ դասընկերոջս, երբ դեռ Պէյրութի մէջ դպրոցական էի: Ինքն ալ իր կարգին ստացած էր Երեւանի մէջ բնակող իր քեռիէն, որ հրաւիրած էր նոյն «Վովա» խումբը այնտեղ՝ համերգ ունենալու: Համշէնի շուրջ հետաքրքրութեան զարգացման առաջին տարիներն էին:

«Ասոնք հին իսլամացած հայեր են, որ դեռ արեւմտահայաստան կ՛ապրին, բայց իրենց գիւղերը, երգերը եւ մշակոյթը ունին: Լեզունին ալ հայերէնի հին բարբառ մըն է: «Ա՛ռ, մտիկ ըրէ՛, շատ աղուոր է», ըսաւ ընկերս եւ երկարեց սկաւառակը. վրան կարդացի «Vo-va», եւ խիստ հետաքրքրուած՝ մտածեցի, թէ որո՞նք են այդ համշէնցիները: «Վովա»ն ալ «Ո՞վ է»ն է, բացատրեց ընկերս: «Ով է»-«Ով ա»-«Վովա»:

Հարցումը մնաց միտքիս մէջ  քանի մը տարիներ, որոնց ընթացքին շարունակեցի լսել Համշէնի երաժշտութիւնը, կարդացի յօդուածներ կամ հարցազրոյցներ, եւ, ամէնէն աւելի, երազեցի Համշէն երթալու մասին:

Վերջապէս, 2013ի ամրան, երկու ընկերներու հետ մեր շրջագայութեան ընթացքին, պատմական Կարինէն (Էրզրում) հանրակառքով ճամբայ ելանք դէպի մշտադալար Համշէն:

Չոր լեռնային աշխարհագրութիւնը հետզհետէ կը զիջէր խոնաւութեան ու կանաչին: Անտառներ, անտառներ, անտառներ…: Նախորդ ժամերու շիջող արեւուն փոխարէն՝ հիմա կար զով ու մաքուր օդ մը, որ կը հպէր պատուհանէն կախուած իմ գլխուն. լեռնանցքներու կանաչ պատերը շուքի տակ կ՛առնէին զայն:

Ի տարբերութիւն հայաթափ Կարինին, Համշէնը, ուր կ՛ուղուէի այդ պահուն, երեւակայութեանս մէջ աւելի հայկական էր ու, թէկուզ մասամբ խաբուսիկօրէն, աւելի հայաբնակ: Ուստի, օտարացած-կորստեալ միջավայրէ մը դէպի կարծես հարազատ ու ջերմ միջավայր անցում մըն ալ էր միջլեռնային այդ ուղեւորութիւնը ինծի համար: Հետեւաբար, ոչ միայն մարմինս, այլ նաեւ այդ ժամանակ դեռ ռոմանթիք սիրտս ալ կը հովանար համշէնեան լեռներ բարձրանալով:

Քիչ-քիչ հասանք գիւղեր, զորս պարզապէս բնակավայր կոչելը աւելի ճիշդ պիտի ըլլար: Ո՛չ, խանութներ, ո՛չ հրապարակ, ոչ փողոց, այլ սոսկ փայտաշէն տուներ՝ կառուցուած լերան զառիթափին, մէկը միւսէն 50-100 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Մօտեցանք մէկուն, որ ծանօթ էր մեզի ուղեկցողին: Ներկայացանք՝ հայեր եւ արժանացանք ջերմագոյն ընդունելութեան. տեղական թէյ, զովացուցիչ, պտուղ ու խմորեղէն…: Շնորհիւ բազմիցս Հայաստան գացած ըլլալուն, տանտէրը ունենայ արեւելահայերէն կը խառնէր իր Համշէնի բարբառին, այդպիսով մեզի համար աւելի հասկնալի դարձնելով զայն: «Հայիք, հայիք» («Հայ ենք, հայ ենք»), հաճոյանալու միտումով կ՛ըսէր ան, եւ աւելի՛ն. «այս բարձունքին վրայ բոլորը մեր ցեղախումբէն են, բոլորն ալ հայ են», կ՛աւելցնէր բրդոտ թեւի շարժումով մը այդ «Հայաստան»ը գծելով:

Երկօրեայ այդ այցիս ընթացքին յարաբերութիւն այդ ընտանիքին, մէկ այլ համագիւղացի ընտանիքի, եւ յետոյ Հոփայի մէջ մէկ մարդու հետ միայն: Բոլորին հետ ալ կարճ ու մակերեսային հանդիպումներ էին: Բոլորն ալ՝ իբրեւ հայեր կը ներկայանային, առաւել կամ պակաս ինքնավստահութեամբ: Եթէ հիմնուէինք այս հանդիպումներուն վրայ, «Վո՞վա» հարցումը հաւանաբար «Հայն ա» պատասխանը կը ստանար:

Բայց այդ սահմանափակ մօտեցում պիտի ըլլար հարցին: Ոչ միայն թրքերէն չէի գիտեր ու ժամանակս շատ կարճ էր, այլ նաեւ մեզ ուղորդող մեր ծանօթը յատուկ կը տանէր այն մարդոց մօտ, որոնք իրենք զիրենք կը համարէին հայեր:

Ուստի «Վո՞վա» հարցումը կը մնար հարցում:

 

Հրակ Փափազեան 

 «ԺԱՄԱՆԱԿ»/  Պոլիս