image

Սինկափուրեան խոլորձը, Գլխաւոր թերթն ու հայերը

Սինկափուրեան խոլորձը, Գլխաւոր թերթն ու հայերը

Սինկափուրի հայկական փողոցի նորաբաց այգիին մէջ «Վանտա Միսս Ճոակիմ» խոլորձի արձանին բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած է Հայաստանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ: Այս արարողութիւնը առիթ դարձած է, որպէսզի անցնող օրերուն, Սինկափուրի եւ Հայաստանի մէջ անգամ մը եւս յիշուի, որ Սինկափուրի ազգային խորհրդանիշ այդ ծաղիկը իր անուանումը ստացած է ի պատիւ Սինկափուրի մէջ բնակած հայազգի ծաղկաբոյծ, գիտնական Ակնէս Ճոակիմին (Աշխէն Յովակիմեան), որ այս ծաղիկը խաչասերած եւ ստացած է իր երիտասարդութեան տարիներուն:

Ո՞վ էր Աշխէն Յովակիմեան, որուն Սինկափուրի եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող տապանաքարին վրայ յաճախ կը դրուի իր աճեցուցած թարմ խոլորձը:

Աշխէնի կենսագրութիւնը Սինկափուրի հայերուն պատմութեան կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ եւ առանց Ակնէս Ճոաքիմի կեանքին անդրադառնալու, թերի պիտի ըլլար հայ-սինկափուրեան պատմական ու ներկայ կապերը:

Աշխէն Յովակիմեան հայկական եւ Ակնէս Ճոաքիմ օտար անուն-մականունով այս հայուհին ծնած է Սինկափուր, 7 ապրիլ 1854 թուականին, Բարսեղ եւ Ուրելիա Յովակիմեաններու հարուստ ընտանիքին մէջ: Յովակիմեանները, օտար միջավայրի մէջ ապրելու պատճառաւ, իրենց մականունը փոխած են Ճոաքիմի եւ այդպէս ճանչցուած տեղացիներուն մօտ: Անոնք ունէին տասնմէկ երեխայ. Աշխէն-Ակնէսը դուստրերէն աւագն էր եւ ընտանիքի երկրորդ երեխան։ Հայրը՝ Բարսեղը, Սինկափուրի մէջ առեւտրային գործակալ էր. զբաղած է բարերարութեամբ, ունեցած է զգալի սեփականութիւն եւ ներդրումներ, որոնք, 1872 թուականին իր յանկարծակի մահէն ետք, անցած են ամբողջ ընտանիքին։

Մայրը՝ Ուրելիան, զբաղած է այգեգործութեամբ։ Ակնէսի մօր հայրը՝ Եսայի Զաքարեան, եղած է Սինկափուրի Առեւտրային պալատի առաջին անդամներէն, ինչպէս նաեւ տեղւոյն հայ համայնքի ղեկավարը։

Ակնէսը եւ իր մայրը կը հետաքրքրուէին այգեգործութեամբ, մայրը նոյնպէս դեր ունեցած է համայնքային կեանքին մէջ: Անոնք խոլորձներ կ՚աճեցնէին իրենց ընտանեկան կալուածի այգիին մէջ։ Ծաղիկներու եւ այգեգործութեան այդ սէրը առիթ կը դառնայ, որ ամէն տարի մասնակցին ծաղիկի ցուցահանդէսներու, որոնց ընթացքին Ակնէսը հաւաքած էր պարգեւներու տպաւորիչ հաւաքածոյ մը։

1893-1895 թուականներուն սինկափուրեան տարեկան երեք ցուցահանդէսներուն, ան ընդհանուր առմամբ նուաճած է քսանեօթ առաջին եւ տասնհինգ երկրորդ մրցանակ։ Ակնէս փառքի հասած է 1899 թուականին, երբ ծաղիկի հերթական ցուցահանդէսի ընթացքին ներկայացուցած է խառնածին ձեւով աճեցուցած իր խոլորձը, որ յետագային ստացած է ստեղծողին անունը՝ «Միսս Ճոաքիմ Վանտա»:

Ծաղիկը այնքան սիրուած եւ տարածուած է Սինկափուրի մէջ, որ 1947 թուականին դարձած է երկրի Յառաջդիմական կուսակցութեան խորհրդանիշը, իսկ 1981 թուականին հռչակուած է ազգային ծաղիկ՝ դառնալով Սինկափուրի խորհրդանիշը:

1899 թուականին, պարգեւատրման արարողութենէն երեք ամիս անց, քաղցկեղէ տառապող Ակնէս մահացած է։ Ան նախ թաղուած է Սինկափուրի Bukit Timah գերեզմանոցին մէջ, իսկ 20-րդ դարու կէսերուն անոր տապանաքարը թաղման վայրէն տեղափոխուած է Սինկափուրի հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակը։

Հայաստանեան պատուիրակութեան այս այցը անգամ մը եւս Սինկափուրի պատմութեան մէջ դեր ունեցած հայերու յիշատակի ոգեկոչումին առիթ դարձաւ:

Հայերը Սինկափուրի մէջ հաստատուած են 18-րդ դարու վերջաւորութեան։ Անոնք հիմնականօրէն Մալակայէն, Հնդկաստանէն, Նոր Ջուղայէն հաստատուած են Սինկափուր։ 1833 թուականին հայ համայնքին հողակտոր մը յատկացուած է Հիլ Սթրիթ փողոցին վրայ, ուր 1835 թուականին կառուցուած է Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ այսօր կը դասուի երկրի նշանաւոր պատմական յուշարձաններու կարգին (ճարտարապետ՝ Ճորճ Քոլման): Հակառակ որ Սինկափուրի հայ համայնքը երբեք սակաւաթիւ չէ եղած, այնուհանդերձ, հայկական եկեղեցին իր 150-ամեայ պատմութեան ընթացքին հոգատարութեամբ պահպանուած եւ խնամուած է, իսկ եկեղեցւոյ բակը կառուցուած երկյարկանի շէնքը ծառայած է որպէս հայերու գլխաւոր հաւաքատեղի:

Համայնքի ներքին կեանքը ժամանակին կազմակերպած է Ազգային ժողովը, այսօր կան համայնքային կառոյցներ, որոնք կը ղեկավարեն փոքրաթիւ հայկական համայնքը: Ներկայիս Սինկափուրի մէջ կը բնակի շուրջ ութսուն հայ, մինչդեռ 1820-ականներու սկիզբը երկրին մէջ կը գործէր երեք հայկական առեւտրական ընկերութիւն՝ իրենց ապրանքային մակնիշներով: Հայ առեւտրականները ունէին իրենց սեփական ներկայացուցիչները՝ Սինկափուրի Առեւտրական պալատէն ներս: Հայ հասարակութիւնը այդ տարիներուն եւրոպական հասարակութեան հաւասարազօր էր եւ ունէր նմանօրինակ հաւասար իրաւունքներ, նշանակալի դեր՝ Սինկափուրի կեանքի բոլոր ասպարէզներէն ներս: Հայերուն կարծիքը նկատի կ՚առնուէր Առեւտրական պալատին եւ այլ հասարակական հաստատութիւններու մէջ: Իրենց ապրելաձեւին, անգլերէնի իմացութեան, քրիստոնէութեան շնորհիւ հայերը դիւրութեամբ աշխատանքի կը հրաւիրուէին իրաւաբանական, հետախուզական հաստատութիւններու մէջ, իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին Սինկափուրի շրջանային կոմիտէներու եւ օրէնսդիր մարմիններու աշխատանքներուն: Մեծ թիւով հայեր կ՚աշխատէին ոսկերչութեան բնագաւառին մէջ:

Սինկափուր ծնած հայերը Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքացիներ կը նկատուէին, միեւնոյն ժամանակ Պարսկաստան ծնած եւ Սինկափուր բնակող հայերէն շատեր նոյնպէս, օրէնքի սահմաններուն մէջ, կը դառնային Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքացիներ: Հայ համայնքը իր կանոնաւոր դրամագլուխէն ներդրումներ կը կատարէր բրիտանական ֆոնտերու մէջ:

Ամերիկացի հետազօտող ու ծովային սպայ Չարլզ Ուիլքս Սինկափուր այցելութենէն ետք գրած է․ «Ամենայարգուածը հայերն են, անոնք կղզիին գլխաւոր վաճառականներէն են։ Քիչ են, բայց՝ ազդեցիկ իրենց հարստութեան շնորհիւ․ շատ հաճելի ազգ է։ Կը հագուին անգլիացիի պէս, սովորաբար լաւ կը խօսին անգլերէն ու փորթուգալերէն»։

19-րդ դարու 30-40-ական թուականներուն հայերը մայրաքաղաքին կեդրոնը կառուցած են բազմաթիւ տուներ, խանութներ, հիմնած են մեծ ընկերութիւններ, որոնք մասնաճիւղեր ունեցած են ուրիշ երկիրներու մէջ: Հայերը մեծ յաջողութիւններու հասած են նաեւ սպասարկման ոլորտին մէջ: Անոնց կը պատկանէին տասնմէկ պանդոկ, ներառեալ՝ ամենամեծերը:

Թերթելով հայ տպագրութեան տարեգրութիւնը, կը տեսնենք, որ 19-րդ դարու կէսին Սինկափուրի մէջ հիմնուած է երկու տպարան՝ «Արփի» եւ «Մասիս»: Այսօր սինկափուրցիները երախտապարտութեամբ կը յիշեն, որ երկրի գլխաւոր թերթը՝ անգլերէն The Straits Times-ը, հիմնած է հայազգի Խաչիկ Մովսէսը՝ 1845 թուականին: Թերթը տակաւին կը տպուի եւ ազդեցիկ դեր ունի երկրի մամուլին մէջ: Ծանօթ է նաեւ, որ սինկափուրեան The Raffles Hotel-ը հիմնած են Սարգիս եղբայրները։

Սինկափուրի հայերը, ապրելով պատմական հայրենիքէն հեռու, միշտ գիտցած են, որ հայրենիք մը կայ եւ իրենց մասնակցութիւնը բերած են Հայաստանի կեանքին: 1894 թուականին տեղացի հայերը հիմնած են Հայաստանի Օգնութեան կոմիտէն: Արձագանգելով 20-րդ դարասկիզբի ողբերգական իրադարձութիւններուն՝ Սինկափուրի հայ համայնքը ի պատասխան Կաթողիկոսի` ողբերգական իրադարձութիւններուն հետեւանքով անօթեւան մնացած հայրենակիցներուն օգնելու կոչերուն՝ հիմնադրած է օգնութեան ֆոնտ մը, որ կոչուած է Հայկական օգնութեան ֆոնտ. եւ այդ ժամանակ էր, որ Սինկափուրի եւ Պանկոքի հայերուն կողմէ հաւաքուած է շուրջ 14.5 միլիոն ամերիկեան տոլարի համարժէք գումար:

Բ. համաշխարհային պատերազմին ճաբոնցիները գրաւած են Սինկափուրը: Այդ տարիներուն օտարազգի բնակիչներուն հետ տուժած են նաեւ հայերը, անոնք վտարուած են իրենց տուներէն եւ արգելափակուած՝ ճամբարներու մէջ: Մինչ ճաբոնական բանակը կը գրաւէր երկիրը, որոշ հայեր յաջողած են Աւստրալիա տեղափոխուիլ։ Իսկ ով որ չէ յաջողած հեռանալ, որպէս բրիտանական հպատակ, ուղարկուած են ճամբարներ, ուր վատ պայմաններու պատճառաւ, շատերը մահացած են։ Միւս կողմէ, համայնքին սակաւաթիւ ըլլալը խառն ամուսնութիւններու եւ ձուլումներու պատճառ դարձած է:

Պատերազմէն ետք ողջ մնացած հայերը վերադարձած են Սինկափուր, սակայն չեն յաջողած վերականգնել իրենց նախկին բարեկարգ վիճակը: Համայնքը այնքան թոյլ էր, որ նոյնիսկ եկեղեցին դադրած էր գործելէ, մինչեւ 1996 թուականը, երբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. Կաթողիոսի Սինկափուր կատարած այցելութիւնը, որու ընթացքին եկեղեցին վերջապէս վերաբացուած էր:

2011 թուականին Սինկափուրի հայ համայնքը հանդիսաւորութեամբ նշած է համայնքի կազմաւորման 175-ամեակը:

Նիկոլ Փաշինեանի՝ Սինկափուր այցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական կապերու ամրապնդման: Նշելով յատկապէս հայ գործարարներու բարի համբաւը եւ Սինկափուրի մէջ 19-րդ դարու աւարտին առեւտրական յարաբերութիւնները զարգացնելու գործին մէջ անոնց ունեցած կարեւոր դերը, Սինկափուրի եւ Հայաստանի վարչապետները ցանկութիւն յայտնեցին վերականգնած տեսնել հայ-սինկափուրեան տնտեսական սերտ կապերը, իսկ հայկական կողմը շատ հետաքրքրուած էր աշխարհի մէջ ծանօթ «սինկափուրեան հրաշք» կոչուած երեւոյթով, որով տնտեսական մեծ յեղափոխութիւն տեղի ունեցաւ այդ երկրին մէջ՝ փտածութեան եւ կաշառակերութեան դէմ մեծ պայքարին միջոցաւ: Սինկափուրը միջազգային կազմակերպութիւններու դիտարկումներով փտածութիւն չունեցող երկիրներէն մէկն է ամբողջ աշխարհի տարածքին: Երկրին ուժեղ, գրեթէ միահեծան կառավարութիւնը մտաւորական բնակչութեան շեշտադրումով եւ լաւ կառավարմամբ ճանչցուած է որպէս «սինկափուրեան տիպ» եւ կը նկատուի երկրի քաղաքական կայունութեան, տնտեսական աճի ու ընկերային ներդաշնակ կառավարման գլխաւոր բանալին:

2011 թուականին այլ միջազգային անկախ կազմակերպութիւն մը, իրաւական ցուցիչի աստիճանով, Սինկափուրը դասած է աշխարհի լաւագոյն երկիրներուն մէջ՝ «կարգ ու կանոնի եւ անվտանգութեան», «փտածութեան բացակայութեան», «արդիւնաւէտ արդարադատութեան» չափանիշներով: Սակայն այս բոլորին հետ պէտք է նշել, որ երկիրը աւելի ցած հեղինակութիւն ունի «խօսքի ազատութիւն» եւ «երկրի ազատութիւն» ցուցանիշներով: Օրինակ՝ հինգ կամ աւելի մարդոց հրապարակային հանդիպումը կը պահանջէ ոստիկանութեան արտօնութիւն, իսկ բողոքները կարելի է կազմակերպել միայն յատուկ ձեւաւորուած Խօսնակներու անկիւններուն մէջ: Այդուհանդերձ, այս վերջին հանգամանքը երբեք ստուեր չ՚ածեր երկրին գրաւչութեան վրայ, որուն համբաւը տարածուած է աշխարհով մէկ:

Հայաստանի վարչապետը իր կողակցին՝ Աննա Յակոբեանի հետ այցելած է նաեւ Սինկափուրի բուսաբանական այգին, ուր տեղի ունեցած է այդ երկրի ազգային խորհրդանիշը նկատուող ծաղիկին` Սինկափուրեան խոլորձին անուանակոչութեան արարողութիւնը: Խոլորձի տեսակ մը անուանակոչուած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Աննա Յակոբեանի անունով: Այսպիսի նախաձեռնութիւններ Սինկափուրի մէջ տեղի կ՚ունենան ի պատիւ երկրի բարձրաստիճան հիւրերուն եւ անուանի գործիչներուն:

Հանդիպում մը տեղի ունեցած է նաեւ հայ համայնքին հետ: Շուրջ ութսուն հոգի հաշուող համայնքին մէջ տակաւին կան Կալկաթայէն, Մատրասէն եւ տարածքաշրջանի այլ վայրերէն տեղափոխուած հայերու ժառանգներ: Այս խումբին մասին կ՚ըսեն, թէ արդէն ձուլուած հայեր են, որոնք, փոքր բացառութեամբ, գրեթէ չեն մասնակցիր համայնքային կեանքին:

Համայնքին մաս կը կազմեն սփիւռքէն ժամանած հայեր, որոնց թիւը կը հասնի շուրջ յիսունի։ Իսկ երրորդ խումբը Հայաստանի քաղաքացիներ են` 30-35 հոգի: Անոնք Սինկափուրի մէջ կը գտնուին աշխատանքային տարբեր հրաւէրներով կամ ուսանելու նպատակով հոն տեղափոխած են:

Սինկափուրը, իր հրաշալի բնութեամբ, արագ զարգացող տնտեսութեամբ, արհեստագիտութեան նոր միջոցներու կիրարկումով կը գրաւէ բազմաթիւ երիտասարդներու ուշադրութիւնը:

Հայ Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կը նկատուի Սինկափուրի առաջին եւ հնագոյն եկեղեցին եւ կը հանդիսանայ Սինկափուրի ազգային մշակութային արժէք: Ճիշդ է, որ այնտեղ մշտապէս Ս. Պատարագ չի մատուցուիր, սակայն տարածքաշրջանէն հայ հոգեւորականներ պարբերաբար կ՚այցելեն եւ Ս. Պատարագ կը մատուցեն:

Փաշինեանի այցը, տնտեսական համագործակցութեան մասին յուշագրերէ զատ, նշանաւորուեցաւ նաեւ Սինկափուրի մէջ արձանի մը բացումով. Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարակից հայկական փողոցի նորաբաց այգիին մէջ տեղի ունեցաւ «Վանտա Միսս Ճոակիմ» խոլորձի արձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Արձանը կառուցուած է բարերար Խաժակ Մարգարեանի նախաձեռնութեամբ եւ նուիրուած՝ փառաբանուած խոլորձին:


ՍԻՆԿԱՓՈՒՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ

Բրիտանացի գաղութարար Սթեմֆորտ Ռաֆըլզ 1819 թուականին հիմնադրած է գաղութային Սինկափուրը՝ որպէս Բրիտանական արեւելահնդկական ընկերութեան առեւտրական կէտ: 1858 թուականին, անոր լուծարումէն ետք, կղզիները փոխանցուած են Բրիտանական Հնդկաստանին, որպէս թագաւորական գաղութ: Երկրորդ աշխարհամարտի ժամանակ Սինկափուրը Ճաբոնի կողմէ բռնագրաւուած է: Բրիտանիայէն անկախութիւն ձեռք բերած է 1963 թուականին՝ միաւորուելով բրիտանական նախկին գաղութներուն, սակայն գաղափարական տարբերութիւններէն մեկնելով, երկու տարի անց, սինկափուրցիները կը զատուին անոնցմէ՝ 1965 թուականին, ձեւաւորուելով որպէս ինքնիշխան ազգ: Չունենալով բնական հարստութիւններ` Սինկափուրը իր տնտեսութեամբ կը դառնայ «ասիական չորս վագրեր»էն (Հարաւային Քորէա, Հոնկ Քոնկ, Թայուան, Սինկափուր) մէկը՝ հիմնուած արտաքին առեւտուրի եւ աշխատուժի վրայ: Այսօր ունի «հանդիպումներու միջազգային գլխաւոր քաղաք»ի, «ներդրումային լաւագոյն ներուժային քաղաք»ի համբաւ, իսկ սինկափուրցի ազգը՝ «արհեստագիտական ազգ»ի:

Սինկափուրը երրորդն է օտար ներդրումներու ամենամեծ գանձատրական կեդրոն, քարիւղի մշակման եւ առեւտրական կեդրոն ըլլալու ցուցանիշով, եւ երկրորդը՝ ծովային պահեստներու առումով: Երկիրը բնորոշուած է նաեւ որպէս «հարկային ծովախորշ»: Երկիրը բարձր դիրք կը զբաղեցնէ կրթութեան, առողջապահութեան, կեանքի որակի սպասելի բարելաւման, անձնական անվտանգութեան ու բնակարանային ապահովուածութեան ասպարէզներուն մէջ: Հակառակ անոր որ եկամտային տարբերութիւնները բաշխուած են անհաւասար ձեւով, բնակարաններուն 90 տոկոսը կը դիտուի որպէս անձնական սեփականութիւն: Հետաքրքրական է, որ Սինկափուրի 5.6 միլիոն բնակչութենէն 38 տոկոսը օտար քաղաքացիներ են: Երկրին մէջ ընդունուած է պաշտօնական չորս լեզու` անգլերէն (որ առաջինն է ընդհանուր տարածուածութեամբ), մալայերէն, չինարէն (մանտարին) եւ թամիլերէն: Գրեթէ բոլոր սինկափուրցիները երկու լեզուի կրող են: Սինկափուրի անուան անգլերէն տարբերակը երկրի հարազատ մալայերէն անուանման անգլիականացուած տարբերակն է եւ կը թարգմանուի «առիւծի քաղաք»: Առիւծը ներառուած է ազգային բազմաթիւ խորհրդանիշներու մէջ, օրինակ՝ զինանշանին վրայ: Սակայն տեղեկութիւններ չկան, թէ երկրին մէջ երբեւէ ապրա՞ծ են առիւծներ:

Սինկափուրը յիշատակուած է նաեւ որպէս Քաղաք-այգի, քանի որ փողոցները շրջապատուած են տնկուած ծառերով, եւ անկախացումէն ետք կանաչապատումը մեծ թափ առած է, ինչպէս նաեւ կը յիշատակուի որպէս Փոքրիկ կարմիր կէտ, քանի որ կղզի-պետութիւնը, աշխարհի ու Ասիոյ բազմաթիւ քարտէսներուն վրայ, ներկայացուած է կարմիր կէտի տեսքով:

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս