image
Հրատապ լուրեր:

Միացեալ Նահանգներու Վերաքննիչ դատարանը սխալ որոշում կայացուցած է հայկական պահանջներու վերաբերեալ

Միացեալ Նահանգներու Վերաքննիչ դատարանը սխալ որոշում կայացուցած է հայկական պահանջներու վերաբերեալ

Միացեալ Նահանգներու իններորդ շրջանի վերաքննիչ դատարանը 8 Օգոստոս 2019ին որոշած է մերժել քանի մը ամերիկահայերու կողմէ ներկայացուած երկու դատական հայցերու դէմ բողոքները. անոնք փոխ հատուցում կը պահանջէին Թուրքիայէն եւ անոր երկու դրամատուներէն՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն կարճ ժամանակ անց իրենց ունեցուածքը բռնագրաւած ըլլալուն համար:

Առաջին դատական հայցը Դեկտեմբեր 2010ին ներկայացուցած են Ալեքս Պաքալեան, Անայիս Յարութիւնեան եւ Ռիթա Մահտեսեան՝ Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունէն եւ «Զիրաաթ Պանքասը»էն պահանջելով 65 միլիոն տոլար: Երկրորդ դատական հայցը ներկայացուցած են Դաւիթ Դաւոյեան («Կարպիս Դաւիթ Դաւոյեան»ի գոյքի  կառավարիչ) եւ Հրայր Թուրապեան՝ Թուրքիոյ, Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան եւ «Զիրաաթ Պանքասը»ի դէմ:

Միացեալ Նահանգներու վերաքննիչ դատարանը հաստատած է դատաւոր Տոլի Ճիի 2013 թուականի որոշումը, որով ան մերժած էր երկու դատական հայցերը՝ յայտարարելով, որ «համաձայն քաղաքական հարցի հայեցակարգի՝ կարգ մը հարցերու պարզաբանումը, տուեալ պարագային որոշելը, թէ արդեօք Թուրքիոյ գործողութիւնները ցեղասպանութի՞ւն էին, պէտք է լուծուին գործադիր իշխանութեան, այլ ոչ թէ դատարաններու կողմէ», կը տեղեկացնէ Courthouse News Service:

Սակայն, վերաքննիչ դատարանը այլ պատճառաբանութեամբ մերժեց վերաքննիչ բողոքը՝ պնդելով, որ հայկական երկու դատական հայցերու վաղեմութեան ժամկէտը անցած է: 2006ին, Քալիֆորնիոյ  օրէնքը  այսպիսի դատավարութիւններու համար վերջին ժամկէտ սահմանած էր 2016 թուականը՝ յայտարարելով, որ «որեւէ հայց, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհին կողմէ ներկայացուած որեւէ չլուծուած հայց, կամ բերուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհի ժառանգի կամ շահառուի կողմէ, որ կը բնակի այս նահանգը՝ պահուած կամ թալանուած տնտեսական գործունէութեանց վճարման կամ վերադարձնելու պահանջով, պէտք չէ մերժուի վաղեմութեան ժամկէտի պահանջը կատարած չըլլալուն համար, եթէ հայցը ներկայացուած է մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2016 եւ կամ անկէ առաջ»:  

Ցաւօք, 2012ին, Իններորդ շրջանի դատաւոր Սիւզըն Փ. Կրէպըր «Մովսէսեանը ընդդէմ Victoria Versicherung AG»ի գործով անվաւեր հռչակեց Քալիֆորնիոյ օրէնքը, որով կ՛երկարէր ապահովագրական յստակ պահանջներ ներկայացնելու ժամկէտը  Հայոց  Ցեղասպանութեան  հիման վրայ: Դատաւոր Կրէպըր գրած է, որ «օրէնքը կանխուած է ըստ արտաքին գործերու հայեցակարգի», նշուած է Metropolitan News-Enterpriseի մէջ:

Վերաքննիչ դատարանի 8 Օգոստոս 2019ի որոշումը հակասական է այն իմաստով, որ մինչ դատաւոր Էնտրիւ Հուրվից, որ գրած է վերաքննիչ դատարանի որոշումը, ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ան անտեսած է այն փաստը, որ ցեղասպանութիւնները վաղեմութեան ժամկէտ չունին, հետեւաբար՝ անկախ անկէ, թէ որքան ժամանակ անցած է, ցեղասպանութեան հետ կապուած դատական գործերը չեն կրնար մերժուիլ ժամկէտը անցած ըլլալու հիմքով:

Ահա թէ ինչ  գրած է դատաւոր Հուրվից վերաքննիչ դատարանի որոշման մէջ. «1915-էն մինչեւ 1923  ժամանակահատուածը, այն, ինչ որ յաճախ կը կոչեն Հայոց Ցեղասպանութիւն, Օսմանեան կայսրութիւնը կոտորած, բռնի տեղահանած եւ մահուան դատապարտած է իր 1.5 միլիոն հայազգի քաղաքացիները՝ բռնագրաւելով մահացածներու եւ տեղահանուածներու ունեցուածքը»:

Վերաքննիչ դատարանի որոշման մէկ այլ բաժնին մէջ՝ «Փաստեր» ենթավերնագիրի տակ, դատաւոր Հուրվից աւելցուցած է հետեւեալ մեկնաբանութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ. «Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութիւնը սկսաւ բռնի տեղահանել իր հայ հպատակները՝ բնակավայրերէն դէպի անապատ. ասոր հետեւանքով աւելի քան մէկ միլիոն բնիկ հայեր մահացան: Կայսրութիւնը բռնագրաւեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու անշարժ գոյքը»:

Դատաւոր Հուրվից համաձայնած է հայցուորներու դատական հայցերու մէջ գոյութիւն ունեցող պնդումներուն: Ան գրած է. «Հաշուապահական  կուտակման   մեր  վերլուծութեան համար մենք կ՛ընդունինք հայցուորներու մեղադրանքներուն ճշմարտացիութիւնը այն մասին, որ Օսմանեան կայսրութիւնը ապօրինաբար բռնագրաւած է հայցուորներու նախնիներուն ունեցուածքը, կամ կայսրութիւնը եւ դրամատուները գոյքը խնամառութեան յանձնած են թրքական օրէնսդրութեամբ, սակայն, աւելի ուշ, ապօրինաբար հրաժարած են զայն վերադարձնելէ: Եթէ նախնական իւրացումը սխալ էր, ապա հայցուորներու պահանջները  կուտակուած են  մինչեւ 1923: Եթէ գոյքը խնամառութեան յանձնուած էր, ապա հայցուորները կ՛ընդունին, որ «1928 եւ 1929 թուականներուն ընդունուած օրէնքները պաշտօնապէս վերջ դրած են Թուրքիոյ կեղծ փորձին՝ անշարժ գոյքը օրինական հայ տէրերուն վերադարձնելու»: Այսպիսով, հայցուորներուն նախնիները տասը եւ աւելի տարիներ առաջ պէտք է շատ լաւ գիտնային, որ Թուրքիա մտադիր չէր վերադարձնելու իրենց ունեցուածքը»:

Դատաւոր Հուրվից դժգոհած է, որ դատական ​​ հայցերը յարուցուած են Հայոց  Ցեղասպանութենէն տասնամեակներ անց, ինչ որ զանոնք ժամանակավրէպ կը դարձնէ: «Մենք կասկած չունինք, որ Օսմանեան կայսրութեան վայրագութիւններէն վերապրածները ահռելի դժուարութիւններ կրած են իրենց ունեցուածքի բռնագրաւումէն ետք: Իրօք, մենք ճիշդ կը համարենք այն ​​մեղադրանքները, զորս առկայ են իրաւական բողոքներու մէջ, եւ թէ՝ «անհնար էր հայցուորներու նախնիներուն համար փոխհատուցում պահանջել՝ իրենց թալանուած ունեցուածքի համար, կամ կեդրոնանալ որեւէ այլ բանի վրայ, բացի իրենց  կեանքը  վերակառուցելէ»: Սակայն, այս դատական հայցերը ներկայացուած են ոչ թէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու, այլ աւելի ճիշդ՝ Միացեալ Նահանգներու բնակիչներու կողմէ, որոնց նախնիներէն շատերը տասնամեակներ առաջ տեղափոխուած են այս երկիրը: Իսկ ներկայ հայցուորները չեն փորձած այս հայցերը դատական կարգով մինչեւ 2010 թուական հետապնդել»:

Ամերիկահայերու փաստաբանները զայրոյթով արձագանգած են վերաքննիչ դատարանի որոշման: Pierce Bainbridge Beck Price & Hecht փաստաբանական գրասենեակէն Քեթրըն Լի Պոյտ, ներկայացնելով երեք ամերիկահայեր, որոնց նախնիներուն պատկանող մօտաւորապէս 50 հեքթար հողատարածք բռնագրաւուած է, ըսած է Metropolitan News-Enterprise-ին.

«Տխուր օր է ամերիկահայերու համար, երբ Միացեալ Նահանգներու դատարանը զանոնք զրկած է արդարադատութեան հասնելու բոլոր հնարաւորութիւններէն, մերժած է հաշուի առնել կամ նոյնիսկ ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութեան մեղմացուցիչ հանգամանքները եւ զանոնք առանց   դարմանման   միջոցի   ձգած   է   Թուրքիոյ   դէմ,   որ  կը շարունակէ պահել եւ օգտագործել հայերուն թալանուած ունեցուածքը՝ մնալով անպատիժ»:

Metropolitan News-Enterprise մէջբերած է «Կիրակոս եւ Կիրակոս» փաստաբանական գրասենեակէն Մարկ Կիրակոսը, որ կը ներկայացնէ հայցուորներու երկրորդ խումբը.

 «Թրքական լոպին տասնամեակներ շարունակ գնած եւ վճարած է Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութեան եւ պետական բաժանմունքին: Դժբախտաբար, դատական իշխանութեան շատ քիչ տարբերակներ կը մնան՝ թրքական լոպիիստական մեքենային ճչացող կեղծիքը շտկելու համար»: 

Վերաքննիչ դատարանը դիւրին ելք մը գտած է՝ իր որոշման հիմք ընդունելով Քալիֆորնիոյ  օրէնքի հակասահմանադրականութիւնը, որ հայցուորներուն աւելի շատ ժամանակ կու տար իրենց հայցերը ներկայացնելու համար: Եթէ Վերաքննիչ դատարանը իր որոշումը հիմնաւորէր ցեղասպանութեան  վրայ, ապա վաղեմութեան ժամկէտի հարցը անտեղի կ՛ըլլար եւ որոշում կը կայացուէր այն մասին, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը եւ անոր երկու դրամատուները  օրինական  պատասխանատուութիւն կը կրեն հայկական գոյքի բռնագրաւման համար:

Յոյսով եմ, որ ամերիկահայ հայցուորները կը դիմեն Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարան՝ չեղեալ յայտարարելու համար այս անարդար որոշումը:

 

 Յարութ Սասունեան       
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան