image
Հրատապ լուրեր:

Զահրատի Կիկօն եւ արուեստագիտուհի Նաիրան

Զահրատի Կիկօն եւ արուեստագիտուհի Նաիրան

Հայրենի արուեստագիտուհի Նաիրա Մուրատեանի եւ պոլսահայ սիրելի բանաստեղծ Զահրատի Կիկօ բանաստեղծական հերոսին մասին շարժանկար մը նկարահանած է Լոնտոն բնակող բեմադրիչ Յասմիկ Գասպարեան: «Նարարա եւ Կիկօ» խորագրեալ այս շարժանկարը ցուցադրուեցաւ այս տարուան «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնին, արժանացաւ լաւ ընդունելութեան եւ անգամ մը եւս յիշեցուց նկարչուհի Նաիրա (Նարարա) Մուրատեանի Կիկոյին հանդէպ անսահման սիրոյ մասին։ Այս շարժանկարը բոլորիս մէջ նորէն ապրեցուց Կիկոն՝ այդ բարի կերպարը, որ մնայուն տեղ գրաւած է մեր հոգիներուն մէջ: Շարժանկարը ուրիշ անգամներ նոյնպէս ցուցադրուած է, բայց «Ոսկէ ծիրան»ին աւելի ուշադրութեան արժանացաւ: 


Նաիրա Մուրատեան Երեւանի մէջ ապրող, ստեղծագործող նկարչուհի մըն է. ստեղծած է մանուկներու եւ մեծերու համար բազմաթիւ պատկերաշարեր: Անոր նիւթերը բազմազան են՝ հէքեաթներէն մինչեւ աստուածաշնչեան դրուագներ, իրական հերոսներ ու բնութիւն: Բայց իր ստեղծագործական աշխարհին մէջ առանձնայատուկ տեղ ունին Զահրատին կերտած հերոսները։ Տարիներ առաջ ան շարժուն գծապատկերներով ժապաւէն ստեղծած է Զահրատի «Մարկոս եւ Մարկոս» ստեղծագործութեան համար, որն ալ երաժշտաւորած է դաշնակահար Տիգրան Համասեան: 

 
Բայց Զահրատի Կիկոն ներշնչանքի ծով աղբիւր է Նաիրա Մուրատեանի համար. ան Կիկոյին մասին շարժանկար նկարահանելու աշխատանքներու սկսած է, եւ Յասմիկ Գասպարեանի այս վաւերագրութիւնը ճիշդ այդ մասին է, թէ ինչպէս Նաիրան կը նկարահանէ Կիկոն: Այսինքն, ձեւով մը, ասիկա շարժանկարին մէջ շարժանկար մըն է՝ հետաքրքրական հնարք մը, որ անմիջապէս կը գրաւէ դիտողը: 

 
Յասմիկ Գասպարեան նախ ցոյց կու տայ Նաիրա Մուրատեան արուեստագէտին ապրած կեանքը, թէ ան բացի ստեղծագործելէ, ինչպէ՛ս իբրեւ մայր, կին, իր ընտանիքին, իր շունին, կատուներուն հոգ կը տանի: Այնուհետեւ շարժանկարին մէջ կը նկարագրուի Կիկոյին մասին նկարելուն ընթացքը: Կիկոյի մասին ժապաւէն մը նկարելու համար Նաիրա Մուրատեան ամբողջապէս ներշնչուած է Զահրատի «Համառօտ կենսագրութիւն Կիկոյի» ստեղծագործութենէն: Իրականութեան մէջ Նաիրան շարժանը-կար կը նկարահանէ իր եւ ընտանիքին մասին եւ Զահրատի Կիկոն, որպէս լայն ու ազատ կերպար մը, հանգիստ ձեւով կրնայ մաս կազմել նաեւ Նաիրայի ընտանեկան անդամներուն: Ահա Նաիրայի ծեր՝ 90-ամեայ հայրը, կարծես Զահրատի կերտած կերպարներնէն ըլլայ, շունը, կատուները, հին աստիճանները… բոլոր զգացողութիւնները կը տանին դէպի Զահրատի քերթողական արուեստը, որու սահմանները այնքան լայն են… 

 
Նաիրայի նկարուելիք շարժանկարին մէջ կայ նաեւ Զահրատը, որ միաձոյլ է իր ստեղծած կերպարին: Արուեստագիտուհին Պոլիս չէ գտնուած եւ Պոլիսը ուսումնասիրելու համար օգտուած է լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի լուսանկարներէն: Իսթանպուլին աչքը դարձած Կիւլէրի լուսանկարները հեռուէն կ՚օգնեն Երեւանի մէջ բնակող Նաիրա Մուրատեանին՝ իր շարժանկարին մէջ վերակերտելու հին Պոլիսը: Արուեստագիտուհին երազանք մը ունի՝ ըլլալ Պոլիս եւ մօտէն տեսնել Կիկոյի ապրած միջավայրը եւ մարդիկը, որոնք Կիկոյի նախատիպերն են: Ահաւասիկ, Յասմիկ Գասպարեանի շարժանկարին մէջ այնպէս կ՚երեւի, որ Նաիրա Մուրատեան երեւակայութեամբ կը հատէ հայ-թրքական սահմանը եւ կը յայտնուի Պոլսոյ մէջ…

 
Կիկոն է, որ այդ մեծ սէրը արթնցուցած է առ Պոլիսը, առ նաւերն ու կամուրջները, որոնք պիտի երեւին Նաիրա Մուրատեանի «Կիկօ» ժապաւէնին մէջ: Բեմադրիչ Մուրատեանը Կիկոն նաեւ ինքզինքին կը նմանեցնէ. Կիկոն ալ փոքրամարմին է, ակնոցաւոր, առատ մազեր ունի, ինչպէս ինք. այս մէկը միշտ տեղ մը նաեւ կատակով կը նշէ: 
Ո՞վ է Զահրատի Կիկոն, որ Պոլիսէն ներշնչած է բազմաթիւ մարդիկ: Ան մեծ քաղաքի մը՝ Պոլսոյ մէջ ապրող պզտիկ մարդ մըն է, որ կ՚ապրի իր կեանքը կարծես անհաղորդ մեծ քաղաքի աղմուկին: Երազող մըն է Կիկոն, որուն հոգիին անտես խորքերը մեզի կը բացայայտէ Զահրատ: Կիկոյին միջոցաւ մենք հետզհետէ աւելի կը բացայայտուինք, աւելի ազնիւ, բարի կը դառնանք եւ կը փորձենք շատ մը բաներ հասկնալ:
Կիկոն ընկերային, խոնարհ խաւերուն մաս կազմող տարր մըն է, որ ամուր կառչած է իր երազներուն եւ իր համեստ գոյութիւնը կը ջանայ տեղ մըն ալ ծածուկ պահել՝ այդպէսով ծածուկ պահելով իր երազներն ու յոյսերը՝ իր շուրջը տիրող աղմուկէն: Ուստի՝ Կիկօ աշխարհի մէջ առանձին է, այդուհանդերձ ան նաեւ մասնակից է աշխարհի անցուդարձին: 
Իր ծննդավայր Պոլիսէն դուրս Զահրատ եւ իր հերոսները, մանաւանդ՝ Կիկոն, հաւասարապէս սիրելի եւ ընդունելի եղած են Հայաստանի եւ համայն հայութեան: 1960-ական թուականներու վերջաւորութեան Երեւանի «Գարուն» ամսագրին մէջ առաջին անգամ տպագ-րըւած են Զահրատի բանաստեղծութիւններէն եւ հայրենի ընթերցողը մէկ անգամէն ճանչցած եւ սիրած է պոլսահայ բանաստեղծն ու անոր հերոսները: Մանաւանդ անկախութենէն ետք, Հայաստանի մէջ շատ հանդիսութիւններ տեղի ունեցած են Զահրատի ներկայութեամբ, իր մահէն ետք եւս ան միշտ ներկայ է հայաստանեան գրական դաշտին մէջ: Հայրենիքը, անշուշտ, եղած է անոր համար կեանքի ամենամեծ ազդակը եւ այդ մասին ըսած է. «Ամէն հայ իր փոքրիկ Հայաստանն ունի իր սրտին մէջ»: Հաւատացած է, որ «Հայաստան գալը հողը կոխոտել չէ: Հայաստան գալը ինքզինքը հաստատ զգալն է: Ճանապարհ երթալ չէ, տուն գալ է»: Ահա թէ ինչու, իր հետ Հայաստան եկած են նաեւ իր հերոսները եւ մանաւանդ՝ Կիկոն, իր անբաժան մարդը, որ դարձած է Հայաստանի լիիրաւ բնակիչը: Զահրատ յաճախ կը նոյնանար իր հերոսներուն հետ եւ երբեմն այնքան մտերմիկ կը գրէր հերոսին մասին, որ դժուար էր գուշակել՝ ի՞նքն է, թէ՝ յօրինուած կերպարը:

 
Իր բանաստեղծական լեզուն, իր աներեւակայելի լեզ-ւական գիւտերը յեղաշրջում մըն են արեւմտահայերէնի մէջ եւ իբրեւ պարզօրէն արտայայտուած խորիմաստ ճշմարտութիւններ՝ սիրելի ու ընկալելի են ամէն մարդու: Իր թաղի, իր քաղաքի, իր աշխարհի քերթողը՝ Զահրատը այսօր ալ բազում ներշնչանքներու մարդ է: 

 
Կիկոն մեծ աշխարհին մէջ փոքր մարդուն հոգեբանութիւնը մարմնաւորող անմեռ կերպար մըն է, որուն մէջ կանք բոլորս հաւասարապէս: Եւ քանի անմահ է Զահրատին անունը, եւ քանի կ՚ապրի անոր Կիկոն, ապա այս աշխարհը՝ կիկոներու աշխարհը, շատ սիրելի կը դառնայ:

 

*


«Նարարա եւ Կիկօ» վաւերագրական շարժա-նըկարի հեղինակ Յասմիկ Գասպարեան աշխատած է հայկական հեռուստատեսիլային ծրագիրներուն (2000-2010) եւ անկախ հեռատեսիլային նախագիծերուն մէջ (2009-2018) որպէս նկարահանող եւ բեմադրիչ: Նկարահանած է «Տունի բնակիչները», «Փորձը», «Շարժանկարային խցիկով հայ կինը», «Աղաւնի», «Երեք դաշնամուր» եւ այլ շարժանկարներ: Աւարտած է Երեւանի Պետական մանկավարժական համալսարանը՝ խաղարկային շարժանկարի բեմադրիչ մասնագիտութեամբ, ապա ուսումը շարունակած է Լոնտոնի Կոլտսմիթս համալսարանի վաւերագրական շարժանկարի բաժնին մէջ: Այժմ կ՚ուսանի Անգլիոյ Եորքի համալսարանը:

 
«Նարարա եւ Կիկօ» վաւերագրութիւնը նկարահանած է 2018 թուականին:

 

*

 

ԿԻԿՕ ԿԱՄՈՒՐՋԻՆ ՎՐԱՅ է
Կիկօ կամուրջին վրայ է
Շոգենաւը տիւթ կ՚ընէ կ՚երթայ
Կիկօ բազրիքին յենած կը նայի
Ամէն շոգենաւ գալուն Կիկօ կ՚ուրախանայ
Կամուրջին վրայ է Կիկօ
Քիթը վեր վեր կը քաշէ
Մարդիկ կու գան - մարդիկ կ՚երթան
Կիկօ կամուրջին վրայ է
Շոգենաւը տիւթ կ՚ընէ կ՚երթայ

 

ՕՏԱՐ
Քաղաքին այդ կողմերը օտար էին Կիկոյին
Բարձր բարձր շէնքերը օտար 
Մարդիկը - գեղեցիկ կիները օտար
Գոգնոց հագած աղջիկ մը եկաւ
Հինգ ղրուշ դրաւ ափին-
Օտար էին մարդիկը - օտար-
Կիկօ մուրալու չէր ելած

 

ԹԱՂԸ
Բոլոր տուները իրարու կը նմանին 
Բոլոր տնեցիներն իրարու 
Խորթ աչքով մի նայիք Կիկոյին 
Ան իր թաղին մէջ ՄԻՒՍԻՒ ԿԻԿՕ է

Թաղն ըսես թաղի չի նմանիր 
Տունն ըսես տունի չի նմանիր 
Կիկոն ըսես Միւսիւի չի նմանիր 
Ասիկա տարօրինակ աշխարհ մըն է

Ունի չունի թաղը փերեզակ մ՚ունի 
Ունի չունի հինգ վեց ճախարակ ունի 
Թաղեցիներն ըսես տուն ունին տեղ չունին 
Ունին չունին գէշ աղէկ գործ մը ունին

Սակայն խորթ աչքով մի նայիք Կիկոյին 
Ունի չունի «Միւսիւ»ութիւն մը ունի

 

ՍԵՐԵՆԱՏԻ ՊէՍ
Բարի սիրուհիի մը նման
մառախուղը թեւերուն մէջ է առեր Կիկոն
Երբ ամէնուրեք խոնաւ է գիշերանց
խոնաւ-կայմերը կամ Կիկոյի յիշատակները-
պէտք է բոլոր լամբարները մտերմաբար բարեւել
պէտք է փայփայել Կամուրջին բազրիքները
յետոյ կծկուիլ մառախուղին ծոցին
 
Մառախուղը - բարի մառախուղը որ թեւերուն մէջն է առեր ամէն ինչ
   
ամէն ինչ-կայմերը Կղզիները կամ Կիկոն
բարի սիրուհիի մը նման կ՚ըսէ
Ի՞նչ բան կայ աւելի հաւատարիմ
քան մեծ վիշտ մը - առանձնութեան մէջ-
 
- Կիկօ կ՚երազէ -
Բարի սիրուհիի մը նման
մառախուղը թեւերուն մէջ է առեր Կիկոն

 

ԱՀՄէՏ ԷՖԷՆՏԻ ՓՈՂՈՑԸ
Կիկօ կը վախնայ
Ահմէտ էֆէնտի փողոցէն անցնելու
Ահմետ էֆէնտի փողոցը մութ է
Մութին համբուրուող գոյգեր կան
Կիկօ կը վախնայ
Ահմէտ էֆէնտի փողոցէն անցնելու 
Իր առանձնութիւնը միտքը կ՚իյնայ

 

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ
Երկինքէն մուչինաներ կ՚իյնան
Ծառերէն մուչինաներ կ՚իյնան
Բարձր բարձր շէնքերէն
Կիկոյի մանկութեան օրերէն
Սալայատակի քարերէն մուչինաներ կը ցատկեն
 
Մուչինա մուչինա
Մուչինաները բոլորը մէկ Կիկոն կը ծափահարեն
- Գոյն գոյն կարկտան
Երկու մատ մօրուք
Կիկոն մուչինա են կարծեր -
ԴԻՄԱԿԱՒՈՐ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ 
ԿԻԿՈՅԻ ԵՒ ՄԱՐԴՈՑ ՀԱՄԱՐ
Խնդացող մարդու դիմակ մ՚է առեր 
Զրկանքով բանուած դէմքին անցուցեր
Եւ ինքնավստահ 
Աղուոր օրերուն գալուն սպասեր
Խլեր այնպիսի անհուն կարօտով 
Դիմակն - ուժգնօրէն երեսն անցուցեր
Դիմակին ծիծաղն երեսն է ելեր
Ու Կիկօ հիմա 
Ծիծղուն կեցեր իր օրերուն առջեւ
Համարձակօրէն
Եւ ուրախացեր եւ ուրախացեր

 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Դուռը բացի որ Կիկոն էր - հրամմէ ըսի -
նստեցանք
Կիկօ ըսաւ թէ շատ կարօտցեր էր զիս
Ես ըսի թէ շատ կարօտցեր էի զինք 
Յետոյ խորհեցայ թէ զինք որքան շուտ մոռցեր էի 
Յետոյ խորհեցաւ թէ զիս որքան շուտ մոռցեր էր ինք
Ըսի որ աւելի յաճախ կ՚ուզեմ տեսնել զինք 
Ըսաւ որ աւելի յաճախ կ՚ուզէ տեսնել զիս 
Որոշեցինք աւելի յաճախ տեսնել զիրար
Գնաց - դրան մէկ կողմն ես -
դրան միւս կողմն ինք -
Արդէն իսկ զիրար մոռցեր էինք

 

ՈԽ
Միտքը դրեր է Կիկօ 
Պիտի չմեռնի
Դուք բոլորդ պիտի մեռնիք 
Աշխարհ Կիկոյի պիտի մնայ
Ու Կիկօ աշխարհի վրայ միսմինակ 
Բոլոր հայելիները պիտի կոտրէ

 

ՍԴՐԻՓ -ԴԻԶ
ՆԱԽ հագուիլ պէտք է
ՅԵՏՈՅ արուեստով հանուելու համար
Կիկօ արուեստը սորվեր է ՇԱՏՈՆՑ 
ՀԻՄԱ հագուստին կը սպասէ

 

ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ
Կիկօ աչքերուն ակնոց է առեր 
Ուր որ կը նայի կապոյտ կը տեսնէ 
Երկինքը կապոյտ - ծովերը կապոյտ 
Սիրած աղջկան աչքերը կապոյտ 
Ուր որ կը նայի կապոյտ կը տեսնէ
Ակնոցը քթին չորս դին կը նայի -
Կ՚ըսես ծովերը կապոյտ էին միշտ 
Կ՚ըսես երկինքը կապոյտ էր արդէն 
Չի հաւատար որ - նոր տեսայ կ՚ըսէ 
- Ակնոցը քթին չորս դին կը նայի
Կիկօ աչքերուն ակնոց է առեր 
ՀԻՄԱ կապոյտը կապոյտ կը տեսնէ

 

ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ

Կիկոյի միտքը ման կու գայ քաղաքէ քաղաք
- Կիկօ աշխարհի մասին կը խորհի -
Կիկոյի միտքը կը սաւառնի մոլորակէ մոլորակ
-Կիկօ կը մտածէ արեգակնային դրութեան վրայ-
Կիկոյի միտքը կը ճախրէ աստղէ աստղ
- Կիկօ տիեզերք մը կ՚երեւակայէ
Լոյսէն ալ արագ
-Կիկոյի միտքը կուզէ սլանալ աւելի անդին
- Կը մոլորի - չի կրնար
Ձրի ճամբորդելն այսքան

 

ԿԻԿՕ ՄԵՌԱՒ
Բացօթեայ շատ պառկեցաւ
Թող քիչ մըն ալ հողին տակ քնանայ
Հանգիստ իր կօշիկներուն

 

ՏՈՂԻ ՄԱՍԻՆ
Հողը շատ կը սիրէր -
Երկինքէն ինկած աստղի մը պէս էր Կիկօ
կ՚ուզէր գիրկ գիրկի պառկիլ հողին հետ 
կ՚ուզէր հողը գրկել - գրկել հիանալ 
մեռաւ - հասաւ մուրազին
Սակայն - չեմ գիտեր ինչու - աստղերը կու լան
Կամուրջը կու լայ - 
- Ողջութեանը Կիկօ ուրիշ մտերիմ չունեցաւ -

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս