image

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Տպարանը. Անցեալ եւ ներկայ

Երուսաղէմի  Հայոց Պատրիարքութեան  Տպարանը. Անցեալ   եւ ներկայ

Ներկայ Վիճակը

         Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը նոր շրջան մը կը բոլորէ մի քիչ անորոշ եւ դանդաղ ընթացքով, միշտ նկատի ունենալով Սուրբ Երկրի հայութեան գերնուազումն ու գործունէութեանց խիստ սահմանափակումը: Միւս կողմէ սակայն գնահատելի են եւ մխիթարական անվերջ ուխտագնացութիւնները ամէն կողմէ դէպի Քրիստոսի սրբավայրերը, Հայոց հնաբոյր Սրբոց Յակոբեանց Վանքն ու յարակից հաստատութիւնները, որոնք ջերմագին կը հիւրասիրուին Ամեն. Նուրհան Պատրիարք Հօր եւ Միաբանութեան կողմէ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ:

         Վանքին տպարանը երախտաշատ եւ անփոխարինելի անցեալ մը ունեցած է որքան ատեն որ մնայուն տեսուչ վարդապետներ յարատեւ հսկած են հրատարակու-թեանց պատասխանատու գործին` Պատրիարք Սրբազանի եւ Տնօրէն Ժողովի վարչութեան ներքեւ: Ներկայիս թէեւ տպարանէն անցեալի փայլքը չի ցոլար, եւ այս գաղտնիք մը չէ, բացի «Սիոն» ամսագրէն եւ տարեկան «Օրացոյց»էն, որոնք տակաւին կը շնչեն յամրաքայլ եւ բովանդակալից, նոյնիսկ եթէ տուեալ պայմաններու տակ անոնք  տպագրուին Վանքի տպարանէն դուրս:

 

Ձեռագրաց Ցուցակներու 11 Հատորները

         Ներկայ պայմաններուն տակ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան տպարանը պիտի յիշատակէ շատ մօտիկ անցեալի ծաղկուն իր վիճակը, երբ Երջանկայիշատակ Նորայր Արքեպիսկոպոս Պողարեան հրատարակեց 11 Ձեռագրաց Ցուցակներու հսկայ հատոր¬ ները եւ տարբեր բովանդակութեամբ բանասիրական ուսումնասիրութիւններ: Նախկին Եղիշէ Տէրտէրեան եւ Թորգոմ Մանուկեան Պատրիարքներու օրով, հինգ տասնամեակ (1960-2010), տպարանը ի լոյս ընծայած է կարեւոր հատորներ, յատկապէս Նորայր Սրբազանի հատընտիրները` բանասիրական, ասուածաբանական, եւ ծիսագիտական, որոնց օրինակին հետեւելով կ՛ակնկալուի որ ներկայ միաբաններ երկասիրութիւններ պատրաստեն եւ տպարանը աշխուժացնեն, զայն մեկուսացեալ վիճակի մատնելով եւ անցեալի փառքն ու պատիւը մոռացութեան տալով: Պայմաններն ու պարագաները կը յուսանք կը յաղթահարուին:

         Այստեղ կը փորձենք մատնանշել Ս. Յակոբեանց տպարանի հիմնադրութենէն ասդին կատարուած բարերար եւ անփոխարինելի դերը սփիւռքի Հայ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Ծիսական մատեաններ, ի շարս Ձեռաց եւ Ձայնքաղ Շարակնոցներու եւ Ձեռաց ու Ատենի Ժամագիրքերու, Ճաշոցներու եւ Մաշտոցներու, Տօնացոյցներու եւ Տաղարաններու, ինչպէս նաեւ դասական մատենագիրներու բնագիրներուն տպագրութեանց, որոնք հիացում պատճառած են մեր սերունդի ուսանողներուն եւ հոգեւորականներուն անցեալ մէկ եւ աւելի դարերու ընթացքին որպէս ամենէն առաջատար հրատարակչական հաստատութիւնը հայրենիքէն դուրս:

 

Տպարանին Հիմնարկէքը

         Երուսաղէմի Վանքի տպարանը հիմնուած է 1833 թուին Գաբրիէլ Նիկոմիդացի Պատրիարքին օրով (1818-1840): Տասնեւիններորդ դարուն հնատիպ գիրքեր լոյս տեսած են վանքի տպարանէն, որոնցմէ տասնեակ մը հատորներ որպէս նմոյշ կը յիշատակեմ: Զանոնք ծախու առած եմ տպարանէն` Երուսաղէմ իմ առաջին այցելութեանս ընթացքին:

         1. Յովհաննէս Դրասխանակերտցի Կաթողիկոսի Պատմութիւն (1843), 2. Ներսէս Լամբրոնացիի Մեկնութիւն Սրբազան Պատարագի (1840),  3. Նորայր Արքեպս Պողարեան Ցուցակ Ձեռագրաց Բ. (1950) 4. Պատմութիւն Հին եւ Նոր Կտակարանաց (1864), 5. Մատթէոս Ուռհայեցիի Պատմութիւն (1869), 6. Ներսէս Կաթողիկոս Շնորհալիի Թուղթ Ընդհանրական (1871), 7. Տօնացոյց (1915), 8. Բարթողիմէոս Ծ Վրդ Թագաճեան Ինքնակենսագրութիւն (1933),  9. Առաքելոց Շաւիղով (1939), 10. Քարոզներ (1940), 11. Սուրբք եւ Տօնք (1957), 12. Մաշտոց (1961):

         Յարութիւն Պատրիարք Վեհապետեանի երկարամեայ շրջանին շարունակուեցաւ ծաղկուն մնալ տպարանը մինչեւ 1908 երբ իր ծննդեան իննիսունամեակին կարող չէր հսկելու միաբանութեան առօրեայ կեանքի ելեւէջներուն: Յաջորդ տարին Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Տեղապահ նշանակեց Դանիէլ Ծ. Վրդ. Յակոբեանը, որ Մայր Աթոռի մէջ եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Տ.Տ. Մատթէոս Բ. Իզմիրլեան Կաթողիկոսէն: Յարութիւն Պատրիարք կը վախճանէր 1910 Հոկտեմբերին: Սակայն Դանիէլ Եպիսկոպոս անհաստատ եւ անպատասխանատու կը մնար տեղապահի իր պաշտօնին վրայ, եւ 1913-ին կը հեռանար Երուսաղէմէն: Նոյն շրջանին հինգ տարիներ, 1911-1915, տպարանը բեղուն արդիւնք տուած է հրատարակելով տարեկան հինգ մեծ ու փոքր հատորներ` ընդամէնը 26 գիրքեր, կրօնական, ծիսական, ժամապաշտական, իմաստասիրական եւ բանասիրական բովանդակութեամբ:

 

Տպարանին Ճակատագիրը

         Համաշխարհային առաջին պատերազմի տարիներուն Երուաղէմի Աթոռը թափուր կը մնար երկար ատեն, տնտեսական անձուկ պայմաններու տակ, եւ սակայն տպարանը կը շարունակէր գործել տպելով անհրաժեշտ նկատուած գիրքերը: Ամուլ տարիներ եղան Սահակ Խապայեան Կաթողիկոս¬Պատրիարքի բռնի եւ կեղծ կարճատեւ շրջանը, միայն 15 ամիս  (1916 օգոստոսէն 1917 նոյեմբեր), որմէ ետք թրքական միջամտութիւնը 1915 թուի դէպքերուն պատճառաւ խստացուց տպարանի աշխատանքը: Նոյնիսկ այդ տարիներուն, երբ Խապայեան Կաթողիկոս Երուսաղէմէն մեկնած էր արդէն ամէն գործ մնացած էր մի քանի միաբաններու ուսերուն վրայ, գլխաւորութեամբ նուիրեալ եւ ժրաջան Մեսրոպ վարդապետ Նշանեանի, յետագային Պատրիարք Երուսաղէմի:

         Թրքական միջամտութիւնը պատճառ դարձաւ նոյնիսկ Նշանեան վարդապետի անակնկալ կերպով դատի կանչուելուն, զինք մեղադրելով որ առանց կրթական տնօրէնի արտօնութեան կ՛աշխատցնէր վանքի տպարանը: Թրքատիպ բացատրութիւն մըն ալ կցելով կ՛ըսէին թէ «միայն տպարանի շէնք շինելու, եւ ոչ թէ գիրք հրատարակելու համար էր այդ արտօնագիրը»: Ուստի վճռած են փակել տպարանը, տուգանքի ենթարկել վանքը, եւ հարիւր օրուան բանտարկութեան ենթարկել Մեսրոպ վարդապետ Նշանեանը: Խնդիրը Կ. Պոլսոյ վճռաբեկ ատեանին փոխադրելով, եւ անգլիական բանակին Երուսաղէմ մտնելով, դատը ինքնին կը փակուէր:

 

Տպարանը Վերականգնած

         Տպարանը տասը տարիներ կը մնար ամուլ, մինչեւ որ տասնամեայ թափուր Աթոռը կ՛ունենար իր Գահակալը` յանձին Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի (1921-1930), որմէ ետք նոր թափով, յատկապէս իրեն յաջորդող Թորգոմ Պատրիարք Գուշականի (1931-1939) տասնամեակին Սրբոց Յակոբեանց տպարանը իր բարձրակէտին կը հասնէր: Դուրեան Պատրիարքի օրով «Սիոն» ամսագիրը սկսաւ իր նոր շրջանը` խմբագրապետութեամբ Բաբգէն Եպիսկոպոս Կիւլէսէրեանի, եւ ապա Թորգոմ Գուշակեան Պատրիարքի, երբ արդէն Կիւլէսէրեան ընտրուած էր Աթոռակից Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:

         Դուրեան Պատրիարքի գահակալութեան առաջին հինգ տարիներուն վանքին տպարանէն լոյս տեսան յատկանշական հատորներ, որոնց կարգին, «Դրուագներ Մանուկ Յիսուսի Կեանքէն» պատկերաւոր հատորը, որուն յաջորդեցին Օրմանեան Մաղաքիա Պատրիարքի «Ազգապատում»ի Գ. հատորը (1927), եւ «Խոհք եւ Խօսքը» (1929): Հակիրճ ակնարկ մը մեծանուն հեղինակին այս վերջին գիրքի մասին:

 

«Խոհք եւ Խօսք»

         Օրմանեան Պատրիարքի «Ազգապատում» եւ «Համապատում» հատորներու մասին յաճախ գրուած է որպէս լիակատար գործեր` մին Հայ Եկեղեցւոյ եւ ազգին յատուկ, եւ միւսը Չորս Աւետարաններու որպէս լաւագոյն համեմատական մեկնաբանութիւն: Իր վերջին «Ինքնակենսագրութիւնը» ներկայացնող այս գիրքի մասին քիչ անդրադարձ եղած է, մասնաւորաբար երբ պատմութեան հետեւողը վաւերական տեղեկութիւն կը գտնէ հոն «Ազգապահում»ի Գ. հատորին որպէս մանրամասն լրացուցիչ:

         «Խոհք եւ Խօսք»ը Օրմանեանի վերջին դատակնիքն է իր բեղուն եւ օգտաշատ կեանքին, որուն վերջաւորութեան ընտրովի գրած է հակիրճ կենսագրականները իրեն ժամանակակից յայտնի կրօնական եւ աշխարհական անձերուն, ինչպէս նաեւ Արմաշի Դպրեվանքի շրջանաւարտ իր աշակերտներուն` վեղարաւոր 36 ընտրեալներուն: Հոն տրուած է նաեւ ժամանակագրական լիակատար ցուցակը իր կեանքի բովանդակ տեւողութեան, ծնած օրէն մինչեւ իր վերջին 100-րդ յօդուածը` 1917 նոյեմբեր 13 թուականով:

 

 

Դոկտ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան

«Մասիս»