image

Արեւմտահայերէնը ծուէն-ծուէն կը մեռնի՞.Արմենակ Եղիայեան

Արեւմտահայերէնը ծուէն-ծուէն կը մեռնի՞.Արմենակ Եղիայեան

Տասնամեակներ առաջ՝ դեռ 30-ականներուն, Սիրան Սեզան, իրեն յատուկ նրբազգացութեամբ մը,  կը գրէր. «Արեւմտահայերէնը ծուէն-ծուէն կը մեռնի»: Այն ատեն ու մանաւանդ Լիբանանի մէջ, ուր ան կը գործէր, դժուար էր հաւատալ նման ախտաճանաչումի մը: Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ ճիշդ կը զգար, ճիշդ կը տեսնէր ու  ճիշդ կը դատէր ան:

Եւ զինք յիշեցի այսօր, երբ թերթերը կը կարդայի:

Օ՜, որքա՜՜՜ն տխուր նախատեսութիւններու  եւ նախազգացումներու կը մղեն մեր, թերթերը, մա՛նաւանդ մեր թերթրեը,  եւ թող որ քիչ մը ամէն գրութիւն իր կարգին:

                                                 *     *

                                                    *

1. Այդ մահը յաճախ քողածածուկ է՝ անաղմուկ, անզգալի, անշօշափելի, բայց   միշտ ներկայ է ու անդուլ կը գործէ. ուրեմն կարդանք միասին:

--Փութին Էրտողանին ներկայացուց ռուսական օդանաւերը:

--Թուրքիան հետաքրքրուած է ռուսական կործանիչներով:

--Թուրքիան տակաւին  յստակ որոշում չէ տուած:

Քանի մը անգամ ուշադիր ու կեդրոնացած կարդանք այս երեք նախադասութիւնները՝ իրենց ընդգծուած  յատուկ անուններով: Անոնք երեքն ալ օժտուած են «ն»  որոշիչ յօդով:

Մօտիկ անցեալին մեր գրողները այդ յօդերը չէին դներ, քանի որ արեւմտահայերէնը որոշիչ յօդը տնտեսելու իր ուրոյն ոճը ունի, որուն բերումով ալ այս երեք օրինակները պէտք է անյօդ կիրարկուէին: Ասի կանոն մըն է, որ ոչ այնքան բացատրելի եւ ուսուցելի  է, որքան զգալի՝ ըստ տեղին, քանի որ բացարձակ կամ համատարած չէ ան:

Ուրեմն պէտք է գրուէին՝

--Փութին Էրտողանի ներկայացուց ռուսական օդանաւերը:

--Թուրքիա հետաքրքրուած է ռուսական կործանիչներով:

--Թուրքիա  տակաւին յստակ որոշում չէ տուած:

Ինչո՞ւ քանի մը տասնամեակ առաջ այս անգիր կանոնը կը յարգուէր...

Կը յարգուէր, որովհետեւ  կը զգացուէր ան, իսկ հիմա անզգալի կը մնայ. որովհետեւ մեր բարբառը հետզհետէ աւելի կ’ենթարկուի արեւելահայերէնին, իսկ արեւելահայերէնը բերուած երեք օրինակները անպայման ու հարկադրաբար պիտի յօդով կիրարկէր:

--Յօդը անհրաժեշտ է առաջինին, քանի առանց անոր  արեւելահայերէնը չի կրնար տրական հոլով կազմել: Իսկ այստեղ տրական հոլով պէտք է: Մինչ արեւմտահայերէնի տրականին համար յօդը պայման չէ:

--Երկրորդ եւ երրորդ օրինակներուն յօդը անհրաժեղտ է, քանի Թուրքիա ենթակայ է, իսկ արեւելահայերէնը չի կրնար ենթական առանց յօդի կազմել, մինչ արեւմտահաերէնին համար յօդը նմանապէս անհրաժեշտ չէ: 

Բայց արեւմտահայ լրագրողը դրած է այդ յօդերը, որովհետեւ կամաց-կամաց արեւելահայերէնին կ’ենթարկուի ան եւ կը կորսնցնէ արեւմտահայու լեզուազգացողութիւնը:

 

2. «Գագիկ Խաչատուրրեանը խոշոր չափով վատնումի կասկածով բերման ենթարկուած է»:

Արեւմտահայերէնի բոլոր դասագիրքերուն մէջ  դարերէ ի վեր կը շեշտուի, որ խոշոր ածականը կը դրուի մի՛այն տեսանելի, շօշափելի, թանձրացական  առաարկաներու անունին վրայ. օրինակ՝ խոշոր պատառ,  խոշոր գլուխ, խոշոր ծառ, խոշոր ժայռ եւ այլն: Բայց չէ տեսնուած, որ ըսենք խոշոր միտք, խոշոր բանաստեղծ, խոշոր պատմաբան, խոշոր  չափ, խոշոր ստախօս եւ այլն: Այս պարագային կ’ըսենք մեծ. օրինակ՝ մեծ միտք, մեծ բանաստեղծ, մեծերաժիշտ,  մեծ ստախօս եւ այլն: Բայց արեւելահայերէնը հեզասահօրէն կ’ըսէ՝ խոշոր բանաստեղծ, խոշոր երգահան,  խոշոր արուեստագէտ, խոշոր չափով իւրացում եւ այլն:

Ուրեմն այստեղ ալ կը գտնենք արեւմտահայերէնին յատուկ լեզուական պատուար մը, որ փուլ եկած է, եւ խոշոր-ը սկսած է փոխարինել մեծ-ը եւս: 

Եւ այսպէս արեւմտահայերէնի բերդը կը շարունակէ մնալ անպաշտպան:

Իսկ արեւմտահայ գրողը՝ խոշո՜՜՜ր բացակայ մը...



Արմենակ Եղիայեան