image

Մանկութեան յուշեր (Այնճարի 80 ամեակին առթիւ)

Մանկութեան յուշեր  (Այնճարի 80 ամեակին առթիւ)

Արդէն իսկ մի քանի շաբաթներէ ի վեր ձեռնարկները սկսած են Այնճարի հիմնադրութեան 80ամեակին առիթով: Այդ մտածումներուն մէջ էի երբ յիշեցի մի քանի ծերուկներ որոնք արդէն իսկ տարիներ առաջ բաժնուած են այս աշխարհէն:

 

Անոնցմէ մէկն է մեր դրացի Առաքել պապուկը, որ ծանօթ էր «թթմալօ» կեղծանունով: Ո՞ր մէկ պզտիկը կամ պատանին է որ չի ճանչնար այս պապուկը մանաւանդ անոնք որոնք հեծանիւ կը քշէին: Որովհետեւ իրմէ զատ հեծանիւ նորոգող չկար գիւղին մէջ: Իսկ պապուկին «Volkswagen» ինքնաշարժը յատուկ էր: Պապուկը արհեստով «սէնկէրէճի» էր: Ինքնաշարժին աջ կողմի աթոռը հանած էր որպէսզի «oxygen»ին շիշը դնէր երբ պէտք ըլլար նորոգութեան տեղ մե երթար:

Եթէ իր կինը կամ այլ բարեկամ մը հետը տեղ մը պիտի երթար անոնք ինքնաշարժին մէջ ետեւի նստարանին վրայ կը նստէին: Եթէ պէտք ըլլար «Սըրըխեան» պապուկին հիւսած աթոռներէն կը դնէր որպէսզի այդ անձն ալ չզրկուէր պտոյտէն:  Յաճախ այդ աթոռը քրոջս բախտին կը վիճակուէր ըլլալով տան անենափոքր անդամը որ ստիպուած էր մօրս ընկերակցիլ: Արաբերէն չգիտնալը պատճառ կը դառնար որ մայրս իբր թարգման իրենց հետ երթար:

Կը սիրէր պտտիլ: Թերեւս 15 անգամ Հայաստան գացած էր եւ ամէն անգամ որ վերադառնար մեծ ուրախութեամբ կը խօսէր հայրենիքին մասին:



Գրեթէ ամբողջ Լիբանանը պտտած էր իր կնկան հետ եւ մի քանի անգամ ալ հասած էր Քեսապ: Տարի մը ուզեց մեր հետ երթալ: Սահմանին զինուորը զարմացած ըսաւ պապուկին, «Դուն ծեր ինքնաշարժդ ծեր ինչպէ՞ս Քեսապ պիտի հասնին»: Իր չգիտցած արաբերէնով զինուորին պատասխանեց, «Հո՛ս սպասէ եւ պիտի տեսնես որ ապահով պիտի երթամ ու վերադառնամ»: Այդպէս ալ եղաւ:

Անգամ մը Դամասկոս ցուցահանդէս կար (Պատերազմէն առաջ տարին անգամ մը մեծ ցուցահանէս տեղի կ՛ունենար) յանկարծ պապուկը տուն կու գայ: Կինը կը զարմանայ «Առաքել ինչո՞ւ եկար, այգին պիտի ջրէիր»: Է՜հ կ՛ըլլայ պապուկին պատասխանը, «Յիշեցի որ այսօր Դամասկոսի ցուցահանդէսին վերջին օրն է: Գացի Ուրֆիցենց Ճօրճին ըսի գոցէ՛ ջուրը վաղը կը շարունակեմ: Թերեւս գալ տարի ցուցահանդէսին ժամանակ մեռած կ՛ըլլամ: Այդ պատճառով ջրելը կէս ձգեցի եւ եկայ: Պատրասուիր միասին երթանք»: Բայց կինը մերժեց որովհետեւ բաւական գործ ունէր տունը: Պապուկը գնաց մինակը ցուցահանէսը դիտելու:

Հակառակ յառաջացած տարիքին, արագ ալ կը քշէր: Բնաւ չէր ընդունէր որ ինք արագ քշող է:

Շատ են պապուկին արկածախնդրութիւնները: Ինք գնաց բայց տակաւին իրեն ճանչցողները միշտ կը յիշեն պապուկին:

Մոսիկը որ ներկայիս Լիբանան չապրիր ապրիր մի քանի տարիներ առաջ երբ Այնճար պտոյտի եկած էր այցելութեան գացինք: Բնական է որ պիտի յիշենք դպրոցական օրերը: Յանկարծ Մոսիկը ըսաւ, «Ամէն անգամ երբ ձեր ճամբայէն անցնէի կը տեսնէի որ Առաքել պապուկը եւ Խաթուն նէնէն դուրսը  կամ տունը չեն իրենց տան զանգը կը զարնէի եւ կը փախէի»: Բայց երբեմն ալ տունը կ՛ըլլային դուրս կ՛ելլէին բայց արդէն Մոսիկը անհետացած կ՛ըլլար:

 

Բաւական ծեր էր եւ միշտ փափաքը ունէր Արզ երթալու եւ իր ինքնաշարժով: Մի քանի բարեկամներու առաջարկեց որպէսզը երթան ամէն մարդ իր անձնական ինքնաշարժով բայց բոլորն ալ մերժեցին որովհետեւ ճամբան քիչ մը դժուար էր: Իւրաքանչիւրը առաջարկեց որ ինք տանի իր ինքնաշարժով եւ այդ օրը պապուկը չի քշէ: Սակայն մերժեց: Ինք ուզեց քշել: Մեռաւ փափաքը սրտին մէջ որ չկրցաւ երթալ Արզ: Սակայն միշտ իր սրտին մէջ մնաց Ճէպէլ Մուսան եւ մանաւանդ Պիթիաս իր գիւղը:

 

Մուշտիկ (Մովսէս) պապուկը որ մէկ անճարցին չէր ճանչնար զինք: Կարճուկ, աշխատասէր անձ մըն էր:

Շատ կը նեղուէր երբ լսէր մէկը իր հողը ծախած էր: Կը ջղայնանար, կը բարկանար: Հողը կը ծախե՞ն: Ինչո՞ւ կը ծախեն, որպէսզի պարապ բաներ ընեն: Օղի կը խմեն, քէֆ կ՛ընեն, կը ճամբորդեն կ՛երթան հեռու Ամերիկաները եւ վերջը կը զղջան: Կամ տեսէք սա ծառերը ախորժակով կը ցանեն եւ վերջը հոգ չեն տանիր: Այս ինչ սերունդ է:  Ի զուր կ՛աշխատին զինք հանդարտեցնել իր հարազատները բայց ինք կը շարունակէր բարկանալ: Պարտէզը ծախեր են, հեռատեսիլ գներ են: Վերջն ալ անօթի կը մնան: Բնաւ հաշիւ չեն ըներ որ վերջը ինչ պիտի ըլլայ: Կը կարծեն որ դրամը յաւիտեան պիտի մնայ: Է՜հ երբ մենք նոր եկանք այս գիւղը որքան աշխատեցանք որպէսզի այս ճահիճը գեղեցկացնենք: Բայց որու կը խօսիս: Ինքնաշարժ պիտի գնեն պիտի պտտին եւ կեանքը վայելեն:

Մուշտիկ պապուկը իր աչքին լոյսին պէս կը պահէր իր պարտէզը Ոչ մէկը կը համարձակէր այդ տեղէն պտուղ գողնալ: Նոյնիսկ անտէր եւ կամ դրացի պարտէզներուն մէկը չէր համարձակէր մտնել: Մուշտիկ (Մովսէս) պապուկը հոն էր միշտ:

Ամբողջ օրը կ՛աշխատէր եւ բնաւ չէր գանգատէր: Բայց գիշերները պապուկը անպայման ընթրիքին ժամանակ մէկ գաւաթ կը սիրէր խմել իր կնկան հետ:  Բայց  Մարթա նէնէն միայն օղի կը խմէր առանց ջուրի:  Է՜հ, ամբողջ օրը աշխատելէ ետք քիչ մը հանգիստ եւ ուրախութիւն ալ պէտք ունէին:

Հաւատարիմ կուսակցական էր: Յաճախ կ՛այցելէր հօրս եւ կ՛ըսէր, «Իշի վարժապիտ» (Նայէ վարժապետ) Հայաստանը պիտի անկախանայ ես պիտի չի տեսնեմ ամա դուք պիտի տեսնէք: Ճիշդ այդպէս ալ եղաւ: Պապուկին մահանալէն վերջ Հայաստան անկախացաւ:

Մուշտիկ պապուկը 95 տարեկան էր, հիւանդ պառկած էր: Գրեթէ մահամերձ: Աչքերը լաւ ալ չէր տեսնէր: Հակառակ իր վիճակին խրատներ անպակաս էին իր շուրջիներուն:   

«Ես ըսեցի ձեզի, անկա՛խ պիտի ըլլայ Հայաստանը»: Այս մէկը Մուշտիկ պապուկին խօսքերն էին: Միշտ ուզած եւ երազած  էր որ Հայաստանը անկախ ըլլայ: Այդպէս ալ եղաւ: Իր մահանալէն վերջ Հայաստան անկախացած էր:

 


 

Թիւճար պապուկը: 86 տարեկան: Ծնած է Պիթիաս, Ճէպէլ Մուսա: Հակառակ տարիքին եռանդուն է: Գրեթէ ամէն ձեռնարկի կամաւոր կ՛երգէ: Երբեմն հրաւէր ալ չսպասէր: Սրտանց կը բարեւէ երբ մէկը տեսնէ: Հակառակ որ երբեմն եկեղեցիին մէջ կը քնանայ, ընդհանրապէս ներկայ է պաշտամունքներուն մինակը կամ կնկան Մանուշակին հետ:

Կը սիրէ հողագործութիւնը (Թէեւ հիմա այլեւս չի ցանէր): Բերքը կը տանէր ընդհանրապէս Զահլէ եւ կը ծախէր: Ամէն տանտիկինները կը ճանչնային զինք:
Օր մը եկաւ եւ խնդրեց որ իրեն այցետոմս տպենք վրան ալ հեռաձայնի թիւը: Տոմսին վրայ գրել տուաւ «Կաղամբի թագաւորը» երկու լեզուով, հայերէն եւ արաբերէն:

Նոր տարուայ շրջանին, անպայման մօրուք կը ձգէ: Կամաւոր կաղանդ պապա կ՛ըլլայ բոլորին: Պիտի երգէ, պարէ եւ ուրախացնէ բոլորին:

Այս տարի Այնճարի Հայ Աւետարանական երկրոդական վարժարանի ամավերջի հանդէսին հրաւիրուած էին բոլոր անոնք որոնք ծնած են Ճէպէլ Մուսա որպէսզի բեմ բարձրանան եւ իրենց սրտին խօսքը ըսեն շրջանաւարտ աշակերտներուն: Իւրաքանչիւրը ունէր 1 վայրկեան: Թիւճար պապուկին մաղթանքն էր նոր սերունդին, «Ուր ալ երթաք հայ մնացէք եւ հայու հետ ամուսնացէք ու հայ օճախը շէնցուցէք»:

Դժուար եղած է այս սերունդին ձգել Մուսա լեռը եւ հաստատուիլ նոր երկիր, նոր գիւղ մը շինելը ուր ամէն կողմ ճահիճ էր: Սակայն՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ստեղծած են նոր հայրենիք մը եւ անոր կապուած են անկեղծօրէն ու հաւատարմաբար: Մուսա լեռը իրենց սրիտն եւ մտքին մէջ պահելով:

Հիմա՛ մենք իբր իրենց ժառանգորդները, մեր պարտականութիւնն է հոգալ եւ շարունակել անոնց սկսածը: Պարտականութիւնիս մեծ է այս աշխարհին վրայ ուր մարդիք շուտով կրնար օտարանալ եւ հոսանքին հետ երթալ: Հրաման չունինք միայն մեր անձերուն մասին մտածելու եւ հանգիստ ապրելու, այլ հետեւելու ենք մեր նախնիներուն որպէս անհատ եւ ազգ:

 

Սեւան Ճ. Աբէլեան