image

«Քու կամքդ ըլլայ…»

«Քու կամքդ ըլլայ…»

Գոնէ օրը երկու անգամ՝ առաւօտ եւ երեկոյ երբ կ՚արտասանենք «Հայր մեր»ը՝ Տէրունական աղօթքը, կը կրկնենք եւ կ՚ըսենք. «Եղիցին կամք քո…», այսինքն՝ «Քու կամքդ ըլլայ…»։

Այսպէս կ՚աղօթենք, բայց արդեօք որքա՞ն հաւատարիմ կը գտնուինք այն խօսքին, երբ կ՚ըսենք, «Եղիցին կամք քո…»։ Ըսելով հանդերձ, ընդհանրապէս չենք անդրադառնար խօսքին իսկական իմաստին, քանի որ միշտ կ՚ուզենք, որ միա՛յն մեր փափաքածը կատարուի, այսինքն միա՛յն մեր կամքը ըլլայ…։

Եւ ահաւասիկ աղօթելու կիզակէտը, աղօթելու եւ Աստուծմէ բան մը ուզելու էական մասը, այս «կամք»ի կատարման վրայ է, թէ որո՞ւն կամքը պիտի կատարուի. Աստուծոյ կա՞մքը, թէ մարդուն։ Պահ մը խորհինք, եթէ մարդուն կամքը պիտի կատարուի, ուրեմն ի՛նչ պէտք կայ աղօթելու։ Թող մարդ իր կարողութեամբ եւ կարելիութիւններով կատարէ իր «կամք»ը։

Բայց մարդ գիտէ, որ իր կարողութիւններով եւ կարելիութիւններով չի կրնար իրականացնել իր ամէն ուզածը, չի կրնար կատարել իր կամքը։ Եւ ուրեմն մարդ պահանջքը ունի աղօթելու, եւ երբ մարդ կ՚աղօթէ եւ գիտէ, թէ իր կամքը կարելի չէ իրականացնել իր կարողութիւններով, ապա ուրեմն պէտք է ընդունի «Աստուծոյ կամք»ը՝ որ իրական է, ճշմարիտ է, բարի է եւ այն է՝ ի՛նչ որ պէտք է ըլլայ։ Այս պատճառով, ահաւասիկ, մարդ երբ կ՚աղօթէ, գիտակցաբար պէտք է աղօթէ, իր աղօթքին խօսքերը հասկնալով եւ հաւատարիմ մնալով իր խօսքերուն, եւ ո՛չ թէ կոյրզկուրայն, չըսելու համար «թութակաբար» կամ «մեքենայօրէն»։ Կոյր հետեւողութեամբ խօսքեր կրկնել որքա՞ն կը համապատասխանէ «աղօթք»ի գաղափարին, քանի որ երբ աղօթքը խօսակցութիւն է, եւ աղօթողը իր ըսածներուն իմաստը չի գիտեր, խօսքերուն իմաստին չի թափանցեր, ինչպէ՞ս հասկնալի եւ ընդունելի պիտի ըլլան այդ խօսքերը։

Եւ երբ կ՚աղօթէ մարդ եւ կ՚ըսէ «Եղիցին կամք քո…», պէտք չէ՞ որ հաւատարիմ ըլլայ իր ըսածին եւ չի յամառի՝ որ անպայման իր կամքը կատարուի։ Աստուած արդէն կու տայ այն՝ ի՛նչ որ բարի է, պատշաճ է մարդուն։ Մարդ կրնայ որեւէ բան ուզել, բայց չի նախատեսել անոր հետեւանքները, թէ բարի՞ է կամ ոչ։ Բայց Աստուած գիտէ՛, թէ ո՛րը բարի է եւ ո՛րը չար, քանի որ Ան ամենատես է եւ անժամանա՛կ իր տեսողութիւնը։

Այս պատճառով, աղօթքին «Եղիցին կամք քո…» խօսքը, ընդհանրապէս, հաւատացեալներու կարծիքով ամենադժուար խօսքն է, անվերապահօրէն ընդունելու համար, քանի որ կ՚ենթադրուի թէ կը հակասէ ան մարդուն «ազատ կամք»ին, անհատական ազատութեան սահմանափակում մը բերելով։ Ոմանք ալ «ճնշում» մը կը նկատեն զայն կամքի վրայ կատարուած։ Բայց անոնք երբեք չեն դադրիր աղօթելէ. կը շարունակեն աղօթել եւ ըսել. «Եղիցին կամք քո…»։ Ինչո՞ւ քանի որ պահանջք մըն է աղօթելը մարդուս համար, եւ համակերպի կամ ո՛չ, սա ճշմարտութիւն մըն է, թէ ի վերջոյ Աստուծոյ կա՛մքն է, որ պիտի կատարուի։

Արդարեւ, մարդ սխալական է բայց Աստուած՝ անվիճելիօրէն անսխալակա՛ն։ Նաեւ, մարդ անկատար է, թերութիններ եւ տկարութիւններ ունի, բայց Աստուած՝ կատարեալ, անթերի եւ բացարձակ կերպով զօրաւո՛ր։ Ուրեմն շատ բնական եւ բանական է որ մարդ հպատակի, համակերպի Աստուծոյ կամքին եւ ո՛չ թէ պնդէ, յամառի որ իր կամքը կատարուի։ Այս խորհրդածութեամբ, «Եղիցին կամք քո…» ըսելը ո՛չ միայն բանական, նաեւ ամենաճշգրիտ եւ ստոյգ, եւ նաեւ ամենահաճելի՛ բաղձանքն է։

Աղօթքի ատեն բաւական է ամենայն վստահութեամբ, անշեղ հաւատքով, խանդավառութեամբ եւ անկեղծութեամբ եւ անպայմա՛ն սիրով խնդրել որ կատարուի Անոր կամքը։ Ահաւասիկ այն ատեն աղօթքը կը հասնի իր նպատակին՝ աղօթողին ներշնչելով կատարեալ վստահութիւն, ուրախութիւն եւ ներքին խաղաղութիւն։ Եւ մանաւա՛նդ այն «ներքին խաղաղութիւն»ը, որ Աստուծոյ կամքը խնդրելով անհո՜ւն վստահութիւն մը պիտի ներշնչէ աղօթողին, քանի որ պիտի գիտնայ, թէ ամենաբարին եւ ամենալաւը պիտի տրուի իրեն՝ իր խոնարհ խնդրանքներուն փոխարէն։ Արդարեւ, Յիսուս ո՛չ միայն իր խօսքերով, այլ իր օրինակով պատուիրեց հնազանդիլ եւ ընդունիլ Հօր Աստուծոյ կամքը։ Ան հնազանդեցաւ Հօրը կամքին երբ ըսաւ. «Հա՛յր, եթէ ուզես՝ այս բաժակը հեռացո՛ւր ինձմէ. բայց ո՛չ թէ իմ կամքս, այլ Քո՛ւ կամքդ թող ըլլայ» (ՂՈՒԿ. ԻԲ 42)։

Ուստի հաւատացեալներու համար բաւարար պատճառ մըն է Յիսուսի այս խօսքը, թէ. «ո՛չ թէ իմ կամքս, այլ Քո՛ւ կամքդ թող ըլլայ»։ Երբ Յիսուս, Հօր միածինը կ՚ըսէ, թէ «Հօր կամքը ըլլայ», այլեւս մենք ոչ մէկ տարակոյս ունենալու ենք խնդրելու Աստուծոյ կամքը։ Եւ ինչո՞ւ մենք ալ չկարենանք ըսել նաեւ մե՛ր Հօր, թէ «ո՛չ թէ մեր, այլ Քո՛ւ կամքդ թող կատարուի…», Անոր՝ որ մեզ կեանքի է կոչած, որո՛ւ ձեռքերէն ենք ստացած ամէն ինչ, որո՛ւ որ կը վստահինք մեր ամէն ինչը՝ կեանքը, մեր Նախախնամին, մեր Հօր եւ դեռ պիտի ստանանք եւ վստահինք ա՜յնքան ատեն որ կեա՛նք կը վայելենք այս աշխարհի վրայ…։

 

Մաշտոց քահանայ Գալփաքճեան 

«Ժամանակ»/Պոլիս