image
Հրատապ լուրեր:

Մուսա Լեռ-Այնճարի խորհուրդն ու դրօշը . Արմէն Թաշճեանի խօսքը

Մուսա Լեռ-Այնճարի խորհուրդն ու դրօշը . Արմէն Թաշճեանի խօսքը

Պատմութեան առարկայական օրինաչափութիւններու մէջ չտեղաւորուող իրողութիւն մըն է Այնճարի 80 տարին` անոր պատմութիւնը` իր բոլո՛ր հանգրուաններով:

Առարկայական` գրեթէ անբաւարար ազդակներու առկայութեան, իր հայրենի բնօրրանէն պոկուած հաւաքականութեան մը համար, նոր բնակավայրով` հաւաքական նո՛ր երթի մը սկիզբը եւ նո՛յն հաւաքականութեան պատմութեան շարունակութեան ապահովումը, երկրորդ հերոսամարտ մը մղելու համազօր քայլ էր եւ կը մնայ:

80 տարիներ ետք, պատմութեան թերթատումն ու վերաքաղը տակաւին տիրական եւ անխուսափելի կը պահեն այն հարցադրումն ու ձեռնոց նետող մտորումը, թէ ի՛նչն էր, որ Այնճարը ստեղծեց եւ Այնճարը Այնճա՛ր պահեց ու կը պահէ: Անվարա՛ն, նա՛խ քաջութիւնը, ապա` զայն իբրեւ զրահ հագած քաջերը:

Ինչպէս վերֆելեան գագաթի նուաճումէն մինչեւ ալեծածան ծովուն մէջ ազատութեան փնտռտուքը, նոյնպէ՛ս եւ նոյնքա՛ն այս անապատի անտանելի նեղութիւններու խորտակումը մեր ժողովուրդի արիութեան արգասիքն էր, էապէ՛ս:

Սակայն` ո՛չ միայն քաջութեան…

Հերոսամարտի եւ անոր խորանին հաւատարմութեան ուղին անխափան պահուեցաւ նախնեաց շիրիմներուն շուրջ ճօճուող բուրվառներով` մեռելներո՛ւն հաւատարմութեամբ:

Այն հաւաքականութիւնները, որոնք չեն յիշեր իրենց մեռելները, մանաւանդ` նոյն հաւաքականութեան պաշտպանութեան, անոր արժէքներուն եւ մեծ երազներուն ի սպաս` զոհասեղանին ընծայաբերուածները, դատապարտուած են ինքնալքումի:

Իրենց մեռելներուն հանդէպ հաւատարմութենէ հեռացող հաւաքականութիւնները կը կլանուին շուտով, որովհետեւ անոնց ինքնութիւնը կազմող հաւաքական յիշողութիւնը մթագնած է արդէն, եւ անոնք ամլացած են անցեալը ներկային կամրջելու եւ իրենց սերունդին ապագան յատակագծելու ունակութեան մէջ:

Միայն զգայազուրկ, երախտամոռ եւ հոգեմտաւոր առումով, անբովանդա՛կ հաւաքական միաւորնե՛րն են, որոնք իրենց խնդութեանց մէջ կը մոռնան իրենց անցած ճանապարհը, կրած նեղութիւնները, տրուած զոհողութիւնները եւ անցած կամ առկայ տագնապները:

Մինչդեռ 80 տարիներ շարունակ մեր ժողովուրդը իր ամէն մէկ քայլափոխին յիշեց այս բոլորը եւ հաւատարիմ մնաց իր անցեալին:

80 տարիներու մութ ու ցուրտ ճանապարհին թէ լուսաշող վերելքին` գործի եւ օրինակի պատգամաբերներ մնացին հերոսամարտի 18 նահատակները, հերոսամարտի առաջնորդ եւ գիւղի հիմնադիր Մովսէս Տէր Գալուստեանը, սփիւռքեան գրականութեան տիտաններ` իրենց ժողովուրդին վիշտը, խինդը, տագնապը, մարտնչումն ու յաղթութիւնը կոթողող` Եդուարդ Պօյաճեանն ու Պօղոս Սնապեանը, գաղափարի մարտիկ եւ հզօր ղեկավար Սարգիս Զէյթլեանը, ինչպէս նաեւ` գաղութի ինքնապաշտպանութեան թէ Հայ դատի պահանջատիրութեան երթի այնճարցի նահատակները եւ այն բազում նուիրեալները, որոնք այս գիւղի համայնական կեանքը իր բազմաճակատ բնագաւառներով կառուցեցին իրենց սեփական կեանքի շինանիւթով:

Եւ ինչպէս որ պատմութեան դատաստանը անողոք է իրենց անցեալին հաւատարմութեան մէջ թերացողներուն հանդէպ, այնպէ՛ս ալ առատաձեռն է այսպիսի՛ հաւատարմութեան տէր հաւաքականութեան` իր սեփական պատմութիւնը արձանագրելու եւ շարունակելու արտօնութեամբ:

Ահաւասիկ, այսպէ՛ս է, որ Այնճարը բաբախեց Մուսա Լերան բարձունքին մնացած իր սրտով:

Այնճարը Այնճա՛ր պահեցին բոլոր հրդեհներուն ու փոթորիկներուն մէջ, հողին եւ ժողովուրդին հետ դաշնադիր մնալու սկզբունքը եւ անոր հիւսուած` հունձքի՛ գաղափարականութիւնը: Մէկ խօսքով` ամէն գնով հողէն եւ նորահաս սերունդէն հունձք ու բերք ստանալու աշխատանքի մարտնչումը:

Վերջապէ՛ս, Այնճարը Այնճա՛ր եւ Մուսա Լե՛ռ պահեցին այս բոլորը խտացնող, այս բոլորը խորհրդանշող մեր շուրջպարն ու թմբուկը:

Մեր գիւղին մէջ չկա՛յ այս բոլորին խորք ու խտացում տուող աւելի ցայտուն հաւաքական երեւոյթ, քան` մեր պարն ու թմբուկը: Բոլոր ժամանակներուն մէջ ժխորի, ամէն տեսակ աղմուկ-աղաղակի, պայթումներու թէ ամենադիւթիչ եղանակներու մէջ իսկ այնճարցին աւելի ականջալուր կ՛ըլլայ իր որոտացող թմբուկին եւ զինք տուն կանչող պարեղանակին:

Մեր թմբուկն ու շուրջպարը հաւաքական կեանք եւ տեսլական պահելու անբեկանելի կիրքի ու վճիռի արտայայտութիւններ են. միասին ըլլալու անթաքոյց, սակայն ազնի՛ւ յամառութիւն, յաղթանակած զէնքի ուրախութիւն եւ վերջապէ՛ս` գալիք սերունդներու կտակի՛ թագադրութիւն:

Ապագայի շառաւիղին, ապագայի ժառանգորդին թագադրութեան ա՛յս ծէսն է ահաւասի՛կ, որ կ՛ապահովէ սերունդներու ճախրանքը իրենց իսկ բոյնին վերեւ, թէկուզ ամէնէն երկար թռիչքները կատարած ըլլան անոնք:

Հիմնականին մէջ ենթակայական նշեալ ուժերու անընդմէջ զօրաշարժի հոլովոյթն է, որ Այնճարը Այնճար պահեց ու կը պահէ: Հետեւաբար Այնճարը պահող խորհուրդը այս հոլովոյթին մէջ պէտք է փնտռել:

Չարաչար կը սխալին անոնք, որոնք Այնճարը կը տեսնեն անոր նեղ սահմաններուն մէջ միայն, որովհետեւ Այնճարը պարզ աշխարհագրութիւն մը չէ, այլ անկէ աւելի վե՛ր, անընդհատ հոսող գաղափարի ճշմարտութիւն մըն է:

Անիկա քաջութիւն է, անով զրահաւորուած քաջերո՛վ միասին: Անիկա յաղթած սուրի՛ փայլք է, անհաւասար գօտեմարտի յաղթանակի բերկրանք ու խնդութիւն:

Անիկա վերֆելեան սխրանքի դպրութիւն է եւ նահատակներու հաւատարմութիւնը մշտանորոգ պահող ծխացող խունկի բուրմունք:

Այնճարը պապենական հողին եւ երկինքին ժառանգուելու մարմինի ու հոգիի ուխտակրութիւն է. Դատի պատկանելիութիւն եւ ազգային արժանապատուութեան եզակի ապրում:

Հունձք ունենալու աշխատանքի վարդապետութիւն է Այնճարը: Համախումբ կեա՛նք ու կռի՛ւ:

Ա՛յս է Մուսա Լեռ-Այնճարի ճշմարտութիւնը, եւ 80 տարիները անվրէպ վկայականն ու մեծ յուշարարն են այս ճշմարտութեան: Տէ՛րը ըլլանք անոր:

Շատ կը խօսուի Այնճարի տարածքային կծկումին եւ հողային կորուստներու, ինչպէս նաեւ` Այնճարի բիւրեղ միատարրութեան մաշումի որոշ իրողութիւններու եւ յաճախ արհեստածին եւ երբեմն ալ դրդուած խուճապահար վիճակներու մասին:

Անսակարկելի ճշմարտութիւնը այն է սակայն, որ այս բոլորը կը մնան պարագայական, մասնակի, հակակշռելի եւ նոյնիսկ վերականգնելի, այնքան ատեն որ այս բոլորը կանխած եւ այս բոլորին համընթաց` չունի՛նք զիջումներ մեր գաղափարական տարածքներէն եւ հաւաքական մեր կեանքը ամուր պահելու մեր որոշումէն:

Կառավարելի քաոսի կրակէ շապիկը հագած մեր տարածաշրջանին մէջ, կրնան գոյատեւել ազգային թէ համայնքային այն միաւորներն ու մասնիկները, որոնք կառավարելի քաոսին խաղի կանոններուն տողատակը լաւապէս ըմբռնած` չեն խախտեր հաւաքական կեանքի իրենց կռուանները:

Իրենց դիմադրողականութիւնը հմտօրէն կը կազմակերպեն` չտրուելով անկարգ, անդիմագիծ եւ խուճապային էութեամբ ազատութեանց յորձանուտին:

Անսկզբունք, անդէմ եւ բացարձակապաշտ ազատութեանց յատկանիշները արկածախնդրութիւններն ու ծայրայեղականութիւններն են, որոնք կը կազմեն մեծ վտանգը անհատականութիւններու եւ ինքնութիւններու ներդաշնակ ամբողջականութեան, առաջնորդելով զանոնք տրորումի, ճահճացման կամ մաշումի` անհատական եւ հաւաքական մակարդակներու վրայ:

Այս կացութեանց մէջ խուճապ ազդանշող գոյնզգոյն դրօշակները չե՛ն, որոնք կրնան փրկութեան լաստեր ապահովել, երբե՛ք:

Մասնաւորաբար Այնճարի գոյատեւման երաշխիքը ունի մէկ ու միակ այն դրօշը, որ մեր ինքնութեան ամբողջականութեան, անոր դիմադրողականութեան, անոր հմայքին ու ճառագայթումին դրօ՛շն է: Դրօ՛շ, որ աւելի քան 1700-ամեայ մեր հաւատքին պաշտպանութիւնը ունի եւ անոր զօրութեամբ կը ծածանի:

Դրօ՛շ, որ ի գին բոլոր զոհողութեանց, որքա՛ն հաւաքական կեանք պահելու, նոյնքա՛ն հաւաքական որոշումի, կեցուածքի եւ դիմագիծի դրօշն է: Անիկա 40 օրուան հերոսամարտի եւ մուսալեռեան բազմադարեան հայեցի կեանքէն ժառանգուած արարելու, ստեղծագործելու եւ մարտնչելու դրօշն է, զոր Այնճարի հիմնադիր սերունդը կտակեց իրերայաջորդ սերունդներու:

Այնճարի` իբրեւ Մուսա Լերան շարունակութեան, անոր հարազատ յետնորդի ու արժանաւոր ժառանգորդի անզուգական դրօշը` յանձնառու ինքնութեան եւ սեփական ողնաշարի վրայ կառուցուած ազատութեան դրօշն է:

Անիկա գաղափարական ակունք, յեղափոխական աւանդ եւ պահանջատիրական երթ ունենալու փարոս է նաեւ:

Գաղափարական ակունք, որ միւռոնուած է Զաւարեանի խիղճով, հերոսամարտի 18, ինչպէս նաեւ «Կարմիր Լեռ»-եան փաղանգէն սերած վսեմ ուխտի նահատակներու արեամբ:

Յեղափոխական աւանդ` այն յեղափոխականութենէն, որ ազգային ազատագրական պայքարի բնութագիրը ունի եւ իր լոյսէ գօտիով պաշտպանուած կը պահէ ազգային միասնութիւնը` ի սպաս ժողովուրդի ընդհանրական շահերու եւ ազգային տեսլականի:

Պահանջատիրական երթ` Հայ դատի ամբողջական յաղթանակին կողմնացոյցին ուղղութեամբ:

Այնճարի հայեցիութիւնը բազմապատկող անխարդախ դրօշը, համահայկական օրակարգ իւրացնող եւ համահայկական քարտէսի վրայ դիրք պահող կազմակե՛րպ հաւաքականութեան դրօշն է:

Վերջապէս, Այնճա՛րը` ազատագրուած Մուսա Լե՛ռ, վերականգնող Կիլիկիա՛ եւ ծաղկող ամբողջակա՛ն Հայաստան վերածող մէկ ու միակ դրօշը, նոր յաղթանակներու կարօտ զէնք ու զրահի, արդար ու քրտնաջան վաստակի, ինչպէս նաեւ պատմութիւն յաւերժացնող գրիչի, անքակտելի ուխտակրութեան դրօ՛շն է:

Արդարեւ, 80 տարիներ ետք, մենք` իբրեւ ժողովուրդ, հաւատարիմ մեր ուխտին, մեր նահատակներուն, ինչպէս նաեւ ծառայութեան ու տիրութեան միաձոյլ կերպարներով ներկայացած` մուսալեռեան մեր տիտաններուն առջեւ կը խոստանանք մէկ բան`

«Մենք մեր դրօշակը, որուն նուիրուած ենք,

Մի՛շտ բարձր պիտի պահենք,

Հայ ծնած ենք եւ պէտք է հայ մեռնինք»:

* Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի ժողովրդային տօնախմբութեան` 80-ամեակի յոբելենական մարմինի ատենապետ և ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արմէն Թաշճեանի խօսքը: