image

Զմմառ՝ «Ծննդավար իմ հոգւոյս».Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան

Զմմառ՝ «Ծննդավար իմ հոգւոյս».Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան

Հայ  Կաթողիկէ «Զմմառու  վանքի  հիմնադրութեան    270-րդ  տարեդարձին  առթիւ (1749-2019)

 

      ԺԸ. Դարու առաջին կէսին Աբրահամ Պետրոս Ա. Արծիւեան Կաթողիկոս–Պատրիարք, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Հայրապետը կանգնեցաւ հորիզոնին վերեւ, իբրեւ լուսաճաճանչ կոթող, եւ ժամանակի հոլովոյթին, բազմաթիւ հայ  սերունդներ եկան ջերմ եռանդով հաղորդուելու իր լոյսով ու հուրով: Արծիւեան հայրապետը գաղափարի յարատեւ ներշնչարան, հայ մտքի եւ սրտի լուսատու փարոս, անմահ ջահ մը՝ ճշմարտութեան եւ սիրոյ ու անոր ամուր հաւատքին շինարար ու ստեղծագործ ոգիին գեղեցիկ խորհրդանիշը դարձաւ Զմմառու՝ «Վերափոխման Ս. Աստուածածնի» Մայրավանքը:

     Երկու հարիւր եօթանասուն տարիներու ընթացքին Զմմառու խաղաղ ու անդորր մենաստանին մէջ, ծովահայաց բարձունքին վրայ, որուն ստորոտը կու գան փշրելու միջեկրականի ալիքները, Ս. Աստուածածնի մայրական հովանիի ներքեւ, սնած եւ ուրճացած են ճշմարիտ առաքեալներու հոյլեր, որոնք հնազանդութեան եւ ողջախոհութեան ուխտերով, եւ աղքատութեան երդումով գօտեպնդուած, մեծապէս արդիւնաւոր եղած են յաչս Աստուծոյ եւ հայ եկեղեցւոյ:

 

 ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔԸ

       Կ՛արժէ տեսնել ժայրի վրայ վիմացած ամրակուռ վերափոխման Ս. Աստուածածնի եկեղեցին, Մասիսանման զոյգ գմբէթներով, որոնք կը խօսին հայ դարերէն, հայ հոգիի ու մտքի ստեղծագործ ճգնութենէն, վերջին շրջաններու հայ ժողովուրդի ազատութեան կամքին կեանք տուած եւ վանքին մէջ ապաստան գտած Զաւարեան ֆէտայիներու եւ հերոսներու սխրագործութենէն: Հայութեան գոյատեւման եւ ազատութեան վկայ՝ վանքին քարերուն  վրայ տասըն եւ հինգ կուսակրօն նահատակ միաբաններու բացուած վերքեր կան այնտեղ, ինչպէս Յիսուսի խաչափայտին վրայ մխուած բեւերներ:

    Սրբացեալ քաղաքի, տաճարացեալ Երուսաղէմի նուիրականութեամբ օծուն վանքիս «Նահատակաց  Սենեակ»ին մէջ, նահատակներուն դիմաց ամէն հայորդի կը ջանայ տաճարանալ, նոյնանալ այդ տաճարացեալ միաբան հայրերուն նահատակութեան խորհուրդին հետ:

        Երկու հարիւր եօթանասուն տարիներու ընթացքին հազարաւոր հայորդիներ ուխտի եկած են ցաւագին Զմմառու Տիրամօր, որոնց ուխտի աղերսահայաց նայուացքով իրենց աչքերը սեւերած են խորանի Աստուածածնի: Ոմանց աչքերուն մէջ արտասուքը փայլ էր դարձած: Ի՜նչ ցաւերու ամոքման ու դարմանի սպասումներ լարուած էին արցունքի շիթերուն մէջ:

     Այստեղ, պատմականօրէն այնքան հարուստ ու պերճախօս, Լիբանանի այս լեռնային բարձունքներուն վրայ, հնադարեան այս վանքին մէջ վառեցաւ քրիստոնէական հաւատքի լոյսը Հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ, ինչպէս առաւօտուն կը ծագի մարդուն աչքերուն մէջ......:

  Դարեր՜ շարունակ, մեր միաբան հայրերը Ս. Նարեկի նման աղօթեցին այս վանքի գմբէթներուն տակ, իրենց հաւատքի ապրումներով նուիրագործեցին զայն միշտ լեցուելով Զմմառու Տիրամօր պատկերէն բխող լոյս ճառագայթներով: Երեւակայեցէք դարերու վրայ տարածուած երկարաձիգ ու խտացեալ շարքերը մեր միաբան նախահայրերուն, որոնք Հայաստանի հեռաւոր ու մօտաւոր գիւղերէն ու քաղաքներէն, գաւառներէն եւ նահանգներէ եկան եւ իրենց սիրտերը ընծայ դրին այս վանքին մէջ:

     Ես այնպէս կը զգամ, որ կարելի չէ գրիչովս գովքը հիւսել այս վանքին. Այստեղ քարերը խօսք ունին ու լեզու, եւ այնպէս խորունկ ու սրտառուչ պատգամներով կը բարբառին, որ մարկային որեւէ բառ ու խօսք կը նսեմանան անոնց հզօր եւ հոգեյոզ խօսքին առջեւ:

      Այս վանքը դարերու հայ հաւատքի խտացեալ լեզուն է: Կրնան լսել ու ունկընդիր աղօթաձայն վանքի քարերու լեզուին, պէտք է միայն խոնարհիլ, երկրպագել այս տաճարին մէջ, լսել, փակուիլ աշխարհին, կարենալ լսելու համար վեհացնող ու գօտեպնդող ձայնը հոգիացեալ այս քարերուն, աղօթաճաճանչ այս կամարներուն, որոնք կը պատմեն մեզի անպատմելի փառքը մեր միաբան հայրերուն եւ հայրապետներուն:

         Վանքին գմբեթարթ կաթողիկէին կամարներուն տակ տակաւին մինչեւ այսօր կը շարունակուին հոգեպարար աղօթքներու մրմունջները, հոգեշունչ շարականներու ալի՜ք, ալի՜ք տարածուող հոգեւոր երգերը եւ անուշահոտ խունկերու քուլա՜յ, քուլա՜յ վեր բարձրացող բուրումնաւէտ ծուխերը կը հաղորդեն բոլոր այն հայ հոգիներուն, որոնք գերբնական կեանքի հոգեզուարճ ապրումներուն կարօտը կը զգան եւ յաւիտենականին մտերմութիւնը կը փնտռեն:

      Լիբանանի չքնաղ լեռներու սրտին մէջ մեր հնադարեան  Զմմառու հայ վանքը կը մնայ ու պիտի մնայ՛ լուսաւոր ջահ, ուր իր յարատեւ ճառագայթումովը լուսաւորչեան սուրբ հաւատքին՝ մեծագոյն հրաւէրն է միասնականութեամբը հաւատքին ամէնէն հեղինակաւոր երաշխիքը՝ հայ ազգին պայծառութեան եւ յաւերժութեան:

 

 Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան

Ժողորվրդապետ՝

Քեսապի՝ Ս. Միքայէլ Եկեղեցւոյ