image

«Փորձութեան մի՛ տանիր մեզ»

«Փորձութեան մի՛ տանիր մեզ»

Տէրունական աղօթքը երբ կ՚արտասանենք, Հայր «Մեր» գոչելով, մենք կ՚ոգեկոչենք Նոր Ուխտը՝ կնքուած Յիսուս Քրիստոսով, հաղորդութիւնը Ամենասուրբ Երրորդութեան հետ, եւ աստուածային անհուն սէրը, որ կը ծաւալի աշխարհի տարածքով։

Մեր Հայր Աստուածը պաշտելու, սիրելու եւ օրհնաբանելու համար մեզ Անոր ներկայութեան դնելէ ետք, «որդիական Հոգի»ն մեր սրտերէն եօթը խնդրանքներ, եօթը օրհնաբանութիւններ երկինք կը բարձրացնէ։ Առաջին երեքը, որոնք աւելի աստուածաբանական են, մեզ դէպի Հօր փառքը կը քաշեն։ Իսկ չորս վերջինները, իբրեւ դէպի Հայրը տանող չորս ուղիներ, մեր թշուառութիւնները Անոր Շնորհքին կ՚ընծայեն։ Սակայն խնդրանքները անզօր կը մնան ներթափանցելու մեր սիրտը, որքան ատեն որ մենք չենք ներած մեր պարտապաններուն։

Ուստի կը խնդրենք. «Ներէ՛ մեզի մեր պարտքերը ինչպէս մենք կը ներենք մեր պարտապաններուն», այսինքն ներում կը խնդրենք մեր յանցանքներուն համար, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնք՝ որոնք մեզի հանդէպ յանցանք են գործած։

Սուրբ Կիպրիանոս Կարթագենացի կ՚ըսէ. «Աստուած խռովութիւն սերմանողներուն մատուցած զոհը չ՚ընդունիր, այլ զանոնք խորանէն կը ճամբէ, որպէսզի նախ երթան հաշտուին իրենց եղբայրներուն հետ. Աստուած կ՚ուզէ Ինք խաղաղիլ խաղաղութեան աղօթքով, խաղաղութիւն ներշնչող աղօթքներով։ Աստուծո՛յ աչքին ամենագեղեցիկ պարտաւորանքը մեր խաղաղութիւնն է, մեր համերաշխութիւնը, ամբողջ հաւատացեալ ժողովուրդին միութիւնն է Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին մէջ»։ Ուստի կը խնդրենք Աստուծմէ. «Մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն»։

Այս խնդրանքը կը զօդուի «ներէ՛ մեզի մեր յանցանքները ինչպէս մենք կը ներենք մեզի հանդէպ յանցաւորները» նախորդ խնդրանքին արմատին, քանի որ, մեր յանցանքները, մեղքերը պտուղն են փորձութեան մեր տուած հաւանութեան։

Ուստի կը խնդրենք մեր Հօրմէն, որ մեզ փորձութեան «չենթարկէ»։ Այս բառին յունարէն եզրը, ըստ թարգմանիչներու արտայայտութեան, մէկ բառով թարգմանել դժուար է։ Արդարեւ, թարգմանիչներու համաձայն ան կը նշանակէ «թոյլ մի՛ տար մտնել ներսը» (ՄԱՏԹ. ԻԶ 41), «մի՛ թողուր մեզ սայթաքիլ փորձութեան մէջ»։

«Աստուած անփորձ է չարին, Ան ո՛չ ոք կը փորձէ», կ՚ըսէ Առաքեալը (ՅԱԿ. Ա 13), ընդհակառակը Ան կ՚ուզէ ազատել, փրկել մեզ չարէն։ Մենք Իրմէ կը խնդրենք, որ թոյլ չտայ որ առնենք «մեղքի տանող ուղին»։ Մենք կը գտնուինք «մարմինին եւ Հոգիին միջեւ» մղուող պայքարին դիմաց։ Այս խնդրանքը զատորոշումի եւ ուժի Հոգին կը հայցէ։

Սուրբ Հոգին «զատորոշել» կու տայ մեզի՝ մէկ կողմէ այն նեղութիւնը, որ անհրաժեշտ է ներքին մարդուն հոգեւոր աճումին անոր «հաւատարմութիւնը փորձելու» հեռանկարով (ՀՌՈՄ. Ե 3-5), եւ միւս կողմէ փորձութիւնը, որ մարդը կը տանի մեղքին եւ մահուա՛ն։ Պէտք է գիտնալ նաեւ զատորոշել «փորձուիլ»ը եւ «փորձութեան հաւանիլ»ը։

Վերջապէս, զատորոշումը կը դիմակազերծէ փորձութեան սուտը. փորձութեան առարկան երեւութապէս «բարի, հաճոյատեսիլ, ցանկալի» կ՚ըլլայ (ԾՆՆԴ. Գ 6), մինչդեռ իրականին մէջ անոր պտուղը մա՛հն է։ «Աստուած չ՚ուզեր մարդուն բարին պարտադրել։ Ան ազատ էակներ կ՚ուզէ։ Փորձութիւնը գէթ բանի մը օգտակար է։ Բացի Աստուծմէ, ամէնքը՝ նոյնիսկ մենք կ՚անգիտանանք բարիքը, որ մեր հոգին ընդունած է Աստուծմէ։ Բայց փորձութիւնը զայն յայտնի կը դարձնէ, երբ կը սորվեցնէ մեզի ճանչնալ մենք մեզ, եւ այսպէս՝ ան ցոյց կու տայ մեզի մեր թշուառութիւնը եւ կը ստիպէ մեզ գոհութիւն մատուցանելու այն բարիքներուն համար, զորս փորձութիւնը մեզի յայտնի կ՚ընէ» (Որոգինէս)։

Արդարեւ, «փորձութեան մէջ» չիյնալը «սրտէն բխող որոշում» մը կ՚ենթադրէ. «Ուր գանձդ է, հո՛ն է նաեւ սիրտդ», «ո՛չ ոք կարող է երկու տէրերու ծառայել» (ՄԱՏԹ. Զ 21, 24)։ «Քանի կ՚ապրինք Հոգիով, ընթանա՛նք նոյն Հոգիին համաձայն» (ԳԱՂ. Ե 25)։ Սուրբ Հոգիին հետ մեր «համաձայնութիւն»ը անհրաժեշտ է, քանի որ անոր շնորհիւ Հայրը մեզի ուժ կու տայ։ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Չկրեցինք փորձութիւն մը, որ մարդկային ուժերէն վեր ըլլայ։ Աստուած հաւատարիմ է. չի թողուր որ ձեր ուժերէն վեր փորձուիք։ Փորձութեան հետ Ան ձեզի կու տայ ուժ՝ դիմադրելու եւ յաղթելու» (Ա ԿՈՐՆ. Ժ 13)։

Ուրեմն այսպիսի «պայքար» մը եւ այսպիսի յաղթանակ մը անկարելի՛ է առանց աղօթքի։

Իր աղօթքով է որ Յիսուս Իր հոգեվարքին սկիզբէն մինչեւ Իր վերջին պայքարը՝ յաղթե՛ց փորձիչին. (ՄԱՏԹ. ԻԶ 36-44)։ Մեր Հօր ուղղուած այս խնդրանքով՝ Քրիստոս մեզ Իր պայքարին եւ Իր հոգեվարքին կը միացնէ։ Իրեն հետ սրտով «արթուն» մնալու պատուէրը շեշտուած է Յիսուսին կողմէ։

Այս իմաստով, արթնութիւնը «պահապանն է սրտին», այս իսկ պատճառով Յիսուս կը խնդրէ Հօրմէն որ «պահէ մեզ Իր անունով» (ՅՈՎՀ. ԺԷ 11)։ Սուրբ Հոգին հետամուտ է մեզ անդադար սթափեցնելու, արթուն պահելու, որ միշտ զգոյշ, ուշիմ եւ աչքաբաց մնանք։ (Ա ԿՈՐՆ. ԺԶ 13, ԿՈՂ. Դ 2, ԹԵՍ. Ե 6, Ա ՊԵՏ. Ե 8)։

Այս խնդրանքը իր ամբողջ եղերական իմաստը կը ստանայ, կը զգենու երկրի վրայ մղած պայքարին վերջնական փորձութեան մեր հեռանկարով։ Ասիկա, արդարեւ «վերջնական յարատեւութիւն» կը պահանջէ. «Ես գողի պէս կու գամ, երանի՜ անոր որ արթուն կը հսկէ» (ՅԱՅՏ. ԺԶ 15)։

«Մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն» խնդրանքին անմիջապէս կը յաջորդէ. «այլ փրկեա զմեզ ի չարէն», ուր «Չար»ը վերացական գաղափար մը չէ՛, այլ կը մատնանշէ «ա՛նձ» մը՝ Սատանան, Գէշը, Աստուծոյ հակառակող հրեշտակը՝ Դեւը…։

 

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ժամանակ»/Պոլիս