image

Իւթրե՞խտ, թէ՞ Ութրեխտ

Իւթրե՞խտ, թէ՞ Ութրեխտ

Սփիւռքահայ լրատուական աղբիւրները՝ աշխարհիկ թէ հոգեւոր,  երէկ՝ 5-10-19-ին ,  գրեթէ միահամուռ կը հաղորդէին, թէ Արամ Ա. «Հոլանտայի Իւթրեխտ  քաղաքին մէջ տուած է մամլոյ ասուլիս մը»:

Հոլանտա Իւթրեխտ անունով քաղաք չունի. այլ ունի քաղաք մը, որ է Ութրեխտ (Utrecht):

Լատինական U տառը, որ յառաջացած է յունական համահունչ Ուփսիլոն տառէն, բոլոր լատինատառ այբուբեններու մէջ կը պահէ իր բնիկ Ու արտասանութիւնը. օրինակ՝ tu լատիներէնի եւ իտալերէնի մէջ հաւասարապէս կ’արտասանուի  թու (արեւմտահայ արտասանութեամբ) եւ կը նշանակէ դուն: Գրաբար համարժէքն է դու, որ կը գոյատեւէ արեւելահայերէնի մէջ:

Այս տառը իր բնիկ  Ու արտասանութիւնը կը պահէ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու անուններուն մէջ. օրինակ՝ Uruguay (Ուրուկուէյ),  Burundi (Պուրունտի), Upsala (Ուփսալա), Honolulu (Հոնոլուլու),  որ մերոնք կը տառադարձեն  Հոնոլիւլիւ, կարծես ֆրանսական գիւղակ մը ըլլար ան:

Ան  Ու արտասանութիւնը կը պահէ հասարակ բառերու մէջ եւս. օրինակ՝ լատիներէն՝  jucundum (եուքունտում), իտալերէն՝ sul (սուլ), lunadi (լունատի), անգլերէն՝ educate (էճուքեյթ),  գերմաներէն՝ fur (ֆուր), թրքերէն՝ dur (տուր), buz (պուզ) եւ այլն:

Եզակի բացառութիւն կը կազմէ  ֆրանսերէնը, ուր այս տառը  կ’արտասանուի իբրեւ քմային Ու, որ համազօր է հայերէնի Իւ-ին հետեւեալ բառերուն մէջ՝ սիւն, հիւսք, բիւր...

            Ուրեմն՝ ֆրանսերէն Ս= հայերէն Իւ:

            Ի՞նչ ըսել է «քմային Ու»:

                                *     *

                                     *

Փորձենք երկար արտասանել Ու ձայնաւորը եւ այդ միջոցին լեզուի երկու եզերքները ոլորենք դէպի քիմքը ու ամուր հանգչեցնենք ակռաներուն վրայ՝ պահելով լեզուի ակօսաձեւ փոսիկը:  Պիտի նկատենք, որ մեր արտասանած Ու հնչիւնը ինքնաբերաբար դարձաւ Իւ, այլ խօսքով՝ ան քմայնացաւ. ամէն Իւ ստացուած է Ու-ի քմայնացումով:

Այս քմային Ու-ն որ է մեր վերոնշեալ Իւ-ն, յատուկ է միայն  արեւմտահայերէնին. գրաբարը եւ արեւելահայերէնը չունին զայն: Այս պատճառով ալ գրաբար ու  արեւելահայերէն քերականութեան գիրքերը վեց ձայնաւոր կու տան հայերէնին, իսկ արեւմտահայերէնը՝ եօթը [ա, է (ե), ը, ի, օ  (ո), ու, իւ]:

Օտար՝ ինծի ծանօթ լեզուներէն զայն ունին, ուրեմն, ֆրանսերէնը, նաեւ գերմաներէնը եւ թրքերէնը: Վերջին երկուքը ունին մեզի պէս  թէ՛ Ու, թէ՛ Իւ: Արդի ֆրանսերէնի մէջ  Ս-ին Ու արտասանութիւնը կորսուած է. ան միշտ  Իւ է:

Գերմաներէնն ու թրքերէնը զանազանելու համար քմայնացած Ու-ն երկշրթնային Ու տառէն, առաջինին վրայ կը դնեն երկու կէտ՝ Ü  եւ  ü:

            Օրինակ՝գերմաներէն Führer  կ’արտասանուի Ֆիւհրեր:

Թրքերէն  Gürün կ’արտասանուի Կիւրիւն, Üsküdar կ’արտասանուի Իւսկիւտար, որ  մեր գիտցած Սկիւտարն  է, իր ծանօթ «սոխակով», որ Պետրոս Դուրեան կը կոչուի:

Ինչպէս կը տեսնէք վերը բերուած քաղաքին անունը Ütrecht չէ, որպէսզի տառադարձենք Իւթրեխտ: Միայն ֆրանսացին է, որ  Իւթրեխտ կ’արտասանէ զայն, սակայն չենք կրնար անտեսել նախ բուն հոլանտական արտասանութիւնը, ապա համաշխարհային ընտանիքի  արտասանութիւնը եւ ֆրանսացիներու սեւ աչքերուն համար արտասանել Իւթրեխտ[1]:

                                      *      *

                                           *

Հիմա տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս յառաջացած է արեւմտահայերէնի Իւ-ն:

Ոմանք կը մտածեն, թէ այդ քմայնացումը հետեւանք է ֆրանսերէնի ու գերմաներէնի ազդեցութեան՝ սկսած 11-րդ դարու վերջերէն, խաչակիրներու արշաւանքներուն բերումով: Պատմութենէն ծանօթ է, որ խաչակիրները իրենց ճամբուն վրայ  եկան  Կիլիկիա՝ մեծ ասպնջականութիւն գտան այստեղ, ատեն մը մնացին, ապա շարունակեցին իրենց ճամբան. եւ իբրեւ թէ անոնց ֆրանսացի ու գերմանացի  շերտերըը ազդեցին  կիլիկեան հայերէնի վրայ՝ յառաջացնելով  քմային Ու-ն, այսինքն՝  Իւ-ն:

Այս վարկածը կրնայ առաջին նուագ ճշմարտանման  թուիլ, սակայն ճշմարիտ ըլլալէ  հեռու է: Այն ժամանակամիջոցը, յորում խաչակիրները մնացին մեր հետ, բաւարար չէր հնչիւնաբանական նման խոր ազդեցութեան մը. հնչում  մը այդքան դիւրին  չի փոխոուիր: Ասկէ բացի, այդ նոյն ժամանակամիջոցին, ուր տեղի ունեցան այդ շփումները, ֆրանսերէնի ու գերմաներէնի մէջ  տակաւին տեղի ունեցած չէր  Ու-ին քմայնացումը, որպէսզի սա իր կարգին ազդէր հայերէնի վրայ: Այդ լեզուները տակաւին լատիներէնէն  վերջնմականապէս կտրած չէին իրենց պորտակապերը, իսկ լատիներէնը Իւ չունէր:

Մեր  Ու-ի քմայնացումը շատ հաւանաբար տեղի ունեցաւ  ազդեցութեամբը թրքերէնի, որ բոլոր տուեալները ունէր ազդելու հայերէնի վրայ. մէկ կողմէ՝ ժամանակի գործօնը, որ սահմանափակում չունէր, միւս կողմէ՝ մնայուն  գոյակցութիւնը արեւմտահայութեան բոլոր խաւերուն հետ ու ամէն տեղ անխտիր:  Այս գոյակցութիւնը   նոյն խստութիւնը չէ ունեցած Արեւելահայաստանի մէջ ու արեւելահաերէնի վրայ, ուր  ներկայութիւն էին  պարսիկն  ու պարսկերէնը սա՛ տարբերութեամբ, որ պարսիկ տարրը,– ուրեմն  պարսկերէնը,– ֆիզիքական ներկայութիւն չէր  Հայաստանի մէջ. միւս կողմէ՝ սահմանափակ էր նաեւ  թուրքերուն թիւը. այս հանգամանքը հաւանաբար օգնած է, որ արեւելահայերէնը չկրէ  Ու>Իւ քմայնացումը:

Այս բոլորէն դուրս անհաւանական չէ, որ Ու-ի քմայնացումը տեղի ունեցած ըլլայ բոլորովին բնական  ձեւով՝ իբրեւ մէկ պատմական բնաշրջումը հայերէնի Ու-ին: Մենք նախապէս ակնարկած ենք ուրիշ լեզուներու կրած հնչիւնական փոփոխութիւններու, ինչպէս ասորերէնի մէջ  տեղի ունեցած  ա>o հնչիւնափոխութիւնը, յունարէնի մէջ տեղի ունեցած b>v եւ գ>ղ հնչիւնածոխութիւնները, որոնք շատ աւելի տարողունակ ու առեղծուածային են, մինչ հայերէնի Ու-ն պարզապէս քմայնացած է: Միայն թէ մեր  այս ենթադրութեան շղթան  ունի տկար օղակ մը, որ հետեւեալն է. եթէ հայերէնի Ու>Իւ քմայնացումը պատմական հոլովոյթի մը  հետեւանքը ըլլար, ապա ան պէտք է ընդգրկէր ամբողջ հայերէնը եւ չսահմանափակուէր միայն արեւմտահայերէնին, ինչպէս է պարագան միւս բոլոր հնչիւնափոխութիւններուն, ի մասնաւորի, օրինակ, Աւ>Օ հնչիւնափոխութեան, որ համահայկական  նկարագիր ունի: Ահա թէ ինչու աւելի հակամէտ ենք  կառչելու տեղական բնոյթ ունեցող գործօնի մը, որ թրքերէնն է, մանաւանդ որ արեւմտահայերէնը կրած է ուրիշ տարբերութիւններ եւս, որոնք իւրայատուկ են մեր բարբառին եւ կը բացակային արեւելահայերէնէն:

armenag@gmail.com


Արմենակ Եղիայեան



[1] Այսուհանդերձ, ազգային արտասանութեան օրինակներ մե՛նք եւս ունինք. օրինակ՝ թուրքը ինքզինք կ’անուանէ թիւրք, իսկ երկիրը՝ Թիւրքիա, իսկ մենք ասոնք կ’անուանենք թուրք եւ Թուրքիա:  Մինչ բոլորովին հարազատ կ’արտասանենք քիւրտ անունը, որ արեւելահայը կը կոչէ քուրդ: