image
Հրատապ լուրեր:

Հայ-Հնդկական յարաբերութեան աշխարհաքաղաքական տեսութիւնը

Հայ-Հնդկական յարաբերութեան աշխարհաքաղաքական տեսութիւնը

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Քաշմիրի հարցով հնդկամէտ յայտարարութիւնը հնդկական լրատու գործակալութեան մը հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հակահնդկական յայտարարութիւնը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն` նոր էջ մը կրնան բանալ Հայաստան-Հնդկաստան յարաբերութիւններուն մէջ:

Նախագահ Էրտողան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ պաղեստինցիներուն, Միանմարի ռոհինկաներուն եւ Քաշմիրի իսլամներուն դէմ կատարուած ճնշումներուն, սակայն ոչ մէկ մատնանշում ըրաւ Չինաստանի կողմէ ույղուրներուն նկատմամբ քաղաքական հալածանքին` պարզապէս չխաթարելու համար չինական տնտեսական ներդրումները, որոնց այժմ կարիք ունի Էրտողան` ամուր պահելու համար իր իշխանութիւնը երկրին մէջ:

Փաշինեան հնդկական «WION» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ Հայաստանի ու Հնդկաստանի միջեւ պատմական եւ մշակութային յարաբերութիւններուն մասին, անդրադարձաւ երկու երկիրներուն միջեւ ծաւալած տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ յստակացուց Հայաստանի դիրքորոշումը Քաշմիրի վերաբերեալ` ըսելով, որ Երեւան կը զօրակցի Քաշմիրի եւ Ժամուի վրայ Նիւ Տելհիի գերիշխանութեան: Վարչապետին այս հնդկամէտ յայտարարութիւնը նորութիւն չէ` նկատի ունենալով, որ Փաքիստանի հակահայ քաղաքականութիւնը (հոս կարեւոր է նշել, որ Փաքիստան չէ ճանչցած Հայաստանը իբրեւ անկախ պետութիւն), Արցախի վերաբերեալ կոյր ազրպէյճանամէտ կեցուածքը միջազգային եւ իսլամական կազմակերպութիւններու ամպիոններուն վրայ, Թուրքիոյ հետ ռազմական սերտ յարաբերութիւնները թոյլ չեն տար Հայաստանի մէջ որեւէ իշխանութեան, որ այլ յայտարարութիւն մը կատարէ: Անշուշտ ասիկա հաւանաբար մեզ անճարակ կեցուածքի մէջ դնէ, երբ խօսինք ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման խնդիրին մասին, եւ հոս նկատի ունինք արցախեան հիմնախնդիրը, սակայն դժբախտաբար միջազգային յարաբերութիւնները չեն հիմնուած մարդկային իրաւունքներուն, այլ` ազգային անվտանգութեան եւ քաղաքական շահերու վրայ:

Այս յայտարարութիւններուն լոյսին տակ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտա Մոտնի տեսակցութիւններ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետին եւ Կիպրոսի նախագահին հետ` ՄԱԿ-ի մէջ հանդիպումներու ծիրին մէջ: Այսպիսով, Հնդկաստան յստակ պատգամ մը յղեց Թուրքիոյ, որ եթէ վերջինս շարունակէ միջամուխ ըլլալ իր ներքին քաղաքական հարցերուն, ապա Հնդկաստան կրնայ ռազմավարական յարաբերութիւններ մշակել Հայաստանի եւ Կիպրոսի հետ:

Հայաստանի համար նաեւ կարեւոր է ռազմավարական գործընկերներ փնտռել Արեւելքի մէջ եւ իր արտաքին քաղաքականութիւնը մղել դէպի Ասիա, ուր Չինաստան, Ճափոն եւ Հնդկաստան կարեւոր դերակատար ուժեր են: Հնդկաստան այս քաղաքական ուղղուածութեան մէջ կարեւոր դեր ունի Հայաստանի առեւտրական եւ ապագայի ռազմավարական յարաբերութիւնները ամրապնդելու: Երկու երկիրները ունին նոյնանման մտահոգութիւններ` իսլամական ծայրայեղութենէն մինչեւ թրքական քաղաքական ոտնձգութիւնները:

 

Եղիա Թաշճեան

«Ազդակ»

Yeghia.tash@gmail.com