image

«Իր ժամանակի ամենահարուստ, սկիւտարցի հայ գործարարը» BBC Turk-ի անդրադարձը ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի մասին

«Իր ժամանակի  ամենահարուստ,  սկիւտարցի  հայ գործարարը»   BBC Turk-ի անդրադարձը ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի մասին

Թուրքիոյ համացանցային Web Tv-ի ոլորտին մէջ մեծ հեղինակութիւն եւ տարածում ունեցող BBC Turk-ը օրերս հրապարակում մը կատարելով անդրադարձած է  հայազգի մեծ   բարերար   Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի  աւանդին։

Պոլիս ծնած մեծ գործարարին մասին պատմական դրուագներ  ներկայացնելէ  անդին BBC Turk-ը  բաւական նուրբ «նէանս»ներով փորձած է Կիւլպէնկեանի աւանդին, անոր գործունէութեան ու մանաւանդ, որպէս հայ կերպար  ունեցած  աւանդին վրայ որոշ  բիծեր թողել, մտածելով, որ այդ կերպ կարելի պիտի ըլլայ   նսեմացնել  հայ գործարարին մեծ աւանդն ու էութիւնը։

Ամէն  պարագային  հետամուտ ըլլալով  իմանալ, թէ   ինչ կը մտածեն  այսօրուան Թուրքիոյ մէջ, ինչ կը մտածեն  հայութեան եւ  մեր ժողովուրդի խորհրդանիշներուն մասին «Արեւելք» բառացի թարգմանութեամբ իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ Կիւլպէնկեանի մասին եղած հրապարակումը։

 

Նաւթի պարոն, Օսմանաբնակ  (Հայազգի  մեծ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի մասին   բոլոր  մակդիրները եւ վերագրումները ՝ CNN TURK-ին. Խմբ.՝ «Արեւելք») Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան, ծնած  էՍկիւտար, մահացած 1955ին, որպէս աշխարհի ամենահարուստ մարդը: Օսմանեան    տարածութեան մէջ գտնուած նաւթային դաշտերու յանձնաժողովներու կնքած պայմանգիրէն,  Կիւլպէնկեան ստանալով 5 տոկոս, յայտնի դարձած է «պարոն 5 տոկոս» մականունով:

 

Կիւլպէնկեանի պատմութեան եւ անոր  հարստութեան մասին կը գրէ Ժոնաթան Քանլին իր «Պարոն հինգ տոկոս: Գալուստ Կիւլպէնկեանի քանի մը կեանքերը: Աշխարհի ամենահարուստ մարդը» գրքին մէջ:

 

Աշխարհի ամենահարուստ մարդը՝ Կիւլպէնկեան, մահացած ատեն ունէր 5 միլիառ ֆունտ ստերլինկ   արժողութեամբ հարստութիւն։

 

Կիւլպէնկեան ընդամէնը 19 տարեկան էր, երբ տեսած  է իր կեանքի առաջին նաւթային դաշտը Պաքուի մէջ, որ այն ժամանակ կը գտնուէր Ռուսական կայսրութեան սահմաններուն մէջ: Ան կանխատեսած էր, որ նաւթը մեծ յեղափոխութիւն պիտի  առաջացնէ,  եւ անկէ ետք  ալ   շնորհիւ Մերձաւոր Արեւելքի  մէջ  իր մշակած ցանցին,  կը ստորագրէր    համաձայնութիւն մը,   այդ  ժամանակուայ նաւթ վաճառող մեծագոյն   ընկերութիւններու  հետ, որուն  ճամբով ալ   պիտի կարողանայ   հինգ տոկոսի   շահոյթ   ստանալ    նաւթի կարեւորագոյն  հանքերէն։

 

Այս պայմանագիրը, որ ստորագրուած էր Առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջ, այդ ժամանակ այնքան ալ կարեւոր չէր կարծուած: Կիւլպէնկեանը փորձած է տարիներ շարունակ պահպանել իր  բաժինը: 1950-ական թուականներուն աշխարհի ամենահարուստ նաւթային դաշտերու 5 տոկոսը արդէն կը կազմէր զգալի գումար:

1880ական թուականներուն Կիւլպէնկեան ստիպուած եղած է հեռանալ Պոլիսէն, Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած բռնութիւններու եւ իրարանցման պատճառաւ: Լոնտոն  ուսանելէ ետք ան դարձած է Բրիտանիոյ  քաղաքացի եւ հետզհետէ  լքած ընտանեկան գործը:

 

1914 թուականին, Կիւլպէնկեան աշխատած է,  որպէս «երիտասարդ թուրքերու» խորհրդատու: Իր սերտ համագործակցութեան միջոցով, Թուրքիոյ Կեդրոնական  դրամատան ֆինանսներու նախարար՝ Մեհմետ Քաւիթ  բեյի հետ, մեծ դեր ունեցած է Թուրքիոյ  Petroleum Corporation (TPAO) հիմնադրութեան մէջ:

 

Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին Օսմանեան կառավարութիւնը կորսնցուցած է վերահսկողութիւնը այսօրուայ Իրաքի նաւթային հանքավայրերուն վրայ, բայց  TPAO- ն շարունակած է  իր  գործունէութիւնը։ Կիւլպէնկեանի ընկերութեան 5 տոկոս մասնաբաժինը անոր դարձուցած է  շատ հարուստ անձնաւորութիւն մը:

 

Ժոնաթան Քոնլինն իր գրքին մէջ կը գրէ, որ Կիւլպէնկեան այնքան ալ սիրուած չէր: Ան  տարաձայնութիւններ ունեցած է շատ մարդոց հետ իր առեւտրական հմտութիւններու պատճառաւ: Գրքին մէջ կը շօշափէ նաեւ Կիւլպէնկեանի ընտանեկան կեանքը: Կիւլպէնկեան իր միջին տարիներուն, հայ բժիշկի մը խորհուրդներով, յարաբերութիւններ ունեցած է բազմաթիւ երիտասարդ կանանց հետ, եւ անոր կինը, որ վատառողջ էր, չէ առարկած:

 

Միւս կողմէ, Կիւլպէնկեան  յաջողած է  ունենալ առաջին կարգի արուեստի հաւաքածոյ մը, օգտուելով Խորհրդային Միութեան տնտեսական  սնանկութեան հնարաւորութենէն: Կիւլպէնկեան իր արուեստի հաւաքածոն պահպանած էր Անգլիա եւ Ֆրանսա, մինչեւ որ բնակութիւն հաստատած է Փորթուկալ, որ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ չէզոք երկիր էր, եւ  ան փորձած է մնալ յաղթական կողմը:

 

Կիւլպէնկեան այսօրուայ հասկացողութեամբ,  ապրած է որպէս  սակաւապետ (օլիկարխ), ունենալով բարձր լծակներ գրեթէ բոլոր երկրներու մէջ: Կիւլպէնկեանի վճռականութիւնը,  զաւակներուն բրիտանական դպրոցներ յաճախել տալը, արտասահմանեան առեւտրական հետաքրքրութիւնները, անցեալ դարաշրջանի համաշխարհայնացման երեւոյթներն են:

 

Օգտագործելով օրինական կառոյցներ, ան ունէր սեփականութիւն, սակայն  դրամագլուխը կը փոխնակէր իր եւ իր ընտանիքի  անդամներուն միջեւ խուսափելու համար հարկեր վճարելէ:

Մինչեւ 1931 թուականը, Կիւլպէնկեանի հարստութիւնը անցած էր 4,6 միլիոն ֆունտ սթէրլինկի սահմանը: Այնուամենայնիւ, քանի որ ան պահած էր իր բաժնետոմսերը եւ պարտքի արժեթղթերը Լինխընշթայնի  մէջ հիմնադրած ընկերութեան  մը մէջ, այդ տարի ան վճարած է ընդամենը 100 ֆրանք:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն յետոյ, դրամագլուխները վերահսկելու մթնոլորտի վերսկսմամբ եւ երկրներու ընկերվարական կառուցուածքի անցնելէ յետոյ, հարկերէ խուսափիլը ընդհանուր  առմամբ  հանդուրժելի չէր: Հետեւաբար, Կիւլպէնկեան որոշած է  իր գործունէութեան կեդրոնը դարձնել Փորթուկալը: Աւելի ուշ հարկային օրէնսդրութեան պատճառաւ  ան իր արուեստի պատկերասրահները տեղափոխած է  Փորթուկալ։

Այսօր Կիւլպէնկեանի արուեստի հիմնադրամը Եւրոպայի խոշորագոյն բարեգործական հաստատութիւններէն մին է:

Խաղալով նոյն սեղանի վրայ Մերձաւոր Արեւելքի մեծ տերութիւններու հետ, օգտուելով աշխարհի ֆինանսական ճարտարապետութեան թերութիւններէն, հարստութիւն ձեռք բերելով եւ շքեղութեամբ ապրելով, պարոն 5 տոկոս՝ Կիւլպէնկեան կրնայ ըլլալ որ անցեալին եզակի տաղանդ մը եղած է, բայց այսօր տնտեսական գետնի վրայ անոր ժառանգորդները այնքան ալ եզակի չեն:

 

 

Թարգմանուած`  BBC   Turk -էն