image
Հրատապ լուրեր:

Ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս արժեւորել կեանքը. Կամ լիբանանահայ պատանի Աւօ Գրիգորեանի պայքարի պատմութիւնը

Ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս արժեւորել կեանքը. Կամ լիբանանահայ պատանի Աւօ Գրիգորեանի պայքարի պատմութիւնը

Կեանքի թաւալումներուն եւ ամէնօրեայ հեւքին հետ, մեզմէ շատ-շատեր կը մոռնան կեանքին արժէքը։ Հեռու մնալով կրօնափիլիսոփայական «բարձր ոճ»ի մտորումներէն ու հաստատելով ամենէն կարեւոր կէտը մարդկային էութեան, բոլորս ալ տեղ մը պիտի համաձայնինք կեանքի անցողիկութեան շուրջ, սակայն ատով հանդերձ, դարձեալ ու դարձեալ պիտի գովերգենք ու փառաբանենք մեզի ի վերուստ տրուած կեանքը ապրելու ոսկեայ առիթն ու կեանքի ջուրերուն միջով անցնելու եւ մաքառելու դրուածքը։

Մենք կը պայքարինք. երբեմն անխօս ամենափոքր ու տաղտկալի նպատակներու համար, կը պայքարինք մեր եսին համար ու յաճախ անոր դէմ... Կը պայքարինք մեր զաւակներուն ու սիրելիներուն համար, կը պայքարինք աւելի լաւ կեանք մը կերտելու, աւելի գեղեցիկ եւ հիասքանչ կեանք մը կերտելու համար։ Ու այս պայքարին մէջ է նաեւ, որ պահ մը կը մոռնանք էականը եւ կը վազենք անցողիկ բաներու ետեւէն...

Կեանքը խոհեմ է, ամբողջական է, տարողունակ է ու յաճախ մեզի ստիպել կու տայ մտածել մեր սխալներուն, տկարութիւններուն եւ առաջնայինը երկրորդականէն չկարենալ զատորոշելու մեր կեցուածքներուն մասին։

Հազար անգամ լախտի հարուածներ կը ստանանք, սակայն կը մնանք նոյն յամառութեան մէջ, կարծելով՝ որ մենք ենք, այո, մենք են, որ աւելին ու շատը գիտենք։

Այս նախաբանը ըրի ներկայացնելու համար պատմութիւնը լիբանանահայ պատանի Աւետիս (Աւօ) Գրիգորեանին, որուն ծնողներն ու մեծ ու փոքր ընտանիքներու անդամները մեծ ճիգեր իրականացուցին, որպէսզի Աւօ շարունակէ ապրիլ իր կեանքը։ Որպէսզի իրենք ալ, Աւոյի մայրը, հայրը, ազգականներն ու դպրոցի ընկերները երբեք պարապութիւն չզգան, այլ տեսնեն ու արժեւորեն, թէ ինչքան կարեւոր է Աստուծոյ մեծ պարգեւը՝ կեանքը։

Աւոյի պատմութեան մասին լիարժէք պատկերացում մը կազմելու համար ինծի յաջողուեցաւ հարցազրոյց մը (հեռակայ կարգով) կատարել Աւոյի մօր՝ Թալին-Սարգիս Գրիգորեանին հետ։

Ստորեւ՝ հարցազրոյցը։

 

-Իմացանք, որ վերջերս ձեր որդին՝ մեր բոլորի սիրելի Աւետիսը, վերադարձաւ Լիբանան՝ բուժման բաւական երկար փուլ մը անցընելէ ետք: Այսօր ինչպէ՞ս է Աւետիսի առողջական վիճակը:

-Աւոն շատ լաւ է, փա՛ռք Տիրոջ, transplant-ը (փոխպատուաստումը) բարեյաջող ընթացաւ: Ապրիլ 10-ին ան սրտի հարց ունեցաւ, սիրտն ու թոքերը 20 վայրկեան դադրեցան աշխատելէ, 5 օր վերակենդանացման բաժին մնաց: Երբ ելաւ, փոխպատուաստումի նոր բջիջները տկարացած էին, ստիպուեցան նոր բջիջներ առնել հօրմէն՝ ուժ տալու համար իրեն: Սակայն այս բջիջները սկսան պատերազմիլ ընդդէմ մարմնին, ինչ որ յառաջացուց neuropathy անունով հիւանդութիւնը, այսինքն՝ թմրութիւն, ձեռքերու եւ ոտքերու ցաւ, չկարենալ վրան կոխել կամ հանգիստ շարժիլ: Այս հիւանդութիւնը բուժելու համար դիմեցին plasma therapy-ի, այսինքն՝ արիւնը լուացին վնասակար բջիջներէն: Աւոն աւելի լաւացաւ, ցաւերը բաւական մեղմացան, բայց գոնէ 6-12 ամիս պէտք է ամբողջապէս բուժուի: Նման հիւանդութիւններու պատճառաւ մկանները պրկուած ու ծուլացած են եւ կարիքը ունին երկար ժամանակով ֆիզիոթերափիի եւ աքուաթերափիի, որ ջուրի մէջ կը կատարուի: Քանի որ Իտալիոյ մէջ բժիշկը զբաղած էր, չկրցան պէտք եղած հոգատարութիւնը ցուցաբերել ֆիզիոթերափիի առումով, եւ որովհետեւ փոխպատուաստումը յաջող էր, որոշեցինք Լիբանան վերադառնալ եւ հոն շարունակել ֆիզիոթերափին: Իրաւ ալ այդպէս եղաւ, արդէն երեք անգամ ջուրին մէջ աքուաթերափի ըրած է եւ յառաջիկայ շաբաթ երկու անգամ մարզանքով ֆիզիոթերափի ունի: Աւոն հիմա դժբախտաբար wheelchair (սայլակով) է, դեռ չի կրնար ոտքերը լման շտկել. բաւական մարզանքի կը կարօտի, որպէսզի մկանները կազմուին եւ կրկին մեր գիտցած առաջուայ Աւոն դառնայ: Երեք ամիս վերջ նորէն պիտի երթանք Իտալիա, որովհետեւ հոն պէտք է քննութիւնները կատարենք եւ վերադառնանք:


-Անշուշտ դժուար օրեր անցուցիք, յատկապէս գումար ապահովելու հարցով Աւետիսի բժշկական միջամտութիւնները իրականացնելու: Երբ կը մտածէք այդ դժուար օրերուն մասին, ի՞նչ կ՚ուզէք ըսել մեր ընթերցողներուն։

-Իրականութեան մէջ նիւթական բաժինը շատ շատ դժուար էր, երեւակայական գումար մըն էր պահանջուածը, որովհետեւ այն փոխպատուաստումը՝ որուն պիտի ենթարկուէր Աւոն, կը կոչուի Haploidentical transplant, այսինքն կէս-փոխպատուաստում, որ աւելի վտանգաւոր է եւ նախընտրելի էր, որ Իտալիոյ մէջ ըլլայ: Աստուած հրաշքով, այնպիսի անձեր ղրկեց, ինչպիսին՝ դուք, եղբայրս՝ Սերոբը, կառավարական մարդիկ եւ լիբանանեան MTV կայանը մեր դիմաց դռներ բացաւ եւ այդ գումարը ապահովուեցաւ: Փառք Տիրոջ որ գացինք, ճիշդ է շատ շատ դժուար օրեր անցուցինք, բայց հիմա Լիբանան ենք արդէն, Աւոյին այդ ուրախութիւնը երբ կը տեսնեմ, փառք կու տամ Տիրոջ եւ նոյնիսկ փառք կու տամ իւրաքանչիւր անձի, ամենէն փոքրէն մինչեւ ամենէն մեծը, որ գործի լծուեցաւ եւ բոլորին խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ:


-Շատեր կ՚ըսեն, որ Լիբանանը այսօր կ՚ապրի դժուար օրեր այն իմաստով, որ այս հիւանդութիւնը՝ քաղցկեղը տարածուած է զանազան խաւերու մէջ եւ յատկապէս փոքրերուն մօտ։ Արդեօք ի՞նչ են պատճառները, ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք, ի՞նչ են ընդհանուր մտահոգութիւնները այդ մասին այսօր Լիբանանի մէջ:

-Չենք կրնար հերքել այն իրականութիւնը, թէ քաղցկեղը Լիբանանի մէջ շատ տարածուած է, բայց միայն Լիբանանի մէջ չէ որ այդպէս է, այլ՝ ամբողջ աշխարհի մէջ: Իտալիոյ հիւանդանոցը համաշխարհային է. ես հոն տեսայ աշխարհի չորս կողմերէն եկած հազարաւոր պզտիկներ: Չեմ գիտեր, թէ ո՛րն է պատճառը. շատ պատճառներ ու կասկածներ կան: Երբ որոշած էի վերադառնալ, շատեր զիս խրատեցին, որ չառնեմ այդ քայլը, Լիբանանի մէջ ապրիլը դժուար է, հարցերը շատ են, կլիման աղտոտ է: Բայց չէի կրնար չգալ, դժուար էր օտար երկրի մէջ ապրիլ, հեռու՝ ծանօթներէ, ազգականներէ, մանաւանդ որ Աւոյին հոգեկանը կը վատթարանար. պէտք էր գար քոյրը, ազգականները տեսնելու: Լիբանանը ինծի համար շատ սուղ է, իմ երկրորդ հայրենիքս է, հոս ծնած ու մեծցած եմ: Երազս է, որ Լիբանանի հարցերը լուծուին եւ մենք ուրախ ու խաղաղ ապրինք հոս:


-Պիտի ուզէինք նաեւ լսել հայկական միջավայրին մասին. արդեօք ձեզի օգնեցի՞ն պէյրութահայերը, ձեր շրջանակը օժանդակե՞ց եւ այդ առումով ինչպէ՞ս կրնաք նկարագրել ընդհանուր այդ մթնոլորտը, որ գոյացաւ երբ բոլորը իմացան, թէ Աւետիսը վատառողջ է եւ անմիջական օգտնութեան կարիքն ունի:

-Երբ առաջին անգամ Facebook-ի վրայ գրեցի, թէ Աւոն նուիրատուութիւններու պէտք ունի - անշուշտ Սերոբի օգնութեամբ այդ էջը պատրաստեցինք - անմիջապէս լիբանանահայ էջերը կիսեցին լուրը, ապա ամէն մարդ սկսաւ կիսել եւ կամաց-կամաց մեծցաւ շրջանակը՝ դառնալով համաշխարհային: Բացի Լիբանանի հայերէն՝ նաեւ աշխարհի հայերն ալ սկսան հետս խօսիլ: Չեմ գիտեր, ի՛նչ եղաւ, կարծես հրաշք մըն էր, ամբողջ աշխարհը՝ մօտիկներէն սկսեալ մինչեւ հեռաւոր հայեր, զորս նոյնիսկ չեմ ճանչնար, կողքիս կեցան: Երեսփոխաններ, պատասխանատուներ, ոչ միայն հայեր՝ այլ նաեւ անծանօթ լիբանանցիներ, Լիբանանի գեղեցկուհիներ, դերասաններ ճամբայ իջան եւ դրամ հաւաքեցին Աւոյին համար: Մեծ հպարտութիւն զգացի, երբ բժշկուհիս ըսաւ, թէ հայ երեսփոխանները որքա՛ն լաւ են եւ թէ հայերս ինչպէս կրցանք իրականացնել այսպիսի մեծ գործ մը: Պատահածը եդըըհըլ տեղամասի արդիւնքներու ծիրին մէջ։ տի առնուին ւէաթերթիկներու ուներուն հետ ի մի գալ։  անատուները։ ւղի րազի պէս էր, մեծ հրաշք մը: Շատ ուրախ էի, երբեմն կը կարծես, թէ առանձին ես, բայց Աստուած ըսաւ ինծի, որ դեռ մարդկութիւն կայ եւ առանձին չեմ: Որքան որ շնորհակալութեան խօսքեր ըսեմ, չեմ կրնար արտայայտել իմ ուրախութիւնը եւ երախտագիտութիւնը, պատահածը մէկ հոգիի գործի արդիւնքը չէր, այլ՝ միասնական ուժի մը:


-Որպէս մայր ի՞նչ սրտի խօսք ունիք ըսելիք բոլոր այն մայրերուն, որոնց զաւակները կը տառապին այս ծանր հիւանդութենէն, որ վերջին տարիներուն դարձաւ դարու հիւանդութիւնը եւ մէկէ աւելի առումով դարձած է մտահոգիչ երեւոյթ մը ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ աշխարհի մէջ. արդեօք որեւէ ձեւ կա՞յ չարաբաստիկ հիւանդութենէն փրկուելու:

-Իրականութեան մէջ այս իմ երկրորդ փորձառութիւնս է: Աւոն հինգուկէս տարեկանին ունեցած էր Leukemia (սպիտակարիւնութիւն) եւ բուժուած էր վեց ամիս շիմիոթերափի ստանալով, անկէ ետք մօտաւորապէս երկու-երկուքուկէս տարի քննութիւններու կ՚ենթարկուէր: Սակայն այս անգամ աւելի ծանր էր ու դժուար, մանաւանդ որ Աւոն այլեւս մեծցած էր եւ կը հասկնար: Որանկարելի բան չկայ. ան կրնայ բժշկել, բուժել եւ մէկական հրաշք դարձնել իւրաքանչիւր փոքրիկ, որ իր անմեղ մարմնին մէջ ունի այս չարաղէտ հիւանդութիւնը: Պէտք է միայն Աստուծոյ վստահիլ, մօր եւ կնոջ կարողութենէն վեր է ասիկա, զաւակը մեր տկար կէտն է, բայց Աստուած այդ ուժը կու տայ: Ես կը հաւատամ հրաշքներու, կը հաւատամ, որ այսօր այդ հրաշքին դէմ նստած կը դիտեմ զինք: Տէրը բարի գործակիցն է եւ հրաշքները կը պատահին:

 

Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս