image

Թիլելի ակումբի բնակիչները

Թիլելի ակումբի բնակիչները

Մաթիկ Էպլիղաթեան 

«Անկրկնելի Հալէպը» շարքէն


Սփիւռքը հայապահպանման եռանկիւն յենարան մը ունի` եկեղեցի, դպրոց եւ ակումբ: Մեր ակումբները այլ տեղեր կը կոչուին «Ժողովրդային տուն», այս անուանումը ընդհանրապէս Դաշնակցութեան ակումբներուն տրուած է:

Բառարանային իմաստով, ակումբ կը նշանակէ ժողով, երաստ, ընկերութիւն: Բառային այս չոր բացատրութիւնը բաւարար չէ ներկայացնելու մեր հասկացողութեամբ գաղթաշխարհի ակումբներու դրութիւնը` սկսելով ղեկավարման ձեւէն, մթնոլորտէն, հոն յաճախող հանրութեան կենցաղէն ու շատ մը այլ երեւոյթներէ, որոնք յատուկ են միջինարեւելեան մեր գաղթօճախներու ակումբային կեանքին:
Հայրենի ժողովուրդը եկեղեցւոյ եւ դպրոցի կառոյցներու կողքին, կարիք չէ ունեցած ակումբ հաստատութեան, հայապահպանման տագնապի չգոյութեան եւ ակումբային ծառայութիւնները փոխարինող պետական հոգածութեան առկայութեան պատճառով հիմնած է մարզադաշտեր, երաժշտանոցներ, արուեստի եւ մշակոյթի դպրոցներ:
Հալէպ քաղաքի հայութիւնը իր գաղափարական եւ յարանուանական բաժանումներու թիւի համեմատութեամբ ունեցած է տասնեակ մը ակումբներ, որոնց երդիքին տակ համախմբուած հայորդիք իրագործած են բազմաբնոյթ գործունէութիւն` մարզական, սկաուտական, մշակութային, բարեսիրական, կրթական եւ այլ բնագաւառներու մէջ:
Մեր ակումբը Թիլել պողոտայի յառաջամասին իւրայատուկ կառոյց մըն էր, քսաներորդ դարու սկզբնաւորութեան շինուած, հին քաղաքի սահմանին վրայ, որ ցարդ կանգուն կը մնայ, խառնուրդ մը` բազմայարկ բնակարաններու ոճի ու բակով տուներու, արտաքին տեսքով շէնք մը` խանութներով, որոնց վերի յարկն ալ բժիշկի մը դարմանատունն է: Ետեւի մասը` արաբական տուն մը, փողոցէն յատուկ դուռով, որուն շեմի աստիճանին մաշումէն յառաջացած փորուածքը կը վկայէ բազմահազար մարդոց հոն մտնելուն մասին, ապա անցքէ մը կը բացուի բակին վրայ իր լիւանով (արաբական բակերու մէջ կամարակապ բաց սենեակ) ընդունարան սրահով, յարակից 6-7 սենեակներով ու խոհանոցով:
Քառասունական թուականներու սկզբնաւորութեան հաստատուած այս ակումբը կէսդարեան պատմութիւն մը ունի` իր պատերուն մէջ պահուած, որուն աշխուժութիւնը ընդհատուեցաւ վիլլաներու շրջանին մէջ «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան կառուցումէն ետք:
Յիսուն տարիներու ընթացքին տասնեակ հազարաւոր հայորդիներ մուտք գործած են Թիլելի ակումբ, որ գաղափարական դարբնոց մըն էր մաքառումի ու գոյամարտի: Այսօր երկրագունդի վրայ տարածուած անծայրածիր գաղութներուն մէջ բազմաթիւ հալէպածին սրտեր կը բաբախեն` այս պատմական երդիքի յիշատակութեան մասին կարդալով:
Թիլելի ակումբը շարունակութիւնն էր նախապէս Ճիտէյտիէի մէջ գաղթական ժողովուրդին հիմնած համեստ ակումբի մը, որուն մասին կը պատմէին ծերունազարդ ընկերներ:
Այդ ակումբին մէջ հիմնուած էր «Քրիստափոր» գրադարանը, 1919 թուականին, բազմահազար հատորներուն մէջ դաջուած կնիքը վկայ, գրադարանը այս տարի բոլորեց իր հարիւրամեակը: Հանգրուան մըն ալ Թիլելի մէջ ծառայելէ ետք, մեսրոպեան լոյսի աղբիւրը իր պատուոյ տեղը ունեցաւ «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան մէջ:
Ակումբը ունի մշտական բնակիչներ, որոնք ընդհանրապէս յետմիջօրէէն մինչեւ երեկոյ կը հաւաքուին նարտի սեղաններուն շուրջ, որ միակ զբաղումն է, թղթախաղը բացակայ է հոս, նարտի մոլիները ամէնօրեայ ներկայութիւն են, որոնցմէ ոմանք հռչակուած են ախոյեաններ, կայ նաեւ դիտողներու ստուար խումբ մը, անոնք երբեմն շրջանակ մը կազմած` կը զրուցեն օրուան անցուդարձերուն մասին:
Այստեղ իսկական ընկերական մթնոլորտ կը տիրէ, «Ժողովրդային տուն» կոչուելու արժանի: Համեստ արհեստաւորը իր դիմաց խաղընկեր ունի միութեան ատենապետ բժիշկը, գործատէրը` իր պաշտօնեան, համալսարանական ուսանողը` իր բանուոր ընկերը, բարեկամութիւնները անկեղծ են, առանց որեւէ ակնկալութեան, հեռու` քաղքենի մտայնութենէ:
Ակումբի մուտքի դրան երկու կողմի պատերը քաղաքին մէջ տարածուած հայատառ մահազդները փակցուելու յայտնի կէտերէն էին: Նարտի քարերուն ձայնը կը լռէր այն օրը, երբ առաջին ներս մտնողն իսկ նկատէր անդամի մը մահուան գոյժը:
Հրաչ Փափազեանի անունով մկրտուած սրահի կեդրոնը մեծադիր եռագոյն շրջանակով զետեղուած է ՀՅԴ-ի զինանշանը` շրջապատուած հիմնադիր երրորդութեան նկարներով: Մեր արդի պատմութեան յեղափոխական եւ ֆետայական դէմքերը ալպոմի մը վերածած են այս սրահին պատերը, որ խոր տպաւորութիւն կը թողուն մուտք գործողին վրայ. մեզի համար այդ հերոսական եւ մտաւորական անուններուն յիշատակումը ցայսօր միտքի թռիչքով մը կը տանին հոն, ուր ապրած ենք մեր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան քաղցր յուշերով լեցուն օրերը:
Հալէպի մէջ ՀՄԸՄ-ը հիմնուած է 1926 թուականին, անոր բովանդակ պատմութիւնը, յաղթանակի բաժակներու, հանդիպումներու յուշադրօշներու, վահաններու եւ մարզական խումբերուն լուսանկարները ամբողջութեան մէջ թանգարանային մթնոլորտ մը կը ստեղծեն, սրահի կողքին ընդարձակ սենեակի մը մէջ, ապակեպատ ցուցափեղկին կեդրոնը կը հանգչի Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 1962 թուականի արծաթեայ բաժակը` թաւշապատ տուփի մը մէջ, ուր արձանագրուած է հանրապետութեան նախագահ Նազեմ Քուտցիի կողմէ յանձնուած ըլլալու մասին:
Փինկ փոնկի սեղանը զետեղուած է այստեղ, ակումբի հաւաքականի փորձերէն բացի` մարզական առողջ մթնոլորտի մէջ երիտասարդներ եւ պատանիներ իրարու հետ մրցելու առիթ ալ ունին: ՀՄԸՄ-ի քաղաքի բաժնի սկաուտական խումբերն ալ իրենց շաբաթական ժողովները կը գումարեն հոս:
Լիւանը տախտակապատուած եւ բաժնուած է երկու յարկերու, վարը զետեղուած է պէյպի-ֆութը, իսկ վերնատունը յատուկ է գայլիկներուն: Հաճելի է լսել տախտակամածի աղմուկը, երբ մատղաշ սերունդը հաւաքուած է հոն, անոնց կանչերն ու երգերը կ՛աւետեն ապագայի յանձնառու հայը:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբի փառքի օրերուն համակիրները քաղաքապետարանի դաշտէն հետիոտն կ՛ուղղուէին ակումբ, ճամբու ընթացքին սկսած տաք զրոյցները եւ մեկնաբանութիւնները կը շարունակուէին բակին եւ սրահին մէջ, որ նեղ կու գար, ոմանք շրջանակ կազմած` կը մնային մայթին վրայ, ընդհանրապէս փառաւոր յաղթանակներու կամ անտեղի պարտութիւններու պարագային, յաջորդ շաբթուան խօսակցութեանը շուկայի կամ դպրոցական զբօսանքներուն այս նիւթին շուրջ կը դառնար:
Ակումբի եռուզեռը իր գագաթնակէտին կը հասնէր Զատկուան տօնական օրերուն, միջմասնաճիւղային հանդիպումներու առիթով Լիբանանէն եւ Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ՀՄԸՄ-ականներ կը ժամադրուէին Հալէպ:
Ամրան պարտէզի բացումէն ետք եռուզեռը կը թեթեւնար, սկաուտական եւ մարզական խումբերու ժողովները կը գումարուէին հոն: Սրահի նարտի սեղաններն ալ բակ կը փոխադրուէին, ուր այնքան ալ հաճելի չէր տաք կլիմային ու դրացի անուշավաճառին գետնայարկի խոհանոցի պատուհաններէն ելած իւղի ծանր հոտին պատճառով:
Արեւմտեան կողմը, մայր մուտքին վրայ կան երկու գրասենեակներ` վարչական ժողովներու եւ պաշտօնական հանդիպումներու յատուկ: Գաղութին պատմութիւնը կերտած եւ իրենց քրտինքն ու վաստակը միախառնած բազմահարիւր դէմքեր տագնապած եւ խանդավառուած են այստեղ, յարգա՛նք իրենց յիշատակին:
Երէց ընկերները կը պատմէին, որ ականատես եղած են Պաաս կուսակցութեան հիմնադրութեան նախօրէին Զէքի Արսուզիին այցելութեան, Հրաչ Փափազեանին մօտ, լուսաբանուելու Դաշնակցութեան ծրագրին եւ ընկերվարական սկզբունքներու մասին:
Փափուկ սեռի ներկայութիւնը հազուադէպ էր: Ութսունական թուականներու սկզբնաւորութեան երիտասարդական միութեան երկսեռացումը հեշտօրէն ընդունուեցաւ` տարբեր մթնոլորտ ստեղծելով պահպանողական մտայնութիւն տիրող ակումբին մէջ, որմէ ետք մեր ընկերուհիներն ալ լծակից դարձան այրերուն:
Յիշատակութեան արժանի են ակումբի հայրիկները, որոնք կը կատարէին սուրճի, թէյի եւ զովացուցիչ ըմպելիներու մատուցումը: Սովորութիւն էր «Ամմօ» մակդիրը կցել անոնց անուան, այսպէս ունեցած ենք` Ամմօ Ժոզեֆը, Ամմօ Պօղոսը, Ամմօ Յովհաննէսը, Ամմօ Օննիկը: Բոլորն ալ արդարացուցած են իրենց կցուած մակդիրին յատկանիշները` իրենց գուրգուրանքը տածելով մատղաշ սերունդին հանդէպ:
Զանազան ձեռնարկներու, ցուցահանդէսներու, տօնախմբութիւններու նախօրէին զօրակոչ էր, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան օրերուն յոգնութեան անծանօթ էինք, ակումբին մէջ աշխատանքի ժամերը կը սահէին միչեւ լուսաբաց, համակարգչային եւ թուայնացման միջոցներով ձեւաւորման դրութիւն գոյութիւն չունէր, համեստ միջոցներով ստեղծագործելով, գեղագրելու ու գծագրելու մեր ձիրքերը ի սպաս կը դնէինք պատշաճ յարդարումի պատրաստութեան, ձեռնարկին յաջողութեամբ պսակումը մեր մեծագոյն գոհունակութիւնն էր:
Նոյնքան եռանդով կը պատրաստէինք, պատի թերթը, միշտ` ձեռագիր, զարդարուեստի նմուշներ ներկայացնելով ոտքի ընթերցողներուն:
Այդ ժամանակաշրջանի ընձեռուած պայմաններով երջանիկ էինք, քաղաքի միւս ակումբներու կեանքը կ՛ընթանար գրեթէ նոյնանման գործունէութեամբ, ուր կ՛այցելէինք հանրային ձեռնարկներու առիթներով:
Երկու ամիս առաջ Հալէպ կեցութեանս օրերուն, յաճախակի առիթներով անցայ Թիլել պողոտայէն` միշտ ակնթարթ մը կանգ առնելով ակումբի փակ դրան դիմաց, վերյիշելով յիսուն տարիներ առաջ մուտքս` որպէս պատանի, վերի յարկի սենեակը, ուր խմբապետ ունէինք, իր տեսակին մէջ հազուագիւտ հայորդի մը` մարդասիրութեան եւ հայրենասիրութեան ռահվիրայ տոքթ. Հրայր Յովակիմեանը:
Այս երդիքին տակ յղկուեցան հայու հոգիներ, բազմաթիւ սերունդներ ստացան ազգային եւ գաղափարական դաստիարակութիւն, զինուեցան զոհողութեան ոգիով, սորվեցան ընկերասիրութիւն ու ժողովուրդի ծառայութիւն: Վեց դարերու ստրկութենէ ետք, մեր պանծալի, փոթորկալից պատմութիւնը ճանչցան: Երդում ըրին միշտ բարձր պահել եռագոյն դրօշը` որպէս խորհրդանիշ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի: Դարձան ուխտեալ զինուորները Հայ դատին: Ազգային եւ հասարակական կեանքի մէջ աշխատելու դաշտը բացուեցաւ անոնց առջեւ, ու այս դրօշարշաւը փոխանցուեցաւ սերունդէ սերունդ եւ գաղութէ գաղութ… Այսօր ալ` մինչեւ հայրենիք:

 

 

«Ազդակ» օրաթերթ