image

Սփիւռք-Հակասփիւռք

Սփիւռք-Հակասփիւռք

Դէպի ո՞ւր կը տանին «Գում Գաբու»ի ներսի թաղերը։

Թաց ու խոնաւ, աղմկոտ, յաճախ ցեխոտ, աղմկարար ու անհանգիստ։

Մեր քայլերն անհանգիստ են, խօսակիցս հպարտօրէն կը պատմէ, որ այս թաղերուն ո՛ւր ըլլալն անգամ չի գիտեր։

Չէ ճանչցած հին «Գում Գաբու»ն, որուն ամէն անկիւնը հայու դրոշմ մը կար... ու հիմա չկայ։

Չկան հին անունները, իսկ նորերը ոչ մէկ աղերս ունին հիներուն հետ։

Աշխարհներու հատման տեղն է «Գում Գաբու»ն, որուն վաւերական վերջին սիւնը մեր պատմութեան ու վիրաւոր անցեալի սրտին մէջ մխրճուած դաշոյն է կարծէք։

Կէս ձգուած սիւնի մը ստուերը եւ հինէն բարձրացող շուքի մը պատումը… ու ասոր վրայ բարդել Միջին Ասիայէն Իսթանպուլ հոսող ամենատարբեր ժողովուրդներու կեռ հայեացքը, սուր գլխարկները, աղն ու հացը, ժամադրութիւնը ժամանակի սլաքներուն հետ ու... առեւտուրը։

Մաքուր նիւթափոխանակութեան եւ մշակոյթներու ամենէն յետին խազերուն տեղատուութիւնը եւ դէպի հեռուները գացող ճանապարհորդներու կիսով չափ անքուն հայեացքն ու սպասումը։

-Կ՚ըսեմ իրեն, եկուր այս աշխարհը տեսնենք. ան ալ մեր աշխարհն է, անոր մէջ մեր հոգին իր հանգիստ թռիչքը կը պատրաստէ ու հոգ չէ, որ կօշիկներդ ձեխին մէջ խրուելով է, որ պիտի հատես այս ճամբու ամբողջ ընթացքը...

Հոգ չէ, որ պիտի սայթաքիս, կամ ծուռ հայեացքով պիտի նային քեզի ու վերէն վար չափէն մէյ մը ու հասկնան, կամ առնուազն հասկնալ փորձեն, անուն- մականունդ։

Ամէն տեղ նոր սկիզբի մը համար ենք։ Հինը թողած, անցեալը մոռցած մեծ ճամբորդողի ապիկար դերին մէջ, որ իբրեւ թէ ելած ենք լաւ կեանք մը փնտռելու առաջին սանդուխին։

Հինը մոռնալու պէս, ուրացողի պէս արագ մեր պայուսակները կը հաւաքենք, ճամպրուկը կը կապենք ու դարձեալ կը յայտնուինք հեռու-հեռաւոր ափերու վրայ։

-Մեր փնտռածը արդարութիւնն է,- կ՚ըսեն շատեր ու կ՚առարկեն, որ հոն (որ անցեալին հոն ըլլալէն առաջ կը կոչուէր՝ հոս..) արդար չէր կեանքը իրենց համար։

-Ճնշուած էինք մենք,- տակաւին կ՚ըսեն ուրիշներ, ճնշուած էին հոն (որ անցեալին հոն ըլլալէն առաջ կը կոչուէր հոս...) ու ատոր համար ալ հեռացանք։

-Այդ տարիներուն բարձրաձայն հայերէն խօսիլը արգիլուած էր, կ՚ըսեն ուրիշներ ու կը պատմեն, որ քանի-քանի անգամներ հոն (որ անցեալին հոն ըլլալէն առաջ կը կոչուէր հոս...) փողոցին մէջտեղ իրենց մայրն ու մեծ մայրը բարձրաձայն վիճած են, պարզ անոր համար, որ երեխան - մամա ո՞ւր պիտի երթանք, - բացագանչած էր։

Եւ այսպէս հարիւր տեսակի պատրուակներու կամ մանուած ոստայններու վրայով կը սահի մեր անցեալը եւ մենք հլու ու անկազմակերպ կը մտնենք աշխարհի մեծ հալոցներուն մէջ, մեր անցեալը հալեցնելու, մեր անունը փոխ տալու, մեր գիրքերն ու նշխարները այդ հալոցին մէջ ծախելու...

Մէկ խօսքով կը մեռնինք։ Ու չենք հաւատար, որ օր մը մէկը, փրկութեան խաչը իր ձեռքին պիտի գայ մեզի ճիշդ ճանապարհը ցոյց տալու։

Վաղ ութսունականներուն Վահէ Օշականը կը գրէր, որ մենք ազգովին կը գանինք, կը զզուինք մեր սերմէն։ Իսկ այսօր, մեր սերմն ու սէրը մէկդի դրած ենք եւ կը մտածենք ինքնարդարացումներու մասին։

Այսօր մենք կը զզուինք մեր հողէն։ Մեր ինքնութենէն, մեր բառէն, մեր շունչէն, մեր եսէն ու մեր հաւաքական անցեալէն։

Մեր թաղերը լքած ենք ու մեր տուները դատարկած։ «Գում Գաբու»ն մէկ օրինակն է միայն, յար եւ նման Պէյրութի Զոքաք ալ Պլաթ թաղամասին, կամ աւելի ուշ Հալէպի ամենահայկական համարուող կարգ մը թաղամասերուն։

Ամէնուրեք կը նահանջենք, ու ասիկա երբեք, երգով նահանջելու պատմութեան չի նմանիր։

Անգամ երգելու ժամանակ չունինք, իսկ անոնք որ մեր մէջ լաւ ձայն ունին եւ ունակ են շէնք-շնորհք երգ մը երգելու, արդէն իսկ նեղացած են մեզմէ, նեղացած են իրարմէ եւ անկիւն մը քաշուած իրենց պատեանին մէջ մտած՝ եսի կեանք մը կը վարեն։

Հիմա այսքան մոխրագոյն պատկերին վրայ, այսքան կորուստներէ ու այսքան ամեհի նահանջէ ետք՝ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ լեզուով պիտի խօսինք վաղուան մասին։ Ուրկէ՞, ո՞ր դռնէն պիտի մտնենք ու մեր հին բանալիներով բանանք դռները Պոլսոյ հին «Գաբու»ներուն ու հոն ալ կարճ ատենով մը մայթին ծայրը կանգ առնենք, պահ մը լռենք ու նայինք, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ պիտի նետենք մեր յաջորդ քայլը։

Նախ պիտի սիրենք այս հողերը, պիտի սիրենք, ոչ միայն անոր համար, որ այս հողերուն տակ, այս հողերուն վրայ կանգնեցուած քարեղէն կառոյցներուն մէջ, այս հողերէն դէպի հեռուները տանող ճանապարհներուն վրայ եւ քիչ մը ամէն տեղ մեզմէ կտոր մը կայ...

Մենք կանք, կայ մեր անցեալը, կայ մեր աւիւնը, կայ մեր հոգին եւ կայ մեր երգը։

Պիտի սիրենք, ոչ միայն անոր համար, որ մեր նախնիները անցած են այս հողերու ցաւի ճանապարհներէն, այլ պիտի սիրենք, որովհետեւ մեր տունն ալ հոս է։

Պիտի սիրենք, որովհետեւ այդ սէրն է միայն, որ մեզ դէպի լաւ ափ մը պիտի առաջնորդէ, լազուարտ կապոյտին վրայ եւ հեռու նայող բարձր սարերու ոլորան ճամբաներուն վրայ։

Քէն ընելու ժամանակ չունինք, մեր թեւերը լայն պիտի բանանք, եթէ կը հաւատանք, որ մենք ալ պիտի ապրինք ու պիտի ապրինք մեծ հոգիով ու մեծ հաւատքով։

Մեր ճակատագիրը քէն պահելով ապրիլը չէ, գիտեմ, ես ալ գիտեմ, որ մեծ ցաւերէն կու գանք։ Մեծ վէրքին մէջէն անցած ենք ու մեր մարմինը հազար կտոր ըլլալէ յետոյ, այսօր նոր ձեռքեր ունի, ունի նոր ոտքեր, նոր մարմին եւ նոր հասակ...

Այսօր մենք նոր մարդ ենք։ Նորին հաւատացող մարդ ենք, նորին համար պայքարող, նորը կերտող ու աշխարհին ձեռնոց նետող մարդու պէս ենք։

Ամէն տեղ դրած ենք կայմեր, ամէն տեղ ունինք անուններ, այդ անուններէն դուրս վազող գոյներ, հսկայական նաւակներ, դրամ, ոսկի եւ ադամանդ։ Ունինք այս բոլորը եւ ունինք մեզի ի վերուստ տրուած ամենահզօր մաքրութիւնը։

Մենք մարդու սպիտակ հանդերձանքով կը նայինք աշխարհին ու մահուան յաղթող Յիսուս մարդու որդիին նման կը խօսինք այս աշխարհի ցաւերուն մասին։

Բարձր տեղերէն կը նայինք տիղմերուն ու յաճախ ալ ձեռք կը մեկնենք անոնց, որոնք վիրաւոր են ու անտունի։

Մենք մահուան յաղթողներ ենք։

Կը մնայ մէկ բան միայն, որ հաւատանք այս հողին։ Չատենք մեր եսը եւ չզզուինք այս հողի ընթերքներուն մէջ պահուած մեծ կարօտներէն։

Այդ կարօտին մէջ է մեր վերջին պահը, մեր վերջին փրկութիւնը։

Մենք սփիւռք չենք, մենք տուն ենք, երդիք, օճախ ենք հեռու-մօտիկ անցորդներուն տաք սենեակն ենք։

Սփիւռքէն անդին են մեր ձեռքերը ու մեր կարօտը այս հողերու ընթերքին տակ, մեր փրկութեան վերջին լաստն է։

 

Սագօ Արեան

«Ժամանակ»/Պոլիս