image

Սուրբ Ծննդեան Խորհուրդը

Սուրբ Ծննդեան Խորհուրդը

Մարդ, քանի որ բնաւորութեամբ օժտուած էակ մըն է, խորհող, մտածող, երեւոյթի մը պատճառներուն եւ նպատակին հետ հետաքրքրուող, միշտ իմաստ մը փնտռող, ան իր մտքին մէջ ունի հարցումներ, որոնք կը զբաղեցնեն իր միտքը։ Հարցումներու շարք մըն է ասիկա, որոնց ամենակարեւորներն են՝ «ինչո՞ւ»ներ, «ինչպէ՞ս»ներ եւ «ի՞նչ»եր…։

 

Մարդ միշտ փորձած է գոհացուցիչ պատասխան մը գտնել իր հարցումներուն։

 

Ահաւասիկ, այս հարցումներէն մէկը եւ թէ կարեւորագոյնն է՝ Յիսուս ինչո՞ւ ծնաւ որպէս մարդ՝ ինչո՞ւ աշխարհ եկաւ, աշխարհ ղրկուեցաւ եւ ինչո՞ւ մարմնացաւ եւ մարդացաւ։

 

Այս հարցումին համառօտ պատասխանը կրնայ ըլլալ.- Որովհետեւ Հօր Աստուծոյ կամքը ա՛յդպէս էր։ Բայց այս պատասխանին պիտի յաջորդէ նաեւ երկրորդ հարցում մը.- Ինչո՞ւ համար Հօր Աստուծոյ կամքը այդպէս էր։

 

Արդարեւ այս «ինչո՞ւ»ն ունի բանաւոր պատճառաբանութիւն մը, քանի որ Աստուած Ի՛նքն է ամէն զօրութեան, ամէն կարողութեան ակն ու աղբիւրը։ Ի՛նք կարող էր կարգադրելու եւ իրականացնելու Իր կամքը։ Ինչո՞ւ համար ուրեմն Ի՛նք ուղղակի չմիջամտեց, ուղղակի ի գործ չդրաւ մարդկութեան համար այն «ծրագիր»ը՝ զոր ի գործ դրաւ «փոխանորդ»ի մը միջոցով, փոխանորդի մը կամ միջնորդի մը ձեռքով՝ որ էր Իր ա՛յնքան սիրելի Միածին Որդին։ Ուրիշ բացատրութեամբ, ինչո՞ւ համար Հայր Աստուած չվերաբերուեցաւ մարդոց հետ այնպէս՝ ի՛նչպէս վերաբերեր էր «Հին Ուխտի տնտեսութեան» ընթացքին։ Արդարեւ, նախ քան Յիսուսի մարդեղութիւնը, այսինքն Ծնունդը որպէս մարդ, հազարաւո՜ր տարիներ, դա՜րեր տեւած էր, եւ թէ կը տեւէ Հրէական հաւատալիքներու մէջ՝ այդ ժողովուրդի աւանդութիւններով։

 

Հայր Աստուած Իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ եւ Իր Որդւոյն միջոցաւ խօսեցաւ մարդոց, եւ բացայայտ կերպով յայտնեց եւ գործադրեց իր կա՛մքը։ Եւ կամ կարելի է ըսել. Հայր Աստուած Իր վեհափառութիւնը, Իր ամենակարողութիւնը, Իր ամենակալութիւնը եւ ամենատեսութիւնը «քօղարկեց» մարդոցմէ Իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսով։

 

Հին Ուխտի տնտեսութեան մէջ Աստուած քօղազե՛րծ էր. կը լսուէր, կը տեսնուէր եւ անմիջական հաղորդակցութեան մէ՛ջ էր մարդոց հետ, որոնց կեանքը կը ձեւաւորէր, կը կազմաւորէր, կ՚առաջնորդէր Իր իսկ ուղղակի՛ հրամաններովը։

 

Բայց «Ինչո՞ւ». աւելի յստակ եւ դիւրըմբռնելի ընելով հարցումը. քանի որ Աստււած նպատակ ունէր, Հայր Աստուծոյ նպատակն էր մեղաւոր մարդկութիւնը փրկել, հապա ինչո՞ւ համար առանց միջնորդի, առանց դեսպանի կամ առանց փոխանորդի չկատարեց փրկութիւնը։

 

Անշուշտ Հայր Աստուած կարո՛ղ էր Ինք կատարելու եւ իրականացնելու այդ փրկութիւնը՝ ո՛չ մէկ տարակոյս այս մասին, քանի որ Ան ամենակարող է եւ ամենակալ։ Միթէ կարելի՞ է խորհիլ, թէ Ինք անկարող էր այդ մասին…։

 

Եթէ պահ մը փորձենք խորհիլ, թէ անկարող էր, այդպէս ենթադրենք, թէ Աստուած Ինք չունէր այդ կարողութիւնը, ի՛նչ որ կը հակասէ Իր ամենակարողութեան, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս կրնար աւելի կարող ըլլալ Իր Որդին։

 

Եւ եթէ կարող է. եւ աներկբայօրէն եւ անհաշուելիօրէն, բացարձակապէս կարո՛ղ է Աստուած, ինչո՞ւ համար իր կարողութիւնը «փոխանցեց» իր Միածին Որդւոյն եւ մարդոց փրկութեան գործը յանձնեց եւ վստահեցաւ Անոր։ Ահաւասիկ, կարեւոր եւ կենսական «ինչո՞ւ» մը, որ կը զբաղեցնէ մարդուս միտքը գոնէ ամէն Սուրբ Ծննդեան տօնին։

 

Մարդկային խորհող ե՛ւ հաւատացող միտքը համառօտ պատասխան մը գտնել կը փորձէ այս հարցումին։ Չէ՞ որ պէտք է հաւատալով հասկնալ եւ հասկնալով հաւատալ, եւ այս է զօրաւոր հաւատքին հիմը։

 

Յիսուսի մարդեղութիւնը, այսինքն որպէս մարդ ծնունդը անհրաժեշտ էր, քանի որ ո՛չ թէ Աստուծոյ փրկարար զօրութիւնը պիտի յայտնէր միայն, հապա նաեւ՝ այդ անհո՜ւն զօրութեան ներգործութեան իրողութիւնը պիտի ցոյց տար իր ապրած տիպար կեանքովը։

 

Մարդկային բնութիւնը այնպէս է, որ խօսքէ աւելի գործէ կ՚ազդուի, այսինքն «տիպա՛ր»ն է, որ աւելի կը տպաւորէ եւ գործնականի կը վերածէ խօսքը։ Մարդ լսածէն աւելի տեսածին կը հաւատայ։ Ահաւասիկ այս պատճառով է, որ պէտք է հաւատալով հասկնալ եւ հասնկալո՛վ հաւատալ։ Եւ Յիսուսի Ծնունդն ալ այս իրողութեան պատճառով է, որ կատարուեցաւ։ Յիսուս մարդացաւ, պէտք էր որ մարդանար, այսինքն աշխարհ գար որպէս մարդ, որպէսզի մարդիկ «տեսնէին», «հասկնային» եւ «հաւատայի՛ն»։ Արդէն Յիսուս Իր Ծնունդէն իսկ մինչեւ Իր խաչելութիւնը, ամբողջ կեանքին մէջ եղաւ «Տիպար» մը եւ այդ պատճառով մարդիկ տեսնելով, հասկնալով հաւատացին։

 

Այս է Սուրբ Ծննդեան պատճառը եւ նպատակը։ Ուստի փրկող զօրութիւնը անծանօթ չէր քանակութեամբ, այլ՝ կենդանի օրինակը՝ տիպարը այդ զօրութեան եւ կարողութեան յայտնութեան մարդուն մտքին ե՛ւ սրտին մէջ։

 

Աստուծոյ Միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, Աստուածորդին «պարպուեցաւ», ինչպէս կը վկայէ Առաքեալը, Իր իսկ աստուածութենէն եւ մարմնացաւ, մարդացաւ՝ ծնաւ, ենթակայ մարդկային ամէն փորձութիւններու, բայց առանց երբեք փորձուելու որպէս «կատարեալ մարդ», որովհետեւ աստուածային զօրութեամբ լեցուած եւ պաշտպանուած էր «պարսպապատ քաղաք»ի մը պէս։ Ան որքան ծնաւ որպէս կատարեալ մարդ, բայց միշտ պահեց Իր աստուածային բնութիւնը Իր մէջ։ Պարզապէս կենդանի օրինակ մը՝ տիպա՛ր մըն էր Ան արտաքնապէս, բայց ներքնապէս միշտ ունեցաւ աստուածային բնութիւն որպէս Որդին Աստուած։

 

Մարդիկ գիտէին, թէ Աստուած ամենազօր է եւ ամենակարող եւ կրնայ քանդել ամբողջ տիեզերքը իր հիմերէն, քանի որ Ինք էր, որ ստեղծած էր ամբողջ տիեզերքը ամբողջ պարունակութեամբ, եւ դարձեալ վերաշինել զայն, բայց մարդիկ չէին գիտեր, թէ ինչպէ՞ս կը յայտնուի մարդ էակին մէջ եւ ի՞նչ կ՚ըլլայ արդիւնքը երբ յայտնուի։ Աստուծոյ զօրութեան եւ կարողութեան յայտնութեան փորձարկական առաջին ցուցադրութիւնը կամ վկայութիւնը մարդկային կեանքին մէջ եղաւ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղեալ կեանքը, որ սկիզբ առաւ Սուրբ Ծնունդով։

 

Ուրեմն ինչո՞ւ մարդացաւ եւ ծնաւ Յիսուս։

 

Եթէ չմարդանար Յիսուս՝ Աստուծոյ Որդին, ի՞նչ կը պատահէր։

 

Եթէ չծնէր, չմարդանար Աստուծոյ Որդին՝ պիտի կրնա՞ր Աստուծոյ զօրութեան երկրաւոր ներկայացուցիչը ըլլալ, բայց «անկարող» պիտի ըլլար, իբրեւ մարդ, ցոյց տալու անվիճելի ստուգութեամբ, մարդոց կողմէ հասկնալի կերպով, այդ զօրութեան սրբացուցիչ, վերանորոգիչ, կենսաւորիչ ներգործութիւնը. «Ես եւ Հայրը մէկ ենք»։

 

Իբրեւ Որդի Աստուծոյ՝ արդէն մէկ էր Ան Աստուծոյ հետ, բայց իբրեւ Որդի Մարդոյ ալ մէկ եղաւ եւ այդպէս մնաց։ Ան եղաւ Ճշմարտութիւն, Կեանք եւ Ճամբա՛յ։ Եւ այս կերպով Ան ապացուցուց, թէ ամէ՛ն մարդ եւս, անխտիր կրնայ այս փրկարար զօրութեամբը եւ կարողութեամբը նմանիլ Իրեն, եւ Իրեն պէս նոյնանալ Աստուծոյ հետ, կամ, մէ՛կ ըլլալ Աստուծոյ հետ։

 

Ուստի Աստուծոյ Միածին Որդին ծնաւ՝ մարնացաւ եւ մարդացաւ նպատակի մը համար։

 

Մարմնացեալ եւ մարդացեալ Որդին Աստուած՝ Յիսուս Քրիստոս իր առաքելութիւնը կատարեց խօսելով, քարոզելով եւ նաեւ Իր իսկ կեանքին տիպարով որպէս մարդ՝ կատարեալ մա՛րդ։

 

Աւետարանը Աստուծոյ միտքն է. իմաստութիւնը, սէրը, կամքը. լոյսն է, կամ, ինչպէս կ՚որակուի. «Գանձարանը յաւիտենական ճշմարտութիւններու», զորս՝ երբ լսեն, երբ սորվին, եւ որոնց՝ երբ հետեւին, մարդիկ կրնան փրկուիլ կորուստէ, եւ երկրի վրայ ապրիլ իրենց շնորհուած կեանքը՝ որպէս արժանի զաւակներ Տէր Աստուծոյ։

 

Եւ բոլոր այս ճշմարտութիւնները, զորս Հայր Աստուած յանձներ եւ վստահեր էր Իր Որդւոյն, իբրեւ Իր փոխանորդը, Իր «դեսպան»ը, եւ որ Ինքն Որդին ալ ունէր աստուածային բնութիւն, պէտք էր որ հաղորդէր մարդոց իր «մարդ» կերպարանքով։ Յիսուս Իր առաքելութիւնը կատարեց հաւատարմութեամբ՝ հաղորդեց մարդոց ի՛նչ որ Հայրը յանձնած էր Իրեն։

 

Յիսուս, արդարեւ, չէր կրնար աշխարհ գալ, մարդանալ, լեցուած Աստուծոյ Հոգիովը եւ մտքովը, եւ լռել։ Ուստի «լռել» պիտի նշանակէր ուրացումը իր առաքելական պաշտօնին։ Եւ Յիսուս մարդացաւ՝ ծնաւ աշխարհի մը մէջ՝ ուր կը գտնուէին շատ մը «քարոզիչ»ներ, եւ ո՛չ միայն շատ, այլ՝ զօրաւո՛ր։ Յիսուս քարոզեց նաեւ չէզոքացնելու համար «հեթանոսական քարոզութիւններ»ու մոլորեցուցիչ հետեւանքները, այլ արդեամբ «նոր կեանք»ի տենչը եւ իտէալը ստեղծելու համար։ Յիսուս «Լո՛յս» էր, Ան ծնաւ որպէս «լոյս աշխարհի» եւ Լոյսը պէտք էր եւ պէ՛տք է որ փայլի. Ճշմարտութիւնը պէտք է որ հաղորդուի եւ Կեանքը պէտք է որ ապրուի Աստուծոյ կամքին համաձայն։ Յիսուս ալ ծնաւ, որպէսզի հաղորդէ Ճշմարտութիւնը Իր իսկ կեանքին տիպա՛րով…։

 

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

 

 

«Ժամանակ»/ Պոլիս