image

Ծերակոյտի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը վշտացուցած Է Պոլսոյ նորընտիր պատրիարքը

Ծերակոյտի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը վշտացուցած Է Պոլսոյ նորընտիր պատրիարքը

Անցեալ ամիս ես պատասխանեցի Պոլսոյ նորընտիր պատրիարք Սահակ Բ. եպիսկոպոս Մաշալեանի՝ թրքական թերթին տուած հարցազրոյցին, ուր ան քննադատած էր ԱՄՆ Ծերակոյտի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը:

Այդ օրէն ի վեր, հայոց աշխարհը անհանգստացած է, որ պատրիարքը շարունակած է հարցազրոյցներ տալ թրքական լրատուական միջոցներուն՝ կատարելով թրքամէտ եւ հակահայկական մեկնաբանութիւններ: Ինչպէս գրած էի նախապէս, հասկնալի է, որ Սթամպուլի հայկական համայնքի մնացորդները պատանդ բռնուած են թրքական վարչակարգի դաժան ձեռքերուն մէջ: Հետեւաբար, մենք պէտք է յստակ ըմբռնումով մօտենանք անոնց կասկածելի արտայայտութիւններուն։ Այսուամենայնիւ, ոչ բոլոր յայտարարութիւնները կը կատարուին ճնշման տակ: Անոնց ժխտական յայտարարութիւններէն մէկ քանին կը կատարուին իրենց սեփական կամքով՝ առանց թրքական կառավարութեան կողմէ որեւէ տեսակի ճնշումի: Երբեմն, Թուրքիոյ կարգ մը հայեր հակահայկական յայտարարութիւններ կ՛ընեն պաշտպանելու համար թուրք պաշտօնեաներու հետ իրենց ունեցած գործարար ձեռնարկները, կամ պահպանելու համար իրենց աթոռները՝ սիրաշահելով թրքական իշխանութիւնները։ Ուստի, ինքնաբերաբար պէտք չէ գալ այն եզրակացութեան, որ պէտք է զերծ մնալ անոնց թրքամէտ յայտարարութիւնները քննադատելէ միայն այն պատճառով, որ անոնք Թուրքիա կ՛ապրին: Ամէն ինչ կախուած է յայտարարութեան հանգամանքներէն եւ այն աստիճանէն, թէ ինչ թափով պոլսահայը կը յարձակի հայ ժողովուրդի եւ անոր քաղաքական պահանջներուն վրայ։

Թրքական «Միլլիէթ» եւ «Սապահ» թերթերուն հարցազրոյցներ տալէն ետք պատրիարք Մաշալեան շարունակած է մնալ թրքական լրատուական միջոցներու ուշադրութեան կեդրոնը։  2 Յունուար 2020ին ան «Աքշամ» թերթին ըսած է, որ սփիւռքահայերը եւ պոլսահայերը կապ չունին միմեանց հետ եւ թէ Սփիւռքը հարիւր տարի ետեւ մնացած է։

Պատրիարք Մաշալեան աւելցուցած է․ «Թուրքիոյ մէջ բոլոր փոքրամասնութիւնները համակարծիք են, որ մենք մեր ամէնէն հանգիստ ժամանակաշրջանը կ՛ապրինք նախագահ Էրտողանի իշխանութեան տարիներուն»։ Պատրիարքը, կարծես թէ, մոռցած է, որ վերջին 12 տարիներուն հայ համայնքին թոյլ չեն տուած փոխարինող պատրիարք ընտրել այն բանէն ետք, երբ նախկին պատրիարքը կը գտնուէր մահաքունի մէջ։ Էրտողանի կառավարութիւնը նաեւ արգիլած էր Թուրքիոյ մէջ շարք մը հայ հոգեւորականներու մասնակցութիւնը պատրիարքական ընտրութիւններուն՝ պարզապէս այն պատճառով, որ անոնք կը ծառայէին Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս գտնուող եկեղեցական ծուխերու մէջ։ Պատրիարք Մաշալեան, ամենայն հաւանականութեամբ, չէր ընտրուեր, եթէ միւս թեկնածուներուն թոյլ տրուէր մասնակցիլ ընտրութիւններուն:

«Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանէն ի վեր փոքրամասնութիւններու խնդիրները օգտագործուած են Թուրքիոյ ներքին գործերուն միջամտելու համար: Մենք չենք ուզեր, որ այս հարցին պատճառով Թուրքիա վնասներ կրէ միջազգային քաղաքականութեան մէջ: Մենք այս երկրին քաղաքացիներն ենք, եւ այս երկրին դէմ ուղղուած որեւէ խօսք մեզ եւս կը վիրաւորէ», ըսած է պատրիարքը «Աքշամ» թերթին։

Աւելին, Պոլսոյ պատրիարքը յայտարարած է, որ «Հայկական Սփիւռքը մեզի հետ կապ չունի: 1915ը եւ անոր յաջորդող յիշողութիւնները փոխանցուած են սերունդէ սերունդ։ Անոնք տեսած են, որ այս հարցը առնուազն կը պահպանէ իրենց միասնութիւնը եւ կը ստեղծէ ժխտական հաւաքական գիտակցութիւն: Ստեղծուած է ողբերգութեան վրայ հիմնուած հաւաքական գիտակցութիւն։ Անոնք չեն ուզեր կորսնցնել զայն։ Իսկ մենք այդ դէպքերէն ետք մնացած ենք այս հողերուն վրայ։ Մենք որոշեցինք ապրիլ այլ ներկայացուցիչներու հետ միասին։ Սփիւռքը հարիւր տարի ետեւ մնացած է․․․: Մեր եւ Սփիւռքի կողմէ իսլամութիւնը հասկնալու ձեւին մէջ տարբերութիւն կայ։ Իրականութեան մէջ ժողովուրդը շատ աւելի մեղմ է: Ան այս մասին կը յիշէ Ապրիլ 24ին եւ կը մոռնայ մինչեւ յաջորդ Ապրիլ 24»։

Շարունակելով իր հակահայկական խաչակրութիւններուն արշաւանքը, պատրիարք Սահակ Բ. 2 Յունուար 2020ին թրքական NTVին ըսաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող ԱՄՆ Ծերակոյտի բանաձեւը «վիրաւորած է զիս»։ Պատրիարքը նաեւ ըսաւ. «Մենք Սփիւռք չենք: Մենք միշտ եղած ենք հոս եւ մնացած ենք այս երկրին մէջ: 1915 թուականի դառն իրադարձութիւններէ ետք մենք որոշեցինք հոս մնալ։ Մենք 105 տարի ապրած ենք այլ կերպ, քան սփիւռքահայերը: Անոնք գոյատեւած են 1915 թուականի ցաւի դառն յիշողութիւններով, զորս փոխանցած են սերունդէ սերունդ: Մենք վերապրած ենք այդ ցաւը։ Մենք զայն չենք մոռցած, սակայն վերապրած ենք զայն։ Տեղի ունեցած է համակեցութեամբ ապրելու կախարդանք»։

Պատրիարք Սահակ Բ. ունեցած է հակասական անցեալ՝ տարօրինակ տարբեր միջադէպերով: Սակայն հիմա ես կը նախընտրեմ չանդրադառնալ այդ հարցերուն։ Հաճելի չէ յարձակիլ բարձրաստիճան հայ հոգեւորականի մը վրայ։ Պարզապէս կը փափաքիմ հակիրճ մէջբերում ընել պատրիարքի 2017 թուականի գրածէն․ «Եկեղեցիին նուիրած եմ իմ կեանքը, իմ երիտասարդութիւնը եւ իմ տղամարդկութիւնը: Ես ընտանիք չունիմ։ Վեց տարի ապրած եմ Պատրիարքարանի 20 քառակուսի մեթրնոց սենեակին մէջ»:

Պատրիարք Սահակ Բ.ի՝ թրքական լրատուական միջոցներուն ըրած յայտարարութիւնները, իր իսկ պաշտօնավարման ժամկէտին սկիզբը, նոյնիսկ նախքան գահակալութեան հանդէսը, լաւ նշաններ չեն: Բազմաթիւ հայեր, ինչպէս Թուրքիոյ ներսը, այնպէս ալ դուրսը, կը բողոքէին, որ անոր մրցակիցը՝ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան, խիստ ենթակայ էր թրքական իշխանութիւններուն: Թէեւ այսպիսի պահուածք մը որոշ չափով հասկնալի է՝ հաշուի առնելով թրքական իշխանութիւններու կեղեքիչ բնոյթը, սակայն նորընտիր պատրիարքը շատ աւելիով գերազանցած է իր մրցակիցին հնազանդ պահուածքը:

Պատրիարք Սահակ Բ.ի ինքնանուաստացուցիչ խօսքերը թրքական լրատուական միջոցներուն, պարզապէս, Հայոց Ցեղասպանութեան թրքական ժխտողականութեան կրկնութիւնն են եւ ԱՄՆ Ծերակոյտի կողմէ վերջերս տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մերժումը: Աւելին, համադրուելով թրքական կառավարութեան հետ՝ պատրիարքը ինքզինք եւ Թուրքիոյ հայ համայնքը կը հեռացնէ Սփիւռքէն, ինչպէս թուրք իշխանաւորները արգիլեցին Սփիւռքի մէջ ծառայող թրքահայ հոգեւորականներուն մասնակցելու պատրիարքական ընտրութիւններուն:

Պատրիարք Սահակ Բ. կ՛ապրի իր նոր պաշտօնին մեղրամիսը: Այսուամենայնիւ, ինչպէս տեսանք նախապէս, Թուրքիոյ կառավարութիւնը որեւէ ատեն կրնայ ուժեղացնել ճնշումը տեղւոյն հայ համայնքին վրայ: Երբ նման բան տեղի ունենայ, հայկական Սփիւռքն է, որ պիտի փորձէ օգնութեան հասնիլ Թուրքիոյ հայ համայնքին՝ անտեսելով պատրիարքի անբաղձալի խօսքերը ընդդէմ Սփիւռքի․․.

Աւելին, ես գիտեմ, որ պատրիարքը Սփիւռքի քննադատական յայտարարութիւնները կ՛օգտագործէ թրքական իշխանութիւններու մօտ բարենիշներ շահելու համար:

 

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան