image
Հրատապ լուրեր:

Հրանդ, սիրելի «ախբարիկ»...

Հրանդ, սիրելի «ախբարիկ»...

2007 թուականի 19 յունուարին, ճիշդ այն ժամուն, երբ դաւադիր կրակոցով Պոլսոյ իր խմբագրատան թաղը, ինկաւ հայ լրագրող, հրապարակախօս Հրանդ Տինք, իր հիմնած «Ակօս» թերթի խմբագրութեան գրաշարները կը շարէին Հրանդի վերջին յօդուածը, որ գրած էր թրքերէնով, եւ արդէն հայերէնի թարգմանուած լոյս պիտի տեսնէր «Ակօս»ի մէջ… Յօդուածը Հրանդ Տինք խորագրած էր՝ «Հոգեվիճակս վախուորած աղաւնիի կը նմանի»: Այդ յօդուածով Թուրքիոյ յայտնի հայ լրագրողը կը պատմէր, թէ ինչպէս իր հրապարակախօսութիւնը, զինք թիրախ դարձուցած է Թուրքիոյ արդարադատութեան, որու ղեկավարները, ինչպէս Հրանդ Տինք նշած է յօդուածին մէջ, իրենց կարդացածը ճիշդ ըմբռնելու ունակութիւն չունին եւ ժողովուրդի մօտ այնպիսի կերպար ստեղծած են, թէ Հրանդ Տինքը կը նսեմացնէ Թուրքիան: Բայց իրականութիւնը, ի հարկէ, այդպէս չէր: Եթէ Թուրքիոյ մէջ կային քիչ թիւով մարդիկ, որոնք Թուրքիոյ բարգաւաճումն ու ժողովրդավարութիւնը կը ցանկային, այդ քիչերէն մէկն էր Հրանդ Տինքը:

Իր ապրած Թուրքիոյ մէջ, որու զարգացման համար ամբողջ ուժով կը պայքարէր, Հրանդը հանգիստ չունէր: Անվերջ հետապնդումներ, սպառնալիքներ ընտանիքի անդամներուն դէմ, ճնշում, դատավարութիւններ, բանտարկութիւն… Հրանդ Տինք՝ հսկայ արտաքինով, քաջ կեցուածքով այդ մարդը կեանքի վերջին օրերուն յայտնուած էր վախուորած աղաւնիի կարգավիճակին մէջ: Այդ ամէնը, առանց թաքցնելու, յուզմունքով, ան պատմած է իր վերջին յօդուածին մէջ. «Այո՛, ես վախուորած աղաւնիի հոգեվիճակ ունիմ, սակայն գիտեմ, որ այս երկրի մարդիկ աղաւնիներուն ձեռք չեն տար:

«Աղաւնիները կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը քաղաքի խորքերը, նոյնիսկ մարդոց խիտ բազմութեան մէջ:

Գուցէ քիչ մը երկչոտ, բայց եւ անկախ…»:

Այս խօսքերը գրելէն մէկ օր յետոյ, ան սպաննուեցաւ…

Թերեւս Տինք կանխազգացած էր իր մահը, եւ թերեւս այդ էր պատճառը, որ ան իր վերջին յօդուածին մէջ տարուած էր զգացումներով, ինչ որ անսովոր էր միշտ կշռադատուած մարդուն համար:

Ժամանակին Հրանդ Տինք նոյնիսկ մտածած էր փոխադրուիլ Հայաստան, հետապնդումներէն խուսափելու համար: Սակայն, ինչպէս իր յօդուածին մէջ գրած էր, անարդարութեան դէմ պայքարող մարդը չէր կրնար հանդուրժել հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող անարդարութիւնները, եւ մեծ վախ ունէր, թէ գուցէ Հայաստանի մէջ աւելի մեծ փորձութիւն կը սպասէր իրեն…

2006 թուականի «Հայաստան-սփիւռք» համաժողովին, ան ընդմիջումներու ընթացքին գրեթէ առանձինն, անկիւն մը կանգնած կը խմէր իր լուծուող սուրճը եւ կը նայէր համաժողովի անորոշ ծրագիրներու մասին խօսող մասնակիցներուն…

Քիչեր կը մօտենային Տինքին, քիչեր կը ճանչնային զինք, իսկ շատերն ալ կասկածով կը նայէին Թուրքիայէն եկած այդ մարդուն, որ ծանր ու անհասկնալի նիւթեր կը խօսէր իր երկրի մասին… Հայաստան այդ ժամանակ ուրիշ տեղ էր, թրքական օրակարգը, Թուրքիոյ հայութեան հարցերը հեռաւոր նիւթեր էին…

Ամբողջ հայութիւնը Ճանչցա՞ւ Տինքը իր մահէն յետոյ, դժուար է ըսել… Դժուար է ամբողջութեամբ ճանչնալ մարդ մը, որ իր հայութիւնը յայտնաբերած է մեծ տարիքին, հայերէն սորված է ուշ, բայց խորութեամբ հասած է իր արմատներուն եւ բազում մարդոց ստիպած է մտածել իրենց ինքնութեան մասին:

Հայութիւնը կը ճանչնա՞յ Տինքը. ա՛յն Տինքը, որ եօթ տարեկանին մանկահասակ եղբայրներուն հետ Մալաթիայէն կը փախչի դէպի Պոլիս, որպէսզի ծնողներու ամուսնալուծումէն յետոյ, իրենք մնան մօր հետ եւ չբաժնուին անկէ: Անոնք կը վազեն իրենց համար անծանօթ Գումգաբուի փողոցներուն մէջ, առանց գիտնալու թէ ինչ կը սպասէ իրենց:

Ծանօ՞թ է այն Տինքը, որ մօր կարած վերարկուները ուսերուն շալկած կը տանէր արդուկիչի արհեստանոց, ընտանիքին աւուր հացը վաստակելու: Այնուհետեւ զինք կը նկատեն, դպրոց կը տանին, իսկ յետոյ, համալսարան. իր ընդդիմադիր գործունէութեամբ հայկական համայնքը վտանգի չենթարկելու համար, ան կը փոխէ անունը եւ կ՚ընտրէ Ֆրաթ անունը:

Ան ինչ ըսես, որ չէ ըրած իր գաղափարները տարածելու համար. գրախանութ բացած է, յատուկ ընտրութեամբ գիրքեր վաճառած, թերթ հիմնած, խօսած, անվերջ խօսած ու գրած… Ան չէր լռեր:

Տինքի պատմութիւնը շատ մեծ է… Իր կենսագրութիւնը հարուստ է այնպիսի դրուագներով, որոնցմէ մաս մը դեռ նոր կը բացայայտուի… Առանձին պատմութիւն մըն է իր ու Ռաքելի սիրոյ պատմութիւնը: Տինքը համարձակած էր խնդրել աղջկայ մը ձեռքը, որ ցեղապետի աղջիկ էր, եւ ըստ ցեղապետական օրէնքներուն, ցեղի երիտասարդներու ամուսնութիւնը միայն ցեղէն ներս հնարաւոր էր… Հրանդը չեն մերժեր: Անոնց սիրոյ պատմութիւնը այնքան յուզիչ էր, որ ընկերները Տինքը «ջութակ» անուանած էին, իսկ Ռաքելը՝ «դաշնամուր»… Ան յետոյ «Ջութակ» անունը իբրեւ կեղծանուն օգտագործելով յօդուածներ գրած է եւ քիչեր գիտէին, որ համարձակ յօդուածներու հեղինակը գիշերօթիկի այն տղան էր, որ երեկոները սազ կը նուագէր եւ սիրած աղջկան մասին երգեր կը գրէր…

Այսօր Ռաքել Տինք իր երեք երեխաներուն հետ կը կրեն Տինք ազգանունը եւ կը պահեն Թուրքիոյ եւ հայաշխարհի մէջ իր գործունէութեամբ եզակի մարդուն՝ Հրանդ Տինքի անունը:

«Այո՛, մահէն կը վախնամ…», ըսած է մահուան շատ մօտ կանգնած մարդը…

Միայն ուժեղ մարդիկ կը խոստովանին այն, ինչ որ կը զգան: Հրանդը ուժեղ էր: Այսօր, իր մահուան օրը կը յիշենք զինք, բայց կան մարդիկ, որոնք կը յիշեն Հրանդը ամէն օր: Ան միայն անուն չէ: Ան գործ է, որ կը շարունակուի… «Ախբարիկ» կ՚ըսէր Հրանդը, դիմելով անոր, որուն որ սրտի խօսք կ՚ուզէր ըսել: Այսօր մենք ալ իր բառով կը դիմենք իրեն, ախբարիկ, սիրելի ախբարիկ…

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս