image
Հրատապ լուրեր:

Լեզուական ծուղակներ (5). Արմենակ Եղիայեան

Լեզուական ծուղակներ (5). Արմենակ Եղիայեան

Շարունակելով մնալ արեւելահայերէնի ծիրէն ներս եւ անոր միջնորդութեամբ գոյացած ծուղակներուն, ստորեւ  պիտի տեսնենք յօդառութեան՝ արեւմտահայերէնի մէջ   խորթ կիրարկութիւններ, որոնք սկսած են հեզասահօրէն տուն-տեղ  ըլլալ մեր բարբառին մէջ՝ առանց  մտահոգելու   մեր  մտաւորականութիւնը, յատկապէս լրագրողները, որոնք յաճախ գաղափար իսկ չունին գործուած չարիքի բնոյթին ու տարողութեան  մասին:

                          *   *   *                                                                          

             1. Ենթակայ եւ որոշիչ յօդ

            Արեւելահայերէնի մէջ նախադասութեան ենթական, յատկապէս յատուկ անունները՝ անձի եւ տեղի,   միշտ որոշիչ յօդով հանդէս կու գան.  օրինակ՝  

            ---Փութինը ունկնդրութիւն շնորհել է հայցուորներին:

            ---Անգլիան շարունակում է առաջատարի դիրքին մնալ:

            Պարագան նոյնը չէ արեւմտահայերէնին, որ այս պարագային պարտէր ըսել՝

            ---Փութին ունկնդրութիւն շնորհած է  հայցուորներուն:

            ---Անգլիա կը շարունակէ առաջատարի դիրքին մնալ:

 Արեւմտահայերէնի մէջ յատուկ անուններու յօդառութիւնը կախեալ է հոգեբանական ազդակներէ, որոնք բոլորովին բնական ճամբով կը թելադրեն յօդի կիրարկումը կամ  չկիրարկումը, եթէ ենթակային՝ խօսողին  կամ գրողին,  լեզուամտածողութիւնը կազմուած է  արեւմտահայախօս  միջավայրի մէջ՝ առանց ենթարկուելու օտար ազդեցութեան:  

Աճառեան, ակնարկելով հարցին, կ’ըսէ. «Արեւմտահայերէնի մէջ պաշտօնական անունները յօդ չեն առնի ենթակայ դառնալիս»:

Իրողութիւնը այն է, որ արեւմտահայը անյօդ կը կիրարկէ  յատուկ անուն ենթական, եթէ ան իր աշխարհագրական դիրքով, տարողութեամբ, հանգամանքով իրմէ խզուած հասկացութիւն մըն է:

Մինչդեռ նոյն արեւմտահայը պիտի ըսէր՝ «Փութինը ունկնդրութիւն շնորհեց...»,– եթէ ինք Փութինի մէկ մտերիմը ըլլար, Փութինին  թաղակիցը եւ մանկութեանը գնդիկ խաղացած ըլլար Փութինի հետ եւ նման կացութիւններ: Այլ խօսքով՝ եթէ հոգեբանական  անջրպետ մը,  հեռաւորութիւն մը,  պատուար մը գոյութիւն չունենար իր եւ Փութինի միջեւ:

Եւ իրօք ալ նոյն արեւմտահայը, ակնարկելով իր ընկերներուն,  հեշտութեամբ կ’ըսէ.

---Թորոսը այսօր ուշացաւ գործին, Մարկոսը տակաւին չվեդադարձաւ...

Այս նոյն խզումը կը զգանք, երբ կ’ակնարկենք պատմական դէմքերու, որոնք այս պարագային ժամանակով խզուած են մեզմէ եւ պատմականօրէն անշօշափելի, վերացական, անմերձենալի անուններ են. օրինակ՝

---Հայկ իր ամբողջ գերդաստանով հեռացաւ  Բաբելոնէն...

---Բել  պատգամաւորներ ղրկեց Հայկին ետեւէն...

Այսպէս ալ  եւ բոլորովին բնական հակումով  մեր փոքրիկներըը կը պատմեն իրենց պատմութեան դասը:

Նոյն փոքրիկը սակայն կ’ըսէ՝ ակնարկելով դասընկերներու.

---Յակոբը գիրքը տունը մոռցաւ:

---Վազգէնը  Արային քիթը արիւնեց:

Բացառուած է այս վերջիններուն անորոշ կիրարկութիւնը այն պարզ պատճառով, որ Յակոբն ու Վազգէնը շատ  մօտ ու մատչելի են իրեն եւ չի կրնար անորոշ ընկալել զանոնք:

            Սակայն կրնայ պատահիլ ա՛յս եւս. երբ նոյն փոքրիկները քանի մը օր Հայկ ու Բել կը հոլովեն եւ այլեւս «ընտելանան» անոնց, ապա կը սկսին կամաց-կամաց յօդով գործածածել անոնց անունները. Այսպէս՝

            ---Հայկը լարեց իր  աղեղը եւ  արձակեց նետ մը:

            ---Բելը կուրծքէն վիրաւորուեցաւ ու գլորեցաւ գետին:

Պարագան բոլորովին նոյնն է տեղի յատուկ անուններու համար, որոնց հետ կրնանք հոգեկան մտերմութիւն ունենանլ կամ չունենալ:

Այսպէս,  անուանելով քիչ յաճախուած, քիչ արտասանուած տեղի անուն մը, ինքնաբերաբար կը խուսափինք որոշիչ յօդէն. օրինակ՝

---Աւստրալիա մեծաքանակ ցորեն կ’արտածէ:

---Հելսինքի թաղուած է ձիւներու մէջ:

Նոյն խօսողը պիտի ըսէր սակայն.

---Պեքաան մեծաքանակ լոլիկ կ’արտադրէ:

---Ծաղկաձորը թաղուած է ձիւներու մէջ:

Ինչո՞ւ այսպէս է. որոհետեւ խօսողին  ու (ենթադրեալ)  խօսակիցին համար Պեքաան մօտիկ, շօշափելի, գրեթէ  ամէնօրեայ  իրակութիւն մըն է, իսկ Ծաղկաձորը, հակառակ աշխարհագրական հեռաւորութեան, մնայուն եւ հարազատ  տարածք  մըն է   երկուստեք:

Ծանօթ.– Նկատա՞ծ էք, որ  Աստուած յատուկ անունը երբեք  յօդաւոր չենք գործածեր, այսինքն՝ ընդմիշտ բացառուած է Աստուածը ձեւը: Ինչո՞ւ այսպէս է,– այսպէս է այն պարզ պատճառով, որ Աստուած յաւիտենական անծանօթ մըն է, առեղծուած մըն է, որուն դէմքը ոչ ոք տեսած է, որուն ոչ ոք մերձեցած է, ոչ ոք մտերմացած է, այլ խօսքով՝ յաւիտենական  անծանօթ մըն է ան:

Ահա այս նկատողութիւններէն ալ մեկնած՝ խորթ են մեր մամուլի մէջ վխտացող սա՛պիսի խորագրերը, մանաւանդ խորագրերը, քանի ընթերցողը տակաւին ոչ մէկ մանրամասնութեան տեղեակ է, ոչ մէկ իրողութեան տեղեկացած  է, ոչինչ գիտէ:  

---Ռուսիան սկսած է  «Էս-400»-ներու  արտադրութեան:

            ---Ռուսիան եւ Հնդկաստանը համաձայնագիր ստորագրած են:

            ---Թուրքիան ջնջած է  միացեալ հսկողութիւնը:

            Կարծես կ’ակնարկուի դռկից մսագործին, որ երշիկ արտադրել սկսած է, կամ ստորագրողները ընկերներ Թորոսն ու Մարկոսն են, եւ կամ հսկողութիւնը ջնջողն ալ խմբագրատան ծանօթ պահակն է...այնքան անմիջականութիւն, մտերմութիւն ու  ջերմութիւն  կը թելադրեն  այս ենթակաները:

            2. Յօդուածս կը փակեմ բնագրային հետեւեալ օրինակներով.

՝           ***Թուրքիա կը դատապարտէ ցեղասպանութեան որոշումը (խորագիր):

                Նոյն տեղը՝ «Թուրքիան դատապարտեց այդ որոշումը» (յօդուած):

***Փաշինեանի հանդիպումը  Մերքելին հետ (խորագիր):

               Նոյն տեղը՝  «Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Մերքելի հետ (յօդուած):

            Օրինակներս կը ցուցանեն, որ գրողը ոչ մէկ նախընտրութիւն ունի, եւ այսքան  սեղմ շրջագիծէ մը ներս  կը գրէ մերթ յօդով, մերթ առանց յօդի եւ առանց անդրադառնալու ատոր: Ֆրանսացիք կ’ըսեն. «Ça ne lui fait ni chaud, ni froid!»: Չ’անդրադառնար, քանի  անոր (արեւմտա)հայեցի լեզուազգացողութիւնը բոլորովին բթացած է եւ չի յաջողիր առաջնորդել զինք  ճիշդ ընտրութեան:

 

armenag@gmail.com
Արմենակ Եղիայեան