image
Հրատապ լուրեր:

Ի պէտս զարգացելոց

Ի պէտս զարգացելոց

Հարցասէր  ու արթնամիտ ընթերցող մը կը գրէ՝ 

 

1.Մուսա լեռցի՞, թէ՞ մուսա լեռցի:.

Նմանապէս՝ Հարաւային քորէացի՞,  թէ՞ հարաւային քորէացի ։

Իմ ընտրանքս երկրորդն է։

***Մուսա լեռ  (անջատ)   –––   մուսալեռցի (միացած եւ մանրատառ)

    Նոյնհետայն՝ հարաւային քորէացի: Ուրեմն ընտրութիւնդ ճիշդ է:

 

2. Նոյնպէս՝ Հարաւային քորէակա՞ն, թէ՞ հարաւային քորէական։ 

***հարաւային քորէական

Բառս ածական է, եւ չի գլխագրուիր իբր այդ:

Անշուշտ եթէ նախադասութեան մը կամ խորագիրի մը առաջին բառն է, կը գլխագրուի որեւէ հասարակ բառի պէս:

 

3. Պատւո՞յ,  թէ՞ պատուոյ։

***Պատիւ-Պատուոյ, պատուոյն. հաշիւ-հաշուոյն

Ծանօթ.– Պատւոյն սխալ ձեւը կը կիրարկեն մինչեւ հիմա  հոյլ մը հայագէտներ, իմա՝  Պոլսոյ «Ակօս»-ի   խմբագիրները եւ Պարոյր Աղպաշեանը:

Նաեւ քանի մը  զառամախտաւորներ:

 

4. Երբ բառ մը երեք անգամ կրկնուի, գծիկով բաժնելու կանոնը կը կիրարկուի՞. օրինակ՝ «Զինք շատ-շատ-շատ կը սիրեմ», թէ՞ շատ-ին վրայ երկար պէտք է ըլլայ եւ առանց գծիկի։

***Իմ տպաւորութիւնս այն է, թէ  ասոնք գծիկով չեն միանար. այսպէս կը դատեմ իրենց արտասանութենէն, որ շատ աւելի համադասական բնոյթ ունի, ուստի պէտք է ստորակէտով տրոհել. «Շատ, շատ, շա՜տ կը սիրեմ». այս պարագային վերջինին վրայ երկար մը կը դնենք, ցոյց տալու համար այդ շատ-ին շարունակականութիւնը, ուժգնութիւնը, տարողութիւնը:

Այստեղ  իւրաքանչիւր շատ-էն ետք կ’առնենք աննշան դադար մը, որ յատուկ է համադասութեան: «Շատ, շատ  կը սիրեմ քեզ»...կը նկատե՞ս, որ միակտուր չարտասանեցի, այլ երկու շատ-երուն միջեւ աննշան դադար մը դրի: Հոս բառս մակբայ է եւ քանակութիւն ցոյց կու տայ:

Հանդիպած եմ նաեւ շատ-շատ գրողներու, որոնք անպայման ըրածնուն գիտակից չեն, ինչպէս  ուրիշ արեւմտահայեր, որոնք կը գրեն...առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ կը գրեն:

Իմ գիտցածովս՝ այս գրութիւնը իրեն յատուկ  արտասանութեամբ, որ այլեւս համադասական չէ, քանի  զոյգ բառերը շատ սերտութեամբ ու առանց դադարի կ’արտասանուին (ինչպէս կ’արտասանենք՝ երկար-բարակ, ուշ-ուշ, ամառ-ձմեռ, առտու-իրիկուն, մէն-մինակ...) այլեւս վերի շատ քանակական մակբայը չէ, այլ վերածուած է դարձուածքի մը, որ այլեւս քանակութիւն ցոյց  չի  տար, այլ արհամարհանք, թերգնահատում.. օրինակ՝  «Շատ-շատ տունս ձեռքէս պիտի առնեն», «Շատ-շատ դրամս կորսուած պիտի  ըլլայ, իսկ կեանքս ազատած պիտի ըլլամ» եւ այլն: Կը նկատե՞ս, այս կիրարկութեանց մէջ հոգեկան վերաբերում մը կ’արտայայտէ շատ-շատ կրկնաւոր բարդութիւնը, զայն արտասանողին արհամարհանքը դրամի եւ տունի կորուստին հանդէպ:

Իսկ այս իմաստով կիրարկութիւնը չի կրնար եռանդամ գրուիլ, այսինքն՝ շատ-շատ-շատ: Այլապէս կը վերածուի հրէշային կառոյցի մը:

Շատ-շատ բառաձեւն ու արտասանութիւնը կայուն են:

 

Արմենակ Եղիայեան