image

Զգոյշ Մեղուին Փեթակը Խառնելէ. Սեւակ Յակոբեան

Զգոյշ Մեղուին Փեթակը Խառնելէ. Սեւակ Յակոբեան

Ըստ կարգ մը լրագրական աղբիւրներու հաղորդումներուն, սուրիական բանակը նախապէս վերագրաւելով Քեսապի մերձակայքը գտնուող Զահի լեռնագագաթը, վերջերս նաեւ իր տիրապետութեան տակ առած է Քեսապ-Լաթաքիա մայրուղիի բոլոր այն բլուրներն ու անտառները, որոնք կ՛օգտագործուէին ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ՝ դիպուկահարներու տեղաւորման կամ շրջանի բնակչութեան հրթիռակոծման նպատակով։

Ըստ նոյն աղբիւրներուն բացուած է Քեսապ-Լաթաքիա մայրուղին՝ Քասդալ Մուաֆէն, մինչեւ Քեսապի սահմանային անցք։

Այս լուրը մեզի կ՛ուրախացնէ այն առումով, որ քեսապցի մեր հայրենակիցները  ներկայիս աւելի հանգիստ են, իսկ շրջանը թէժ բախումներէ զերծ։

Լիբանանի մէջ հայկական կողմի մը դաշնակից հոսանքի լրատուական կայքէջը, նոյն նիւթին վերաբերող հետեւեալ լրատուութիւնը կու տայ, թէ սուրիական բանակը, հայկական բանակին ու Անթաքիայի Արծիւներ կոչուող խմբաւորումին հետ միատեղ, յաջողած են փակել Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ ունեցող այն գլխաւոր սահմանային գիծը, որ ըստ լրատուութեան այն անցքն է, ուրկէ ահաբեկիչները Թուրքիայէն կը տեղափոխուին դէպի հիւսիսային Լաթաքիա եւ անկէ դէպի Սուրիոյ խորքերը...:

Մեզի համար չափազանց մտահոգիչ են Հայկական բանակ անուան տակ, սուրիական ճահիճին մէջ Հայ անունը մխրճելու անպատասխանատու լրագրութիւնը եւ այս անբաղձալի լրատուութեան առիթ տուող՝ ըստ երեւոյթին կարգ մը անպատասխանատու հայ տարրերը (տեսնել վերի նկարը)...:

Նման անպատասխանատու արկածախնդրութիւններ արդեօք ահաբեկիչներուն լուրջ թիրախը չե՞ն վերածեր Հայ ժողովուրդը՝ Սուրիայէն մինչեւ Պուրճ Համուտ, Միջին Արեւելքի այլ երկիրներ եւ ինչո՞ւ չէ... Երեւան: Այս մտահոգութիւնը շեշտադրելու պատճառը այն է, որ վերջերս Երեւանի մէջ ձերբակալուած սպանահպատակ նախկին հայաստանաբնակ Վահան Վարդանեանն ու իր հետ մօտ քսան հոգինոց զինեալ խումբը, նախապէս «Ֆէյսպուք»ի վրայ զինուորական համազգեստներով խմբային նկարներ հրատարակած էին... իսլամական ծայրայեղականներէն Քեսապի ազատագրութենէն ետք, իբր թէ այնտեղ ունեցած իրենց դերակատարութիւնը շեշտելով, որ յետոյ պարզուեցաւ, թէ համացանցային ինքնածանուցում էր, իսկ թէ իրականութեան մէջ անոնք ինչի՞ կը ձգտէին, յուսանք պարզ կ՛ըլլայ Երեւանի իրենց դատավարութենէն յետոյ...։

Պէտք է այս եւ ընդհանրապէս այսպիսի բացասական երեւոյթներու առաջքը առնել անյապաղ: Իսկ ինչ կը վերաբերի վերոյիշեալ կայքին, մեզի համար հետաքրքրական է իմանալ, թէ ի տես այս չափազանց վտանգաւոր լրատուութեան, ի՞նչ քայլերու դիմեցին այդ կայքը հովանաւորող հոսանքին դաշնակից Հայկական կողմին պատասխանատուները...:

 

 Սեւակ  Յակոբեան