image

Պատասխան ժխտումին եւ ուրացման. Պատասխան ՝ 100 տարի անց

Պատասխան  ժխտումին եւ  ուրացման. Պատասխան   ՝ 100 տարի անց

1.5 միլիոն հայերու բնաջնջումը, արտաքսումն ու հալածանքները անպատիժ պէտք չէ  մնան։ Այսպէս համոզուած են բոլոր ողջամիտ մարդիկ, նոյնը կը յորդորեն նաեւ թուրք մտաւորականութեան որոշ ներկայացուցիչներ։

Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ անդրդուելի մնալ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի վերաբերեալ իր դիրքորոշումին մէջ, աւելի յստակ`ժխտումի քաղաքականութեան, որու մասին կրկին կը վկայէ Թուրքիոյ բարձրագոյն խորհրդատուական խորհուրդի նիստը, որ տեղի ունեցաւ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Նիստի ժամանակ քննարկած են, այսպէս կոչուած, «հակազդման միջոցառումները, ուղղուած Օսմանեան պետութեան մէջ 1915 թուականի իրադարձութիւններու շուրջ անհիմն հակաթրքական զրպարտութիւններուն»։ Sputnik Արմենիայի թղթակիցի հետ զրոյցին ընթացքին, այսպիսի տեսակէտ յայտնեց «Պատասխան`100 տարի անց» նախագիծի համակարգող Յասմիկ Հախվերտեան։

Թուրքիոյ ներկայ իշխանութեան վարքագիծը չի զարմացներ Հախվերտեանը։ Որեւէ այլ բան ակնկալելն ալ կարելի չէր, սակայն թուրք մտաւորականութեան ոչ բոլոր ներկայացուցիչները կը կիսեն այդ դիրքորոշումը։ Շատերը կը հասկնան եւ կ'ընդունին 105 տարի առաջ տեղի ունեցածը։

Հախվերտեան «Sputnik Արմենիա»ին ներկայացուց տարբեր ժամանակներու թուրք քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու շարք մը նամակներ, որոնք ուղղուած էին մեծ հայերուն` հանրայայտ ֆրանսահայ բեմադրիչ՝ ՀԱնրի Վերնոյին, Կոմիտասին եւ քաղաքական գործիչ Գարեգին Խաժակին։ Բոլոր այդ նամակները ներառուած են «Պատասխան`100 տարի անց» համանուն նախագիծի պատկերագրքին մէջ։

Վերնոյի եւ Աքարճալիի լեզուակռիւը 

Բոլոր ժամանակներու Թուրքիոյ իշխանութիւններու դիրքորոշումը, ամէնէն վառը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ կառավարութեան անդամ, առողջապահութեան նախարար եւ Եւրայանձնաժողովին մէջ Թուրքիան ներկայացնող՝ Պիւլենթ Աքարճալիի պատասխանը ֆրանսացի յայտնի բեմադրիչ՝ Հանրի Վերնոյին (Աշոտ Մալաքեան)։ 1995 թուականին բորբոքուած հեռահար բանավէճը ժամանակին մեծ աղմուկ բարձրացրուցած էր։

Ամէն ինչ սկսած էր երբ Վերնոն 1995 թուականին, Հայոց ցեղասպանութեան 80-րդ տարելիցի նախաշեմին ելոյթ ունենալով ֆրանսական V ալիքով, ընդգծած էր Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչելու անհրաժեշտութիւնը, ան նաեւ ներկայացուցած էր 1915 թուականի իրադարձութիւններուն մանրամասնութիւնները։ Անոր յաջորդած էր Թուրքիոյ իշխանութիւններու արձագանգը։

Մասնաւորապէս, Վերնոյին նամակ գրած էր վերոնշեալ Աքարճալը, խոստովանելով, որ բեմադրիչի ելոյթը զինք զայրացուցած է։ Ան անուանած էր Վերնոն «զգացմունքներ վաճառող», որ ատելութիւն կը սերմանէ եւ միեւնոյն ատեն խարդաւանքի կ'ենթարկէ հայկական սփիւռքի եւ ֆրանսացիներու յոյզերն ու զգացմունքները։

«Ձեզի համար բաւարար չէ միայն հայ–թրքական թշնամանքի հրահրումը, յանուն ձեր մութ խաղերուն դուք կը փորձէք ձեր անձնական ձեւաչափը փաթաթել Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի յարաբերութիւններուն վիզին, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ-իսլամական յարաբերութիւններուն։ Դուք անցեալով կ'ապրիք, եւ միայն արեան հոտը կրնայ ձեզ սթափեցնել», – մեջբերում կատարեց Հախվերտեան Աքարճալիի նամակէն։

Ան կը պնդէ, որ «որեւէ մէկը 1915 թուականի դէպքերուն հետ կապուած, Վերնոյի կարծիքը չի կիսեր», փաստերը իբրեւ թէ կը խօսին Վերնոյի դէմ, իսկ այդ կը նշանակէ` «նաեւ Ցեղասպանութիւնը ճանաչելու պահանջի վերաբերեալ, ողջ հայութեան»։

Հախվերտեանի խօսքով` նամակին մէջ կը նկատուի նաեւ, սփիւռքահայերը Հայաստանէն անջատելու, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը։

Սաիտ Չեթինօղլու 

Հախվերտեան ըսաւ, որ թուրք մտաւորականութեան ներկայացուցիչները բոլորովին այլ տեսակէտ ունին։ Այս համաթեքսթով ան յիշեց Թուրքիոյ մէջ հետապնդուող Սաիտ Չեթինօղլուն, որու գրիչին կը պատկանին Օսմանեան կայսրութեան շրջանին տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ այդ տարիներուն հայերու ունեցուածքը թալանելու եւ իւրացնելու նուիրուած բազմաթիւ գիրքեր եւ յօդուածներ։

«Չեթինօղլուն մեր «Պատասխան` 100 տարի անց» նախագիծի ծիրէն ներս, հայ մեծ երաժշտագէտ Կոմիտասին հասցէագրուած նամակ մը գրած է ։ Չեթինօղլուի հետ մենք պայմանաւորուածութիւն ունինք քանի մը լեզուներով նամակը հրապարակելու մասին», – ըսաւ Հախվերտեան։

Ան նշեց, որ նամակը ամբողջութեամբ պէտք է հրապարակուեր Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակին ընդառաջ, սակայն խոչընդոտ հանդիսացաւ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի համավարակը։ Հախուերդեան նշեց, որ Չեթինօղլուն նամակով կը դիմէ մեծն  երաժիշտին, ընդգծելով, որ ամէն անգամ որ Կոմիտասին պատկերացնէ, աչքերը արցունքով կը լեցուին։

«1915 թուականին, ողջ քաղաքակիրթ աշխարհի աչքին առջեւ Ցեղասպանութիւնը ոչնչացուց Կոմիտասի ժողովուրդը, իսկ քաղաքակիրթ աշխարհը իր ձայնը չհանեց ամբողջ ազգի մը բնաջնջումին դէմ։ Այդ յանցագործութիւնը իր Նիւրէմպըրկը չունեցաւ, այլ նոյնիսկ հակառակը, մեղաւորները տարբեր պարգեւներու արժանացան», – գրած է  հեղինակը։

Չեթինօղլուն իր նամակին մէջ նշած է, որ այն ժամանակ աշխարհը մոռացութեան տալով 1915 թուականի Ցեղասպանութիւնը, ամէն կերպով կը ջանար համոզել հայ ժողովուրդին, որ որեւէ բան տեղի չէ ունեցած եւ պէտք է առաջ շարժիլ, չյիշելով կատարուածի մասին։

«Շատերը այսօր ալ կը շարունակեն մերժել եւ համոզել», – գրած է Չէթինօղլուն։

Ան ընդգծած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն, Կոմիտաս կ'առանձնանար միւս փրկուածներէն անով, որ ոմանք դեռ ընտանիքներ ունէին, իսկ իր ընտանիքը ողջ հայ ժողովուրդն էր, որ հետեւողականօրէն կ'ոչնչացուէր, առանց վերածնունդի յոյսի։

 

 

  Հեղինակ ՝Լաուրա Սարգսեան

 

 Sputnik Արմենիա