image
Հրատապ լուրեր:

Աճառեանը՝ աշակերտ Պոլսոյ մէջ

Աճառեանը՝ աշակերտ Պոլսոյ մէջ

Պոլսահայ անմահ լեզուաբան ու բանասէր Հրաչեայ Աճառեան գիտական աշխատութիւններէ, բառարաններէ, բարբառներու քննական հատորներէ զատ, գրած է նաեւ իր կեանքի յուշերը, որոնց մէջ մեծ տեղ տուած է իր դպրոցական տարիներուն: Պոլսոյ կրթական կեանքը, իր ապրած թաղի անցուդարձը, մանկութեան յուշերը բացառիկ պատումով կենդանացած են Աճառեանի ճոխ գրիչով: Շէն եւ ցնծուն պատմող է Հրաչեայ Աճառեան: Նրբամիտ արտայայտութիւններն ու խորաթափանց նկարագրութիւնները անպակաս են անոր յուշերէն: Եթէ մեծ գիտնականը գիտական աշխատութիւններուն մէջ ակադեմական խստաբարոյ մօտեցում ցուցաբերած է, ապա յուշագրութեան մէջ կը տեսնենք, որ Աճառեան զուարթ, ազատ եւ կարօտալի նկարագրութիւններու գիրկը նետուած է՝ յիշելով իր մանկութիւնը, ընկերները, թաղեցիները, ծնողքը եւ մանաւանդ դպրոցը եւ ինքզինք՝ իբրեւ աշակերտ: Իր կրթութեան ան սկսած է թաղեցի խնամակալի տունէն, շարունակած է Պոլսոյ հայկական դպրոցներէն մի քանիէն ներս, որոնց մասին մանրամասն կը գրէ իր յուշերուն մէջ:

ԺԱՄԱՆԱԿ առաջին անգամ ըլլալով կը թուայնացնէ Աճառեանի յուշերէն մանաւանդ դպրոցական կեանքին վերաբերող պատմութիւնները: Գրիգոր Շահինեանի խմբագրութեամբ արեւմտահայերէնով լոյս տեսած «Կեանքիս յուշերէն» գիրքէն, Պէյրութ, այս անգամ կը ներկայացնենք Արամեան վարժարանի եւ Սամաթիայի դպրոցի մասին գիտնականի յուշերը: Յառաջիկային կու տանք նաեւ Կեդրոնականի ուսումնառութեան տարիներու անոր յուշերէն, ինչպէս նաեւ ուսուցչական առաջին տարիներու մասին մտերմիկ ու հետաքրքրական պատմութիւններ։

ՎԱՐՊԵՏ ՏՈՒՏՈՒ ԵԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Հին ժամանակ սովորութիւն էր, որ մայրերը իրենց զաւակները յանձնէին դրացի կնոջ մը՝ աւելի հանգիստ զբաղելու համար տան գործերով: Առտուընէ մինչեւ իրիկուն պզտիկները կը մնային այդ կնոջ քով, որ «Վարպետ տուտու» կը կոչուէր:

Մեծ քոյրս՝ Հերսիլիան եւ զիս ղրկեցին մեր տան ճիշդ դիմացը բնակող հաճի Բրաբին (Բրաբիոն) քով: Ան գրել-կարդալ չէր գիտեր, բայց անոր մեծ աղջիկը՝ Արտեմը, գիտէր: Ան սկսաւ քրոջս այբուբեն սորվեցնել: Քոյրս չէր ուզեր սորվիլ: Ես, որ իրմէ չորս տարեկան պզտիկ էի, Արտեմին բացատրած ժամանակը այբուբենը առանց գիրքի սորվեցայ: Քոյրս մինչեւ մահը անուս մնաց: Ա գիրը անգամ չէր ճանչնար:

Օր մը մայրս կը նկատէ որ հաճի Բրաբին տունը քանդուելու վրայ է: Իսկոյն ձայն կու տայ հօրս, որ տունը կօշիկ կը կարէր: Հայրս տունէն դուրս կը ցատկէ, հաճի Բրաբին տան պատուհանը ջարդելով մեր քով կու գայ եւ երեքս մէկ առնելով դուրս կը թռչի: Վայրկեան մը ետք տունը կը փլի: Հաճի Բրաբը ծունկի կու գայ հօրս առջեւ, ոտքերը կը համբուրէ եւ կ՚ըսէ.

-Ես քու ազատլամադ եմ:

Հաճի Բրաբի այդ տան ետեւը պարտէզ կար եւ պարտէզէն ետք՝ երկրորդ տունը, որ յաջորդ փողոցին մէջ կը գտնուէր: Արտեմը հոն շարունակեց մեզի դաս տալ:

Օր մը, չեմ գիտեր՝ ի՛նչ չարութեան համար, Արտեմը սաստիկ բարկացեր է եւ ականջս քաշեր: Այնքա՛ն ուժով, որ ականջս պատռուեր է: Քոյրս եւ ես սկսեր ենք լալ:

Բնականաբար, զիս հաներ են հաճի Բրաբին քովէն եւ ուրիշ վարպետ տուտուի մը քով դրեր: Այս բոլորէն մէ՛կ յիշատակ միայն մնացած է միտքիս մէջ՝ տեսարանի մը ձեւով. կեցած եմ մեր տան բակին մէջտեղը եւ արիւնը կը հոսի ականջէս:

Հայրս ծանօթ մը ունէր, Սուճեան Գառնիկ անունով, որ Մեծ Սամաթիա թաղին մէջ անձնական դպրոց մը բացած էր՝ «Արամեան Վարժարան»: Բարեկամութեան պատճառով, հայրս զիս այդ դպրոցը դրաւ, երբ ես եօթ տարեկան էի:

Կը յիշեմ առաջին օրը: Նստած էի պատուհանին քով եւ մեծ աշակերտ մը ինծի կը սորվեցնէր տաճկերէն այբուբենը: Կը կարդար եւ կրկնել կու տար. Էլիֆ, Պէ եւ այլն, մինչեւ Լամէլիֆ, Եէ: Վերջաւորութեան ալ կատակ մը ըրաւ.

-Հաւատա՝ պուլութ, սէն օնը՝ ունո՛ւթ: (Օդին մէջ՝ ամպեր, դուն ասի մոռցի՛ր):

Յետոյ եղէգէ գրիչ մը տաշեց, մէջի ծիլը ինծի տուաւ, որ ուտեմ եւ տաճկերէն գրելը շուտ սորվիմ:

Արամեան Վարժարանին մէջ երեք լեզու կար. հայերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն: Այդ երեք լեզուները միաժամանակ սկսայ սորվիլ: Լեզուներէն զատ կը սորվեցնէին նաեւ թուաբանութիւն եւ աշխարհագրութիւն: Կարծեմ ուրիշ գիտութիւն չկար:

Երկու տարի տեւեց իմ ուսումս այդ դպրոցին մէջ:

Գառնիկ էֆէնտին հօրս ըսաւ.

-Ես այլեւս որդւոյդ սորվեցնելու բան չունիմ: Ա՛ռ զինք եւ տա՛ր Սամաթիայի ազգային վարժարանը:

Այս դպրոցը մեր տան մօտ էր, բայց հայրս զիս Արամեան ղրկած էր, որովհետեւ Գառնիկ վարժապետը իր բարեկամն էր: Եւ ես, եօթ տարեկան տղայ, մինակս, մէկ ձեռքով պայուսակս բռնած, միւսով՝ ուտելիքի սակառս, քալելով կ՚երթայի կէս ժամ հեռու գտնուող այդ դպրոցը:

 

ՍԱՄԱԹԻԱՅԻ ԴՊՐՈՑԸ

Սամաթիայի ազգային վարժարանը քարաշէն հոյակապ դպրոց մըն էր բարձունքի մը վրայ շինուած, Մարմարա ծովուն դիմաց: 1885 թուականին, երբ ես 9 տարեկան էի, հայրս ձեռքէս բռնած հոն տարաւ զիս:

Դպրոցը ունէր երկու յարկ. առաջինը Ընտելարան կը կոչուէր, երկրորդը՝ Ուսումնարան: Զիս Ընտելարան նստեցուցին: Հօրս ծանօթներէն մէկուն զաւակը՝ Վռամշապուհ Մանուկեան, որ կը հետեւէր ուսումիս, մէկ օր ետք դպրոց եկաւ եւ զիս վերի յարկ տարաւ ըսելով՝

-Այս տղան Ընտելարան նստելու չէ:

Ես չորս տարի ուսանեցայ այս դպրոցը: Այն ատեն վերակացու էր Յարութիւն Չաքըրեան անունով մէկը, որ Զէյթունի ապստամբներէն էր եւ կառավարութեան կողմէ աքսորուած էր Պոլիս: Ձախ ձեռքը վիրաւորուած էր, չէր բացուեր, որովհետեւ գնդակը մէջը մնացած էր: Աջ ձեռքին մէջ կը պահէր երկար կոթով մուրճ մը, որով կը ծեծէր մեզ: Յետոյ Չաքըրեանին տեղ վերակացու նշանակուեցաւ Իսրայէլ Հայկազ: Ուսուցիչներէս կը յիշեմ քանի մը հոգի: Պաղտիկ Ճիյէրճեանը հայերէնի առաջին ուսուցիչս եղաւ: Միշտ ժպտուն, գլուխը աջ ու ձախ ծռելով, մեզի հետ անուշ-անուշ խօսելով գրաբար կը սորվեցնէր:

Մելքոն Կիւրճեանը բարձր դասարաններու մէջ գրաբար կու տար եւ մատենագրութիւն: Ես գրաբարը շատ կը սիրէի եւ լաւ կը սորվէի: Երկու անգամ առիթ ունեցայ հմտութիւնս ցոյց տալու:

Առաջին անգամ Յուդա անունին պատճառով: Այս անունը գրուած էր յ վերջաւորութեամբ: Ընկերներս կը կարծէին թէ ուղղական հոլով է եւ այդպէս կը թարգմանէին: Նախադասութիւնը իմաստ չէր ունենար: Ես ըսի թէ ուղղականը յ-ով չի գրուիր, թէ այս ձեւով բառը սեռական է: Ուսուցիչը գոհ մնաց եւ ըսաւ.

-Ապրի տղան:

«Տղան» եւ ոչ՝ «տղաս», որովհետեւ ամուսնացած չէր եւ զաւակ չունէր:

Երկրորդ դէպքը քաղաքին հայկական վարժարաններու տեսուչին՝ Կարապետ Իւթիւճեանի այցելութեան կապուած է:

Ան գրատախտակին վրայ գրել տուաւ նախադասութիւն մը՝ «Աշակերտները տեսնելով Յիսուսը շատ ուրախացան» եւ առաջարկեց որ գրաբարի թարգմանենք զանազան ձեւերով: Ես ութ կամ տաս ձեւով թարգմանեցի: Անոնցմէ մէկը սխալ գտաւ Իւթիւճեանը: Ես պնդեցի որ ճիշդ է: Ուսուցիչը ըսաւ որ այդպէս ալ կարելի է գրել: Ես դարձայ Իւթիւճեանին եւ ըսի.

-Եթէ չէք գիտեր, ինչո՞ւ մեզ քննելու եկեր էք:

Յակոբ Ոսկանը ֆրանսերէնի ուսուցիչ էր, ծեր, շատ բարի մարդ մը: Յաճախ կու լար, որովհետեւ դժբախտ հայր էր. զաւակը՝ Երուանդը, որ քանդակագործութիւն սորված էր, ծով ինկած ու խեղդուած էր:

Յարութիւն Թիւլեանը նշանաւոր թուաբանագէտ էր: Կը պատմէին թէ եւրոպացիները հիացած էին իր հմտութեան վրայ եւ ըսած.

-Այսքան հմուտ մարդը հայ չի կրնար ըլլալ: Եւ անունը թարգմանելով՝ Փասքալ դարձուցած էին: Միւսիւ Փասքալը զուարճախօս էր ու բարի: Մեզ շատ կը սիրէր: Նախատական խօսքեր կ՚ընէր, բայց հայրական կատակի ձեւով: «Էշէկ» կ՚ըսէր օրինակ, այսինքն «էշ», կամ «Էտիրնէ կաֆալը»: Էտիրնէն քաղաքի անուն է, հայերէնով՝ Ադրիանուպոլիս, իսկ «կաֆալը» գլուխ ունեցող. այսինքն՝ էտիրնէական գլուխ ունեցող: Այս հայհոյանքը անիմաստ էր պարզապէս:

Գրիգոր Մարգարեանը պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչ էր: Երկար պեխերով, բարձրահասակ մարդ էր: Իր դասերուն կատակը եւ զուարճախօսութիւնը անպակաս էին: Կը պատմէին, թէ ինք եւ երգիծաբան Պարոնեանը երբ միասին ըլլային տեղ մը, հոն այլեւս հանդարտ մարդ չէր մնար, խնդալէն կը ճաթէին բոլորը:

Դաւիթ Խաչկոնցը նոր դարու պատմութիւն կ՚աւանդէր: Շատ կը սիրէր հնդկական կրօնը եւ շարունակ անոր մասին կը խօսէր սքանչացումով: Անունը դրած էինք Թրիմուրդի, այսինքն «Երրորդութիւն», հնդկերէնով:

Սիմոն Յակոբեանը նկարչութեան ուսուցիչ էր եւ իւրաքանչիւր աշակերտի թոյլ կու տար իր կարողութեան չափով հետեւիլ դասին: Ոմանք մատիտով հասարակ նկարներ կը գծէին, ուրիշներ պզտիկ նկարներ քանի մը անգամ կը մեծցնէին, կային նոյնիսկ աշակերտներ, որոնք տպածոյի համար նմուշներ կը նկարէին:

Ես թէեւ գէշ չէի գծեր, բայց չէի սիրեր նկարչութիւնը:

Այս պատճառով ալ խնդիր մը ունեցայ ուսուցիչիս հետ:

Դպրոցը ունէր նկարներու մեծ հաւաքածոյ: Անոնցմէ մէկը կ՚ընտրէինք եւ կը սկսէինք նկարել: Ուսուցիչը անշուշտ չէր յիշեր թէ ո՛վ ինչքա՛ն նկարած է: Ես խոշոր ողկոյզի նկար մը առած էի եւ ամէն պահու միայն մէկ հատիկ կը նկարէի: Շաբաթը մէկ պահ նկարչութիւն ունէինք: Քանի մը ամիս անցաւ եւ իմ ողկոյզս չվերջացաւ: Վերջապէս ուսուցիչը զգաց իմ խաբէութիւնս եւ շառաչուն ապտակ մը հասցուց երեսիս: Ես տուն գացի, պատմեցի դէպքը հօրս եւ պահանջեցի, որ զիս հանէ դպրոցէն: Հայրս հասկցաւ պատահածը եւ ըսաւ.

- Շատ աղէկ ըրեր է. դասդ չես պատրաստեր, քեզ ծեծեր է:

Միհրան Տէօքմէճեանը կարճահասակ մարդ էր: Մեծ ուսումի տէր չէր, բայց շատ գեղեցիկ ձեռագիր ունէր: Շաբաթական երկու ժամ գեղագրութեան դաս ունէինք: Կու գար, գրատախտակին վրայ երկու տող կը գրէր, մենք ալ կ՚ընդօրինակէինք զանոնք: Յաճախ աշակերտի մը քովը կը նստէր եւ անոր գրածը կը շտկէր: Նստած տեղը կը խռմփար, կարծես քնացած ըլլար: Ես իրմէ սորված եմ գրել կոկիկ, պարզ եւ ընթեռնելի: Այս պատճառով ալ կրցայ ամբողջ Արմատական Բառարանս ընդօրինակել եւ ապակետիպով հրատարակել:

Վահան Վարդապետ Յակոբեանը Երուսաղէմի միաբաններէն էր եւ կրօն կը դասաւանդէր մեզի: Օր մը զիս ղրկեց Երուսաղէմատուն, Գում-Գաբու թաղը, Մելքիսեդեկ Մուրատեանի Եկեղեցական Պատմութիւնը գնելու: Միաբան մը դուռը բացաւ, լսեց ըսածս, բայց չառաւ տաս ղուրուշը, որ իրեն կ՚երկարէի.

-Մենք այդ տեսակ գիրք չունինք եւ առհասարակ գիրք չենք ծախեր:

Յետոյ իմացայ որ թուրք կարծած էր զիս եւ լրտես համարած:

Օր եկաւ, 1888-ին, որ Հայոց պատմութիւնը արգիլուեցաւ հայկական դպրոցներուն մէջ: Այն ժամանակ Չոլաքեան մականունով մէկը խորամանկ միջոցի մը դիմեց. գիրք մը հրատարակեց, որուն առաջին քանի մը էջերը Հայկի եւ ուրիշ նահապետներու մասին շատ կարճ տեղեկութիւններ կու տային եւ յաջորդ էջերը լայնօրէն կը պատմէին Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքներուն պատմութինը: Այսպէսով գիրքը արտօնութիւն ստացած էր: Ուսուցիչները կ՚ընդարձակէին առաջին էջերը եւ մէկ կողմ կը ձգէին շարունակութիւնը:

Հայրս մօտէն կը հետաքրքրուէր դպրոցական աշխատանքովս: Ինքը հազիւ գրել-կարդալ գիտէր, բայց ուսումին կարեւորութիւն կու տար: Լաւ հայերէն ալ չէր գիտեր, այդ պատճառով հաճելի սխալներ կ՚ընէր:

Օր մը դպրոց կու գայ եւ կը հարցնէ.

-Տղաս ինչպէ՞ս է դասերուն մէջ:

-Տղադ շատ աշխատասէր է,- կը պատասխանեն իրեն:

-Ափսո՜ս,- կ՚ըսէ հայրս,- աշխատասէր ըլլալու տեղ աշխատող ըլար, գոհ կ՚ըլլայի:

Ուրիշ անգամ մը կը քննէր վիճակացոյցս: Այն ատեն նիշի տեղ բառով գնահատական կը գրէին: Ես քանի մը հատ «քաջալաւ» ունէի եւ «լաւագոյն», մէկ հատ ալ «լաւ»:

-Ինչո՞ւ միայն մէկ հատ լաւ ունիս,- հարցուց հայրս:

-Հայրի՛կ,- ըսի,- լաւագոյնը լաւէն բարձր է:- Լաւագոյն, այսինքն լաւի գոյն ունեցող. ո՞վ կ՚ուզես խաբել,- պատասխանեց հայրս:

Ես երկար բացատրեցի, բայց ան չհամոզ-ւեցաւ:

Յետոյ միայն սրճարանը հարցնելով գիտցաւ, թէ «լաւագոյն» «ամենէն լաւ» ըսել է եւ շատ զարմացաւ:

Սամաթիայի դպրոցը եղած ատենս լեզուներով ու մատենագրութեամբ շատ հետաքրքրուած էի: Յոյն նպարավաճառէ մը ուզեցի յունարէն այբուբենը եւ բոլոր գիրերը սորվեցայ: Այդ փոքր տարիքիս արդէն յունարէն աղուոր կը կարդայի: Հրեայ փերեզակէ մըն ալ եբրայական այբուբենը ուզեցի եւ եբրայերէն կարդալ ալ սորվեցայ: Մեր դպրոցը մենք ֆրանսերէն կը սորվէինք, բայց ուրիշ դպրոցներու օտար լեզուն անգլերէն էր: Մեր դրացիին տղան դպրոցը անգլերէն կը սորվէր: Ան Կիրակի օրերը մեր տունը կու գար, հետս կը նստէր դռան սեմին եւ իր դասագիրքէն անգլերէն կը սորվեցնէր ինծի: Գրաբարը դպրոցը կը սորվէի արդէն եւ շատ կը սիրէի:

Օր մը որոշեցի աշխարհաբարի թարգմանել մեր բոլոր հին պատմագիրները: Սկսայ Մովսէս Խորենացիէն եւ 10-12 պատմիչ թարգմանեցի: Եկեղեցական պատմութեան պահու մը, Վահան Վարդապետը ըսաւ.

-Կովկասի մէջ Խորէն Ստեփանէն Խորենացին աշխարհաբարի թարգմաներ է:

-Հրաչեան շատոնց թարգմանած է,- ըսին դասընկերներս:

-Իրա՞ւ: Խորէն Ստեփանէն հազիւ կրցեր է այդ դժուար գիրքը թարգմանել: Դուն ինչպէ՞ս ըրիր:

-Չհասկցած տեղերս մեր ուսուցիչին հարցուցի եւ կամաց-կամաց թարգմանեցի:

Ուրիշ աշխատանքներ ալ կատարած էի. արեւելահայերէնով վէպ մը սկսած էի գրել Րաֆֆիի «Ջալալէդդին»ի ազդեցութեան տակ, Պետրոս Դուրեանի ազդեցութեամբ ալ «Տիգրան Բ.» վերնագիրով թատերախաղ մը գրած էի:

Ո՞ւրտեղէն ժամանակ կը գտնէի այսքան բան գրելու: Բացատրութիւնը պարզ է. մանուկ եղած ատենս խաղալ չէի սիրեր ես: 1889-ին, երբ աւարտեցի Սամաթիայի թաղային վարժարանը, ահագին բան սորված էի եւ ահագին անձնական աշխատութիւն կատարած:

(Նկարազարդումները՝ Անդրանիկ Կիլիկեանի, Պէյրութ, 2003-ին տպագրուած «Հրաչեայ Աճառեան. Կեանքիս յուշերէն» գիրքէն)

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս