image
Հրատապ լուրեր:

Ոհմակներուն ցնորամիտ...Գրեց ՝Հրանդ Մարգարեան

Ոհմակներուն ցնորամիտ...Գրեց ՝Հրանդ Մարգարեան

  Նիւ Եորքաբնակ մտաւորական, բանաստեղծ եւ թատերագիր  Հրանդ Մարգարեան   «Արեւելք»ի  խմբագրութեան յղեց  բանաստեղծութիւն մը  համահունչ   հերոսական Արցախի մէջ ընթացող   զարգացումներուն.

Սիրով   տեղ կու տանք    Աւագ սերունդի  ներկայացուցիչին, այն  վառ  յոյսով, որ    Արցախի մէջ   ընթացող զարգացումները կը պսակուին   ամբողջական   յաղթանակով։

 

 

Ո՞ր մոլորակի վրայ կ՛ապրիք դուք,

Դուք, տկարամիտ, ցնդա՛ծ յիմարներ։

Գազանը անգամ երբ կը ձախողի իր որսը բռնել

Խելքի կու գայ որ ճամբան իր փոխ

Գոնէ փրկելու իր ունեցածը․․․

Այդքան տկա՞ր էք։

Ձեր Խեղճ զինուորին դուք այդքան կատէ՞ք,

Որ զինք կը ղրկէք ռազմի դաշտին մէջ

Ձեր ցնորամիտ ցանկութիւններուն համար զոհուելու։

Չսորվեցա՞ք դեռ․․․

Դուք ճակատ կ՛ելլէք պատմութիւն կերտած ազնուութեան հետ․․․

Դուք ճակատ կ՛ելլէք գոյութիւն բառը կերտող ազգի դէմ,

Քնացա՞ծ էք դուք, թէ՝ կոյր իսկապէս․․․

Չտեսա՞ք ազգը, այս ազգը խրոխտ

Մահը հեգնելով  իր կեանքը կերտեց։

 Եթէ չէք գիտեր,

Գացէք պատմութեան գիրքեր կարդացէք․․․

 Մենք ՄԱՍԻՍՈՒԱԾ ենք․․․

Մեր արմատները խրած ենք մինչեւ կիզակէտն երկրին․․․

Մենք՝ ԱՐԱԳԱԾՈՒԱԾ Աստծոյ հետ խօսող շունչ ենք երկնասլանծ ։

Մենք՝ ՍԻՓԱՆՈՒԱԾ ենք՝ ուր երկինք երկիր իրար են գրկած։

Մենք՝ ՄՌԱՒՈՒԱԾ ենք շղթաներով կուռ Արցախն ենք գրկած ։

Մենք՝ ԱՐԱՅՈՒԱԾ ենք պատիւը որպէս օրհնութիւն ընտրած։

Մենք՝ կարմիր ՀՈ՜Ղ ենք

ուր մեր նախնիներն արնոտ աչքերով մեզի կը նային

արեւի յոյսով թէժ ապագայի։

Մենք՝ ՊԱՏՄԱԿԵՐՏ ենք արիւնով օծուած

Անցեալէն եկած մենք ՅԱՒԵՐԺԻՆ ՀԵՏ վաղուց ենք ճախրած։

Ցնորա՞ծ էք դուք, որ կ՛ուզէք ջնջել «Աստծոյ հետ խօսող» ազգն այս փառապանծ։

Մութ անտառներէն եկեր էք այսօր ԱՐԵ՞Ւ մարելու։

Ուշքի՛ եկէք դուք․․․

Պատմութեան ցնորած դուք ուղեւորներ։

Չէ՞ք գիտեր միթէ

Երբ թափառական խոտ կը կրծէիք

Մշակոյթ կ՛երգէր  ՀԱՅը իր զաւկին․․․

 

Թէ խելապատիկ ցանկութիւններն ձեր

Ռազմի երգերով ձեզ պիտ՛ օրօրեն,

Գիտցէ՛ք, արթնցէ՛ք,

Դաւիթը կու գայ իր Թուր Կեծակով

Եւ իր հետ պիտի բարձր շեփորեն

ՄԱՍԻՍԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՄՌԱՎ ՈՒ ՍԻՓԱՆ

ԱՐԱԳԱԾ, ՍԵՒԱՆ,

Եւ դեռ Աշխարի քարտէզն ոռոգող

Մեր պատմութեանը կուռ կառչած հայեր․․․ 

Եւ միահամուռ կայծակներ դարձած

նոր դարպասներու դռները բացած

Ձեզ մութ պատմութեան գիրկը կը նետեն․․․

 

 

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Սեպ․ 27, 2020 

Նիւ Եորք