image

Ճերմակ քաղաքը մնաց հեռուն...

Ճերմակ քաղաքը մնաց հեռուն...

Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած տարածքներուն վրայ կան հարիւրաւոր հայկական պատմական, մշակութային, կրօնական կառոյցներ, որոնք եռակողմ համաձայնագրով պիտի անցնին Ատրպէյճանին: Անոնց կարգին են եկեղեցիներ, վանքեր, մատուռներ, խաչքարեր, պատմական կամուրջներ, հնավայրեր, արձաններ եւ ժայռափոր Տիգրանակերտ քաղաքը, զոր Խաչենագետի հովիտին մէջ պեղած են հայ գիտնականները: Զոհերուն, անհետ կորսուածներուն եւ յանձնուած հողերուն ցնցումէն ետք յաջորդ ցնցումը, որ կ՚ապրի հայութիւնը այս է` ի՞նչ ճակատագրի պիտի արժանանան հայկական եկեղեցիներն ու յուշարձանները: Փորձը ցոյց տուած է, որ ատրպէյճանցիները թշնամական վերաբերմունք կը դրսեւորեն բոլոր այն կառոյցներուն հանդէպ, որոնք հայկական հետք կը կրեն: Ապացոյցը Նախիջեւանի տարածքին միջնադարեան հայկական խաչքարերուն՝ Նոր Ջուղայի խաչքարերուն ոչնչացումն է, որոնք ծանր ինքնաշարժներու միջոցով փոշիացած են, իսկ անոնց տեղը վերածուած է հրաձգարանի:

Գիտնականները, պատմաբանները եւ ընդհանրապէս պարզ մարդիկ մտահոգութիւն ունին, թէ այս անգամ նոյնպէս հայկական յուշարձանները այդ ճակատագրին պիտի արժանանան, լաւագոյն պարագային անոնք պիտի սեփականացուին եւ անոնց վրայ դրուի ատրպէյճանական կնիք:

Ատէրպէյճանցիները արդէն սկսած են յայտարարել, որ Արցախի տարածքին գտնուող բոլոր եկեղեցիներն ու վանքերը աղուանական մշակոյթի օրինակներ են եւ իրենք, իրենց կողմէն ստեղծուած կեղծ տեսութեան մը համաձայն, իբրեւ աղուանցիներու հետեւորդներ, տէրն են անոնց:

Տիգրանակերտի պեղումները իրականացնող հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար փրոֆեսէօր Համլէթ Պետրոսեան այս օրերուն շատ մտահոգ է այս առումով: Ան սրտի մեծ ցաւով եւ անձնական մեծ ողբերգութեամբ ընդունած է Տիգրանակերտ քաղաքը յանձնելուն որոշումը, բայց տակաւին յոյս ունի, որ թերեւս աղուանական կինքը դնելու գինով հակառակորդը կը պահպանէ զայն, ինչպէս նաեւ յոյսեր կան, որ կը պահպանէ Դադիվանքը, Գտչավանքը եւ այլ հանրայայտ կառոյցներ, բայց վախեր ունի, որ կ՚ոչնչացուին բոլոր այն կառոյցները, որոնք ատրպէյճանցիներու պատկերացմամբ այնքան ալ յայտնի չեն գիտական կամ մասնագիտական հանրութեան…

Համլէթ Պետրոսեան հողերը յանձնելու յայտարարութեան յաջորդ օրը ըսած է. «Ես՝ որպէս իմ ժողովուրդի զաւակ, որպէս հետազօտող՝ ամէն ինչ, ինչ որ կրցած եմ, ըրած եմ, որ չգայ այս օրը: Ամէն ինչ ըրած եմ, որ Տիգրանակերտը մեր հոգիին մէջ կերտենք որպէս անմատոյց պարիսպ»:

Արցախի տարածքին հակառակորդին մնացած բոլոր յուշարձաններէն ամենահինը Տիգրանակերտն է, եւ ըստ մասնագէտներուն, այդ տարածքին վրայ հայկականութեան ամենավաղ եւ ամենահաւաստի վկայութիւնն է: Համլէթ Պետրոսեանի նկարագրութեամբ, ատրպէյճանական բոլոր այն պնդումներուն համաձայն, թէ հայերը եկուոր են Արցախի տարածքին, Տիգրանակերտէն աւելի զօրեղ փաստարկ չկայ: Տիգրանակերտի հետազօտութիւնը կամքէ անկախ ստացած էր որոշակի քաղաքական երանգ, հակառակ այն բանին, որ Տիգրանակերտի խումբը հետազօտութիւնը հնարաւորինս փորձած է պահել ակադեմական մակարդակի վրայ:

Տասնհինգ տարիէ ի վեր, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արցախի արշաւախումբը Արցախի մէջ կը պեղէ Նախքան Քրիստոս Ա. դարուն ճերմակ կրաքարով կառուցուած Տիգրանակերտ հելլէնական ժայռափոր քաղաքը: Հայ գիտնականները ամէն տարի նոր յայտնաբերում կատարած են: Պեղումներուն ամենամեծ արդիւնքներէն մէկը վաղ քրիստոնէական շրջանի՝ իր տեսակով եզակի դամբարանին յայտնաբերումն էր, որ գտնուած է Տիգրանակերտի վաղ քրիստոնէական հրապարակին վրայ 2013 թուականին յայտնաբերուած եկեղեցիին հետքերով: Դամբարանը իր եզակիութեամբ դասուած է Աղցքի արքայական դամբարանի ու Ամարասի Գրիգորիսի մատուռ-դամբարանի շարքին, որոշ մասնագիտական տուեալներով՝ Տիգրանակերտինը նոյնիսկ կրնայ աւելի նախնական ըլլալ, քան միւս երկուքինը:

Մասնագէտները կը վկայէին, որ մինչեւ այս պատերազմը ընթացիկ պեղումներուն մէջ գտնուող եւ աւելի շատ այցելու ունեցող Տիգրանակերտի հնագիտական թանգարանին պէս ուրիշ վայր մը չկայ Հայաստանի մէջ (տարեկան՝ 30-35 հազար այցելու): Պեղումներու ամենակարեւոր գտածոներէն մէկը 15 յուլիս 2008 թուականին յայտնաբերուած հայերէն արձանագրութիւնն էր, որ միւս գտածոներուն հետ ցուցադրուած էր Պեղումներու թանգարանին մէջ: Թանգարանին մէջ ցուցադրուած եւ մեծ արժէք ունեցող կը նկատուին նաեւ ջնարակապատ իրերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը արուեստի առանձին գործ է: Յայտնաբերուած են նաեւ ապակեայ իրեր, ապարանջաններ, մետաղ, զինատեսակներ՝ տէգեր, նիզակի ծայրեր, դաշիւններու բեկորներ, արծաթեայ զարդեր, կնքադրոշմներ, քանի մը տասնեակ դրամական գիւտեր:

Իսկ այն հատուածը, ուր կը բնակէին պեղումներ կատարող հնագէտները, պատերազմի առաջին օրէն հրետակոծման ենթարկուած է: Ճամբարին գոյքը փոխադրած են Հայաստան, բայց գոյքը այն արժէքը չունի, ինչ որ ունէր ճերմակ թանկարժէք քաղաքը, որ մնաց հեռու…

Տիգրան Մեծի քաղաքաշինութեան սկզբունքով կառուցուած (որ զուտ միայն Տիգրանին բնորոշ չէր, այլ նաեւ՝ ժամանակի հելլէնասիրական տարածուածութեան) քաղաքները այն ժամանակ հասարակութեան, տնտեսութեան, մշակոյթի առաջ տանող ուժերն էին, իսկ արքան կը նկատուէր երկիրը յառաջ տանող ուժը, աշխարհը արքային արարումն էր, ուստի քաղաքները կը կոչուէին արքաներուն անուններով:

Տիգրան Մեծ թագաւորը ինչ որ կառուցած է, իր անունով կոչած է: Պատմութեան մէջ կը խօսուի Տիգրանակերտ անունով քանի մը բնակավայրերու մասին, բայց Արցախի Տիգրանակերտը Տիգրանի անունը կրող միակ բնակավայրն է, որուն տեղը ստոյգ կերպով պարզուած է եւ որ հնագիտական հետազօտութիւններու ենթարկուած է: Պեղումներու հետեւանքով բացուած են քաղաքի Միջնաբերդի պարիսպներուն մէկ հատուածը, ամրացուած թաղամասի պարիսպներուն ժայռափոր հիմքերը, նոյն թաղամասի դարաւանդներէն մէկուն յենապատը, Կեդրոնական թաղամասի պազիլիք եկեղեցիէն հատուած մը: Հետախուզական պեղումներ կատարուած են նաեւ ամրացուած թաղամասին ու կեդրոնական թաղամասի քանի մը հատուածներուն մէջ, վաղ քրիստոնէական դամբարանադաշտին վրայ: Հետազօտուած են նաեւ քաղաքին մերձակայքը գտնուող պաշտամունքային-քարայրային համալիրը, անոր ստորոտէն անցնող ժայռափոր ջրանցքը, Խաչենագետի ձախ ափին գտնուող վաղ միջնադարեան ամրոցը: Հակառակ որ տակաւին պեղուած էր քաղաքի միայն երեք-չորս տոկոսը, բայց հնարաւոր էր պատկերացում կազմել տիգրանեան եւ աւելի ուշ ժամանակներու քաղաքի մասին. կար ամրոցը իր պարիսպներով, հնադարեան թաղամասեր, վաղ քրիստոնէական ընդարձակ եւ լաւ պահպանուած հրապարակը:

Տիգրանակերտը, անկախ իր պատմական նշանակութենէն եւ եզակի կառոյց ըլլալու հանգամանքէն, բացառիկ է այն առումով, որ այդ տարածքները, գոնէ Տիգրան Մեծի ժամանակներէն ի վեր, հայկական են կամ եղած են հայկական քաղաքակրթութեան ուղեծիրին մէջ: Այսօր ամբողջ Կովկասի տարածքին չկայ այդ ժամանակներուն վերագրուող աւելի մեծ ու աւելի լաւ պահպանուած ու նաեւ՝ աւելի դիտարժան յուշարձան մը, քան Տիգրանակերտը:

Արտաշատը շատ աւելի շքեղ մայրաքաղաք եղած է, բայց անոր պատկերը, անոր պարիսպները ուղղակի չեն պահպանուած: Տիգրանակերտի ամրոցին պարիսպներուն բարձրութիւնը հինգ մեթրէն աւելի է, նոյնիսկ ատրպէյճանական դիրքերէն կ՚երեւի: Տիգրանակերտը կառուցուած է ճերմակ քարով, որ յունահռոմէական քաղաքներու մտատիպարն էր, մինչդեռ մեր քաղաքներուն մեծամասնութիւնը հիմնականօրէն մոխրագոյն երկաթաքարով շինուած են: 2008 թուականին Արցախի նախագահին որոշումով՝ Տիգրանակերտը կը պեղուէր պետութեան նիւթական աջակցութեամբ: Զայն դարձած էր Արցախի այցեքարտը:

«Փաստօրէն այդ յուշարձանը, որ Կովկասի զարդն է, մարգարիտն է եւ հայկական է, այդպէս ապաշնորհաբար ձգեցինք անոնց: Հայկական կողմը ոչ թէ բանակցութիւններու սկսած է, այլ գլխակարգութեան ենթարկուած է, անձնատուութեան դաշինք կնքած է։ Մինչդեռ, եթէ բանակցութիւններ ըլլային, բանակցութիւններու ժամանակ կարելի էր որեւէ բան ըսել, օրինակ՝ այսքան հողը ձեզի կու տանք, փոխարէնը այս կամ այն բանը մեզի տուէք: Մեր իշխանութիւնները իրենց ապաշնորհութեամբ ոչ մէկ հնարաւորութիւն ձգեցին մեզի», ցաւով ըսած է Համլէթ Պետրոսեան:

 

ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԻԳԵՐ

ԻՒՆԷՍՔՕ-ն պատրաստ է օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատմամշակութային կոթողներու պահպանման հարցով եւ կը նախատեսէ ղրկել մասնագէտներու խումբ մը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի պաշտօնական կայքէջը, այս մասին յայտնած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրէ Ազուլէ:

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներու ժամանակ գլխաւոր տնօրէնը պաշտօնապէս ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ թեքնիկ օգնութիւն առաջարկած է, որուն ներկայացուցիչները մինչ օրս չէին կրնար այդ տարածքները այցելել: Անոնք կարող էին դաշտային առաքելութիւն իրականացնել բոլոր շահագրգիռ կողմերուն համաձայնութեամբ, որպէսզի կազմէին տարածքաշրջանի ժառանգութեան աւելի նշանակալի մշակութային արժէքներու նախնական ցուցակը: ԻՒՆԷՍՔՕ-ն պիտի աշխատի բոլոր շահագրգիռ կողմերուն հետ, որպէսզի պայմաններ ստեղծէ նման առաքելութեան համար: Նախաձեռնուած են բարձր մակարդակով խորհրդակցութիւններ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն հետ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Իտալիոյ առաջատար համալսարաններուն գիտնականները եւ աշխարհի այլ համալսարաններու՝ ազգութեամբ իտալացի գիտնականներ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական, մարդասիրական եւ մշակութային իրավիճակին վերաբերեալ բաց նամակ մը յղած են Իտալիոյ իշխանութիւններուն։

Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը կը յայտնէ, որ անոնք կոչ ըրած են Իտալիոյ իշխանութիւններուն՝ համերաշխօրէն համագործակցիլ միջազգային հանրութեան հետ՝ քաղաքական լուծման հասնելու, որ կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին հայերու ապրելու իրաւունքը լիակատար անվտանգութեան եւ անոնց ինքնորոշման յարգանքին հիման վրայ: Կոչ եղած է Իտալիոյ կառավարութեան՝ միջամտել, որ կանխուի հակամարտութեան ընթացքին նուաճուած տարածքներուն մէջ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական յուշարձաններուն ոչնչացումը, ինչպէս որ եղած է Նախիջեւանի մէջ:

Միջազգային կազմակերպութեան ղեկավարը յաւելած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումները տեղի ունեցած են նոյեմբեր 18-ին:

Ռուսական իշխանութիւններն ալ իրենց կողմէ յայտարարած են, որ միջոցներ կը ձեռնարկուին հայկական մշակութային, կրօնական յուշարձանները պահպանելու համար, սակայն, փաստ է, որ ատրպէյճանցիները արդէն պղծած են Ղազանչեցող եկեղեցին, Շուշիի Կանաչ ժամը եւ ուրիշ հայկական կառոյցներ…

Յետպատերազմական արհաւիրքը տակաւին կը շարունակուի…

 

Անուշ Թրուանց

«Ժամանակ»/Պոլիս