image
Հրատապ լուրեր:

Պաքու կրնայ զրկուիլ Կասպից ծովէն.«Տէյր Շբիկէլ»ի անդրադարձը

Պաքու կրնայ զրկուիլ  Կասպից ծովէն.«Տէյր Շբիկէլ»ի անդրադարձը

Գերմանական Der Tagesspiegel պարբերականէն կը կարդանք, թէ Կասպից ծովը կրնայ ըլլալ կորսնցնէ իր մակերեսի մինչեւ երրորդ մասը, այս մասին զգուշացուցած են գիտնականներ: Ընդ որում՝ բնակչութիւնը ամենեւին ալ չի գիտակցիր այդ վտանգը:

Հնարաւոր է, որ Պաքուի այսօրուայ բնակիչներու թոռները ստիպուած ըլլան ափ հասնելու համար անցնիլ քանի մը քիլոմեթր: Այս մասին կը վկայէ մոտելային այն հաշուարկը, զոր դեկտեմբերին հրապարակած է Marum-ի Պրեմընի համալսարանին առընթեր Ծովային հետազօտութիւններու կեդրրոնէն՝ Մաթիաս Փրանկըն: Վերջինիս հաշուարկներուն համաձայն՝ հարիւրամեակի վերջին, Կասպից ծովու մակարդակը սրընթաց պիտի փոքրանայ եւ նուազի 9-էն18 մեթր: Կասպից ծովը, որ Երկրի վրայ ամենախոշոր փակ ջրամբարն է, պիտի կորսնցնէ իր այսօրուայ մակերեսի մինչեւ երրորդ մասը:

Ծովու մակարդակի անկումը տեղի կ'ունենայ շատ աւելի արագ, քան կ'ենթադրուէր նախորդ կլիմայական մոտելներով, կը կարծէ Պրեմընի գիտնականներու խումբը, որ վաղուց կ'ուսումնասիրէ տարածաշրջանի երկիրներու իրավիճակը: Արդէն քանի տարիէ ի վեր,  կլիմայի տաքացման հետեւանքով կը խախտուի հաւասարակշռութիւնը Վոլկա գետի ջրահոսքին եւ փակ լիճի մակերեւոյթէն ջուրի գոլորշիացման միջեւ: Կը գոլորշիանայ շատ աւելի ջուր, քան կարող է գետը հասցնել, որ թարմ ջուրի 90 տոկոսի աղբիւրն է: Ռուս գիտնականներ սակայն կը կարծեն, որ իրավիճակը կը փոխուի, քանի որ համաշխարհային տաքացումը նաեւ այլ հետեւանք ունի: Անոնք կ'ենթադրեն, որ առաջիկայ տարիներուն, Ռուսաստանի Եւրոպական տարածքին վրայ անձրեւի աւելի շատ տեղումներ պիտի ըլլան, եւ Վոլկան աւելի շատ ջուր պիտի բերէ: Փրանկըն իր մոտելով հաշուի առած է այդ կանխատեսումը: «Այդ բաւական չէ»,- ըսած է ան: Ընդ որում՝ ան հաշուի չէ առած այն, որ 1990-ականներուն ճգնաժամ ապրած ռուսական գիւղատնտեսութեան կայունացումէն յետոյ, ապագային Վոլկայէն աւելի շատ ջուր պիտի պահանջուի:

Ծովու մակարդակի անկման պարագային, Պաքուն համեմատաբար փոքր կորուստներ կ'ունենայ, կը կարծէ Marum-ի կենսաբան՝ Թոմաս Ուիլքըն: Արդիւնքը յատկապէս  կը դրսեւորուի աղի ջուրով ցածրադիր շրջաններուն համար՝ Կասպից ծովի հիւսիսը: Ըստ հաշուարկներուն՝ այնտեղ կը ցամքի ծովու տասնեակ հազար քառակուսի քիլոմեթր:

Պարբերականը նշած է, որ ծանծաղելու ազդեցութիւնը շատ լաւ յայտնի է Ղազախիստանի Արալի ծովի անհետացմամբ: Անոր փոքր մասը փրկելու համար միայն, կատարուած են միլիառներու ներդրումներ, սակայն հետեւանքները աղէտալի էին: Մեծ մակերեսներ վերածուած են անապատի, հողը թունաւորուած է ծովի աղով: Այնտեղ անհնար է գիւղատնտեսութեամբ զբաղիլ, տարածաշրջանի մարդիկ յաճախ կը հիւանդանան շնչուղիներու հիւանդութիւններով:

Ընդ որում՝ այդ երկիրներու բնակչութիւնն ու քաղաքական գործիչները վտանգի ընկալում բացարձակապէս չունին, իրենց ուղեւորութիւններու ժամանակ այսպիսի եզրակացութեան յանգած են Փրանկըն, Ուիլքըն եւ անոնց խումբի անդամները: «Եւ ուրկէ պիտի ունենան: Սերունդէ սերունդ մարդոց կը փոխանցուի այն փորձը, որ ծովու մակարդակը կ'իջնէ, յետոյ նորէն կը բարձրանայ,- ըսած է Ուիլքըն: - Ինծի կը թուի, որ որոշ երկիրներու մէջ քաղաքական գործիչները դեռեւս այսպէս կը մտածեն՝ որ, այդ մեր վրայ այդքան ուժգին չ'ազդեր, ինչպէս հարեւաններուն վրայ»: Իրականութեան մէջ, հաշուարկներուն համաձայն, պիտի տուժեն առաջին հերթին Ղազախիստանն ու Ռուսաստանը:

Պրեմընի գիտնականները կոչ կ'ընեն իրենց տուեալները ստուգելու միջազգային փորձագիտական խումբերու կողմէ եւ արագ արձագանգման միջոցով: Սակայն հնարաւորութիւնները մեծ չեն: Բանակցութիւնները 20 տարիէն աւելի տեւած են, մինչեւ 2 տարի առաջ Կասպից ծով ելք ունեցող երկիրները համաձայնութեան եկած անոր բաժանման հարցով: Եթէ հիմա ջուրի մակարդակը սկսի արագ իջնել, այդ համաձայնագիրը ոչ արդիական կը դառնայ, ինչ որ գրեթէ անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէ շահերու նոր հակամարտութեան, կը վստահեցնեն փորձագէտները: Եթէ հիմա դիւանագէտներն ալ 20 տարի պահանջեն, ապա չափազանց ուշ պիտի ըլլայ:

Նիւթը՝ News.am-էն