image
Հրատապ լուրեր:

Հայերէնը կը զուարճանայ (28)

Հայերէնը կը զուարճանայ (28)

Փախո՞ղ,  թէ՞ փախչող

Հայր Անդրանիկ Կռանեան իր ծանօթ բառարանի (1982) վարդագոյն բաժնին մէջ (էջ 758) կը գրէ. «Մի՛ ըսէք փախչող եւ ուտող, այլ ըսէք փախող եւ կերող»,− «որովհետեւ,– կը հիմնաւորէ հայր սուրբը,– դերբայական -ող ձեւը  յառաջ կու գայ  բային անցեալ կատարեալ ժամանակէն, ո՛չ աներեւոյթէն»:  Քանի որ  այս երկու բայերուն անցեալ կատարեալն է  փախ-այ եւ կեր-այ (ուր հիմքերն են փախ- եւ կեր-), ուրեմն՝ փախ-ող եւ կեր-ող: Մինչ անորոշի հիմքերն են՝ փախչ (-իլ) եւ ուտ (-ել), իսկ ինք կը մերժէ այս հիմքերով կազմել իր  այդ երկու դերբայները եւ ըսել՝ փախչ-ող եւ ուտ-ուղ:

 

*   *   *

Երբ կաթողիկէ վարդապետ մը աշխարհաբարի  կանոն կը բանաձեւէ, ապա պէտք է մտիկ ընել՝ առ ի քաղաքավարութիւն, սակայն ըսուածը այլապէս ալ հիմնաւորել ու հաստատել, որովհետեւ ընդհանրապէս ուղղումի կարօտող թերի  բան մը պիտի գտնուի անոր բանաձեւումին մէջ: Այլ հարց, թէ աշխարհաբարի գերագոյն տեսաբանը եղած ըլլայ կաթողիկէ վարդապետ մը՝ հայր Արսէն Այտընեանը:

Ճիշդ ո՞ւր փնտռել Կռանեանի մոլորութեան աղբիւրը,− չեմ կրնար ըսել,  քանի իր տեսակէտը հաստատող աղբիւր ծանօթ չէ ինծի՝ ո՛չ գրաբար, ո՛չ  աշխարհաբար: Եւ տրուած ըլլալով,  որ ան հմուտ գրաբարատգէտի համբաւ կը վայելէր, նախ տեսնենք այստեղ տիրող կացութիւնը՝ դիմելով գրաբարի արամազդին՝ Արսէն Բագրատունիի:

Ի՞նչ կ’ըսէ գրաբարի քերականութիւնը:

Իր համբաւաւոր աշխատութեան՝ «Ի պէտս զարգացելոց»-ի 494-րդ պարբերութիւնը ան  յատկացուցած է սերտուող դերբային, որ արդի եզրաբանութեամբ կը կոչենք «ենթակայական դերբայ»: Այստեղ նշուած է, որ այս դերբայը կը յառաջանայ հաւասարապէս անորոշի եւ կատարեալի հիմքերէն, այլ խօսքով՝ գրաբարը…կայուն ու միասնական  կանոն մը չունի այս պարագային. Եւ կու տայ օրինակներ՝ առն-ող եւ արար-ող (ընող), ատ-ող եւ ատեց-ող, աս-ող  եւ ասաց-ող, դն-ող եւ եդ-ող, սիր-ող եւ  սիրեց-ող եւ այլն,  ու յատուկ կը շեշտէ՝ փախչ-իլ> փախչ-ող:

Բերուած զոյգերէն առաջինը միշտ  ներկայի հիմքն է [օրինակ՝ առն (-ել)], իսկ երկրորդը՝ կատարեալի [օրինակ՝ արար(-ի)]:

Ըստ այսմ՝ կարելի է միայն զարմանալ, թէ Կռանեան ի՞նչ հիմնաւորումով ճամբայ կ’ելլէ՝ բանաձեւելու համար աշխարհաբարեան կանոն մը, նոյնիսկ եթէ մտածենք, որ գրաբարը աշխարհաբարի մայրն ու սնուցիչն է:

 

*   *   *

Եւ ահա կը տեսնենք, որ այդ մայրն ու սնուցիչը նման սահմանափակող կանոն մը չ’ենթադրեր. փաստօրէն շատ գրաբարի սրտովը չէր այս ենթակայական դերբայ ըսուածը, այդ պատճառով ալ կայուն կանոն մը չէ հսատատուած այնտեղ, մինչդեռ աշխարհաբարը ունի ենթակայական դերբայի կազմութեան   անբեկանելի ու անշեղելի համակարգ մը, որ ոչ մէկ խոտորում, ոչ մէկ երկւութիւն ու բացառութիւն կը ճանչնայ:

Ըստ  այս վերջինին՝  ել եւ իլ լծորդութեանց բոլոր բայերը անխտիր իրենց նշեալ դերբայը կը կազմեն անորոշի  կամ ներկայի   հիմքէն մի՛միայն.  ուրեմն՝ըստ այս կանոնին՝  փախչ-իլ եւ ուտ-ել պիտի միայն ու անշեղօրէն տան՝

փախչ-իլ > փախչ-ող,

ուտ-ել     > ուտ-ող:

 

*   *   *

Այս այսպէս ըլլալով՝ ստորեւ քիչ մը աւելի ծանրանանք  «չ» ածանցը ունեցող բայերուն վրայ, որոնց մէկ ներկայացուցիչն է փախ-չ-իլ բայը:

Շատ հինէն եկող բայեր են այսպիսիները, որոնք Ե. դարը դիմաւորած են բաւական աղճատուած վիճակով, որովհետեւ մեր լեզուն ոչ մէկ ատեն հանգիստ  զգացած է ասոնց ներկայութեան: Եթէ հինգերորդ դարուն քանի մը տասնեակ էին անոնք, ներկայիս  հազիւ վեց  են՝ դպչիլ, թռչիլ, կպչիլ, փախչիլ, փակչիլ, փլչիլ:

Ասոնց  խոցելի կէտը  չ ածանցն է,  որ  կայուն չէ. ան մերթ ներկայ է, մերթ բացակայ:

ա) Դիմաւոր ձեւեր՝ կը փախչիմ-կը փախչէի-փախայ-պիտի փախչիմ-պիտի փախչէի-փախի՛ր-փախէ՛ք-փախչիմ-փախչէի:

բ) Անդէմ՝ դերբայական ձեւեր՝ փախչիլ-փախչող-փախած-փախեր-փախչիր–փախչեր (չեմ փախչիր-չէի փախչեր)-փախչելու-փախչելիք-փախչելէն:

Ուրեմն կարմիրով ներկայացողները ածանցազուրկ են, որոնք շուարումի անսպառ աղբիւր են. այսպէս՝ եթէ  հրամայականը փախի՛ր է, ապա ասոր ժխտականը մի՛ փախչիր է, իսկ յոգնակին մէկ կողմէ՝ փախէ՛ք,  միւս կողմէ՝ մի՛ փախչիք:

Աւելի բարդ կամ շփոթեցուցիչ են բաղադրեալ ժամանակները.  բաղդատել՝         փախեր եմ- չեմ փախեր, փախեր էի-չէի փախեր, որոնք կը խաչաձեւուին անկատարի  ժխտականով՝ չէի փախչեր. ուրեմն՝  մէկ կողմէ՝ չէի փախեր, միւս կողմէ՝ չէի փախչեր…ինչպէ՞ս կ’ուզէք, որ մարդկային միտքը տիրապետէ այս դժոխքին:

Անշուշտ չեմ ակնկալեր, որ իւրացնէք այս բոլորը, տակաւին հարց է, թէ մինչեւ այստեղ տոկա՞ց ձեր համբերութիւնը եւ կարդացի՞ք այսքանը:

 

*   *   *

Ինչպէ՞ս կը դիմագրաւէ արդի արեւմտահայը այս ծուղակները:

Մեծ վերապահութեամբ ակնկալելով, որ կը գտնուին քանի մը,− մի՛այն քանի մը,− արեւմտահայեր, որոնք անթերի կը կիրարկեն այս բայերը իրենց ողջ յարացոյցով, մնացեալները…պարզապէս կը խառնեն ածանցաւոր եւ ածանցազուրկ ձեւերը. օրինակ՝ կը փախիմ, փոխանակ՝ կը փախչիմ. փախեցայ, փոխանակ՝ փախայ. փախչի՛ր, փոխանակ՝ փախի՛ր. փախչեր եմ, փոխանակ՝ փախեր եմ: Նմանապէս մնացեալ հինգը:

Զօրաւոր ձգտում մը կայ պարզացնելու այս բայերը, այսինքն՝ ջնջելու ածանցը ներկայի եւ անկատարի մէջ, այլ խօսքով՝ կը դպիմ, կը թռիս, կը կպի, կը փախէի, կը փակէիր, կը փլէր  եւ այլն:  Այս պարզացուած ձեւերէն մէկ քանին արդէն մտած են  արդի բառարաններուն մէջ, քիչ մը խառնակ ձեւով. օրինակ՝ Կռանեան ունի թէ՛ փլիլ, թէ՛ փլչիլ. Տէր Խաչատուրեան հաւասարապէս ունի կպիլ եւ կպչիլ  եւ այսպէս շարունակ:


*   *   *

Իսկ ի՞նչ եղան եւ ո՞ւր մնացին գրաբարի միւս ածանցաւոր բայերը:

ա)  Նախ աշխարհաբարէն դուրս  մնացած են այտչիլ եւ յարնչիլ:

բ) Ուրիշներ կորսնցուցած են ածանցական խոնարհումը՝ չ-ին կցումով բայարմատին, եւ դարձած են պարզ կանոնաւոր. ինչպէս՝ երկնչիլ, խրտչիլ, կառչիլ, հանգչիլ[1], մատչիլ, մարտնչիլ, մեղանչել. օրինակ՝ երկնչեցայ-երկնչի՛ր, մինչ գրաբարը կ’ըսէր՝ երկեայ-երկի՛ր:

գ)  Չ ածանցը թօթափած են զատչիլ, ուռչիլ[2], սառչիլ՝ տալով զատուիլ, սառիլ, ուռիլ[3]: Արեւելահայերէնը կը պահէ վերջին երկուքին ածանցաւոր ձեւերը:

դ) Չ-ն փոխանակած են ն-ով թաքչիլ,  զարթչիլ եւ ոստչիլ, տալով՝ թաքնուիլ, զարթնիլ եւ ոստնել: Իսկ ճանաչել-ին վրայ աւելցած է ն ածանցը, փոխուած է բայիս լծորդութիւնը (ել>ալ), եւ ան կը պահէ իր ածանցական խոնարհումը՝ ճանչցայ-ճանչցի՛ր, գրաբարեան ծանեայ-ծանի՛ր-ի փոխարէն, մինչ արեւելահայերէնի մէջ ան պահած է իր գրաբարեան կաղապարը՝ դառնալով ել լծորդութեան պարզ կանոնաոր բայ մը՝ ճանաչեցի-ճանաչի՛ր:

ե) Կորնչիլ իր այս կազմով եւ իբրեւ պարզ կանոնաւոր բայ շատ հազուագիւտ կիրարկութիւններ ունի վերամբարձ  կամ հռետորական ոճի մէջ. «Թող կորնչին բոլոր աղանդաւորները»…: Աւելի գործածական է ասոր ամփոփ ձեւը՝ կորչիլ, որ յառաջացած է աշխարհաբարի մէջ եւ ունի ածանցական խոնարհում՝ կորայ-կորար-կորաւ-կորի՛ր, սակայն ունի կանոնաւոր խոնարհում մըն ալ՝ կորչեցայ-կորչեցար-կորչեցաւ-կորչի՛ր:   Այսուհանդերձ միջին  արեւմտահայը շատ աւելի հանգիստ կը զգայ կորսուիլ եւ կորսնցնել բայաձեւերով, որոնք  գրաբարեան  կորնչել բայի ներգործականէն՝ կորուցանել  կամ  կորուսանել տարբերակէն յառաջացած են:

Եզրակացութիւն

Ահա այսպիսի ահարկու համակարգի մը առջեւ կը գտնուի  ներկայ հայը, մասնաւորաբար դպրոցականը, որ զայն դիմագրաւելու եւ գոհացուցիչ սահմաններու մէջ իւրացնելու համար ոչ մէկ ուղեցոյց ունի, ոչ մէկ դասագիրք ու ոչ մէկ ուսուցիչ: Միւս կողմէ՝ ոչ մէկ կրթական մարմին հետաքրքրուած է այս հարցերով, որպէսզի մտածուէր լուծումի մը մասին:

 

Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան

 

[1] Աշախարհաբարը ունի հանգիլ  տարբերակ մըն ալ՝ սպառիլ, մարիլ նշանակութեամբ:

[2] Ատեն մը գործած է ուռենալ ձեւը եւս. օրինակ՝ «Ալեկոծ հոգիին մէջը այդ բռնաւոր  պէտքը տակաւ կ’ուռենար» (Յ. Օշական, «Հօրքուր-Վարդան»):

[3] ա) Նման դատողութիւններ անշուշտ պէտք է առնել որոշ վերապահութեամբ, որովհետեւ լեզուական բարեշրջումները  միշտ կանոնաւոր ու համատարած չեն կրնար տեղի ունենալ. Դանիէլ Վարուժան, օրինակ, ունի՝ «Իբրեւ հեզիկ  ալեակին մէջ ուռչող ծով» (Յաւերժութեան սեմին) հոն, ուր իր ժամանակակիցները կը գրէին ուռող: բ) Արդի արեւելահայերէնը կը պահէ երկու տարբերակները՝ ուռել-ուռչել  ու սառել-սառչել, որոնք կու տան՝  ուռեցի-ուռայ  ու սառեցի-սառայ: