image

3 Նախարարներով Կառավարութիւն Մտած Դաշնակցութիւնը Կարեւոր Փորձաքարի Դիմաց

3 Նախարարներով Կառավարութիւն Մտած Դաշնակցութիւնը   Կարեւոր Փորձաքարի  Դիմաց

12 Փետրուար 2015-ին  Հայաստանի նախագահի  ելոյթով սկիզբ առած քաղաքական   գործընթացը կը մտնէր նոր    հանգրուան՝  իշխող Հանրապետական կուսակցութեան  եւ  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան   միջեւ        ստորագրուած   համաձայնագրով: Առաջին գործընթացով  նախագահ Սերժ Սարգսեան   լախտի  ծանր հարուած մը  տալով   «ԲՀԿ»  առաջնորդ  Գագիկ Ծառուկեանը եւ անոր     նիւթական        հնարաւորութիւններուն յենած      կողմերը      կը տարանջատէր, անդին   այսօր կայացուած համաձայնութեամբ իշխանութիւնը   տարանջատելու խաղէն  դուրս  գալով  կը փորձէր   քաղաքական կեանքին   նոր   որակ  հաղորդել: Այդ օրերուն էր  նաեւ, որ  խօսք կ'երթար  այն մասին, որ  Հայաստանի քաղաքական կեանքը իրողապէս ծանր հիւանդ է:    Խաղին մէջ եղող  բոլոր  կշռաքարերը   կը տարածուէին ու Լեւոն  Տէր-Պետրոսեանի  հմայքին ու Ռաֆֆի Յովհաննիսեանի արկածախնդրութեան հաւատացող  հանրութիւնը գլխիկոր կը հեռանար   բոլոր հրապարակներէն:   Այս   դիպաշարէն   մինչ օրերս     հանրութեան հրամցուած       դաշինքը  եղած  ժամանակահատուածը կը լեցուէր   Electric Yerevan-ի   ցոյցերով, որոնց  տարանջատման եւ  նուազումին մէջ նոյնպէս  իշխանութիւնը  կը դառնար թիւ մէկ թելադրական ուժ:      Յիշատակելի  են նաեւ  քաղաքացիական     տարբեր   տեսակի     շարժումները, որոնք բոլորն  ալ կը պսակուէին ծանր    անկումներով:

Երէկ բաց մը կար Հայաստանի    հանրային կեանքին մէջ ու ցայսօր այդ բացը     երեւելի է անզէն   աչքերով:   Այդ բացը     Հայաստանի հանրութեան  եւ  կուսակցութիւններուն  միջեւ    երեւելի  անվստահութիւնն էր, որն արդիւնք է  երկար տարիներու վրայ եղած  բացթողումներու,  սխալներու  եւ  ձախողումներու:  Անվստահութիւնը   այսօր   ալ Հայաստանի հանրութիւնը   բնորոշող    ամէնէնէն    բացայայտ  տարրն է:  Առաջին՝ անվստահութիւն  հանդէպ  երկրի իշխանութիւններուն եւ    երկրորդ՝  անվստահութիւն հանդէպ երկրին մէջ գործող       քաղաքական  կուսակցութիւններուն:  Այս բոլորէն  անդին  եւ    մօտիկ անցեալին եղած   գործընթացներուն  մէջ Դաշնակցութիւնը կը փորձէր      զգոյշ ըլլալ  եւ  շատ  յաճախ low profile    պատկերով մը հետեւիլ տեղի ունեցած  գործընթացներուն:   Այս խօսքին մեծագոյն   ապացոյցը Եռեակ- Քառեակ   քաղաքական   խաղին մէջ  Դաշնակցութեան ունեցած  դիրքորոշումն էր:  Ու  գաղտնիք  ալ չէ, որ այսօր    թուղթի վրայ  երեւացած համաձայնութիւնը       այդ օրերուն էր, որ    մարմին կը ստանար:  Գաղափարական առումով  եւս  Դաշնակցութեան համար ծանր  լուծ էր      նստիլ  նոյն սեղանին   Հանրապետական   կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ:  Չէ ո՞ր Դաշնակցութիւնը  ջատագովն  է   արդար  ընտրութիւններու: Չէ ո՞ր Դաշնակցութեան  համար    անմարսելի են  այն  կերպարները,  որոնք   դրամի  ուժով յաջողած են  հասնիլ   քաղաքական թատերաբեմ:    Եղած  համաձայնութեան     հետեւանքով Դաշնակցութիւնը  բնականաբար պիտի կորսնցնէ  կարեւոր  միաւորներ, ոչ թէ Սփիւռքի  իր հատուածներուն մօտ, այլ   մանաւանդ Հայաստանի  մէջ:  Ու  այս  125- ամեայ կուսակցութեան համար     ամէնէն առաջնային նեցուկը   պէտք է ըլլայ, ոչ թէ սփիւռքեան  գաղութներէն, ուր  արդէն  ամէնէն  գերակշռելի ուժն  է, այլ Հայաստանէն ու Արցախէն:   Վերադառնալով կնքուած    համաձայնութեան,    պէտք է  յստակօրէն  շեշտադրել, որ այս  գործակցութեան   փաստացի   կնիքը   կը     դրուի    Հայաստանի        յառաջիկայ  2017 տարուան   խորհրդարանական ընտրութիւններու հանգրուանին  ճիշդ առաջ:    Ներկայ հանգրուանը   քաղաքական ընդհանուր  ջրբաժանի  հանգրուանն է:      Անցնող   դեկտեմբերին    տեղի ունեցած    սահմանադրական բարեփոխումներէն  ետք  այսօր      այլ իրավիճակ      պիտի  ստեղծուի:   Գետնի  վրայ կան  նոր խաղացողներ, որոնց   գլխաւորը     իր նոր անուանումով հանրութեան ներկայացող    «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութիւնն է, որուն  առաջնորդը  Արթուր Պաղտասարեան կուսակցութեան     հիմնադիր ժողովին        կը յայտարարէր, որ  իրենց միացող ուժերը մարդ- կուսակցութիւններ չեն  եւ իրենք ունին մեծ ներուժ:  Չմոռնանք նաեւ Արա Աբրահամեանի պարագան: Մոսկուա բնակող   եւ    ռուսական  իշխանութիւններուն  թիւ մէկ մարդը  համարուող  այս գործիչը    ամիսներ առաջ խօսած էր նոր կուսակցութիւն մը հիմնադրման մասին, սակայն գետնի վրայ   ցայսօր  ոչ մէկ   շարժում կայ այդ ուղղութեամբ:    Եթէ խօսինք   Դաշնակցութեան եւ   ընդդիմադիր շրջանակներու  միջեւ ունեցած յարաբերութիւններուն մասին,  պէտք է      ըմբռնել, որ Դաշնակցութիւնը ի տարբերութիւն ընդդիմադիր միւս հատուածներուն, հակառակ անոր, որ շատ  առիթներու  սիրայօժար  կերպով  ցոյցի հրապարակ   վազեց,  բայց եւ այնպէս     կռիւ տարաւ ընդդիմութեան կողմէ հրապարակուելիք իւրաքանչիւր բառի համար: Ու  հակառակ   անոր, որ   այս  կուսակցութիւնը միւս  շարժումներուն պէս  իր ժամանակը չվատնեց  մեծբերան ու անհեթեթ յայտարարութիւններ  ընելով , այսօր եւս    կուսակցութիւնը չի վայելեր Հայաստանի ժողովուրդին  սէրը եւ համակարանքը:

Հակառակ այս դիտարկումին  կուսակցութեան համար  այսօր  բաւական  կարեւոր շրջան մը կը  բացուի: Այդ մասին խօսած է  Հ.Յ.Դ.  Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի  ներկայացուցիչ  եւ Ազգային  Ժողովին  անդամ  Աղուան Վարդանեանը: Վարդանեան, որ խօսած է   Tert.am    կայքին  եւ անդրադարձած յառաջիկայ  խորհրդարանական ընտրութիւններուն  Դաշնակցութեան մասնակցութեան  ձեւաչափին,              ըսած է ՝ «Պէտք է գնահատականներում օբյեկտիվ լինել, ինչ է նշանակում իշխանութեան հետ, թե առանձին: Վերջին երկու ընտրութիւններում 2007-ին Դաշնակցութիւնը հաւաքել է 178 000 ձայն, որը 14% էր և վերջին ընտրութիւններին՝ 12 000 ձայն,  5 ու մի քիչ տոկոս: Այդ արդիւնքի մասին ես տարիներ շարունակ մանրամասն ասել եմ, ինչպես է գոյացել: Ձեզ վստահեցնում եմ, որ յաջորդ ընտրութիւններում Դաշնակցութեան  տեսակարար կշիռը ԱԺ-ում շատ ավելի բարձր կլինի»:

Իշխանութեան մասին խօսելով  պէտք է  հասկնալ, որ այս  ձեւաչափով   Սերժ Սարգսեան կը միտի    քաղաքական      առօրեայի մէջ նոր   դրական  շարժում մը ստեղծել   ու համագործակցութեան    նոր հաւատամքով մը,        հանրութեան  ցոյց տալ, որ ինք որպէս նախագահ    միայն  «բաժնէ, որ տիրես»  խաղին  ջատագովը չէ:  Այսինքն   իշխանութիւնը պատրաստ է որոշ  զիջումներու երթալ, որոնց դիմաց  պիտի կրնայ  ամրապնդել  իր դիրքերը եւ դրական  միաւորներ  կուտակելով   ընդհանուր դերի բաշխումը  իրականացնել:     Գաղտնիք  ալ չէ, որ այս  գործառոյթով  իշխանութիւնները ծանր  բեռ մը կը  դնեն  Դաշնակցութեան ուսերուն:    Քանի  մը ամիս ետք        ոչ միայն հանրութիւնը, այլ  նաեւ կառավարութիւնը հարց  պիտի տայ  Դաշնակցութեան   եւ ըսէ «տուինք  ձեր ուզած  պաշտօնները ու հիմա ո՞ւր է  ձեր       ըրած գործին  արդիւնքը»:   Դաշնակցութեան  սփիւռքեան  հարթակին  համար եւս  այս  համաձայնութիւնը կարեւոր փորձաքար  է, որովհետեւ   Հայաստանէն դուրս ապրող    մեծ  թիւով դաշնակցականներ միայն հայրենասիրական  հայացքով  չէ, որ կը նային Հայաստանին:  Այլ  անոնք   բաւական  մանրամասն կերպով կը հետեւին    ընթացող  զարգացումներուն, ու իրենց համար   Հայաստանի գործող իշխանութիւնները  իտէալական չեն:  Այստեղ չպէտք է մոռնալ   նախագահ Սերժ Սարգսեանի Թուրքիոյ հանդէպ մօտիկ անցեալին  ունեցած      մօտեցումները եւ    Հայաստան–Թուրքիա    արձանագրութիւններու  ֆոնին   եղած  ՀՀ իշխանութիւններ- Դաշնակցութիւն   սուր լարումը: Այս առումով է  նաեւ, որ պէտք է   նկատել, որ   իր նախորդին՝ Ռոպէրթ  Քոչարեանին  նման Սերժ Սարգսեան չի վայելեր   Սփիւռքի Դաշնակցական   մասսային  համակրանքը: Սէրը կամ  համակրանքը մէկ կողմ, Դաշնակցութեան  տիսիբլինը՝   այլ կողմ: Կուսակցութեան համար  մեծ խնդիր չէ     սփիւռքեան իր շարքին  բացատրել    Հայաստանի մէջ   գրանցուող զարգացումները, այլ  խօսք, եթէ  ինչ- ինչ պատճառներով կուսակցութիւնը չկարողանայ  դէպի Հայաստան   նոր դրամագլուխներ հոսեցնելու  «առաքելութիւն»ը իրականացանել,  հակառակ  անոր, որ    կրնայ ըլլալ նաեւ, որ   այդպիսի «առաքելութիւն» մը    չէ դրուած     համաձայնութեան սեղանին:

Մեծ հարցադրումներու տեղիք կրնայ տալ  կառավարական աթոռներու հարցը, ու      պարզ է նաեւ, որ  մանաւանդ   կրթութեան նախարարութեան Դաշնակցութեան վստահիլը  բաւական    անմարսելի պտուղ   է  իշխանութեան համար:  Այս մօտեցումին իբրեւ  պատասխան կարելի է  նաեւ հաստատել, որ Հայաստանի այսօրուան կառավարութիւնը պիտի ապրի մինչեւ  յառաջիկայ ընտրութիւններ ու  նոր խորհրդարանին կազմուելէ յետոյ է միայն, որ    իշխանութիւնները   առիթ պիտի ունենան  լրջօրէն մտածել երկարաժակէտ   գործունէութեանց     եւ նախարարական աթոռներու իսկական բաժանման մասին:

Քաղաքական վերլուծաբան Յակոբ Պատալեանի  կարծիքով 24   Փետրուարին  ստորագրուած  համաձայնութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան՝     տեղի   ունեցած թեթեւ   Make Up     մը: Ան այս  կարծիքը յայտնած է    «Ազատութիւն»  ռատիոկայանէն  խօսած   ատեն, ըսելով, թէ  «Եղածը բարի ցանկութիւններով    մի փաստաթուղթ է եւ լաւագոյն պարագայում մենք ականատես   կը լինենք գոսմէթիք ինչ որ քայլերի, որոնք կը բխեն     նախընտրական   տրամաբանությունից»:

Չէ  բացառուած, որ այս  համաձայնութեան հիմքը       յառաջիկայ ընտրութիւններուն      պատրաստուիլն է:    Այս  ընթացքով է նաեւ, որ  նախագահ Սերժ Սարգսեան  նժարի վրայ պիտի դնէ Դաշնակցութեան  իսկական ուժը եւ  կարողութիւնը: Անկախ   անկէ, որ    կուսակցութիւնը  կրնայ   կարեւոր միաւորներ կորսնցնել, երեւելի է սակայն, որ Հայաստանի   այսօրուան իշխանութիւններուն համար   գետնի վրայ եղող  ուժերուն մէջ Դաշնակցութիւնը առնուազն վստահելի   ուժ է: Վստահելի է, երբ ընդդիմադիր է  եւ վստահելի  է  երբ հակառակորդ է: Ու  այս կէտը   կարեւորագոյն    հանգամանք  է      անվստահութեան մէջ   լողացող քաղաքական կեանքին մէջ      քաղաքական  նոր շնչառութիւն բերելու համար:

Կը մնայ   կարեւորագոյն հարցումը,  արդեօ՞ք Դաշնակցութիւնը պիտի յաջողի   նոր հիմքեր դնել     Հայաստանի    վերնախաւին համար  ընդունելի դարձած կաշառակերութեան  դէմ  իր  սկզբունքային պայքարին մէջ: Հիմա, որ   կուսակցութիւնը արդէն մաս կը կազմէ իշխանութեան,        ան յայտնուած է   կարեւոր փորձաքարի դիմաց, ու որեւէ տատանում կամ տեղքայլ աւելիով  պիտի խլէ    կուսակցութեան ունեցած     եւ արդէն բաւական  նօսր միաւորները:


Սագօ Արեան/«ժԱՄԱՆԱԿ» Պոլիս