image
Հրատապ լուրեր:

Հայերէնի շեշտադրումը.Արմենակ Եղիայեան

Հայերէնի շեշտադրումը.Արմենակ Եղիայեան

Հայերէնի շեշտադրում   (առոգանութեան նշաններ)  

         Առոգանութեան նշանները թիւով երեք են եւ միշտ կը դրուին բառին նո՛յն դիրքին վրայ. օրինակ՝  բարա՛կ,  բարա՞կ, բարա՜կ: Առաջինը կը կոչուի շեշտ, եկրորդը՝ պարոյկ, երրորդը՝ երկար:  Ուրեմն երբ կ’ակնարկենք ասոնցմէ մէկուն,  պէտք է գիտնալ, որ ըստ արտասանութեան՝ միւս երկուքը կը գրաւեն նոյն դիրքը: 

         Իբրեւ ընդհանուր կանոն՝ ի մտի ունենալ, որ մեր լեզուին մէջ բառերը կը շեշտուին իրենց վերջին ձայնաւորին վրայ. օրինակ՝ բանա՛կ,  դասարա՛ն, քաղաքակա՛ն եւ այլն: Երբ նոյն բառը կ’աճի, շեշտը ըստ այնմ կը տեղափոխուի՝ միշտ գրաւելով վերջին վանկին ձայնաւորը. օրինակ՝ բանա՛կ-բանակայի՛ն,    հա՛տ-հատի՛կ-հատապտո՛ւղ, ա՛զգ-ազգագի՛ր-ազգագրակա՛ն  եւ այպէս շարունակ: Մեր աւելի քան հարիւր հազար բառերը կը շեշտուին ա՛յս սկզբունքով:

         Հարցը սակայն այսքան պարզ չէ, կան  արտականոն ուսանելի բաւական երեւոյթներ, որոնց վրայ պարտինք հակել մեր հէգ  գլուխները, որպէսզի ձերբզատինք մեզ անհանգստացնող  անորոշութիւններէ  (առաքինութիւն մը, որ միշտ երաշխաւորուած չէ, դժբախտաբար--ԱԵ),  անհաճոյ անակնկալներէ եւ խայտաբղէտ  ու մա՛նաւանդ սխալ կէտադրութենէ:

                                                              *      *

                                                                  *

         1. Հարցական բառերու շեշտադրումը       

         Խնդրոյ առարկայ բառերն են ո՞ր, ի՞նչ,  ինչպէ՞ս, որքա՞ն եւ նմանները: Ասոնց առոգանական նշաններու զետեղումը  կը կատարուի  խայտաբղէտ ձեւով՝ ի՞նչու-ինչո՞ւ, ի՞նչպէս-ինչպէ՞ս, ո՞րքան-որքա՞ն եւ այլն:

         Այս բազմաձեւութեան  պատճառները երկուք են:

         Նախ այն իրողութիւնը, թէ ինչ եւ որ  բառերը ի բնէ հարցական ներունակ երանգ մը ունին՝ ի՞նչ եւ ո՞ր, եւ այս «տրամաբանութեամբ» ալ  այս արմատները իրենցմով բաղադրուող  նոր բառերուն մէջ կը շարունակեն մեքենաբար օժտուիլ պարոյկով մը՝ ի՞նչու, ի՞նչպէս, ի՞նչքան, ո՞րքան: Կայ սակայն երկրորդ հիմնական պատճառ մըն ալ, որ թրքերէնի ազդեցութիւնն է, որ մենք դարերով կրած ենք՝ իբրեւ լեզուական լուծ,  եւ կը պահենք մեր ենթագիտակիցին մէջ: Արդարեւ, թրքերէնը ասոնց համարժէքները  կ’արտասանէ՝

               նէ՞       նի՞յա      նա՞սըլ      նէ՞քատար                    օ՛ քատար

               ի՞նչ     ի՞նչու     ի՞նչպէս    ի՞նչքան, ո՞րքան          ա՛յնքան

         Ինչպէս նկատելի է, համապատասխանութիւնը  ամբողջական է:

         Այս արտասանութիւնը տիրապետած է համայն հայութեան մէջ՝ արեւելահայ թէ արեւմտահայ: Ռաֆֆի, Թումանեան, Աբեղեան, Ահարոնեան, Մալխասեան   ի՞նչպէս կը գրէին: Բայց ահա 1920-ականներէն սկսեալ, երբ թրքերէնի ազդեցութիւնը սկսաւ նուազիլ Հայաստանի մէջ, արեւելահայերը հետզհետէ, քանի մը տասնամեակ անց,  վերջնականապէս թօթափեցին այս խորթ առոգանութիւնը եւ անցան հայեցի արտասանութեան, որ հարցական շեշտը կը դնէ բառին վերջին վանկին վրայ. ուրեմն սկսաւ  ամէնուր տիրապետել հետեւեալը՝ ի՞նչ-ինչո՞ւ-ինչպէ՞ս-ինչքա՞ն-որքա՞ն:

         Ինչ կը վերաբերի արեւմտահայերուս, ապա մենք եւս սկսանք կամաց-կամաց թօթափել թրքական  ազդեցութիւնը, եւ մեծ է  թիւը անոնց, որոնք ներկայիս կը  շեշտեն բառերուն վերջին վանկը, սակայն  փոքր չէ նաեւ թիւը անոնց, որոնք կը շեշտեն  առաջին վանկը, այսինքն՝ կը հետեւին թրքական արտասանութեան, յատկապէս պոլսահայերը. ականջը խօսի Ռ. Հատտեճեանին (որ ինքնիր աշխարհին մէջ ամփոփուած եւ անցած-դարձածէն անտեղեակ, անբարդոյթ կը գրէ ի՞նչպէս, ի՞նչու, ո՞ւրկէ):  Այս հետեւողութիւնը  կը հիմնուի քիչ մը սեփական արտասանութեան վերլուծումին վրայ, սակայն մեծ մասով կը հիմնուի  անցեալի դասագիրքերու կոյր ընդօրինակութեան վրայ, քանի որ  պոլսահայ հին դասագիրքերը կէտադրած են թրքական կամ այն օրուան արսասանութեան հետեւողութեամբ, եւ  արդի դասագիրք պատրաստողը կուրօրէն կ’ընդօրինակէ այդ շեշտադրումը՝ առանց անդրադառնալու, թէ մեր արտասանութիւնը զգալիօրէն փոխուած է: Չի բաւեր զայն  ընդօրինակելը, այս թրքաբանութիւնը նաեւ կ’ուսուցուի մեր դպրոցներուն մէջ՝ կրթական մարմիններու անտարբեր աչքերուն առջեւ:

         Ուրեմն ժամանակն է, որ անդրադառնանք այս իրողութեան եւ որոշ  ճիգով մը իւրացնենք ու ընդհանրացնենք  հայեցի շեշտը՝ ի՞նչ, ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, ինչքա՞ն, որքա՞ն: Նաեւ՝ ո՞ւր, ուրկէ՞, ուրտե՞ղ:

         Ունինք քանի՞երորդ  հարցականը, որ լրիւ  կը համապատասխանէ թրքերէնի քա՞չինճի-ին եւ  որուն հայեցի արտասանութիւնը աշխարհաբարի մէջ կարելի չէ եղած հաստատել: Միւս կողմէ՝ յատկանշական է, որ քանիակա՞ն բաշխական հարցականը առաջին մէկ օրէն հայեցի արտասանութիւն ունեցած է ու անփոփոխ  պահած է զայն, այսինքն՝ շեշտը կը կրէ վերջին վանկին վրայ. այսպէս է, քանի որ այս բառին թրքերէն համարժէքը գոյութիւն չունի, հետեւաբար ոչ մէկ ատեն ու ձեւով ան ազդուած է թրքերէնէն:

        Երբ այս  բառերը այս կամ այն ձեւով աճին, ապա պարոյկը, ըստ հայեցի արտասանութեան,   կը տեղափոխուի  միշտ դէպի բառին վերջը.

                              -  ո՞վ, ովքե՞ր

                              -  ո՞րը, որո՞ւ, որմէ՞, որո՞նք, որո՞նց, որոնցմէ՞, որոնցմո՞վ                        

                              -  ի՞նչ, ինչի՞, ինչէ՞, ինչո՞վ, ինչե՞ր, ինչերո՞ւ, ինչո՞ւ

                              -  ո՞ր, որքա՞ն, որքանի՞, որքանէ՞

                              -  ի՞նչ,  ինչպէ՞ս, ինչպիսի՞, ինչքա՞ն, ինչքանի՞, ինչքանէ՞

                              -  քանի՞, քանիի՞, քանիակա՞ն, բայց՝ քանի՞երորդ,  ո՞րերորդ  

                              -  ո՞ւր, ուրկէ՞, ուրտե՞ղ, ուրտեղէ՞ն

          Երբ նախադասութիւնը երանգ կը փոխէ կամ անուղղակի հարցում կ’ուղղուի, պարոյկին փոխարէն կիրարկուող  շեշտը կամ երկարը կը դրուի ճիշդ հոն, ուր դրուած է պարոյկը. օրինակ՝

                              -  ի՞նչ-ի՛նչ-ի՜նչ...ինչո՞ւ-ինչո՛ւ-ինչո՜ւ

                              -  ո՞ր-ո՛ր-ո՜ր...որքա՞ն-որքա՛ն-որքա՜ն ...եւ այլն

         Ծանօթ.-- ա) Կարգ մը շեշտուած հոլովաձեւեր սովորաբար որոշիչ յօդ չեն կրնար առնել. օրինակ՝ որո՞ւ, որմէ՞, որոնցմէ՞,  ինչի՞, ինչէ՞, որքանի՞, որքանէ՞, ուրկէ՞...օրինակ՝ որո՞ւ տուիր, որմէ՞ ստացար, ինչի՞ կը ծառայէ, ինչէ՞ բաղկացած է, որքանի՞ գնեցիր եւ այլն. ասոնց յօդաւոր գործածութիւնը  ռամկաբանութիւն է և յատուկ է ժողովրդական անմշակ  ոճին: բ) Երբ որու բառը  կը կիրարկուի իբրեւ յարաբերական դերանուն, այդ պարագային ազատօրէն կրնայ որոշիչ յօդ առնել. օրինակ՝  «Այն ծառը, որուն շուքին նստած էիր...»: գ) Այս նոյն բառերը կրնան ազատօրէն ստացական յօդ ստանալ. օրինակ՝  ինչի՞ս-ինչի՞դ-ինչի՞ն, ինչէ՞ս-ինչէ՞դ-ինչէ՞նինչո՞վս-ինչո՞վդ-ինչո՞վը, ասոր որքանի՞ն, անոր որքանէ՞ն ... եւ այլն. օրինակ՝ «Անոր ինչի՞ն է պէտք»:

         2.  Զարտուղի շեշտադրում

        Այսպէս կը կոչենք պարագան այն բառերուն  որոնց շեշտադրումը վերջավանկային չէ:  Այսպիսիները կը կազմեն  փոքր խումբ մը՝ յարաբերաբար ընդհանուր կանոնին հետեւող, այսինքն՝ վերջին վանկի ձայնաւորին վրայ շեշտուող  բառերու: 

         ա)  Երբ բառ մը կը վերջանայ ը-ով, շեշտը կ’իյնայ  նախորդող ձայնաւորին վրայ. օրինակ՝ հա՛ցը,  պա՛տը,  քաղա՛քը,  վա՛ղը, եօ՛թը, ի՛նը, տա՛սը  եւ այլն, որովհետեւ ը ձայնաւորը չի կրնար շեշտուիլ:   Սակայն ան կը շեշտուի, եթէ  բառի մը միակ ձայնաւորն է. այս կը պատահի ձայնարկութիւններու մէջ. օրինակ՝    հը՛, հը՜ , հը՞, ըհը՛,  զը՛րթ, փը՛թ, պը՛րթ, չը՛խկ եւ  այլն:   

         բ)  Կարգ մը  եղանակաւորող բառերու, ինչպէ նաեւ քանի մը դերանուններու  եւ շաղկապներու շեշտադրումը նմանապէս վերջավանկային չէ. ինչպէս՝  գո՛նե, գրե՛թէ, գո՛ւցեէ մի՛գուցէ, ե՛րբեւէ, ե՛րբեւիցէ, ի՛հարկէ, ի՛նչեւիցէ, մա՛նավանդ, մի՛գուցէ, մի՞թէ, մի՛այն, մի՛միայն, նա՛եւ, նա՛մանաւանդ, նո՛յնիսկ, նո՛յնպէս, նո՛յնքան,  որպէ՛սզի, ո՛եւէ, ո՛րեւէ , ո՛րեւիցէ, ո՞րերորդ, քանի՞երորդ եւ այլն։

         Վերջավանկային չէ նաեւ -աբար, -ապէս, -օրէն, -ովին  ածանցներով կազմուած մակբայներու շեշտը. օրինակ՝ քա՛ջաբար, կատարե՛լապէս, դանդա՛ղօրէն, ամբո՛ղջովին եւ այլն: Ասոնք կը նոյնանան  ֆրանսերէնի ու անգլերէնի շեշտադրութեամբ. օրինակ՝ parfai՛tement  եւ perfe՛ctly, ուր  շեշտը կ’իյնայ մակբայակերտ  ածանցէն առաջ: Դժուար է ենթադրել որեւէ փոխազդեցութիւն այս լեզուներու միջեւ, թերեւս  հնդեւրոպական շատ հեռաւոր շեշտադրութեան մը ցոլացումն են այս բոլորը:         

 

 

         գ) Շեշտը վերջին վանկի վրայ չ’իյնար նաեւ իա-ով վերջացող տեղանուններուն, ինչպէս՝ Աւստրա՛լիա, Արմէ՛նիա, Գերմա՛նիա, Դա՛նիա, Թասմա՛նիա եւ այլն, բայց՝ Լիբանա՛ն, Հայաստա՛ն, Պաղեստի՛ն, Եգիպտո՛ս  եւ այլն:

         դ) Հինգերորդ թուականէն սկսած՝ դասական թուականներու շեշտը նմանապէս վերջին վանկի վրայ չ’իյնար. այսպէս՝

         *** առաջի՛ն, երկրո՛րդ, երրո՛րդ, չորրո՛րդ        

         *** հի՛նգերորդ, վե՛ցերորդ, եօ՛թներորդ, ո՛ւթերորդ, տասնմէ՛կերորդ, տաս-ներկո՛ւերորդ... եւ այլն. նաեւ՝ ո՞րերորդ, քանի՞երորդ

         Նկատել, որ շեշտը վերջընթեր ձայնաւորին վրայ ևս չ’իյնար, այլ կ’իյնայ  ածանցին նախորդող ձայնաւորին վրայ. ճի՛շդ այսպէս է նաև թրքերէնի մէջ. օրինակ՝ օնպի՛րինճի-տասնմէ՛կերորդ

         3.  Բայերու շեշտադրումը

         ա)Բայերը  պարզ ժանակներու մէջ կը հետեւին ընդհանուր կանոնին. այսպէս՝ ունի՛մ- ունէի՛-ունեցա՛յ-ունեցի՛ր-ունեցա՛ծ-ունեցե՛ր-ունեցո՛ղ եւ այլն:

         Հետեւաբար նաեւ՝ ունի՞մ...ունի՜մ եւ այլն:

         բ) Տարբեր են բաղադրեալ ժամանակներն ու ձեւերը:

        Օժանդակ բայի  դրական ձեւերը չեն շեշտուիր, օրինակ՝  եկա՛ծ եմ,  խմա՛ծ եմ,  գացա՛ծ ես,  խօսե՛ր ենք եւ այլն, իսկ ժխտական ձեւերը ընդհակառակը կը շեշտուին. օրինակ՝ չե՛մ եկած-եկած չե՛մ, չե՛մ խմած-խմած չե՛մ, չէ՛ք գրեր, չե՛նք խաղացեր  եւ այլն:

        Ուրեմն՝     եկա՛ծ եմ       ...      եկած չե՛մ     կամ       չե՛մ եկած

         գ) Դժուարագոյնը, որ արեւմտահայը չ’ըմբռներ, դժբախտաբար,-- ու նաեւ չի՛ յաջողիր  սորվիլ ու յիշել,-- ձայնաւորով սկսող բայերու սահմանական ներկայի եզակի երրորդ դէմքի ժխտականի շեշտադրումն է. այսպէս՝

         կ’առնէ-չի առներ-չ’առներ-չի՞ առներ-չ’ա՞ռներ-չ’ա՛ռներ-չ’ա՜ռներ

         կ’երգէ-չի երգեր-չ’երգեր-չի՞ երգեր-չ’ե՞րգեր-չ’ե՛րգեր-չ’ե՜րգեր

         կ’առաջնորդէ-  չի առաջնորդեր-չ’առաջնորդեր-  չի՞ առաջնորդեր-չ’ա՞ռաջնորդեր

         կ’արտասանէ-  չի արտասաներ-չ’արտասաներ-   չի՞ արտասաներ-չ’ա՞րտասաներ

         կ’արդարանայ –   չի արդարանար-չ’արդարանար-   չի՞ արդարանար-չ’ա՞րդարանար

         Նաեւ՝ չ’ո՞ւտեր, չ’ի՞ւրացներ եւ այլն:

         Արեւմտահայ մտաւորականը հակամէտ է ասոնց նշանները եւս դնելու բառին վերջը. չեմ նախատեր, սորվեցնող չէ եղած, գիտցող ալ չկայ, մանաւանդ ասոնք ուսուցող դասագիրք եւս չկայ: Դասագիրքը ինչի՞ կը ծառայէ,-- այդ ալ ուրիշ հարց է:

          Եթէ հանդարտօրէն ու մանաւանդ հայեցի արտասանէք, յատկապէս երկար բառերը, ու հետեւիք ձեր սեփական արտասանութեան, կամաց-կամաց պիտի անդրադառնաք, որ բերուած բայերուն առաջին ձայնաւորն է որ կը շեշտէք: Եւ պիտի տպաւորուիք ու վերջապէս սորվիք:

         Բայց անդին տակաւին ձեզի կը  սպասէ գերագոյն դժուարութիւն մը, որ հետեւեալն է:

         Բերուած բոլոր օրինակները սահմանական ներկայի բայաձեւեր են, այսինքն՝ գործողութիւններ, որոնք տեղի կ’ունենան ներկայիս, հիմա, խօսած պահուդ:

         --Եղբայրդ հիմա լռած է, չ’արտասաներ այլես:

         --Չ’ա՞րտասաներ...ինչո՞ւ:

          Անդին ունինք ըղձական անցեալ կոչուած բայաձեւերը, որ ահաւասիկ՝

          առնէի-առնէիր-առնէր-առնէինք-առնէիք-առնէին

          --Ամէն մարդ առաւ, դո՛ւն ալ առնէիր:

          --Առնէինք ալ ի՞նչ ընէինք:  

          Ասոնց ժխտականը կը կազմուի  պարզ չ-ի կցումով՝ բային անփոփոխ ձեւին վրայ. սա՛պէս՝

         չառնէի-չառնէիր-չառնէր-չառնէինք-չառնէիք-չառնէին

         Իսկ ասոնք իրենց շեշտը կ’առնեն վերջին ձայնաւորին վրայ, այսպէս՝

         չառնէի՞-չառնէի՞ր-չառնէ՞ր-չառնէի՞նք-չառնէի՞ք-չառնէի՞ն

         չարտասանէի՞-չարտասանէի՞ր-չարտասանէ՞ր

         չուսումնասիրէի՞-չուսումնասիրէի՞ր-չուսումնասիրէ՞ր

         Հիմա բաղդատենք սահմանական ներկայի եւ   ըղձական անցեալի եզակի երրորդ դէմքերը՝

                                         չ’ա՞ռներ                 եւ      չառնէ՞ր

                                         չ’ա՞րտասաներ     եւ      չարտասանէ՞ր

         Ահա ասոնց զանազանումին մէջ  կը կայանայ արեւմտահայերէնի ուղղագրութեան (Ձեր շատ սիրած ու  գուրգուրացած Մեսրոպեան ուղղագրութեան) գերագոյն դժուարութիւններէն մին:

         Կարելի չէ  հարեւանցի  ընթերցումով ու մանաւանդ հայագէտի հովերով (վասնզի ո՞ր արեւմտահայը հայագէտ չէ) կարդալ ասոնք ու անցնիլ...հասկցած ըլլալու ինբնախաբէութեամբ:  Թակարդը ամէն վայրկեան լարուած  է ձեր առջեւ ու կը սպասէ:  Ուրեմն պէտք է քիչ մը յոգնիլ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը յոգնիք սորվելու համար արաբերէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի եւ չինարէնի ու զիմբաբուերէնի նրբութիւնները:

         Ամէն բան իր գինը ունի, վերջին հաշուով, չէ՞:

         Երբ Հրանուշ Յակոբեանին ձեռքէն համեստաբար շքանշան(ներ) կը ստանաք (տարին քանի մը անգամ), քիչ մըն ալ մտածեցէք, թէ ատոր արժանի քանի՞ քայլ առած էք ձեր կեանքին մէջ:

         Կարելի չէ հայութիւն դաւանիլ՝ առանց  տարրական գին մը վճարելու այդ դաւանանքին:   

         Եւ Տէր ընդ ձեզ՝ ընդ ամենեսեանդ:

         Ամէն...

 

Յ. Գ.

Ասոնք բաներ են, որոնք մէկ ընթերցումով չեն իւրացուիր՝ անկախ այն փայլուն իմացականութենէն, որ դուք կրնաք ունենալ, որուն վստահ էք եւ որուն հանդէպ խոր յարգանք ունի այս տողերը գրողը: Պէտք չէ մոռնալ, սակայն, որ նաեւ մարդ էք եւ մարդկային ամէն տկարութիւն յատուկ է  հաւասարապէս  բոլորիս: Homo sum, humani nihil a me alienum puto (Terence).

Հետեւաբր,  պահեցէ՛ք զայն ձեր հասողութեան  մէջ, փակցուցէ՛ք ձեր դիմացը, եթէ գրասենեակի մէջ կը ծառայէք, եւ ատենը մէյ մը վերընթերցեցէ՛ք զայն, քանի մը օրինակ ալ գրեցէ՛ք  թուղթի վրայ, ձեռքը լաւագոյն դաստիարակն է. դաստ՝ պարսկերէն կը նշանակէ ձեռք:

Եթէ խմբագիր էք, հրատարակեցէք զայն ձեր թերթին մէջ՝ գեղեցիկ ու ըմբռնելի էջադրումով մը, փոխանցեցէ՛ք զայն ձեր շրջապատին, մանաւանդ ուսուցիչ բարեկամներուն, որպէսզի անոնք ալ սորվին ու մանաւանդ սորվեցնեն իրենց աշակերտներուն:

Գիտելիք հաւաքելու տարրական ձեւ մըն է այս, դուք աւելին գիտէք վստահաբար:

Շնորհակալութիւն:

  Արմենակ  Եղիայեան