image

Հալէպ - Ազիզիէ

Հալէպ - Ազիզիէ

Հալէպ քաղաքի ճիշդ կեդրոնը գտնուող այս թաղի սկիզբը հարաւ արեւմուտքէն պիտի ընդունինք Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին, որ կառուցուած է 1923-ին եւ զոր հաւատացեալները կոչած են Ազիզիէի եկեղեցի: Այս եկեղեցին կոչուած է նաեւ «Մայր եկեղեցի»  որովհետեւ եղած է Հալէպի  առաջին հայ աւետարանական եկեղեցին, որմէ ծնունդ առած են միւս եկեղեցիները

Եկեղեցւոյ առջեւէն անցնող փողոցը կը կոչուի Էմմանուէլի մեծ զաւակ, տակաւին 1890ականներէն Հալէպ հաստատուած բժշկապետ Ասատուր Ալթունեանի անունով, որ իր հիւանդանոցի կողքի հողաշերտը գնելով տրամադրած է եկեղեցաշինութեան: Իր ժամանակի ամէնէն արդիական այդ հիւանդանոցը շատոնց չկայ, այն վերածուած էր դպրոցի, զոր քանդած էին կառուցելու արդիական պանդոկ մը, սակայն տագնապի պատճառով այս ծրագիրը չսկսած կանգ առած էր:

Տագնապի տարիներուն Էմմանուէլ եկեղեցին քանի մը անգամ ենթարկուեցաւ ռմբակոծումի, փուլ եկաւ փայտեայ առաստաղի կէսը, սակայն, թէեւ ընդհատումներով, շարունակուեցան պաշտամունքները: Այսօր հազիւ քանի մը հարիւր հայ աւետարանականներ մնացած են Հալէպի մէջ, իսկ Էմմանուէլ եկեղեցի յաճախողներուն թի՞ւը... սակաւաթիւ Էմմանուէլականները վճռած են վերակառուցել առաստաղը, անոնք կը սպասեն ամբողջական խաղաղութեան: 

 


Եկեղեցիէն դէպի արեւելք երկու հարիւր մեթր անդին, ներկայիս չգործող «Արաբական Մշակոյթի տուն»ին դիմաց կայ «Ազգային շէնք»ը՝ որուն մէջ կը գտնուի Հալէպի  հայկական «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրատունը: Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Բերիոյ Թեմի այս պաշտօնաթերթը անխափան լոյս տեսաւ տագնապի տարիներուն, հակառակ շուրջը ինկած ռումբերէն խմբագրատան կրած վնասներուն: Ի պատիւ թերթի աշխատակազմին, պէտք է արձանագրել որ այս տղաքն ու աղջիկները, հակառակ ապահովութեան եւ ելեկտրականութեան բացակայութեան, ցուրտին ու մութին դէմ պայքարելով յաջողեցան թերթը կանոնաւորապէս հրատարակել:

 

Ազգային այս շէնքին մէջ, մինչեւ տագնապը կը գտնուէին տասէ աւելի սեփական դարմանատուներ (clinic), բժիշկներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը հայեր էին՝ վկայեալ Հայաստանէն, ինչպէս հալէպահայ բժիշկներուն մեծամասնութիւնը: Հիմա այդ դարմանատուներուն մեծ մասը փակ է, բժիշկները փոխադրուած են Հայաստան, ուր կը շարունակեն գործել որպէս բժիշկ:

Բակագիծի մէջ ըսենք Խորհրդային Հայաստանը օրհնութիւն մը եղեր է հալէպահայութեան համար, ուր անցեալ դարու վաթսունականներէն սկսեալ հարիւրաւոր հայեր ձրի ուսում ստացեր են. յանուն ճշմարտութեան պէտք է արձանագրել նաեւ որ միայն «յառաջդիմական» ճակատի զաւակները կ'ընդունուէին երեւանեան ԲՈՒՀեր, որպէս հակախորհրդային, «յետադիմականներ»ը իրաւունք չունէին հոն ուսանելու, ուստի ձեռքի մատներու վրայ կարելի է հաշուել խորհրդային ժամանակներու, դաշնակցական շրջանակէ Հայաստանէն շրջանաւարտներու:    

 


Ազգային շէնքէն դէպի հարաւ եթէ նայինք մօտաւորապէս երեք հարիւր մեթր անդին կը տեսնենք Պապ Ալ-Ֆարաճ հրապարակը: Մենք սակայն պիտի ուղղուինք դէպի հիւսիս՝ յառաջանալու Ազիզիէ թաղամասով եւ անմիջապէս դէմ դիմաց պիտի կանգնինք Ազիզիէյի ոստիկանատան հետ, որ կառուցուած է Օսմանեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանին՝ 1898-ին: Ոստիկանատունը յաճախ թիրախ դարձած է ռմբակոծման եւ մինչեւ այսօր շրջափակուած է հսկայ քարակոյտերով: Ոստիկանատան երկու կողմերէն, Արեւմուտքէն արեւելք կ'երկարին երկու 1500 մեթրանոց փողոցներ, որոնք կը սկսին Հանրային պարտէզէն եւ կը հասնին մինչեւ «Նէյյէլ» փողոց: Այս երկու փողոցներէն հարաւայինին վրայ կը գտնուի իշխող Պաաս կուսակցութեան «Յեղափոխութեան Երիտասրդութիւն» կազմակերպութեան գլխաւոր կեդրոնը: Մինչեւ հիմա ալ, Այս կազմակերպութեան պարտադիր կերպով կ'անդամակցին երկրորդական դպրոցներու, որոնց շարքին հայկական, բոլոր աշակերտները: Այս երիտասարդներէն քանի՞ն արդեօք հաւատաւոր գաղափարական անդամ է: Պատասխանելն իսկ աւելորդ է, որովհետեւ տագնապի տարիները բաւարար պատասխան տուած են արդէն: Միւս փողոցի ամենայայտնի կառոյցը լատիններու եկեղեցին է, որ բարձրացած է անցեալ դարու երեսնականներուն ու մինչեւ վերջերս, մինչեւ Քարմելիդի եկեղեցիի շինութիւնը, մայր եկեղեցի էր: Լատինները տագնապի օրերէն մինչեւ այսօր կը տանին բարեսիրական աշխոյժ գործունէութիւն, անոնք անխտիր կ'օգնեն բոլորին, նաեւ հայերուն: անշուշտ անսահմանափակ ծառայութիւններ մատուցելով նախ եւ առաջ իրենց համայնքի հետեւորդներուն: Հալէպի մէջ կան նաեւ լատին հայեր, որոնք դաւանափոխ եղած են Ցեղասպանութենէն ետք՝ կարիքէ դրդուելով. նիւթական բարելաւման հետ, կամ օգնութեան դադրեցման հետեւանքով դադրած է դաւանափոխութիւնը. Հալէպահայերը մինչեւ հիմա կը յիշեն առածի կարգ անցած թրքերէնով արտայայտուած ասոյթը.«Ուն պիթթի, տին պիթթի»՝ «Ալիւրը վերջացաւ՝ կրօնքը վերջացաւ»...

 

Այս երկու փողոցները Հալէպի առեւտրական ամէնէն աշխոյժ կեդրոններէն էին: Տագնապի օրերուն մեծ թիւով խանութներ փակուեցան. այս օրերուն անոնցմէ մաս մը կը վերաբացուի, ոմանք, իսլամական Րամատան ամսուան նախկին օրերուն պէս, կը փորձեն գիշերները բաց ձգել իրենց վաճառատուները.- Այս տարի պիտի սկսինք, գալ տարի աշխատելու համար: Ըսաւ խանութպան մը:

Ազիզիէն եղած է զուտ քրիստոնէական, նաեւ հայաշատ թաղամաս:  Ոստիկանատունէն դէպի հիւսիս կայ Յիսուսեաններու եկեղեցի մը, որ տագնապի առաջին օրերէն սկսեալ մինչեւ այսօր զանազան նպաստներ կը յատկացնէ տեղահան եղած մուսուլմաններու, այդ պատճառաւ ալ կը մեղադրուի ընդդիմադիր ըլլալու մէջ, որովհետեւ նպաստընկալներու մեծ մասը եկած է ընդդիմադիր թաղամասերէ, առանց տղամարդկանց...

 


Ազիզիէյի մէջ կան հայկական կարեւոր հաստատութիւններ, որոնցմէ առաջինը՝ Ճէպէլ Էլ-Նահր՝ Գետի լեռը փողոցին վրայ, Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ Հայ Երիտասարդական Ընկերակցութեան բազմայարկ կեդրոնն է, որ տագնապի ամբողջ տարիներուն մնաց աշխոյժ, նախ որպէս նպաստամատոյց ամէնէն կարեւոր հաստատութիւն, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ կանոնաւորապէս նիւթական նպաստներ յատկացնել 1200 հայ ընտանիքներու: Այս տարիներուն շարունակեցին գործել Միութեան նկարչական «Սարեան» ակադեմիան, ընկերակցութեան թատերախումբը, պարախումբը, երգչախումբը եւ սենեկային 22 հոգիանոց նուագախումբը, առաջնակարգ դիրքեր գրաւող պասքէթպոլի տղոց եւ աղջիկներու խումբերը, որոնք կը մարզուին միութեան փակ մարզադաշտին մէջ: Տարին երեք անգամ լոյս տեսաւ Միութեան «Հայեացք» պարբերագիրքը, ցոլացնելով Միութեան եւ Ընկերակցութեան Սուրիոյ մասնաճիւղերու գործունէութիւնը: Միութեան կեդրոնը մշտապէս ապահովուեցաւ լուսաւորութեամբ եւ տաքութեամբ, առիթ ընծայելով հայ դպրոցականներու այստեղ սորվիլ իրենց դասերը: Ամրան ամիսներուն միութեան կեդրոին մէջ իր դռները կը բանայ պարտէզը, ուր կարելի է հաճելի ժամեր անցընել նոյնիսկ գաւաթ մը սուրճ չպատուիրելով:

 

Միութեան կեդրոնի հարեւանութեամբ կը գործէ 1954-ին գոյութիւն առած Հ.Բ.Ը.Միութեան համայն աշխարհի ամենամեծ դպրոցը՝ Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Երկրորդական վարժարանը, որ Հալէպի երբեմնի հայաշատ օրերուն ունեցած է մինչեւ 1600 աշակերտ. այսօր հոն կը յաճախեն 400 հայ աշակերտներ...  Նոյն համեմատութեամբ նուազած են Հալէպի հայկական բոլոր վարժարաններու աշակերտութեան թիւերը:

Այս վարժարանին դիմաց կայ այլ հայկական դպրոց մը՝ հայ կաթոլիկ, երբեմնի հռչակաւոր «Անարատ Յղութեան Քոյրերու» դպրոցը: Երբ մայրապետին հարցուցի.-Քանի՞ աշակերտ ունիք. կարծեմ չափազանցեց թիւը եւ տատամսկոտ պատասխանեց.-220... ցաւօք այդ աշակերտներուն մէջ շատ մեծ է թիւը ոչ-հայերուն:

Այս բլուր փողոցէն եթէ վար իջնենք եւ թեքուինք ձախ, պիտի հասնինք գետեզերքին գտնուող սուղնոց եւ շատ սուղնոց ճաշարաններու ու սրճարաններու «Շէլլէլէթ»՝ Ջրվէժներ փողոցին: Այս ճաշարաններու ամենայայտնիները «Ուանէս» եւ «Ղուրթուպա» հայապատկան ճաշարաններն են: 

Մենք սակայն պիտի երթանք դէպի աջ՝ հասնելու հայկական այլ կարեւոր հաստատութեան մը՝ Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութեան կեդրոնին: Անցեալին այս միութեան ֆութպոլիսթները իրենց մրցակից հայկական «Գերմանիկ-Վասպուրական»ին հետ, փոխնիփոխ, երկար տարիներ դարձած են Սուրիոյ ախոյեան խումբը: Հ.Մ.Ը.Մ.ի այս կեդրոնը օժտուած է պասքէթպոլի եւ ֆութպոլի մարզադաշտերով, ունի նաեւ պարտէզ-ճաշարան մը, որ բաց մնաց տագնապի ամբողջ շրջանին: Գիշերները, այս կառոյցը, որպէս զգուշութիւն, մինչեւ այսօր կը հսկուի մեր թաղերը պաշտպանող զինեալ տղոց կողմէ:

Քիչ մը անդին Ազիզիէյի հռչակաւոր հրապարակն է, ուր լաւ օրերուն, ցերեկները կը հաւաքուէին դպրոցականները, իսկ երեկոյեան թաղեցի եւ ոչ-թաղեցի երիտասարդները՝ ուրախ, անհոգ ժամանակ անցընելու, համտեսելով հրապարակի համպըրկըրը, սէնտուիչներն  ու ֆրիթը: Անցեալ Ամանորին, ինքուրոյն որոշումով, թէ՞ պետական թելադրութեամբ, Հալէպի արեւելեան կողմերու յանձնուելուն առիթով, այս հրապարակին վրայ  վիթխարի տօնածառ մը տեղադրուեցաւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան կողմէ: Այս միութեան կեդրոնը կը գտնուի հրապարակէն վեր նրբանցք-փողոցի մը մէջ. հոն ներկայիս պատսպարուած է Կիլիկեան Վարժարանը: Աւա՜ղ, այնքան քիչ բան մնացած է, հնչակեան այս միութեան անցեալի մարզական եւ մշակութային փառաւոր օրերը յիշեցնող:   

Ազիզիէյի հիւսիսային սահմանը պիտի սեպենք Ուրուպէ փողոցին վրայ գտնուող հայ կաթոլիկ Ս. Խաչ եկեղեցին՝ կառուցուած 1993-ին, հալէպահայ ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեանի նախագծով: Այս եկեղեցիին մէջ Ս. Պատարագը կարգով կը մատուցուի արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով. չէ՞ որ այս համայնքը ունի նաեւ արաբալեզու զաւակներ: Վերջին տարիներուն այստեղ տեղաւորուած էր հայ կաթոլիկ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանը, բարեբախտաբար դպրոցը յաջորդ ուսումնական տարին պիտի վերադառնայ Թիլէլ պողոտայի իր բոյնը. որ արդէն վերագտած է իր ապահովութիւնը:

Ս. Խաչի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջեւ կայ երկար փողոց մը՝ Աղաճանեան գարտինալի անունը կրող փողոցը, որ հարուստ է սրճարաններով յայտնի մակնիշի զգեստներու վաճառատուներով, ուր կեանքը միշտ եռուն եղած է եւ է, անշուշտ չհաշուած ռումբ տեղացող օրերը: Հիմա ալ այս սրճարանները լեցուն են, բայց առաջ եթէ մեծ մասամբ քրիստոնեաներ էին յաճախորդները, հիմա Հալէպի բաղադրիչ ամէն ազգէ մարդու կարելի է հանդիպիլ հոն. Եւ այս բոլորը մեծ հաճոյքով նարկիլէ կը ծխեն: Այս փողոցին վրայ կան նաեւ պետական երկու մեծ դրամատուներ: 

Ազիզիէն իր բազմաթիւ լքեալ տուներով, բնակիչներուն շատերէն երկրէն գաղթելով հանդերձ, տակաւին կը մնայ քրիստոնեայ, հայաշատ թաղ:

Ապագային լաւատեսօրէ՞ն նայինք: Փորձենք:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 25 Յունիս 2017

«Սիվիլնեթ»