image

Արեւմուտքը չի վստահիր Ատրպէյճանին

Արեւմուտքը չի վստահիր Ատրպէյճանին

 

 

  Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած են «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման ատրպէյճանց զինեալներ: Սուրիոյ հետ սահմանին՝ Իմանլի բնակավայրին մօտ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 5 մահապարտ ահաբեկիչներ, որոնցմէ երեքը Ատրպէյճանի քաղաքացիներ են: Թուրքերը ապշած են այն բանէն, որ ձերբակալուածներէն երկուքը կին են՝ 37-ամեայ Կուլնար Շիրմամետովա եւ 42-ամեայ Նազենին Զէյնալովա, կը գրէ «Նեզաւիսիմայա Կազեթա»:

Ատրպէյճան, որպէս «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման համար մարդուժի

աղբիւր աւելի վաղ յիշատակուած էր դեռ Անվտանգութեան եւ տեղեկատուութեան

եւրոպական կեդրոնի (DESI) գլխաւոր քարտուղար, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մարդու իրաւունքներու միջազգային յանձնաժողովի (IHRC) յանձնակատար

Հայսամ Ապու Սայիտի կողմէ: Ապու Սայիտ ընդգծած էր,որ Իսլամական Պետութեան

կողմէ կռուող ատրպէյճանցի զինեալները սպառնալիք կը ներկայացնեն, մաս-նաւորապէս,Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Պելճիքայի համար: Ճիհատիստ-ներու տեղափոխումը Սուրիայէն Եւրոպա Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի սկիզբէն կ'իրականցուին Թուրքիոյ միջոցով: Սահմանին առաջացած «գրպաններ»ու եւ տեղաբնակները կաշառելու միջոցով զինեալները

կը յայտնուին մասնաւորապէս Պոլսոյ մէջ: Պոլսոյ հարուստ վայրերուն մէջ անոնք լաւ կը հանգստանան, իսկ յետոյ Թուրքիոյ մէջ ընդյատակ կ'անցնին կամ իրենց պարագլուխներու հրահանգով կը տեղափոխուին

այլ երկիրներ:

 

«IHRC»ի զեկոյցին մէջ յիշատակուած Պելճիքան, ըստ արեւմտեան փորձագէտներու ահաբեկիչներու կանգառն է եւ գործողութիւններու կեդրոնը ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Վերուիէյի մէջ՝ Լիէժէն ոչ հեռու, կը գտնուի հակառուսական տրամադրութիւններ ունեցող վայնախներու կողմէ հիմնուած «Կովկասեան մշակութային-հետազօտական կեդրոնը»:  Պրիւքսէլի մէջ կը գտնուի «Ալ Սալիհուն» իսլամական մշակութային կեդրոնը, որ նոյնպէս հիմնած են վայնախները: Ատրպէյճանցի ահաբեկիչները դիւրութեամբ կը յարմարին պելճիքացի վայնախներու մօտ՝ հաշուի առնելով ռուսերէնի իմացութիւնը եւ «պատմական խորհրդանիշներ»ու ընդհանրութիւնը: Վայնախ սալաֆիներու կողմէ երկրպագուող ՇամիլՊասաեւ հերոս է նաեւ Ատրպէյճանի ճիհատիստներուն համար: Իսկ Թուրքիա տարուայ երկրորդ կէսէն կը սառեցնէ երբեմնիջերմ զգացումները    ատրպէյճանցիներուն նկատմամբ: Ամրան Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց փասրաթուղթ, ըստ որուն, ահաբեկչութեան յարելու կասկածով երկրէն արտաքսուած է Ատրպէյճանի 252 քաղաքացի, եւս 1677-ի մուտքը Թուրքիա արգիլուած է: Իսլամական Պետութեան ընդլայնումը անհանգստութեան առիթ կու տայ նաեւ Ատրպէյճանի մէջ: Յուլիսի կէսերէն Պաքուի մէջ կ'ընթանայԱյտին Կիւլմամէտովի եւ Ամրան Իմանովի դատավարութիւնը, որոնք, պըստ քննութեան, անցեալ տարուայ Հոկտեմբերին Սումկայիթի մէջ հաւատարմութեան երդում տուած է Իսլամական Պետութեան առաջնորդ Ալ Պաղտատիին: Սումկայիթը, որ յայտնի է 1988թ. հայկական ջարդերով, Ատրպէյճանի մէջ յայտնի է որպէս ճիհատիստներու մայրաքաղաք եւ երկրին մէջ Իսլամական Պետութեան  հիմնական յենակէտ, կը գրէ թերթը: «Քաղաքը կառուցած են բանտարկեալները, խորհրդայինտարիներուն այնտեղ կ'ուղարկէին «քիմիա»ի, բան մը, որ ազդած է Սումկայիթի հասարակական-մշակութային կլիմային վրայ,-թերթին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է քաղաքագէտ Ֆահրետտին Ապասզոտա:- ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն ետք Սումկայիթի մէջհոգեւոր իշխանութիւնն անցաւ սալաֆիներու ձեռքը: Սումկայիթէն Պաքու 30քմ է, հետեւաբար սալաֆիներն առանց դժուարութեան  իրենց ձեռքը վերցուցած են մայրաքաղաքիշրջակայքը եւ Ատրպէյճանի հիւսիս-արեւմտեան շրջանները: 8 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Ատրպէյճանի մէջ կայ 1 միլիոնսալաֆի՝ ամբողջ բանակ մը: Այդ բանակին մէջ կը մտնեն տեղի  լեզկիները, աւարները, ցախուրները: Ըլլալով սուննի՝ անոնքկ'անցնին սալաֆիզմի:

Պաքուի մէջ կան նախկին սուննիներու ամբողջ թաղամասեր, որոնք դարձած են կամ ուահհապիներ, կամ «Նուրճուլար»ի հետեւորդներ: Սումկայիթի բնակչութեան  կէսը կազմող սալաֆիները վտանգաւոր խումբ են սալաֆիզմի եւ Իսլամական  Պետութեան գաղափարներու տեսանկիւնէ: Կովկասի մէջ ժամանակին սարսափ սփռող «Դաղիստանի ամիր» Իլկար Մոլաչիեւ Պասաեւի  եւ Խաթթապի զինեալն էր, որ ուահհապի դարձած է Սումկայիթի մէջ»: Կենդանութեան օրօք  Մոլաչիեւ պարբերաբար կը տեղափոխուէր Ռուսիայէն  Ատրպէյճան՝ յաճախ սահմանը հատելով կաշառքի միջոցով: «Մահէնառաջ Մոլաչիեւ կրցած էր ներթափանցել Դաղստան, երբ Ատրպէյճանի  Ազգային անվտանգութեան նախարարութիւնը անորդէմ յատուկ գործողութիւն  կ'իրականացնէր՝ փակելով բոլոր ելքերն ու մուտքերը,- կը շարունակէ Ապասզոտա:   Այդ  հանգամանքը ստիպեց կասկածիլ Ազգային անվտանգութեան նախարա Էլտար Մահմուտովի վրայ, որուն քիթին տակէնփախած էր Ատրպէյճանի ամենա-փնտռուած ահաբեկիչը:    Մահմուտովը 2015թ. Հոկտեմբերին՝ Կեանճայի մէջ եւ Նարտարա շիիթական հուզումներէն առաջ, հեռացուցին պաշտօնէն,Նախարարութիւնը լուծարեցին,  խկին նախարարի ենթականերուն դէմ քրէական գործեր յարուցուեցան, իսկ հակա-ահաբեկչական վարչութեան ղեկավարի փոխանորդը կախուեցաւ բանտին մէջ: Պարզուեցաւ, որ Մահմուտովի օրօք Ազգային անվտանգութեան նախարարութիւնը զբաղած է ճիհատիստներէն կաշառք վերցնելով: Կաշառքի դիմաց ճիհատիստին կ'արտօնուէր ձեռքի մէջ ունենալով օրինական փաստաթուղթեր, Թուրքիայէն անցնիլ Սիրիա: Բան մը, որ աւելի կարեւոր է, իրպաշտօնը Մահմուտով կ'օգտագործէր գումարներ շորթելուհամար Ատրպէյճանի միջազգային դրամատունէն, որունղեկավարը անոր քրոջ ամուսինն էր՝ Ճահանկիր Հաճիեւը: Իրենց դիրքն օգտագործելով, Հաճիեւ եւ Մահմուտով Ատրպէյճանի միջազգային դրամատունէն գողցած են առնուազն քանի

մը միլիառ տոլար»: Թերթը յիշել կու տայ,  որ Ատրպէյճանի միջազգային դրամատունն այդ երկրի վարկային համակարգի սիրտն է, որուն միջոցով, մասնաւորապէս, նաւթային ընկերութեան վարկային համակարգի սիրտն է, որուն միջոցով,մասնաւորապէս, կ'իրականացուի «SOCAR» եւ Հէյտար Ալիեւի հիմնադրամիվարկաւորումը: Թերթին հետ զրոյցի ընթացքին ատրպէյճանցի լրագրողներն ու փորձագէտները պատմած են, որ Հաճիեւ  եւ նախարար Մահմուտով իրենց պաշտօնով պարտական էին Փաշաեւներուն,որ երկրի առաջին տիկնոջ հօր ազգականն է եւ իրնշանակութեամբ՝ երկրորդը: «Փաշաեւները, ի տարբերութիւն քիւրտ Ալիեւներուն, իրանական թիւրքեր են,- ըսած է  քաղաքագէտ Ֆիքրէթ Շապանով: Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր կնոջ ազգականներունմիջեւ վաղեմի պայքար կ'ընթանայերկրին մէջ իշխանութեան համար: Ալիեւ վերացնելով Մահմուտովը եւ լուծարելով Ազգային անվտանգութեան նախարարութիւնը, որ Մահմուտով կը ղեկավարէր 2004 թուականէն, համարեց, որ այդ ձեւով վերացուցած է իրեն հակադրուողգործիքները, եւ քայլ կը կատարէ երկիրը քաղաքական ճգնաժամէն դուրս բերելու ուղղութեամբ: Արդիւնքն եղաւ այն, որ Ալիեւիր իսկ ձեռքերով տկարացուց երկրի պետական անվտանգութեան համակարգը, որմէ կ'օգտուին ուահհապիները: Անոնքանցեալին ալ ուժայիններու ոչ մասնագիտացած աշխատանքներու պատճառով իրենք զիրենք հանգիստ կը զգային երկրին մէջ: Այժմ, սակայն, Ալիեւ սալաֆիներուն ժամանակը չունի:

Երկրին մէջ կը մոլեգնի ճգնաժամ, կ'աճի հասարակական դժգոհութիւնը, իսկ Փաշաեւներու  ազգականին համար ակնյայտօրէնքիչ է այն, որ Իլհամ Ալիեւ յանուն իրենց փոխեց սահմանադրութիւնը եւ իր կինը դարձուց երկրի փոխնախագահ: Ատրպէյճանի միջ ազգային դրամատունը՝ Ատրպէյճանի տնտեսական սիրտը, սնանկութեան եզրին է»: Մայիսի վերջը շարք մըվարկանիշային գործակալութիւններ անվստահութիւն յայտնեցին Ատրպէյճանի միջազգային դրամատան, իսկ աւելի ուշ Միջին Արեւելքի մէջ մարդու իրաւունքներու միջազգային յանձնաժողովը յայտարարեց, որ շարք մը երկիրներու յատուկ ծառայութիւններ, որոնց մէջ կը մտնէ Ատրպէյճան, կորսնցուցած են իրենց արեւմտեան գործընկերներու վստահութիւնը Իսլամական Պետութեան դէմ

պայքարելու հարցին մէջ: Յանձնաժողովի յայտարարութեան մէջ կ'ըսուէր, որ «սնանկպարտապաններ»ը տնտեսապէս սերտօրէն կապուած են արաբական երկիրներուն հետ, որուն պատճառով տեղի կ'ունենայկարեւոր տեղեկութիւններու գաղտնազերծում, որուն պատճառով ալ Ատրպէյճանի մէջ հակաահաբեկչական գործողութիւնըկը դառնայ «ակնյայտօրէն անարդիւնաւէտ»:  

Պատրաստեց՝

Վիքթորիա Անդրէասեան

«Առաւօտ»