image
Հրատապ լուրեր:

Վաւերագրական նոր ժապաւէնը 1915ի Ցեղասպանութիւնը կը կապէ՝ Ատրպէյճանցիներու ձեռամբ հայերու վերջին սպանութիւններուն հետ

Վաւերագրական նոր ժապաւէնը 1915ի Ցեղասպանութիւնը կը կապէ՝ Ատրպէյճանցիներու ձեռամբ հայերու վերջին սպանութիւններուն հետ

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

 

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական նոր ժապաւէնը կը ցուցադրուի Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ սրահներու մէջ, նաեւ՝ «ըստ պահանջի» հասանելի կ՛ըլլայ 2017, Հոկտեմբեր 7ի դրութեամբ: Ի տարբերութիւն այս թեմայով նկարահանուած միւս ֆիլմերու, այս մէկը աւելի յարմար է մերօրեայ օտար հանդիսատեսներուն համար: Փաստագրական ժապաւէնը, որ կը կրէ «Ցեղասպանութեան Ճարտարապետները» վերնագիրը եւ «Ժխտուող Ցեղասպանութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութիւն Է» ենթավերնագիրը, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915 թուականին հայերու զանգուածային ջարդերը կը կապէ Ատրպէյճանի տարբեր քաղաքներու մէջ թուրքերու ցեղակիցներու՝ ատրպէյճանցիներու ձեռամբ հայերու ժամանակակից զանգուածային սպանութիւններուն եւ արցախահայութեան կեանքին սպառնացող վտանգին հետ: 

 

Վաւերագրական ժապաւէնը նկարահանած են հոլիվուտեան երկու հեռատեսիլի աստղեր՝ Տին Քէյն եւ Մոնթէլ Ուիլեըմզ: Ժապաւէնը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հարցազրոյցներ կը կատարէ աշխարհահռչակ անձերու եւ փորձագէտներու հետ, որոնցմէ քանի մը հոգիին հետ առաջին անգամ ըլլալով, ինչպէս, օրինակ՝ Ճուլիըն Ասանժի («Ուիքիլիքս»), Հետաքննութիւններու Դաշնակցային Բիւրոյի (ՀԴԲ) բացայայտող Սիպէլ Էտմընծի, յայտնի միջազգային իրաւաբան Ճեֆրի Ռապըրթսընի, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին թուրք գիտնականներէն մէկուն՝ փրոֆ. Թանըր Աքչամի, Ցեղասպանութիւններու դիտորդական առաքելութեան նախագահ դոկտ. Կրեկորի Սթենթընի, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Կովկասեան տարածաշրջանի փորձագէտ Թամ Տը Վաալի, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզի, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի, Թուրքիոյ մէջ Տիարպեքիրի Սուր քաղաքի նախկին քիւրտ քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշի, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերով փորձագէտ Ուղուր Ունկորի, Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերըլայն Քոքսի, ինչպէս նաեւ՝ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու եւ Պաքուի ու Սումկայիթի ջարդերու ականատեսներու (1988էն սկսեալ եւ աւելի կանուխ, 20րդ դարու) եւ տողերուս հեղինակին հետ:

 

Հարցազրոյցները տեղի ունեցած են շարք մը երկիրներու մէջ, որոնց կարգին՝ Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի, Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ, որոնցմէ քանի մը հատին նկարահանող խումբեր ուղարկելը կապուած էր մեծ ծախսերու եւ ռիսքի հետ: Վաւերագրական ժապաւէնը նաեւ ընդհանրութիւն ստեղծած է զանազան ցեղասպանութիւններու միջեւ՝ Քամպոտիայէն մինչեւ Սուտան (Տարֆուր), Ողջակիզում, Պոսնիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւններ:

 

Ահա կարեւոր հատուածներ որոշ ելոյթներէ, որոնք արձանագրուած են վաւերագրողներու հետ  հարցազրոյցներու ընթացքին.-

 

Ճուլիըն Ասանժ. «Ամբողջ աշխարհի մէջ Թուրքիա ընթացած է լոպիիստական յարձակողապաշտական ​​դիւանագիտութեան ​​ճամբով՝ համոզելու համար աշխարհին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ վկայակոչումներ չեն ըլլար, ներառեալ՝ նոյնիսկ հզօր պետութիւններու մէջ, ինչպիսին է Միացեալ Նահանգները»:

 

Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները ժամանակ առ ժամանակ կը յայտարարեն, որ իրենք մէկ ազգ են, սակայն կ՛ապրին տարբեր       պետութիւններու մէջ: Եւ, բնականաբար, անոնք որպէս մէկ ազգ, միասնաբար կը քարոզեն ժխտողականութեան գաղափարախօսութիւն»:

 

Վաւերագրական ժապաւէնին մէջ թերեւս ամէնէն գայթակղեցուցիչ բացայայտումը ըրած է Սիպէլ Էտմընծ, զոր արձակած էին ՀԴԲի իր աշխատանքէն՝ թրքական  ծրագիրներու մէջ բարձրաստիճան ամերիկացի քաղաքական գործիչներու անօրինական ներգրաւման մասին իր ղեկավարներուն տեղեկացնելուն համար. «Որպէս արդարացում՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կ՛օգտագործէր հետեւեալ արդարացուցիչ հանգամանքը՝ մենք այս կ՛ընենք [Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը]՝ դիւանագիտական նուրբ յարաբերութիւններու համար: Սա կեղծաւորութիւն է, որուն ես ականատես կ՛ըլլամ, յատկապէս ներքին գիտակցումով, թէ ինչ տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ամէն բան սկսաւ ճիշդ գործ ընելու փորձէն եւ մենք պայքարեցանք քրէական գործողութիւններու դէմ, զորս կը գնէին դրամով, ե՛ւ կը չարաշահէին, ե՛ւ կը հակադարձէին»:

 

 Պարզաբանելով, թէ ինչո՞ւ Ներկայացուցիչներու Պալատի խօսնակ Տընիզ Հասթըրթ տապալեց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, Սիպէլ Էտմընծ ըսաւ. «Ատիկա քայլ մըն էր, որ իր գինը ունէր: Այս քուէարկութիւնը արգելափակելու համար ան կանխիկ գումար, կաշառք ստացած էր: Ան կաշառք վերցուցած էր նաեւ սեռային բնոյթի ծառայութիւններու տեսքով Թուրքիա կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին իջեւանած յատուկ պանդոկին մէջ: Անչափահաս տղաները սեռային բնոյթի ծառայութիւններ պէտք է մատուցէին անոր: Այդ ծառայութիւնները անոր կը մատուցէին նաեւ իր տան մէջ, այդ կաշառք էր, օտարերկրեայ կաշառք, որ կը համարուի դաւաճանութիւն: Բայց սա չնչին մասն էր այն բոլորին, ինչ որ ՀԴԲ արդէն հաւաքած էր: Շիքակոյի մէջ ան նաեւ անմիջականօրէն ներգրաւուած եղած է թրքական տխրահռչակ ցանցի մը մէջ, որ շատ մեծ տոկոսներ ունէր հերոյինի հետ կապուած գործունէութենէ, գործողութիւններէ եւ վաճառքէ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ, այդ շարքին՝ որոշակի անձերու ճամպրուկով կանխիկ գումարի ստացում՝ անոր եւ իր աշխատակազմի ղեկավարին կողմէ. անոնց վկայութիւնները ստուգուած են: Ոչ միայն գաղտնալսած էին զանոնք, այլ նաեւ տեսանկարահանած: 1997էն սկսեալ ՀԴԲ իր տրամադրութեան տակ ունի ապացոյցներ, ուր Տընիզ Հասթըրթ քրէականօրէն մասնակից էր: Պետական Քարտուղարութիւնը Քոնկրեսէն ներս կը ճանչնայ շատ մարդիկ, որոնց վերաբերեալ ես վկայութիւններ տուած եմ. անոնք տեղեակ են: Եւ ես ըսի. «Կը նկատէք, որ ամբողջ համակարգի ոչ թէ հաշուետուութիւնը կը կատարուի, այլ ծաղրանքը կ՛ըլլայ»:

 

Վաւերագրական ժապաւէնին մէջ կը ցուցադրուին նաեւ իրական նկարներ, ուր ատրպէյճանցի զինուորներ կը գլխատեն հայ զինուորներ եւ քաղաքացիներ, այլեւ կը կտրեն անոնց ականջները՝ 2016 Ապրիլին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ կատարուած յարձակման ընթացքին...

 

Վերջապէս, վաւերագրողները կը հարցնեն Քոնկրեսի քանի մը անդամներու, որոնք կը հրաժարին պատասխանելէ՝ «ըստ ձեզի արդեօ՞ք Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրական տեղի ունեցած է» հարցումին, բացառութեամբ քոնկրեսական Էտի Պըրնիզ Ճանսընի (դեմոկրատ, Թեքսաս), որ նկարին մէջ կ՛երեւի ատրպէյճանական ուժանիւթային համաժողովի մէջ ելոյթ ունենալու պահուն, ուր ան կը պարծենայ. «Ես Ատրպէյճանի աջակցութեան [քոնկրեսական] խումբի անդամ եմ, խանդավառ եւ աջակցող անդամ...»:

 

Այնուհետեւ վաւերագրողները տեսախցիկի ընդմէջէն կը դիմեն քոնկրեսական Ճանսընի. «Դուք կը ժխտէ՞ք, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է». ան անամօթաբար կը պատասխանէ. «Այո, ես կը ժխտեմ»...: Քոնկրեսի մէջ գործող անդամի մը համար մեծ գայթակղութիւն է այսպիսի բացարձակ ձեւով ժխտելը, որ հազուադէպ կը պատահի Քոնկրեսի անդամներու կողմէ: Ամերիկայի ամբողջ հայ համայնքը եւ անոնց բարեկամները յաջորդ ընտրութիւններուն ընթացքին պէտք է զօրակցին ոչ թէ այս քոնկրեսական կնոջ, այլ անոր հակառակորդին, իսկ ժխտող քոնկրեսականին շրջանէն ներս ընտրողները պէտք է քուէարկեն՝ Քոնկրէսէն անոր հեռացման պահանջով: Եթէ այս ստոր ժխտողներէն ոեւէ մէկը հեռացուի իր պաշտօնէն, քոնկրեսի միւս անդամները աւելի զգուշ կ՛ըլլան, որպէսզի չժխտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Մենք այս կնոջ հեռացումը պէտք է օրինակ դարձնենք միւսներուն համար...

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

 

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան