image

Լիբանանի հայերը սուրիահայութեան ճակատագիրը պէտք չէ ունենան.Ռաֆֆի Տուտագլեան

Լիբանանի հայերը սուրիահայութեան ճակատագիրը պէտք չէ ունենան.Ռաֆֆի  Տուտագլեան

Այսօր որեւէ մէկը չի կասկածիր, որ Միջին Արեւելքի բազմերանգ ու բազմաշերտ տագնապները օրէ օր աւելի կը սրին: Արաբական աշխարհը, Իսրայէլը, Իրանը, շիա եւ սիւննի խառն կամ միատարր բնակչութիւն ունեցող երկիրները մտած են անկանխատեսելի, քաղաքական ու ռազմական անկառավարելի իրադարձութիւններով յղի հանգրուան մը, որուն ո՛չ աւարտին, ո՛չ հետեւանքներուն ու ոչ ալ անոնց տարողութեան մասին ամբողջական պատկերացում կարելի է կազմել այս օրերուն:

Սէուտական Արաբիոյ մէջ պալատական ներքին մրցակցութիւնով արտայայտուող ընկերատնտեսական ու քաղաքական արաբական տագնապը, Իսրայէլի եւ Ամերիկայի օրհնութեամբ ծաւալող հակաիրանական ճակատի սնուցումն ու յաւելեալ ռազմականացումը՝ ամբողջ շրջանը կ'ընկողմանէ սառը եւ տաք պատերազմներու յորձանուտին մէջ: Սուրիոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ եւ իր հովանաւորներուն ու դաշնակիցներուն տեղատուութիւնն ու միաժամանակ՝ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դերին ազդեցութեան ուռճացումը մարսելի չեն Իսրայէլի եւ Ամերիկայի համար: Այս վերջինները, իրենց համախոհ արաբ իշխանաւորներու ձեռքով, միջոցներու միջեւ խտրութիւն պիտի չդնեն՝ կանգնեցնելու իրանական (ինչպէս նաեւ՝ ռուսական եւ այլ) ալիքի մակընթացութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ եւ անդին: 

Կողմերուն միջեւ վաղուց սկիզբ առած հակամարտութիւնը ամէն օր թափ կը հաւաքէ: Կարելի է ակնկալել ամէն ինչ, քաղաքական ճակատումներէ սկսեալ մինչեւ տնտեսական պատիժներ ու շրջափակումներ, նոյնիսկ աւելի յաճախակի, աւելի մեծ ու աւելի ծաւալուն բախումներ: Եւ կարելի է ակնկալել ամէն տեղ, Միջին արեւելեան որեւէ երկրի մէջ: Լիբանանը առաջին երկիրներէն է, որ կրնայ ազդուիլ այս հակամարտութենէն, որուն սկիզբը (կամ կրկնութիւնը) դրաւ վարչապետը, իր անսպասելի, անակնկալ հրաժարականով:

Հակամարտութեան ընդարձակումէն պիտի ազդուին բոլորը, պարսիկն ու արաբը, հրեան ու թուրքը, քիւրտն ու քրիստոնեան, եւ այս վերջիններուն մէջ՝ հայերը:

Ոչ ոք կրնայ պնդել, որ Միջին Արեւելքի հայ համայնքները, որոնց մէջ ամէնէն մեծն ու ազդեցիկը Լիբանահայութիւնն է, խաղաղ պայմաններու մէջ պիտի շարունակեն ապրիլ: Ճիշդ է, ներկայիս այնտեղ արիւն չի՛ հոսիր, ռումբեր չեն պայթիր, կրօնական համայնքները զիրար չեն բզկտեր. բայց ոչ ոք գիտէ, թէ ի՞նչ կը սպասուի մօտիկ կամ հեռաւոր ապագային: Մէկ բան յստակ է՝ ամբողջ տարածաշրջանը տագնապահար է եւ հնարաւոր են անկանխատեսելի իրադարձութիւններ:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ հայութեան ճակատագիրը Լիբանանի մէջ, որ այսօր հակամարտութեան վատ հետեւանքներէն առաջին ազդուողը կրնայ ըլլալ:

Հայկական ո՞ր կազմակերպութիւնը լուրջ ուսումնասիրութիւն կատարած է, ո՞ր քաղաքական ուժը համապատասխան եզրակացութիւններու հասած է, պետական ո՞ր մարմինը յոռեգոյն «սենարիո»ներու (սցենար) կանխատեսում ըրած է եւ ըստ այնմ՝ նախապատրաստուած: Եթէ կան այդպիսի լուրջ աշխատութիւններ, ինչու՞ հանրութիւնը կամ համայնքները ըստ ամենայնի տեղեկացուած չեն:

Ինչի՞ կը սպասենք: 

Որպէսզի խուսափինք Լիբանանի մէջ սուրիահայութեան ճակատագրի կրկնութենէն, այս վայրկեանին իսկ պէտք է պատրաստուինք Լիբանանի իրավիճակի ապակայունացման պատճառով՝ հայութեան ապահովութեան երաշխաւորումին ու մինչեւ իսկ՝ հայութիւնը անվտանգ դատարկելու ծրագրի մը իրագործումին:

Համայկական խորհրդաժողովներ կազմակերպող ու խորհուրդներ ձեւաւորող Հայաստանի իշխանութիւնները փաստած են, որ իրենց մեծխօսիկութեան չափ նաեւ անկարող են. չեն կրնար, չեն ուզէր, ի վիճակի չեն: Իսկ անոնց մէջ սակաւաթիւ կամեցողները զուրկ են հնարաւորութիւններէ: 

Իսկ ու՞ր են միւս համահայկական կառոյցները: Այս րոպէին իսկ Լիբանանահայութեան անվտանգութեան երաշխաւորումը եւ հաւանական տեղափոխումը՝ Հայաստան, պէտք է ըլլայ անոնց առաջնահերթ պարտաւորութիւնը: Նախաձեռնութիւնը համահայկական կազմակերպութիւններէն պէտք է սկսի ու իր հետ գործի լծէ պետական բոլոր կառոյցները, ներառեալ՝ Անվտանգութեան ծառայութիւնները: 

Հիմա՛ իսկ Լիբանանահայութեան Ապահովութեան Ծրագիրը պէտք է մշակուի, մասնագէտներու ընդգրկումով եւ ծրագիրը արագօրէն ի գործ դնելու նպատակասլաց պատրաստուածութեամբ:

Պէտք է շարժիլ հիմա՛, որպէսզի վաղը նոր հայ գաղթականներու համար ողորմութիւն չհաւաքենք աջէն ու ձախէն: Որպէսզի խուճապահար փախուստը դարձեալ ճակատագիր չդառնայ:

Գրեցէ՛ք ինծի՝ rafdoud@aol.com