image
Հրատապ լուրեր:

Ընելիքը Շատ, Կարիքը՝ Շա՜տ Աւելի.Ռաֆֆի Տուտագլեան

Ընելիքը Շատ, Կարիքը՝ Շա՜տ Աւելի.Ռաֆֆի   Տուտագլեան

Երկուշաբթի օրերը յաճախ բազմազբաղ կ'ըլլան: Շաբաթը նոր կը սկսի եւ ընելիքները այնքան կուտակուած կ'ըլլան, որ մեզմէ շատեր պարզապէս կ'ատեն Երկուշաբթի օրերը գործի երթալը: Շատերուս համար՝ տարբերութիւն չունի, Երկուշաբթի է, թէ Ուրբաթ, բոլոր օրերն ալ նոյնն են, մանաւանդ երբ աշխատանքը սոսկ աշխատանք չէ, այլ իմաստ ունի, հոգեհարազատ է ու հոգեպարար է, միտքն ու սիրտը բաւարարող, անգլերէնով` fulfilling: Գոնէ ինծի համար այդպէս է, մանաւանդ երբ ազատագրուած տարածքներ կ'այցելեմ ու հոն հաստատուած, նոր կեանք սկսող երիտասարդ ընտանիքներու հետ կ'աշխատիմ:

Երկուշաբթի կամ Ուրբաթ՝ տարբերութիւն չունի: Ամերիկայի մէջ՝ Thanks God it’s Friday կ'ըսեն, քանի որ կ'ապրին շաբաթավերջերուն համար: Իսկ ինծի համար՝ ամէն օր հաճելի է, ամէն օր՝ արդիւնաւէտ: Ի՞նչ  օր  է՝ կարեւոր չէ, կարեւորը՝ գործը ընել եւ քայլ մը առաջ երթալ է, հաճոյքը ոչ թէ շաբաթավերջը դիմաւորելուն մէջ է, այլ՝ աշխատանքի արդիւնքը ըմբոշխնելուն:

Ահաւասիկ Ուրբաթ օրս. Առաւօտուն, ժամը 9:00-ի մօտերը (պէտք է խոստովանիմ, ուշացումով գրասենեակ հասայ, 9:30 էր գրեթէ), «Թուֆէնքեան Հիմնադրամ»ի գրասենեակը հասայ եւ սուրճ-մուրճ չխմած ժողովի հրաւիրեցի աշխատակիցիս՝ Անիին, իմանալու համար, թէ ու՞ր հասած է մեր Հիմնադրամի նոր կայքի կառուցման աշխատանքը, քանի՞ նոր գրառում ու պատմութիւն պատրաստած է մեր դիմատետրի էջին համար: Յետոյ հեռաձայնեցի Ստեփանակերտ, մեր գրասենեակի տնօրէն Էդիկին, տեղեկանալու համար Արցախի մեր գործերու առաջընթացին մասին: Էդիկին զեկուցումը օրս պայծառացուց. ազատագրուած Իշխանաձորի (Քաշաթաղի շրջան) մէջ դարմանատան նորգումը շուտով պիտի աւարտի, ըսաւ Էդիկ, Դեկտեմբերի կէսերուն աւարտած կ'ըլլայ նաեւ Լիբնանանի Այնճար Հայաւանէն Իշխանաձոր հաստատուած Վահէի տան շինարարութիւնը: Կը մնայ բացումը կազմակերպել եւ հաշուետւութիւնները պատրաստել: Դեկտեմբերի վերջերուն կը վերջանայ նաեւ Արցախեան Ազատամարտի ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած զինուոր՝ Արարատ Աւանեսեանի տան նորոգութիւնը, իսկ Միջնաւանի գիւղացիներուն գարիի արտերուն աշնանացանը ընթացքի մէջ է, եւայլն, եւայլն... Շաբաթ մը առաջ Արցախ էի եւ այցելած էի այս բոլոր վայրերը եւ տեսած, թէ ո՞ւր հասած են աշխատանքները: Հիմա միտքս հանգստացաւ, ամէն ինչ կ'ընթանար ըստ մեր ծրագրածին:

Քանի մը այլ հեռաձայնային խօսակցութիւններ ունեցայ եւ դեռ կէսօր չեղած, նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ հանդիպեցայ «Երեւանեան հեռանկարներ միջազգային երաժշտական փառատօն»ի գլխաւոր տնօրէն Սոնա Յովհաննիսեանին, քննելու համար փառատօնի աջակցելու հնարաւորութիւններն ու ձեւերը: Բաւարար է, որ այցելէք փառատօնի կայքէջը՝ http://yerevanfestival.am/am/ , որպէսզի պատկերացնէք, թէ ի՛նչ հզօր եւ յաջո՛ղ աշխատանք կը տարուի՝ Երեւանը արուեստի, մանսաւորաբար՝ երաժշտութեան փառատօններու ամենաբարձր մակարդակին հասցնելու համար: Հպարտանալու առիթ շատ կայ, նոյնիսկ երբ ապիկար իըշխանութիւններն են երկիրը ղեկավարողը…  Բարեբախտաբար ստեղծագործ եւ խելացի ժողովուրդ ենք եւ ձախաւեր ղեկավարները չեն կրնար կասեցնել տաղանդաւորներու թռիչքը:

Ժողովս դեռ աւարտած չէր, երբ հեռաձայն ստացայ Նոյան Տապան լրատուական կեդրոնի տնօրէնէն՝ Տիգրան Յարութիւնեանէն. «Մի՛ ուշանայ, մենք մի 10 րոպէ շուտ ենք հասել, գրասենեակի կողքի սրճարանում ենք», ըսաւ Տիգրան: Հանդիպում ունէի Հայաստան հաստատուած՝ Ատրպէյճանէն փախստական հայերու ներկայացուցիչներուն հետ: 90-ականներու սկիզբը, ատրպեճանական վայրագութիւններուն պատճառով Պաքուի, Սումկայիթի, եւ պատմական հայկական քաղաքներու եւ գիւղերու (Գանձակ, Գետաշէն, Շահումեան եւայլն...) շուրջ 400 հազար հայեր տեղահան եղան: Մեծ մասը եկաւ Հայաստան, յետոյ շատեր գացին Ռուսաստան եւ հասան մինչեւ Ամերիկաներ: Խօսեցանք Հայաստան մնացածներու առօրեային մասին՝ դժուարութիւններ, ներառման եւ համարկման խնդիրներ, նորահաս սերունդներու դաստիարակութիւն եւ վերջապէս՝ ազատագրուած տարածքներու մեր ծրագիրներուն եւ այլ առնչակից նիւթերու մասին: Տարիներ անցած են ու Հայաստանէն չհեռացած նախկին ատրպեճանահերը կը դիմագրաւեն բազմաթիւ մարտահրաւէրներ ու կը սպասեն լուծումներու...

Ճաշի սեղան նստելու ժամանակ չունէի, պէտք է վազէի յաջորդ ժողովիս՝ հաշուապահին եւ այլ գործընկերներու հետ: Ճանապարհին, Երեւան տեղաւորուած հալէպահայերու բացած արագ սնունդի խանութէն համով «սէնտուիչ» մը գնեցի ու արագ լափելով հասայ գրասենեակ: Երկար հանդիպում հաշուապահին հետ: Ազատագրուած տարածքներու եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն 2018 տարեշրջանի ծրագիրներուն նախահաշիւը պէտք է կազմէինք, ինչպէս նաեւ պէտք էր արդէն ընթացիկ տարուան հաշուեփակը կատարէինք: Յետոյ հանդիպում Բերձորի մէջ մոմաթերթի գործարան հիմնած Անտրէին հետ, միաժամանակ քննարկում՝ բանակին տրուելիք օգնութիւններու ծրագրի գործադրման մասին, եւայլն:

Անդրադարձայ, որ արդէն ժամը 19 էր եւ ես գոնէ կէս ժամ առաջ պէտք է Ուշի գացած ըլլայի, մասնակցելու Թորոնթոյի ՀՕՄի դպրոցի նախկին տնօրէն Մարգար Շարապխանեանի 80-րդ տարեդարձի առիթով կազմակերպուած խնճոյքին: Որոշեցի կիսաւարտ գործերս գործերս շարունակել շաբաթավերջին եւ սուրացի դէպի Ուշի: 1998-ին, Մարգարը հանգստեան կոչուած էր եւ դպրոցի պաշտօնը յանձնուած էր ինծի: Իր տիկնոջ՝ Էլիզին հետ Մարգար հաստատուած էր Հայաստանի Ուշի գիւղը, ուր կառուցած էր իր նոր բոյնը: Հանգիստը Մարգարին եւ Էլիզին համար չէ: Ուշիի մէջ եւս անոնք մշակութային եւ կրթական աշխուժ ծաւալած են՝ դպրոց ու գրադարան նորոգելով, ձեռնարկներ կազմակերպելով, հայաստանցի եւ սփիւռքահայ գրողներ մեծարելով... եւ անոնք այսօր դարձած են գիւղի ամէնէն յարգուած եւ սիրուած բնակիչները:

Կենացներ, բարեմաղթանքներ, երաժշտութիւն, երգ ու պար... իսկական հայկական քէֆ, որուն մասնակից եղանք Հայաստան տեղափոխուած ու տեղացի խումբ մը հայերով: Բոլորս մէկ ամբողջութիւն էինք՝ հայրենի այս քաղցր հողին վրայ ծնածներն ու արտասահմանէն հոս տեղափոխուածները: Մարգարը կը խօսէր իր ապագայ ընելիքներուն մասին, հողը նոր կեանք եւ աշխուժութիւն տուած էր իրեն եւ իր կնոջ: Ընելիքը շատ է, կը շեշտէր ան իր խօսքերուն մէջ:

Համաձայն էի, ընելիքը շատ էր, իսկ կարիքը՝ շա՜տ աւելի: Բայց հիմա քեֆի ժամանակն էր: «Շնորհաւոր ծնունդդ, Մարգա՛ր, այսօր խմենք ու երգենք, վաղը գործը մեր ետեւէն կը հասնի ու մեզ հանգիստ չի թողուր», ըսի ես ու բոլորս բարձրացուցինք բաժակները:

Հիմա ի՞նչ կարեւոր, Ուրբաթ է թէ Երկուշաբթի, այնքան ատեն, որ իմասնտալից եւ արդիւնաւէտ օր է, վրան ալ՝ տարեդարձ ու գինի...

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com