image

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ներքաշուած է 15 միլիոն տոլարի ֆինանսական նոր գայթակղութեան մը մէջ

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ներքաշուած է 15 միլիոն տոլարի ֆինանսական նոր գայթակղութեան մը մէջ

Յարութ Սասունեան 

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 14 տարի առաջ իշխանութեան եկաւ որպէս բարեպաշտ մահմետական՝ յայտարարելով, որ մտադիր է կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընել թրքական քաղաքականութենէն:

 

Իր իշխանութիւնը ամրապնդելէ եւ վարչապետէ աւելի բռնակալ նախագահ մը դառնալէ ետք, ան մոռցաւ իր խոստումները եւ վարեց խիստ փտախտաւոր քաղաքականութիւն, ինչ որ ինք նախօրօք դատապարտած էր: Ինչպէս ըսած է բրիտանացի պատմաբան Լորտ Աքթոն՝ «Իշխանութիւնը կը փճացնէ. բացարձակ իշխանութիւնը կը փճացնէ բացարձակապէս...»:

 

Այս շաբաթ կը փափաքիմ լուսաբանել Էրտողանի կաշառակերական չորրորդ գայթակղութիւնը՝ սկսելով իր եւ իր ընտանիքի ներգրաւմամբ իրականացած նախորդ երեքի ամփոփմամբ:

 

Առաջին դէպքը տեղի ունեցած է 2008ին եւ կը  վերաբերի Էրտողանի՝ 25 միլիոն տոլար արժողութեամբ նաւթատար նաւ նուէր ստանալուն, ատրպէյճանցի միլիառատէր Մուպարիզ Մանսիմովի կողմէ: Էրտողանի խնդրանքով Մանսիմով հետագային դարձաւ Թուրքիոյ քաղաքացի եւ փոխեց մականունը Կուրպանօղլուի:

 

Երկրորդ դէպքը տեղի ունեցած է 2013 Դեկտեմբերին, երբ Էրտողան եւ անոր նախարարներէն չորսը ներգրաւուած էին բազմաթիւ միլիոններ հաշուող կաշառակերական քննութեան մը մէջ: Դատավարութենէն առաջ չորս նախարարներն ալ հրաժարական տուին: Սակայն, Էրտողան միջամտեց դատավարութեան, մերժեց դատական հայցը եւ գործէ արձակեց այն դատախազներն ու ոստիկանները, որոնք բացայայտած էին նախարարներուն կաշառակերական գործունէութիւնը...: Գաղտնի կերպող լսուած էին Էրտողանի եւ անոր զաւկին՝ Պիլալի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային յատուկ խօսակցութիւնները՝ բացայայտելով անոնց քննարկումները հարիւր միլիոն տոլարներ իբրեւ կանխիկ գումարներ թաքցնելնուն մասին. գումարներ, զորս անոնք ստացած էին խորհրդաւոր կերպով...

 

Կաշառակերութեան երրորդ դէպքը Նիւ Եորքի մէջ շարունակուող դատավարութիւնն է՝ Թուրքիայէն Իրան նաւթի համար մաքսանենգ ճանապարհով ոսկի արտահանելու միլիառաւոր տոլարներու ծրագրի մը վերաբերեալ, Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու խախտումով: Անցեալ շաբաթ թուրք-իրանցի ոսկիի առեւտրական Ռեզա Զարապ մեղաւոր հռչակուեցաւ բոլոր եօթը մեղադրանքներով՝ բացայայտելով մասնակցութիւնը դրամատան տէր թուրք Մեհմէտ Հաքան Աթիլայի եւ եօթը այլ մեղադրեալներու, որոնց շարքին՝ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Զաֆեր Չաղլայեանի, որ կը մեղադրուի միլիոնաւոր տոլարներ կաշառք ստանալու յանցանքով՝ ի դիմաց ապօրինի ծրագիրը կազմակերպելուն: Զարապ նաեւ ներքաշած է Էրտողանը՝ նաւթի առեւտուրի համար ապօրինի ոսկին արտահանելու թոյլտուութեան ձեռքբերման համար:

 

Չորրորդ եւ վերջին կաշառակերութեան ծրագիրը կը ներառէ Էրտողանի ընտանիքի անդամները, որոնք 2011 Դեկտեմբերէն մինչեւ 2012 Յունուար 15 միլիոն տոլար փոխանցած են Bellway Limited ստուերային ընկերութեան՝ Անգլիոյ Մէն կղզիի հարկային ապաստարանին մէջ: Այս մեղադրանքը ներկայացուցած է Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան (ՀԺԿ) առաջնորդ Քեմալ Քըլըճտարօղլու: Մէն կղզին բրիտանական գահի թագաւորական ինքնավար տարածք է, որ կը գտնուի Իրլանտական ծովուն մէջ, Անգլիոյ եւ Իրլանտայի միջեւ:

 

Վերջերս, ՀԺԿ նախագահ Քըլըճտարօղլու յայտարարեց, որ ընկերութիւնը հիմնադրուած է 2011 Օգոստոս 1ին, Մէն կղզիի մէջ՝ 1 փաունտ սթերլին հիմնադիր դրամագլուխով: Ան բացայայտած է Bellway Limited ընկերութեան 15 միլիոն տոլարի դրամատնային փոխանցումներու քաղուածքներն ու պատճէնները.

 

- 2011 Դեկտեմբեր 15ին Էրտողանի փեսան՝ Զիյա Իլկէն, փոխանցած է 2.5 միլիոն տոլար, իսկ 2011 Դեկտեմբեր 26ին՝ 1.25 միլիոն տոլար:

 

- 2011 Դեկտեմբեր 15ին Էրտողանի եղբայրը՝ Մուսթաֆա, փոխանցած է 2.5 միլիոն  տոլար, իսկ 2011 Դեկտեմբեր 26ին՝ 1.25 միլիոն տոլար:

 

- 2011 Դեկտեմբեր 27ին Էրտողանի աները՝ Օսման Քեթենճի, փոխանցած է 1.25 միլիոն  տոլար, իսկ 2011 Դեկտեմբեր 28ին՝ 1 միլիոն տոլար:

 

- 2011 Դեկտեմբեր 27ին Էրտողանի նախկին գործադիր օգնական Մուսթաֆա Կիւնտողան փոխանցած է 1.25 միլիոն տոլար, իսկ 2011 Դեկտեմբեր 28ին` 250 հազար տոլար:

 

 - 2011 Դեկտեմբեր 29ին Էրտողանի որդին՝ Ահմէտ Պուրաք Էրտողան, փոխանցած է 1.45 միլիոն դոլար, իսկ 2012 Յունուար 4ին՝ 2.3 միլիոն տոլար:

 

Քըլըճտարօղլու ներկայացուցած է խորհրդարանական միջնորդութիւն՝ պահանջելով քննութիւն բանալ վերոնշեալ փոխանցումներուն վերաբերեալ: Սակայն, մեծամասնութիւն կազմող Էրտողանի «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութիւնը դէմ քուէարկած է այդ առաջարկին: Երբ Քըլըճտարօղլու դիմած էր խորհրդարան՝ Էրտողանի դէմ մեղադրանքներու առնչութեամբ, պետական ​​հեռատեսիլային ընկերութիւնը անջատած էր ուղիղ հեռարձակումը...

 

Անցեալ շաբաթ թուրք դատախազները յայտարարեցին, որ իրենք կը քննեն Էրտողանի դէմ մեղադրանքները: Այնուամենայնիւ, ինչպէս յայտնի է, ոչ մէկ դատաւոր կը համարձակի հաստատել, որ Էրտողան մեղաւոր է որեւէ յանցանքով, հաշուի առնելով, որ շատ դատաւորներ պաշտօնազրկուած են կամ կալանաւորուած՝ Թուրքիոյ նախագահի ցանկութիւնները չկատարելնուն համար:

 

Էրտողան, ինչպէս եւ կը սպասուէր, զայրացած էր իր ընտանիքի հասցէին հնչած մեղադրանքներուն համար: Ան յայտարարած է, որ հրաժարական կու տայ, եթէ ապացուցուի, որ ինք դրամատնային հաշիւ ունի արտասահմանի մէջ: Էրտողանի իրաւաբան Ահմէտ Օզել յայտարարած է, որ Քըլըճտարօղլուի կողմէ հրապարակուած դրամատնային փաստաթուղթերը «կեղծ» էին, իսկ մեղադրանքները որակած է որպէս «սուտ»: Էրտողան սպառնացած է, որ Քըլըճտարօղլու «սուղ պիտի վճարէ» այդ եղածին համար եւ դատական հայց ներկայացուցած է անոր դէմ՝ պահանջելով 500 հազար տոլար, զրպարտութեան համար...

 

Այսօրինակ գայթակղութիւնները կրնան բացասականօրէն ազդել Էրտողանի վերընտրութեան վրայ, 2019 թուականին, եթէ, ի հարկէ, ան թոյլ տայ արդար ընտրութիւններու կայացման: Յոյսով ենք, որ Էրտողան կը մնայ իր պաշտօնին վրայ, քանի որ ան յամառօրէն կը շարունակէ վարկաբեկել Թուրքիան, ամբողջ աշխարհի տարածքին...

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան